ՀԵՐՈՒՍՏԱՄԱՐԱԹՈՆ 2015

Այ­սօր, 26 Նո­յեմ­բե­րին տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Հա­յաս­տա­ն» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի տա­րե­կան թե­լե­թո­նը: Այս տա­րուան թե­լե­թո­նը կը կրէ «Մեր տու­նը» խո­րա­գի­րը եւ իբ­րեւ գլխա­ւոր նպա­տակ որ­դեգ­րած է Հա­յաս­տա­նի մէջ բնա­կա­րան­նե­րով ա­պա­հո­վե­լը՝ հինգ եւ ա­ւե­լի ե­րա­խայ ու­նե­ցող բազ­մա­զա­ւակ ըն­տա­նիք­նե­րը: Բնա­կա­րա­նա­յին շի­նա­րա­րու­թեա­ն մի­տուած այս տարուան թե­լե­թո­նին ար­դէն կա­տա­րուած են ա­ռա­ջին խոս­տում­նե­րը։ Ռու­սա­հայ գոր­ծա­րար Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան օ­րերս պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է 1 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար նուի­րա­բե­րել «Հե­ռուս­տա­մա­րա­թոն-2015»ին:

Այս մէ­կը «Հա­յաս­տա­ն» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մին ի նպաստ Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեա­նի ա­ռա­ջին նուի­րա­տուու­թիւ­նը չէ։ Ան միշտ ալ նե­ցուկ կանգ­նած է հիմ­նադրա­մի ծրագ­րե­րուն: Տա­կա­ւին 2008 թուա­կա­նին ան 15 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար նուի­րա­բե­րած էր հիմ­նադ­րա­մի հե­ռա­տե­սի­լա­յին դրա­մա­հա­ւա­քին, ո­րու շնոր­հիւ թե­լե­թո­նի պատ­մու­թեան մէջ այդ տա­րին ար­ձա­նագ­րուած էր ան­նա­խա­դէպ նուի­րատուու­թիւն՝ 35 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար՝ Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեա­նի կա­տա­րած 15 մի­լիո­նին շնոր­հիւ: Ան նաեւ «Հա­յաս­տա­ն» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամն է:

Մէկ այլ նուի­րա­տուու­թեան մա­սին կրկին յայ­տա­րա­րուե­ցաւ վեր­ջերս՝ հա­յաս­տա­նցի գոր­ծա­րար­նե­րէն Վա­րու­ժան Գրի­գո­րեան 100 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար նուի­րա­բե­րած է Ար­ցա­խի մէջ հինգ եւ ա­ւե­լի ե­րա­խա­ներ ու­նե­ցող ըն­տա­նիք­նե­րուն հա­մար տու­նե­ր ա­պա­հո­վե­լու ծրագ­րին:

Վա­րու­ժան Գրի­գո­րեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ նոյն­պէս Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած են բազ­մա­թիւ զար­գաց­ման ծրա­գր­­եր: Նա­խորդ տա­րի ալ հիմ­նադ­րա­մը շա­հա­գործ­ման յանձ­նած էր այս բա­րե­րա­րի նիւ­թա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կա­ռու­ցուած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Մար­տա­կեր­տի շրջա­նի Չա­փար գիւ­ղի դպրո­ցը:

Այս տա­րուան գլխա­ւոր դրա­մա­հա­ւաք-նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը պի­տի հե­ռար­ձա­կուի «Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յի­ն», «Ար­մե­նիա», «Շան­թ», «Եր­կիր Մե­տիա» հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան­նե­րուն եւ հա­մա­ցան­ցա­յին զա­նա­զան կայ­քէ­ջե­րու մի­ջո­ցաւ:

Ե­ԶԱ­ԿԻ ԿԱ­ՌՈՅՑ

«Հա­յաս­տա­ն» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մը ստեղ­ծուած է 1992 թուա­կա­նին՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի (այդ ժա­մա­նակ՝ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան) հրա­մա­նագ­րով, որ­պէս ե­զա­կի կա­ռոյց մը, որ ա­ռա­ջին օ­րէն սկսեալ կո­չուած է հա­մախմ­բե­լու Հա­յաս­տա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ ապ­րող այն բո­լոր հա­յե­րը եւ ա­նոնց հա­մա­խոհ­նե­րը, ո­րոնք պատ­րաս­տա­կամ են ի­րենց ջան­քե­րը ուղ­ղել Հա­յաս­տա­նի նո­րաս­տեղծ հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ար­ցա­խի կա­յուն զար­գաց­մա­ն ն­պա­տա­կին: Շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման բար­դու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ անհ­րա­ժեշտ էր յաղ­թա­հա­րել բա­զում հիմ­նախն­դիր­ներ, ո­րոնք պե­տու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած էին 1988 թուա­կա­նի ա­ւե­րիչ երկ­րա­շար­ժին, երկ­րի շրջա­փակ­ման եւ ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով:

Ըստ «Հա­յաս­տա­ն» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի կա­նո­նադ­րու­թեան՝ կա­ռոյ­ցի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վար մար­մի­նն է Հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դը, ո­րու նա­խա­գա­հը ի պաշ­տօ­նէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահն է: Խոր­հուր­դի կազ­մի մէջ են Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սը, Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­թո­ղի­կոս-պատ­րիար­քը, Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գա­հը, Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վար­չա­պետ­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նի, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի եւ Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան նա­խա­գահ­նե­րը, նա­խա­րար­ներ, հայ­կա­կան ե­րեք ա­ւան­դա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, խո­շոր բա­րե­նպա­տակ հա­մազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու՝ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ), Հայ օգ­նու­թեան միու­թեան (ՀՕՄ), եւ Ա­մե­րի­կա­յի Հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րի ղե­կա­վար­նե­րը, սփիւռ­քա­հայ ծա­նօթ բա­րե­րար­ներ ու գոր­ծիչ­ներ Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն եւ Սփիւռ­քէն:

Հիմ­նադ­րա­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն եւ մեծ ներդ­րում ու­նին ա­նոր քսան­հինգ տե­ղա­կան մար­մին­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս կը գոր­ծեն աշ­խար­հի քսա­ներ­կու եր­կիր­նե­րուն մէջ. ա­նոնք են՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ Լոս Ան­ճե­լըսն ու Նիւ-Եոր­քը, Ֆրան­սա, Գա­նա­տա­յի մէջ՝ Թո­րոն­թոն եւ Մոնթ­րէա­լը, Մեծն Բրի­տա­նիա, Գեր­մա­նիա, Հո­լան­տա, Զուի­ցե­րիա, Աւստրիա, Շուէտ, Լի­բա­նան, Աւստ­րա­լիա, Պրա­զի­լիա, Ար­ժան­թի­նի մէջ՝ Պուէ­նոս Այ­րէսն ու Քոր­տո­պան, Յու­նաս­տան, Հա­րա­ւա­յին Կիպ­րոս, Սու­րիա, Ու­րու­կուայ, Ռու­մա­նիա, Ռու­սաս­տա­ն, Ի­րան, Ի­տա­լիա եւ Քուէյթ:

Տե­ղա­կան մար­մին­նե­րը սեր­տօ­րէն կը գոր­ծակ­ցին ի­րենց եր­կիր­նե­րու հայ հա­մայն­քի ե­կե­ղե­ցա­կան, հա­սա­րա­կա­կան եւ բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ սփիւռ­քա­հայ ծա­նօթ բա­րե­րար­նե­րու եւ գոր­ծիչ­նե­րու հետ: Հիմ­նադ­րա­մի՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ հաս­տա­տուած գոր­ծա­դիր վար­չու­թիւ­նը եւ աշ­խար­հաս­փիւռ տե­ղա­կան մար­մին­նե­րը հաշուե­տու են Հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դին:

Հիմ­նադ­րա­մի դրա­մա­կան մի­ջոց­նե­րը սո­վո­րա­բար կը գո­յա­նան տա­րե­կան հե­ռուս­տա­մա­րա­թո­նի, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պուող հե­ռա­ձայ­նա­յին մա­րա­թոն­նե­րու, ռա­տիօ­մա­րա­թոն­նե­րու, հե­ծան­ւար­շաւ­նե­րու, ճաշ­կե­րոյթ­նե­րու հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րէ, բա­րե­սի­րա­կան հա­մերգ­նե­րու եւ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու հա­սոյթ­նե­րէ, փոս­տա­յին եւ ե­լեկտ­րո­նա­յին նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րէ, ինչ­պէս նաեւ՝ ան­հատ­նե­րու ձգած կտակ­նե­րէ եւ այլ նպա­տա­կա­յին յատ­կա­ցում­նե­րէ:

1996 թ­­ուա­կա­նէն սկսեալ, ա­մէն տա­րի, Լոս Ան­ճե­լը­սէն հե­ռար­ձա­կուող ա­մե­նա­մեայ հե­ռուս­տա­մա­րա­թո­նը հան­րա­գու­մա­րի կը բե­րէ տա­րուան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի ու Սփիւռ­քի մէջ հա­ւա­քագ­րուած գու­մար­նե­րը, հա­շուե­տուու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ նուի­րա­տու­նե­րուն եւ հա­յու­թիւ­նը կը հա­մախմ­բէ Հա­յաս­տա­նի հա­մար կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թեամբ ձեռ­նար­կին շուրջ:

Հա­մաեւ­րո­պա­կան հե­ռա­ձայ­նա­յին մա­րա­թոն­նե­րը, ո­րոնք կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին հիմ­նադ­րա­մի Ֆրան­սա­յի տե­ղա­կան մարմ­նին գլխա­ւո­րու­թեամբ, կ՚ա­պա­հո­վեն Ֆրան­սա­յի, Գեր­մա­նիո­յ, Զուի­ցե­րիոյ, Հո­լան­տա­յի, Յու­նաս­տա­նի հայ ըն­տա­նիք­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րը ըն­թա­ցիկ տարուան խո­շոր ծրագ­րին մէջ: Հիմ­նադ­րա­մի Ֆրան­սա­յի մաս­նա­ճիւ­ղին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուած ֆո­նէ­թո­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ 18-22 Նո­յեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն։ Սա 16-րդ հա­մաեւ­րո­պա­կան դրա­մա­հա­ւաք-հե­ռա­խօ­սա­մա­րա­թոնն էր։ Թէեւ Փա­րի­զի մէջ պա­տա­հած ա­հա­ւոր ա­հա­բեկ­չու­թեան պատ­ճա­ռած ցնցու­մի մթնո­լոր­տին մէջ ի­րա­կա­նա­ցաւ հան­գա­նա­կու­թիւ­նը, սա­կայն ար­դիւն­քը ե­ղաւ կա­յուն՝ վեր­ջին տա­րի­նե­րու տուեալ­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ։ Ֆո­նե­թո­նին շնոր­հիւ ար­ձա­նագ­րուած 1.3 մի­լիոն եւ­րո նուի­րա­տուու­թիւն կամ նուի­րա­տուու­թեան խոս­տում։ Զուի­ցե­րիա­յէն՝ 24 հա­զար 554 եւ­րո, Գեր­մա­նիա­յէն՝ 76 հա­զար 50 եւ­րո, իսկ Ֆրան­սա­յէն՝ 1 մի­լիոն 205 հա­զար 569 եւ­րո հան­գա­նա­կուե­ցաւ։

Հիմ­նադ­րա­մի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ սոյն հա­սոյ­թը պի­տի ուղ­ղուի Ար­ցա­խի մէջ հա­մայն­քա­յին կեդ­րոն­նե­րու կա­ռուց­ման, Հա­յաս­տա­նի ­Տա­ւու­շի մար­զէն ներս շա­րու­նա­կա­բար ի­րա­կա­նա­գոր­ծուող գիւ­ղատն­տե­սա­կան ծրագ­րե­րու զար­գաց­ման, սու­րիա­հա­յե­րուն եւ ի­րա­քա­հա­յե­րուն օգ­նու­թեան հա­մար։ Հիմ­նադ­րա­մի Յու­նաս­տա­նի տե­ղա­կան մար­մինն ալ Նո­յեմ­բե­րի 22-ին կա­տա­րած է ա­ռան­ձին հե­ռա­խօ­սա­մա­րա­թո­նով դրա­մա­հա­ւաք մը, ո­րու հան­գա­նա­կու­թիւ­նը կազ­մած է շուրջ 29 հա­զար եւ­րո։ Ե­թէ հա­շուի առ­նուի, որ Յու­նաս­տա­նի մէջ կը տի­րէ տնտե­սա­կան լուրջ ճգնա­ժամ մը, ա­պա ակն­յայտ է, որ տեղ­ւոյն հա­մայն­քը յանձն ա­ռած է լուրջ զո­հո­ղու­թիւն մը, մա­նա­ւանդ, որ ա­նոր նուի­րա­հա­ւա­քին ար­դիւն­քը գե­րա­զան­ցած է զուի­ցե­րա­հա­յու­թիւ­նը։ Յու­նաս­տա­նի տե­ղա­կան մարմ­նին կող­մէ հան­գա­նա­կուած գու­մար­ներն ալ պի­տի ուղ­ղուին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Շու­շիի շրջա­նի Քա­րին Տակ հա­մայն­քէն ներս ման­կա­պար­տէ­զի մը կա­ռուց­ման։

Հե­ռա­խօ­սա­մա­րա­թոն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն նաեւ Ար­ժան­թի­նի եւ Ու­րու­կուա­յի տե­ղա­կան մար­մին­նե­րը:

ՅԱ­ԳԵ­ՑԱԾ ՈՒ­ՂԻ 

«Հա­յաս­տա­ն» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի ան­ցած ու­ղին կը բնո­րո­շուի իբ­րեւ մի­մեանց յա­ջոր­դող զա­նա­զան ծրագ­րե­րով յա­գե­ցած ու­ղի մը: Այդ ծրագ­րե­րը կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նին Հա­յաս­տա­նին հա­մար: Ճա­նա­պարհ­նե­րու, դպրոց­նե­րու, ման­կա­պար­տէզ­նե­րու, հի­ւան­դա­նոց­նե­րու, ջրագ­ծե­րու ու կա­զա­տար­ե­րու կա­ռուց­մա­ն զու­գա­հեռ օ­ժան­դա­կու­թիւն կը ստա­նան նաեւ բազ­մա­թիւ ըն­կե­րա­յին խո­ցե­լի խում­բեր, այդ կար­գին՝ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ըն­տա­նիք­ներ, ա­նա­պա­հով ըն­տա­նիք­նե­րու ու­սա­նող­ներ: Աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րով այ­սօր հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հա­յաս­տա­նաբ­նակ­ներ ու ար­ցախ­ցի­ներ ու­նին տուն, ջուր, կազ, ջե­ռու­ցում, բա­րե­կե­ցիկ կեան­քի ո­րոշ նուա­զա­գոյն պայ­ման­ներ:

«Հա­յաս­տա­ն» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի ու­շադ­րու­թեան ներ­քեւ միշտ ե­ղած են նաեւ ա­րուես­տի եւ գի­տու­թեան հայ գոր­ծիչ­ներն ու ե­րի­տա­սարդ ստեղ­ծա­գոր­ծող­նե­րը:

Հիմ­նադ­րա­մի ա­ռա­ջին խո­շո­րա­ծա­ւալ ձեռ­նար­կը «Ձմե­ռ» մար­դա­սի­րա­կան ծրա­գիրն էր, ո­րու ծի­րէն ներս հան­գա­նա­կ-ւած մի­ջոց­նե­րը 1992-1995 թուա­կան­նե­րուն ուղ­ղուե­ցան այդ տա­րի­նե­րուն ժո­ղո­վուր­դի հա­մար օ­րհա­սա­կան դար­ձած ըն­կե­րա­յին խնդիր­նե­րու լուծ­մա­ն: Ա­ղէ­տի գօ­տիի մէջ հիմ­նադ­րա­մը ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է բնա­կա­րա­նա­շի­նու­թեան՝ 1988 թուա­կա­նի երկ­րա­շար­ժէն ա­նօ­թե­ւան մնա­ցած­նե­րուն կա­ցա­րան­նե­ր ա­պա­հո­վե­լով Կիւմ­րի, Վա­նա­ձոր, Ստե­փա­նա­ւան, Սպի­տակ քա­ղաք­նե­րուն մէջ: Հիմ­նադ­րա­մի օ­ժան­դա­կու­թե­նէն ան­մասն չեն մնա­ցած նաեւ զոհուած ու ա­ռա­ջին կար­գի հաշ­ման­դամ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ըն­տա­նիք­ներն ու կա­րի­քա­ւոր ու­սա­նող­նե­րը, ո­րոնց այ­սօր ալ հիմ­նադ­րա­մը կը շա­րու­նա­կէ նպաստ տրա­մադ­րել:

1995-1999 թուա­կան­նե­րուն հիմ­նադ­րա­մին վստա­հուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ Ար­ցա­խի տա­րած­քին են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու զար­գաց­ման ուղ­ղուած խնդիր­նե­րու լու­ծու­մը: Այ­նու­հե­տեւ յա­ջոր­դած են «Գո­րիս-Ստե­փա­նա­կեր­տ», ա­պա Ար­ցա­խի մէջ՝ «Հիւ­սիս-հա­րա­ւ» մայ­րու­ղի­նե­րու կա­ռու­ցու­մը: Մա­նա­ւանդ վեր­ջին ճա­նա­պար­հը կա­րե­ւո­րա­գոյն եր­թե­ւե­կու­թեան ցանց մը ա­պա­հո­ված է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի քա­ղաք­նե­րուն եւ գիւ­ղե­րուն մի­ջեւ՝ մե­ծա­պէս նպաս­տե­լով երկ­րին տնտե­սու­թեան զար­գաց­մա­ն: Ճա­նա­պար­հա­շի­նու­թեա­ն զու­գըն­թաց՝ հիմ­նադ­րա­մը ստանձ­նած է նաեւ հա­մայն­քա­յին զար­գաց­ման նպա­տա­կա­յին ծրագ­րեր՝ կա­ռու­ցե­լով ու վե­րա­կա­ռու­ցե­լով դպրոց­ներ, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ, ջրա­մա­տա­կա­րար­ման ու կա­զա­մա­տա­կա­րար­ման հա­մա­կար­գեր, ե­լեկտ­րա­հա­ղոր­դագ­ի­ծեր, մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւն­ներ ե­ւայլն:

2005 թուա­կա­նին հիմ­նադ­րա­մի Հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դին կող­մէ հաս­տատուած է տա­րած­քա­յին զար­գաց­ման «Ար­ցա­խի վե­րած­նուն­դ» ծրա­գի­րը, ո­րու ի­րա­գոր­ծու­մը նոր էջ բա­ցած է հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծու­նէու­թեան մէջ: Խոր­հուր­դը միա­ձայ­նու­թեամբ ո­րո­շած է 2005-2006 թուա­կան­նե­րու հե­ռուս­տա­մա­րա­թոն­նե­րուն ժա­մա­նակ հան­գա­նա­կուած գու­մար­նե­րը ուղ­ղել ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով ա­ռա­ւել մեծ վնաս­ներ կրած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի շր­­ջան­նե­րուն՝ Մար­տա­կեր­տի եւ Հադ­րու­թի վե­րա­կանգն­ման ու զար­գաց­մա­ն:

2006 թուա­կա­նին սկսած են Մար­տա­կեր­տի շրջա­նի վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնք կը նե­րա­ռեն միա­ժա­մա­նակ քա­նի մը ո­լորտ՝ գիւ­ղատն­տե­սու­թիւն, ջրա­մա­տա­կա­րա­րում, ա­ռող­ջա­պա­հու­թիւն, դպրո­ցա­շի­նու­թիւն: Նոյ­նօ­րի­նակ ծրա­գիր  մը հիմ­նադ­րա­մը ի­րա­գոր­ծած է նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Մար­տու­նիի շրջա­նը:

2007-2008 թուա­կան­նե­րուն հիմ­նադ­րա­մը ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի գիւ­ղե­րու մէջ ըն­կե­րա­յին են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու վե­րա­կանգն­ման: 2009-ի հե­ռուս­տա­մա­րա­թո­նը  ի­րա­կա­նա­ցուած է «Մեր Շու­շի­ն» խո­րագ­րին ներ­քեւ եւ հա­սոյթն ալ գլխա­ւո­րա­պէս ուղ­ղուած է Շու­շիի մէջ ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու՝ ջրա­գի­ծե­րու, դպ­րո­ց­­­նե­րու, ճա­նա­պարհ­նե­րու, բնա­կե­լի շէն­քե­րու տա­­նիք­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­մա­ն:

2010-2011 թուա­կա­նե­րուն հիմ­նադ­րա­մը իր մի­ջոց­նե­րը նպա­տա­կաուղ­ղած է Ար­ցա­խի ջրա­մա­տա­կա­րար­ման ո­լոր­տի բա­րե­լաւ­ման ու Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րու են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու զար­գաց­ման:

2012 թուա­կա­նի նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րը ուղ­ղուած են Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րուն մէջ հա­մայն­քա­յին կեդ­րոն­նե­րու կա­ռուց­ման ու սու­րիա­հա­յու­թեան հրա­տապ խնդիր­նե­րու լուծ­մա­ն:

2013 թուա­կա­նի մա­րա­թո­նին ժա­մա­նակ հա­ւա­քագրուած մի­ջոց­նե­րը ծա­ռա­յած են Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը ի­րա­րու կա­պող շուրջ 116 քի­լօ­մեթր եր­կա­րու­թեամբ Վար­դե­նիս-Մար­տա­կերտ ճա­նա­պար­հի հո­ղա­յին աշ­խա­տանք­նե­րու ի­րա­կա­նաց­մա­ն։ Իսկ յա­ջորդ տա­րին՝ 2014 թուա­կա­նին ար­դէն հե­ռուս­տա­մա­րա­թո­նի հա­ւա­քագ­րած գու­մար­նե­րը ուղ­ղուած են ճա­նա­պար­հի աս­ֆալ­թա­պատ­ման ու յար­դար­մա­ն: Այս բո­լո­րի կող­քին կեան­քի կո­չուած են զու­գա­հե­ռա­բար բա­րե­րար­նե­րու կող­մէ ընտ­րուած մաս­նա­ւոր ծրագ­րեր՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ:

Հարկ է նշել, որ նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րու ըն­դու­նու­մը կը շա­րու­նա­կուի եւ այս հանգ­րուա­նին բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է այ­սօ­րուան թե­լե­թո­նին վրայ։

ԹԻ­ՒԵՐ… ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ… 

Իր գոր­ծու­նէու­թեան տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րով կա­ռու­ցուած է ա­ւե­լի քան 489 քի­լօ­մեթր ճա­նա­պարհ՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Արցա­խի մէջ, 517 քի­լօ­մեթր ջ­­րա­գիծ ու ջրա­մա­տա­կա­րար­ման հա­մա­կարգ, 144 քի­լօ­մեթր կա­զա­տար, 70 քի­լօ­մեթր ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի գիծ։

 Կա­ռու­ցուած, վե­րա­կա­ռու­ցուած ու կա­հա­ւո­րուած է՝ 334 դպրոց ու ման­կա­պար­տէզ, կա­ռու­ցուած ու վե­րա­կա­ռու­ցուած է՝  424 տուն ու բնակա­րան,  70 ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հաս­տա­տու­թիւն, 53 մար­զա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն։

Ի­րա­կա­նա­ցուած է ա­ւե­լի քան՝ 159 կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին ու գի­տա­կան ծրա­գիր:

Այ­սօ­րուան դրու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ ի­րա­գոր­ծուած ծրագ­րե­րուն ընդ­հա­նուր գու­մա­րը կը կազ­մէ ա­ւե­լի քան 235 մի­լիոն 800 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար:

Իր գոր­ծու­նէու­թեան քսա­նե­րեք տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին հիմ­նադ­րա­մը ճանչ­ցուած է ամ­բողջ հա­յու­թեան կող­մէ: Ի սկզբա­նէ նե­ցուկ ըլ­լա­լով հայոց պե­տա­կա­նու­թեա­ն՝ հիմ­նադ­րա­մը շա­րու­նա­կած է հա­ւա­տա­րիմ մնալ իր ա­ռա­քե­լու­թեա­ն՝ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան միաս­նա­կան ջան­քե­րը ուղ­ղե­լով Հա­յաս­տան երկ­րի վե­րա­կա­ռուց­ման ու ամ­րապնդ­մա­ն։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015