ԳՈՐԾԵՐ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑՆԵՐ
Երեւանի Օփերայէն ներս այսօր տեղի կ՚ունենայ «Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով-փառատօնի մը պաշտօնական բացումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան առընթեր Գիտութեան պետական կոմիտէի աջակցութեամբ։ Գիտաժողով-փառատօնին շրջագծով հանդէս կու գան «Հովեր» սենեկային երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Ս. Յովհաննիսեան), Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Ռ. Մլքէեան), Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Յ. Թոփիկեան) եւ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Յ. Չեքիճեան)։ Որպէս մենակատար երաժշտասէրներուն պիտի ներկայանան նաեւ՝ Անահիտ Պապայեան (սոփրանօ), Յասմիկ Թորոսեան (սոփրանօ) եւ Իրինա Զաքեան (սոփրանօ)։
«Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի յոբելեանին։ Ան վաղը պիտի սկսի Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառէն ներս, իսկ յաջորդելիք երկու օրերուն պիտի շարունակուի քաղաքէն դուրս՝ Հաղբատի վանական համալիրին մէջ։
Պաշտօնական բացման ընդառաջ կազմակերպիչները սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ընդգծեցին, թէ այս գիտաժողով-փառատօնը հիանալի առիթ մըն է անդրադառնալու համար Կոմիտասին, անոր գործունէութեան եւ ապրած ժամանակաշրջանին։ Պիտի ներկայացուին Կոմիտասի եւ անոր ժամանակակիցներու գործերը։ Միջնադարեան երաժշտութեան ձօնուած զեկուցումներով հանդէս պիտի գան անուանի երաժիշտ-մասնագէտներ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսաստանէն, Գերմանիայէն եւ այլն։
Գիտաժողով-փառատօնը պիտի շարունակուի շուրջ երկու շաբաթ ու պիտի եզրափակուի Հոկտեմբերի 8-ին «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառին մէջ։