ՍԱԹԵՆԻԿ ՋԱՂԷԹԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԸ ՍԻԱՄԱՆԹՈՅԻՆ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթ է, որ արեւմտահայ նշանաւոր բանաստեղծ Սիամանթոն (Ատոմ Եարճանեան) մտերմիկ յարաբերութիւններ ունեցած է հայ ուսանողուհի Սաթենիկ Ջաղէթեանին հետ, երբ 1904 թուականին բանաստեղծը մեկնած է բուժուելու Լէյզէնի առողջարաններէն մէկուն մէջ:

Զուիցերիոյ մէջ ուսանող հայ երիտասարդները ջերմութեամբ կը շրջապատեն բանաստեղծը, սէր եւ գուրգուրանք կու տան հիւծախտով տառապող գրագէտին: Այդ ուսանողներուն մէջ էր նաեւ Սաթենիկ Ջաղէթեան, որ յետագային յուշեր գրած է իր ու Սիամանթոյին մտերմութեան մասին: Այդ մտերմութիւնը տեւած է մի քանի տարի, ապա անոնց կապը շարունակուած է նամակագրութեամբ: Հեռաւորութիւնը եւ ուրիշ այլ հանգամանքներ բաժնած են երիտասարդ սիրահարները:

Սիամանթոն եւ Սաթենիկը կրկին հանդիպելու հնարաւորութիւն ունէին 1913 թուականին, երբ Սիամանթօ կը ժամանէ Թիֆլիզ (կ՚ըլլայ նաեւ Պաքու, Էջմիածին), բայց Սաթենիկ արդէն ամուսնացած էր եւ հիւանդ էր, ու անոնց հանդիպումը տեղի չ՚ունենար: Սիամանթոն կը ծանօթանայ Սաթենիկին քրոջ՝ Մաշային հետ, որուն անգամ մը եւս կը պատմէ իր ու Սաթենիկին կապին մասին, բայց նաեւ կ՚ըսէ, թէ նոր սէր կայ իր կեանքին մէջ՝ պոլսահայ Մաննիկը (գրագիտուհի Մաննիկ Պէրպէրեանի մասին էր խօսքը):

Սաթենիկին քոյրը Մաշա Ջաղէթեանն ալ յետոյ կ՚ամուսնանայ եւ Իրան կ՚երթայ, յեղափոխութիւնը կը բաժնէ երկու քոյրերը, բայց Մաշա Ջաղէթեանին թոռը՝ Նիքիթ Միրզայեանցը, տարիներ ետք փնտռելով կը գտնէ Ջաղէթեաններուն բոլոր հետքերը եւ կը հրատարակէ «Ջաղէթեան գերդաստանը» գիրքը: Ջաղէթեան քոյրերուն եղբայրը եղած է նշանաւոր գործիչ Գրիգոր Ջաղէթեանը, որ 1919-1920 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան ֆինանսներու նախարարն էր, եղած է նաեւ պետական վերահսկիչ: Պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք ան հեռացած է Իրան, ապա 1922-ին վերադարձած Հայաստան, նշանակուած պետական դրամատան առաջին կառավարիչն ու 1938 թուականին զոհ գացած է սթալինեան բռնաճնշումներուն:

Տարիներ ետք՝ 1965 թուականին, Սաթենիկ Ջաղէթեան-Սարգսեան իր յուշերը յանձնած է Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին: Այդ յուշերը տարիներ ետք տպագրութեան պատրաստած է գրականագէտ Գուրգէն Գասպարեան եւ տպագրած՝ «Գրականագիտական հանդէս»ին մէջ:

Նկատի ունենալով, որ Սիամանթոյի անձնական կեանքէն շատ մանրամասնութիւններ յայտնի չեն, այդ յուշերը, արեւմտահայերէնի վերածելով, կը ներկայացնենք՝ ի յիշատակ բանաստեղծին եւ Սաթենիկ Ջաղէթեանին, որ Թիֆլիզի Ջաղէթեան նշանաւոր ընտանիքին դուստրն էր եւ Սիամանթոյին հետ չիրականացած միութենէն ետք ամուսնացած է մանկավարժ, թարգմանիչ Նիկոլ Սարգսեանին հետ, որ նոյնպէս, ինչպէս Սաթենիկին եղբայրը, զոհ գացած է սթալինեան բռնաճնշումին: Անոնք ունեցած են մէկ որդի՝ Ռուբէն Սարգսեան, որ զոհուած է Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին, բայց Ռուբէնը ունեցած է Նիկոլ անունով զաւակ մը, զոր մեծցուցած է Սաթենիկ մեծ մայրը, քանի որ Նիկոլին կինն ալ մահացած էր ծննդաբերութենէն ետք:

Սիամանթոն, Զուիցերիոյ մէջ ապաքինելէն ետք՝ 1908-ին, երբ կը հաստատուի Օսմանեան սահմանադրութիւնը, կը վերադառնայ Պոլիս. գրողին յետագայ ճակատագիրը արդէն հանրածանօթ է…

Սաթենիկին յուշերը յոյս կը սփռեն Սիամանթոյին խառնուածքին, բնաւորութեան եւ Զուիցերիոյ շրջանին վրայ:

***

Հանդիպած եմ Սիամանթոյին 61 տարի առաջ, 1904 թուականին՝ Լոզան: Գարնան սկիզբն էր: Ինծի լուր տուին ուսանողները, որ բանաստեղծ Սիամանթոն բուժման կ՚երթայ Լէյզէն, պիտի անցնի Լոզանէն եւ կ՚երթանք զայն դիմաւորելու: Ուսանողներէն շատեր Սիամանթոն կը ճանչնային Ժընեւէն, իսկ ես առաջին անգամ պիտի հանդիպէի անոր: Գացինք, դիմաւորեցինք եւ բոլորս հաւաքուեցանք ընկերուհիի մը քով, որ իր հիւանդութեան պատճառով կարելիութիւն չէր ունեցած կայարան գալու: Շատ զգացուած էր Սիամանթոն: Ան մեզ դիմաւորեց ժպտուն դէմքով, գոհ, մեծ հաճոյքով ու սիրով:

Սիամանթոն բարձրահասակ, հաճելի դէմքով, չափազանց նիհար ու գունատ, հմայիչ ձայնով, բայց եւ թախծոտ երիտասարդ մըն էր: Ես էի միակ անծանօթը անոր համար: Առաջին անգամ զիս տեսնելով, ան ըսած էր. «Հայ աղջիկներուն մէջ ասա՞նկն ալ կ՚ըլլայ»: Ատիկա ես ետքը իրմէ գիտցայ: Ես, բոլորովին երիտասարդ (ուսանողութեանս առաջին տարին էր), բաւական ամչկոտ, քչախօս էի: Ամէն մարդ կը ջանար ուրախ մթնոլորտ ստեղծել հիւանդ, շատ հիւանդ, սիրուած բանաստեղծին շուրջը, իսկ ես թէյի պատրաստութիւն կը տեսնէի՝ հիւրասիրելու մեր յոգնած հիւրը:

Երբ ժամանակը հասած էր Լոզան ճամբորդելու, բոլորս խմբուած ուղղուեցանք դէպի կայարան:

Առաջին ամիսները Լէյզէնի մէջ Սիամանթոն չափազանց ծանր վիճակ ունէր: Յուսահատ, լքուած, բայց կամքի մեծ ուժով դիմադրած էր սոսկալի հիւանդութիւնը, շարունակ կրկնելով. «Պիտի՜ ապրիմ, պիտի՜ ապաքինիմ, պիտի՜ ապրիմ, ապրիմ...»: Առողջարանին մէջ ան օրինակ եղած է միւս հիւանդներուն: Բժիշկները հիացած են իրմով:

Այդպէս, երկու տարի շարունակ խիստ կանոնակարգ պահպանելով՝ Սիամանթոն զգալիօրէն կ՚ապաքինի: Մենք՝ ուսանողներս, անուշադիր չէինք մեր հիւանդին, տառապող բանաստեղծին նկատմամբ:

Սիամանթոյին Լէյզէն ճամբորդելէն 10-15 օր ետք մեր հայկական Զատիկն էր: Մտածեցինք բանաստեղծին տրամադրութիւնը բարձրացնել մեր ուշադրութեամբ: Լէյզէն ղրկեցինք ծանրոց մը, ուր դրած էինք տուրմով շինուած մեծ հաւ մը՝ իր ճուտիկներով, արկղը լեցուցինք տեսակ-տեսակ ընտիր զուիցերական տուրմերով, այդ մէկը ամենազօրաւոր սնունդը կրնար ըլլալ հիւանդին համար: Սիամանթոն շատ զգացուած, բացիկներ գրած էր բոլորին եւ խնդրած յանձնել ինծի իմ բացիկս՝ հասցէագրուած «Օրիորդ Շաղիթեանին»: Ինծի թուեցաւ, որ ան սխալած էր՝ մականունս ճիշդ չգիտնալուն պատճառով: Յետագային ան պարզաբանեց, որ իր ցանկութիւնը եղած է այդպէս փոխել: Սիամանթոն միշտ զիս կը կոչէր «Օրիորդ Շաղիթեան»:

Մի քանի ամիս անց Սիամանթոն քիչ մը ուժ հաւաքած, իջած էր Լէյզէնէն Լոզան: Նորէն շրջապատուած ուսանողներով՝ հաճելի ժամանց ունեցանք: Սիամանթոն հետաքրքրական զրուցակից էր եւ զուարթամտութեան մեծ զգացում ունէր: Այդպէս ան սկսաւ երբեմն այցելել Լոզան: Յետագային միայն ինծի համար պարզ դարձաւ, որ Սիամանթոն Լոզան կու գայ ինծի հանդիպելու նպատակով եւ իր պատմելով, այդ մէկը բարերար ազդեցութիւն ձգած է անոր տրամադրութեան եւ առողջութեան վրայ:

Այդպիսի այցի մը ընթացքին Սիամանթոն սկսաւ բացիկ գրել եւ ըստ այնտեղի սովորութեան, տուաւ ներկայ եղողներուն՝ ստորագրելու բացիկին տակ: Երբ կարգը ինծի հասաւ, ստորագրեցի եւ հարցուցի, թէ որո՞ւն հասցէագրուած է բացիկը: Գիտնալով, որ բանաստեղծ Արամ Չարըգին ուղղուած է բացիկը, ըսի՝ «Ես զայն կը ճանչնամ Կովկասէն»: Ինչպէս յետոյ պարզ դարձաւ, Սիամանթոն այդ մասին աւելցուցած էր բացիկին վրայ: Ատոր հետեւանքը այն եղաւ, որ Չարըգ, բացիկը ստանալուն պէս, Պուլկարիայէն աճապարած էր Ժընեւ: Թէ ինչո՛ւ, յետոյ պարզ դարձաւ:

1904 թուականի ամրան ես վերադարձայ Կովկաս՝ Թիֆլիզ, ծնողքիս քով: 1904 թը-ւականի աշնան դարձեալ վերադարձայ Լոզան ընկերուհիիս՝ տիկին Զաւէնին հետ, որ մտադիր էր ֆրանսերէն ուսումնասիրել: Մեր հասած օրը գացինք օր. Սարումեանին մօտ, որ երկար տարիներ կ՚ուսանէր եւ կը բնակէր մօրը հետ: Սարումեան, մեր աւագագոյն ընկերը ըլլալով, ուսանողները սիրով եւ յարգանքով կը հաւաքուէին անոր մօտ: Սարումեանի մօտ մենք հանդիպեցանք Սիամանթոյին, որ շատ ուրախացաւ ծանօթանալով իր մօտ ընկերոջ՝ Տիգրան Զաւէնի կնոջ հետ, ինչպէս պարզ դարձաւ, ան յենարան գտաւ ինծի հետ մօտենալու: Սիամանթոն կապ կը պահէր տիկին Զաւէնին հետ, նամակներ կը գրէր Վըվէ (Լոզանին մօտ քաղաք), ուր փոխադրուած էր տիկինը՝ հայերէն քիչ մը հեռու ըլլալու, լեզուին մէջ խորանալու համար:

Նամակի մը մէջ (1905, 25. 04) ուղղուած տիկին Զաւէնին, Սիամանթոն կը հարցնէ, թէ ե՞րբ տիկինը Լոզան պիտի տեղափոխուի եւ, ի միջի այլոց, կը գրէ. «Օրիորդը մարմարակերպ արձանի մը լռութիւնը կը պահէ, աւելի աղէկ...»: Ուրիշ նամակի մը մէջ (1905, 05. 05) տիկին Զաւէնը կը գրէ ինծի Վըվէէն. «Բախտաւոր էակ, շարունակ գարնան, վարդի, սոխակի պոչեր բռնած նամակներ կը ստանաս... Եարճանէն ես ալ ստացայ նամակ, շատ կը համոզէր, որ հերոսական որոշում մը ընեմ Ժընեւ կամ Լոզան փոխադրուիմ: Կ՚երեւի ուրիշին կարօտը ինձմէ կ՚ուզէ առնել...»: Յետոյ ան կը գրէ, որ Լոզան չ՚ուզեր գալ, եւ այդ չուզելուն պատճառները ոչ ոք կրնայ նոյնիսկ կասկածիլ: Ես ալ գրեցի, որ ես կը կասկածիմ:

Եարճանէն դարձեալ նամակ ստացայ, կը գրէ տիկին Զաւէնը. «Գթութի՜ւն կ՚աղաղակէ, որովհետեւ իր ընկերոջ այն չսիրած կինը Եգիպտոսէն Ժընեւ կու գայ: Ինքը կ՚ուզէ Ժընեւէն հեռանալ, խորհուրդ կը հարցնէ»: Տեսնելով, որ իմ լռութիւնս վատ կրնայ ազդել Սիամանթոյին առողջական դրութեան վրայ, ես անոր՝ ինծի գրուած բացիկին պատասխանեցի եւ ան անմիջապէս 1905 թուականի (4.11-ին) ինծի կ՚ուղղէ բացիկ մը՝ «Օրիորդ Շաղիթեան, ինչպէ՞ս ժամանակ կրնաք գտնել այդչափ բարի ըլլալու համար...»: Ես զգացի, որ պէտք է աւելի ուշադիր ըլլամ եւ ժամանակ գտնեմ միշտ պատասխանելու անոր գրած բացիկներուն:

Կիրակի օր մը իմ քովս կը մտնեն մի քանի ընկերներ՝ Ժընեւէն, Անդրանիկի (մեր ժողովրդական հերոս) եւ Սիամանթոյի հետ. «Սիամանթոն Ամերիկա կը ճամբենք, եկած է մնաս բարեւի»,- կ՚ըսէ Անդրանիկը: «Եթէ ունիս եւ կրնաս, Սաթենի՛կ, փոքր բարձ մը տուր անոր»,- կը շարունակէ Անդրանիկը: Ես տուի բարձը, հրաժեշտի խօսքեր մաղթեցինք իրարու եւ ընկերները գացին կայարան՝ Սիամանթոն ճամբելու: Յետոյ գիտցայ, որ Սիամանթոն հրաժարած է բարձրանալ գնացք, ըսելով՝ «Ես չեմ կրնայ երթալ»: Վերադարձած են նորէն Ժընեւ (1904-05):

Այդ ժամանակները Սիամանթոն տեղափոխուած էր Լոզանէն քիչ մը վեր առողջարան մը՝ շրջապատուած անտառով: Կիրակի օր մը ան մեզ հրաւիրեց: Ճոպանաքարշով բարձրացանք սքանչելի գեղատեսիլ վայր մը՝ ծածկուած գարնանային ծաղիկներով: Փունջեր կազմած, երբ կ՚ուզէինք վերադառնալ, Սիամանթոն ցոյց տուաւ առողջարանին շէնքը, իր սենեակին պատուհանը՝ ամբողջովին ծածկուած ճերմակ շուշաններով: Մանկական ժպիտը դէմքին ան մեզի դիմեց. «Դուք շատ կը սիրէք ծաղիկներ, հիացէ՜ք, ձեզի արժանի են այս ճերմակ շուշանները միայն...»:

Սիամանթոն շատ ծաղկասէր էր, նուրբ ճաշակի, քնքոյշ զգացումներու տէր: Խիստ տարուած էր գեղարուեստով, կը պաշտէր բանաստեղծ Վերհարնը, նկարիչ Հեննէրը, քանդակագործ Րոտէնը եւ շատ-շատեր: Կը հագուէր ճաշակով, չափազանց մաքուր: Ես անոր վրայ երկու տարի շարունակ տեսած եմ միեւնոյն հագուստը, բայց այնպէս պահուած, կարծես նոր եկած էր դերձակին քովէն: Ինծի անգամ մը փողոցէն անցած պահուն հանդիպած էր իր ռուս ծանօթին հետ, որուն խոստացեր էր ինծի հետ ծանօթացնել, եթէ հանդիպի: Օր մը, հակառակ որ հեռուէն զիս նկատած էր, բայց խոյս տուած էր մօտենալ, որովհետեւ իմ շրջազգեստս չէր համապատասխանած իր ճաշակին (աշխատանքիս զգեստը եղած էր): Սիամանթոն անյարմար նկատած էր իր ռուս ծանօթին ներկայացնել իր այնքան գոված, հիացած, միշտ նուրբ ճաշակով հագուած հայ ընկերուհին:

Ինծի հետ հանդիպման ժամերուն Սիամանթոն երբեք չէ ցուցաբերած նկատելի ուշադրութիւն, այնպէս որ ես չէի կրնար ենթադրել, զգալ, թէ ինչ կը կատարուի անոր մէջ, ինչ ապրումներ, զգացումներ ունէր ան ինծի հանդէպ: Անոր հոգեկան աշխարհը ինծի անծանօթ էր խիստ ծածկամիտ ըլլալուն պատճառով: Ի՞նչն էր պատճառը անոր ծածկամտութեան, չհասկցայ:

1905 թուականի գարնան, Պերն քաղաքին մէջ, համաժողովի հաւաքուած էին հայ ուսանողներուն պատուիրակները զանազան քաղաքներէ: Ես ալ պատուիրակ էի Լոզանէն: Իմ հետս էր տիկին Զաւէնը, որպէս հիւր: Համաժողովին երկրորդ օրը Լէյզէնէն անսպասելիօրէն եկաւ Սիամանթոն: Ներկաները ուրախ էին անոր հանդիպելով: Տիկին Զաւէնը եւ ես այնպիսի տպաւորութիւն մը ունեցանք, որ Սիամանթոն եկած էր աւելի շատ մեզի հանդիպելու, որովհետեւ ան կը ջանար մեզ ընկերներէն հեռու պահել: Կը ճաշէինք իրեն հետ առանձին, ազատ ժամանակները կը ջանար ըլլալ մի միայն մեզի հետ: Պերնէն ուրիշ գնացքով ճամբորդեցինք, որպէսզի նորէն ըլլանք միայն իրեն հետ: Ասիկա ինծի շատ տարօրինակ թուեցաւ, նոյնիսկ անդուր ու անյարմար: Բայց այդ ալ իր պատճառները ունէր կ՚երեւի: Սիամանթոն ի ցոյց չէր դներ, բայց կ՚երեւի կը խանդէր:

Եկաւ 1905 թուականին ամառը: Ընկերուհիս վերադարձաւ Թիֆլիզ՝ ամուսինին մօտ: Ես պէտք է քննութիւններու պատրաստուէի եւ որոշած էինք օր. Սարումեանին հետ երթալ զուիցերական Պալէկ գիւղը՝ հանգիստ սորվելու նպատակով: Մեզի միացաւ գրող Ահարոնեանի խնդրանօք անոր ընտանիքը, որ եկած էր Կովկասէն եւ օր. Սարումեանին ընկերուհին, որ յետագային դարձաւ Ահարոնեանին կինը: Ես հրաժարեցայ ապրելու այդպիսի աղմկալից ընտանիքի մը մէջ եւ անոնցմէ երկու-երեք տուն հեռու սենեակ մը վերցուցի:

Այդ ամրան, լսելով որ Ժընեւ եկած է յայտնի դերասանուհի Էլէանորա Տուզէն, Սարումեանը եւ ես որոշեցինք անպայման երթալ Ժընեւ՝ զայն տեսնելու: Ժընեւ հասած օրը փողոցը հանդիպեցանք բանաստեղծ Արամ Չարըգին, որուն հետ Սարումեանը ծանօթ էր Ժընեւէն: Օր. Սարումեանը ուզեց մեզ ծանօթացնել. Չարըգը իսկոյն ըսաւ, որ զիս կը ճանչնայ աշակերտութեանս շրջանէն: Ես չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ չէի համակրեր Չարըգին, որուն հանդիպած էի Դիլիջանի մօտակայ Նիքիթինօ անունով ռուս մոլոկաններու գիւղին մէջ՝ ամարանոցը: Չարըգը ինծի դիմեց. «Օրիորդ, ստացա՞ծ էք արդեօք իմ նամակս, որ ղրկած եմ Եարճանեանի տուած ձեր գիւղին հասցէով: Եարճանեանին ես այստեղ հանդիպեցայ, մի քանի օր առաջ, ան ուղեկցեցաւ Արիստակէս Եպիսկոպոսին Փարիզ»: Ես Չարըգին նամակը չէի ստացած, շատ դժգոհ էի անոր հետ հանդիպելէն: Ան օր. Սարումեանին տուած էր ինծի յանձնելու համար տետր մը՝ իր ոտանաւորներով, նուիրուած ինծի՝ «Նիքիթինոյի եղնիկին» խորագրով: Ես առանց կարդալու, զայրացած, տետրը վերադարձուցի Սարումեանին, որպէսզի յանձնէ Չարըգին եւ Տուզէի հիւրախաղերը վերջանալուն պէս վերադարձանք գիւղ:

Պէտք է ըսեմ, որ Ժընեւ եղած ժամանակ Չարըգը մեզ հանգիստ չէր ձգեր: Միշտ կ՚ուղեկցէր թատրոն, ճաշարան եւ ամէն անգամ ինք կը վճարէր: Իմ բողոքներուն ան կը պատասխանէր. «Յետոյ, մէկ անգամէն կը վճարէք», ըսելով եւ վերջն ալ հրաժարեցաւ վերցնելէ: Որոշեցի գիւղէն փոխանցել անոր դրամը:

Վերադարձանք Պալէկ: Հոս գտայ ինծի հասցէագրուած նամակ մը՝ Չարըգէն, որ կը գրէր. «Ատոմի (Եարճանեանի)՝ ինծի Պուլկարիա ղրկած քարթէն իմացայ անսպասելիօրէն Ձեր ուր ըլլալը եւ շտապ վերադարձայ Ժընեւ՝ Ձեզի հետ հանդիպելու: Հանդիպեցայ Եարճանեանին, հարցուփորձ ըրի Ձեր մասին, սիրտս բացի, նկարագրեցի տածած զգացումներս Ձեզի հանդէպ: Եարճանեան յուզուած կը լսէր եւ աւելի յուզուած պատասխանեց. «Ես երկու տարի է՝ կը տառապիմ: Ես չեմ համարձակիր օրիորդին յայտնել իմ զգացումներս: Ջանացած եմ ապաքինիլ, ուժ հաւաքել՝ սիրտս բանալու անոր առջեւ: Անոր շնորհիւ է, որ կ՚ապրիմ: Ես ոչ ոքի զիջած եմ իմ սէրս»: Լսելով Ատոմին խոստովանանքը՝ ես ըսի. «Իմ սէրս ես կը զիջեմ մեր մեծ բանաստեղծին: Ես կը գրեմ օրիորդին այդ մասին, քանի որ դուն այդքան համեստ, մեղմ, փափկանկատ եւ ամչկոտ ես»:

Նամակը կարդալով ես շատ յուզուեայ, վիրաւորուեցայ: Իրաւունք ունէի՞, թէ՞ ոչ: Փոքր երեխայի պէս լալով վազեցի նամակը օր. Սարումեանին ցոյց տալու՝ դժգոհելով. «Ինչո՞ւ ինծի հանգիստ չեն ձգեր, ես եկած եմ ուսանելու եւ ոչ ոք տեսնել կ՚ուզեմ», ըսի: Օր. Սարումեանը զիս հանգստացնելու փոխարէն կը խնդար, ըսելով. «Երեխա՜յ ես, երեխա՜յ, ուրիշներ կը հպարտանան այդպիսի յաջողութիւն ունենալով, իսկ դուն կը զայրանաս եւ կը փախչիս ամէնքէն»: Շատ յուզուած եւ զայրացած ես անմիջապէս դրամ փոխադրեցի Չարըգին, որ ան ծախսած էր Ժընեւի մէջ, առանց տող մը գրելու:

Մենք տակաւին ամարանոցն էինք, երբ Սիամանթոն վերադառնալով Փարիզէն Ժընեւ, տեղեկանալով Չարըգի նամակի մասին, սիրտ կ՚ընէ գիւղ գալու: Բոլորս ջերմ ընդունելութիւն կը ցուցաբերենք եւ կը ջանանք հանդարտ մթնոլորտ մը ստեղծել այդքան տանջուած, երազկոտ, ծայր աստիճան նուրբ ու զգայուն, համեստ եւ ինքնամփոփ, քիչ մըն ալ տարօրինակ բանաստեղծին շուրջը: Երջանիկ էր Սիամանթոն: Անոր կը թուէր, որ հասած է իր նպատակին.

«Մարդուն ամենամեծ երջանկութիւնը՝ տեսնել գեղեցիկը, վայելել գեղեցկութիւնը, թող այս աստղերը վկայ ըլլան իմ մեծ սիրոյն...»,- կը կրկնէր ան շարունակ: Ինչքա՜ն երազկոտ էր Սիամանթոն: Վերադարձանք Լոզան, ուր Սիամանթոն մնաց կարճ ժամանակ: Գնաց Ժընեւ, որպէսզի չխանգարէ իմ քննութիւնները:

Օր մը, Լոզան եղած ժամանակ ան խնդրեց ինձմէ եւ ընկերուհիէս սենեակէն դուրս ելլել, ձգել իրեն առանձին եւ, եթէ կարելի է, գտնել գլանիկ մը, որուն կարիքը զգաց: Մենք չհասկցանք, շատ տարօրինակ թուեցաւ մեզի, եւ ան սենեակէն դուրս ելաւ գոհ եւ յուզուած, ըսելով. «Ներշնչումս եկած էր: Շատ անգամ գիշերներն ալ կու գայ եւ այդ պատճառով մահճակալիս մօտ, աթոռին վրայ, միշտ կը դնեմ թուղթ եւ մատիտ: Առաւօտը շատ անգամ ոչինչ կը հասկնամ գրածէս, որովհետեւ մթութեան մէջ, կիսարթուն, մէկ տողի վրայ ուրիշ մը կը գրեմ եւ անհասկնալի կը դառնայ գրածս»:

Սիամանթոն ոչինչ ըսաւ իր գրածին մասին, ընդհանրապէս չէր խօսեր իր ստեղծագործութիւններուն մասին: Իմ ակնարկին՝ «Շատ դժուար է քեզ հասկնալ եւ կան մարդիկ, որ քեզ լիովին չեն հասկնար, ինչպես՝ ես», Սիամանթոն հպարտ եւ վստահ պատասխանեց. «Իմ բանաստեղծութիւնները անկողինին մէջ պէտք չէ կարդալ, պէտք է խորապէս ըմբռնել, հասկնալ, ապրիլ»:

Ժընեւի մէջ Սիամանթոյին կը հանդիպի ամերիկահայ մը եւ երբ կը ծանօթացնեն զայն բանաստեղծին հետ, որուն մեծ փափաք ունէր տեսնելու, ան կ՚ըսէ. «Ես այս Սիամանթոն չեմ ուզեր, ես այն մարգարէ Սիամանթոն կ՚ուզեմ»: Անոր երեւակայութեան մէջ Սիամանթոն պէտք է մարգարէի տեսք ունենար եւ ոչ թէ նիհար երիտասարդ մը ըլլար:

Եգիպտոսի մէջ հրատարակուած թերթի մը, թէ ամսագրի մը մէջ, քերթուած մը կար, նուիրուած տիկին Զաւէնին եւ օր. Շաղէթեանին (1905 թուական): Այդ բանաստեղծութիւնը ես կը գտնեմ Սիամանթոյի «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր»ուն մէջ, «Արցունքները» վերնագրով, որ բաւական փոփոխուած է, մանաւանդ՝ վերջաւորութիւնը: Սիամանթոն սիրային նիւթով քերթուածներ չէր գրեր: Ինչպէս ըսած է Աւետիք Իսահակեանին. «Իմ գրիչս իրաւունք չունի ազգային ողբերգութենէն զատ ուրիշ թեմաներ երգելու»: Եւ իրապէս, չերգեց...

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

•շարունակելի…

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022