ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. BBC-Ի ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ

BBC-ի ճամբորդական բաժնի վերջին անդրադարձներէն մէկը, որ նուիրուած էր հայերու եւ պասքերու նմանութիւններուն, քննարկուեցաւ նաեւ հայկական մամուլին մէջ: Յօդուածագիր Ճասթին Քալթերոն անդրադարձած է հայերու ու պասքերու մշակոյթին, լեզուին եւ եղած նմանութիւններուն: Թեման, անշուշտ նոր չէ. այդ նմանութիւնները յաճախ շատեր քննարկած են եւ գիտական մակարդակի վրայ ուսումնասիրութիւններ կատարած հայերու եւ պասքերու ունեցած նմանութիւններուն մասին: Այս անգամ BBC-ի յօդուածագիրը Պասքերու երկրին՝ Պասքոնիոյ մէջ էր, Սպանիոյ թագաւորութեան հիւսիսը գտնուող այդ զարմանահրաշ բնակավայրը: Ան ներկայացուցած է ժամանակակից հետազօտութիւններէն օրինակներ, որոնց մէջ կը խօսուի այդ ընդհանրութիւններու մասին: Լրագրողը իր տպաւորութեան կը սկսի նկարագրութեամբ Սան Սեպաստիան քաղաքի տաճարին, որ ամենաշատ այցելուներ ունեցող վայրերէն մէկը կը նկատուի: Ան լուսանկարած է տաճարին բակը դրուած հայկական խաչքարը, որ կանգնեցուած է տեղւոյն հայկական համայնքի ջանքերով:

Լրագրողը կը գրէ. «Երբ առաջին անգամ տեսայ հայկական խաչքարը, նոր ժամանած էի Ֆրանսայի Պիարից քաղաքէն, ուր պասքեր կը բնակին եւ ուր հայ-պասքեան ընկերակցութիւնը երկու խումբերուն միջեւ ամուր բարեկամութիւն հիմնած է: Նկատեցի, որ Սան Սեպաստիանի մէջ գտնուող հայկական խաչքարը նման է Պիարիցի մէջ գտնուող պասկեան խաչքարին»,- Պասքոնիա իր այցին մասին կը գրէ ան:

Պասքերու հողին վրայ ունեցած իր պտոյտէն ետք լրագրողը հետեւութիւն կ՚ընէ, թէ հայերն ու պասքերը կը բնակին իրարմէ շատ հեռու, բայց այնպիսի տպաւորութիւն կը թողուն, որ անոնց մէջ փոխադարձ վստահութիւն եւ բարեկամութիւն կայ:

Ճիշդ է, կ՚ըսէ լրագրողը, որ անոնց լեզուներուն միջեւ առաջին պահուն նմանութիւն չի նկատուիր, բայց ուսումնասիրողները պարզած են քերականական ու բառակազմական բազմաթիւ նմանութիւններ եւ այս մէկը ընդունած են պասք եւ հայ գիտնականները, ինչպէս նաեւ ուրիշ ազգերէ ուսումնասիրողներ:

Պասքերը կը նկատուին Արեւմտեան Եւրոպայի հնագոյն ժողովուրդներէն, անոնց տարածքաշրջանին մէջ գոյութիւնը, աւելի քան երեք հազար տարուան պատմութիւն ունի, իսկ աշխարհի տարածքին պասքերը տասը միլիոնէ աւելի բնակչութիւն ունին: Սպանական քանի մը նահանգներէն զատ անոնք նաեւ կը բնակին Ֆրանսայի որոշ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ունին մեծ սփիւռք: Այս ժողովուրդը յաճախ հետազօտողներուն ուշադրութիւնը իր վրայ կը սեւեռէ եւ այդ մէկը նախ հին ազգ ըլլալուն պատճառովն է, ապա որ անոնք կը տարբերին Արեւմտեան Եւրոպայի միւս ժողովուրդներէն եւ անոնցմէ շատ առաջ արդէն կը զբաղէին մետաղագործութեամբ եւ ցորեն աճեցնելով:

1610 թուականին սպանացի պատմաբան Գասպար Էսքոլանոն Վալենսիա քաղաքի մասին իր պատմութեան մէջ կը գրէ, որ համաշխարհային ջրհեղեղէն յետոյ ոմն Տուպալի՝ Հայաստանէն իր ընտանիքով հաստատուած է Սպանիոյ արեւելքը: Ըստ Էսքոլանոյին՝ հայերը եղած են ներկայ Սպանիոյ առաջին բնակիչները:

Էսքոլանոյէն ետք այդ մասին երկար ժամանակ ոչ ոք խօսեցաւ, սակայն երկու հարիւրամեակ անց պասքերու հայկական ծագումին մասին քանի մը աշխատութիւններ հրատարակուեցան:

Աւելի ուշ այս հարցին անդրադարձան 19-րդ դարու վերջաւորութեան անգլիացի գիտնական Էտուարտ Սփենտէր Տոճսըն պատահաբար բացայայտում մը կատարեց: Տոճսըն, որ նշանաւոր պասկագէտ էր, որոշած է իր հետաքրքրութեան համար նաեւ հայերէն սորվիլ եւ երկու ամիս անց ան նկատած է, որ երկու լեզուներուն մէջ նոյն իմաստն ու գործածութիւնը ունեցող բառերը շատ են: Այս զարմանալի լեզուաբանական համընկնումներուն մասին ան 1884 թուականին յօդուած մը հրատարակեց «Էուսքերա» ամսագրին մէջ: Տոճսընը կազմած էր ցուցակ մը, ուր ներառած է աւելի քան յիսուն զուգահեռ բառ, բոլորը՝ հիմնային բառեր: Այս մէկը ապշեցնող էր, մանաւանդ այն գիտնականներուն համար, որոնք մինչ այդ բացայայտած էին, թէ պասքերէնը վրացական ծագում ունի:

Այդպիսի բառեր են, օրինակ՝ պասկերէն «չար» - հայերէն «չար», պասկերէն «զատ» - հայերէն «զատ» բառերը եւ այլն: Ասկէ քանի մը տասնամեակ անց պասք լեզուաբան Պեռնարտօ Էսթորնէս Լասա առասպել մը տարածեց, որ պասքական բնակավայր Նաւարա գիւղը հիմնած են հայերը, որոնք Նաւարայի առաջին բնակիչներն էին եւ պասքերու նախնիները: Այդ առասպելին մէջ կ՚ըսուի, որ պասքերուն նախահայրը անուանած են Հայթոռ, որ ընտանիքի անդամներուն պատուին Նաւարայի մէջ եօթ բնակատեղի հիմնած է (այսօր Այտոր հնչիւնափոխուած ձեւը պասք տղամարդոց մէջ տարածուած անուն է): Ատկէ զատ, Իսապա գիւղին մէջ մինչ օրս գոյութիւն ունի ճանապարհ մը, որ կը կրէ Էրմինիա անունը:

Լեզուաբան Ժոզէֆ Քարսթ հրապարակած է իր տարիներու ուսումնասիրութեան արդիւնքները, որոնց մէջ ներկայացուցած է աւելի քան 300 պասկա-հայկական լեզուական, քերականութեան եւ հնչիւնաբանութեան տարրերու մեծաքանակ համընկնումներ: Յետագային Քարսթ հեղինակած է քանի մը գիրք եւս, ուր բերած է նոր օրինակներ. ինչպէս՝ պասքերէն՝ «ելք» - հայերէն՝ «ելք», պասքերէն՝ «եթէ» - հայերէն՝ «եթէ», պասքերէն՝ «ժառաունսի» - հայերէն՝ «ժառանգել», պասքերէն՝ «մուռունչա» - հայերէն՝«մռնչոց», պասքերէն՝ «թոյլ» - հայերէն՝ «թոյլ», պասքերէն՝ «լայնօ» - հայերէն՝ «լայն», պասքերէն՝ «հաստադուն» - հայերէն՝ «հաստատուն» եւ այլն:

Գիտնականները նմանութիւններ գտած են նաեւ հայաստանեան ու պասքեան տեղանուններուն միջեւ, օրինակ՝ պասքերէն՝ Աստարակ (բնակավայր Ֆրանսայի պասքաբնակ հարաւը) - հայերէն՝ Աշտարակ, պասքերէն՝ Գորիս (բնակավայր Պասքոնիոյ մէջ) - հայերէն՝ Գորիս, պասկերէն՝ Տեպա (գետ Պասքոնիոյ մէջ) - հայերէն՝ Տեպետ, պասկերէն՝ Արաքսէս (գետ Պասքոնիայի մէջ) - հայերէն՝ Արաքս:

Հայաստանի մէջ հայ-պասքեան առընչութիւններուն համակողմանի կերպով անդրադարձած է Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս, թարգմանիչ, լեզուաբան Վահան Սարգսեան։ Ան կեանքէն հեռացած է 2011 թուականին, բայց մինչ այդ հասցուցած է գիտական նշանակալի գործ կատարել, ինչպէս նաեւ սպաներէնէ հայերէնի թարգմանել բազմաթիւ գրական ստեղծագործութիւններ: Վահան Սարգսեան կը տիրապետէր նաեւ ֆրանսերէնի եւ պասքերէնի եւ իր պրպտումներուն շնորհիւ, գտած է հայ-պասքեան պատմական ու ներկայ առընչութիւնները: Գիտնական-լեզուաբանը խմբագրած է նաեւ «Արաքս» հայ-պասքեան ամսագիրը. ան պատուաւոր անդամ էր Պասքերու երկրի Թագաւորական ակադեմիայի, Սպանագէտներու համաշխարհային ընկերութեան եւ Պասքագէտներու միջազգային ընկերութեան: «Արաքս» ամսագիրը հիմնելով 1993 թուականին՝ Երեւանի Պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ, նպատակ ունէր հայ-պասքեան առընչութիւններուն մասին նիւթեր տպագրել եւ իբրեւ տպագիր աղբիւր տարածել զայն: Միջազգային այդ ամսագրի խմբագիրները դարձան աշխարհի զանազան երկիրներու անուանի հայագէտներ ու պասքագէտներ: Ամսագրին մէջ հրատարակուեցաւ երեսուն գիտական աշխատութիւն, որոնք կ՚ուսումնասիրէին պասքերէնի ու հայերէնի վերաբերող զանազան հարցեր՝ լեզուաբանութենէն մինչեւ ազգագրութիւն: Օրինակ՝ ըստ այդ ուսումնասիրութիւններուն, երկու լեզուներուն մէջ «չ» ժխտածանցը ունի նոյն իմաստը, իսկ բառերուն վերջաւորութեան աւելցող «ք» տառը կ՚արտայայտէ յոգնակին։ Ատկէ զատ, երկու լեզուներուն մէջ կը համընկին նաեւ բայերուն խոնարհումները:

Վահան Սարգսեանի ուսումնասիրութիւնները դարձած են հայ-պասքեան կապերը վերջնականապէս ամրագրող գիտական աշխատութիւններ, որոնցմէ կ՚օգտուին այս նիւթով հետաքրքրուող մարդիկ: Անոր ձգած աւանդը կը շարունակեն աշխարհով մէկ ցրուած պասքագէտները, որոնք գրեթէ զիրար կը ճանչնան:

Աշխարհի 21 երկիրներու մէջ կան 161 պասք ակումբներ, որոնք կոչուած են պասքեան սփիւռքի մէջ պասք մշակոյթը պահպանելու։ Այս ակումբներէն 106-ը կը գտնուին Լատինական Ամերիկա, 36-ը՝ Հիւսիսային Ամերիկա, 10-ը՝ Սպանիա, 5-ը՝ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ եւ 3-ը՝ Աւստրալիա: Վերջին տարիներուն սփիւռքէն ներգաղթի ալիք մը նկատուած է դէպի պասքեան հայրենիք, պասքերը սովորաբար կառչած են իրենց արմատներուն եւ լեզուն, մշակոյթը, ազգագրական սովորոյթները, երգերը, պարերը պահպանելուն:

Անոնք բազմաթիւ առասպելներ, առակներ ու զուարճապատումներ, ժողովրդական զրոյցներ ունին: Կարգ մը աւանդազրոյցներ 1996 թուականին հայերէնի թարգմանած է Վահան Սարգսեան, ատոնք լոյս տեսած են առանձին գիրքով: Հայ-պասքեան առընչութիւններուն եւ պասք ժողովուրդի մասին վաւերակագրական շարժանկար մը նկարահանած է բեմադրիչ Արտակ Աւտալեան:

Վահան Սարգսեան, իր կատարած աշխատանքներուն հետեւանքին մասին գրած է հետեւեալը.

1.         Կազմուած է պասքերէնի ու հայերէնի ընդհանրութիւններու աւելի ամբողջական ցուցակ մը. բառերուն թիւը կը հասնի հազարի՝ ներառեալ քերականութեան քանի մը ձեւամասնիկներ: Ընդհանրութիւնները այնքան շատ են, որ կարելի է նոյնիսկ կազմել բարդ նախադասութիւններ, որոնք ընդհանուր առմամբ հասկնալի ըլլան թէ՛ պասքերուն եւ թէ՛ հայերուն: Այսքան մեծաթիւ համընկնումները զուգադիպութիւն կարելի չէ համարել, կը բացառուի անշուշտ փոխառութիւնը, նկատի ունենալով երկու ժողովրդներուն միջեւ ինկած մեծ հեռաւորութիւնը:

2. Հայկական լեռնաշխարհի եւ Պասքանիոյ մէջ մեծ թիւով տեղանուններ կան, որոնք երբեմն կրկնութեան աստիճան մօտիկ են իրարու: Ատենին այդպիսի համընկնումները գիտութեան համար հետաքրքրական չէին, քանի որ ուրիշ շրջաններու մէջ ալ կարող են իրարու նման տարրեր ըլլալ: Սակայն հայերէնի ու պասքերէնի տեղանուններուն ընդհանրութիւնները ունին կարեւոր իւրայատկութիւն մը՝ երկու լեզուներուն մէջ նոյն իմաստը ունին: Օրինակ՝ հայերէն «արան» (հովիտ) - պասքերէն «արան» (հովիտ), հայերէն «կարբի» (քարի տակ) - պասքերէն «կարբէ» (քարի տակ), հայերէն «ծաւալ» - պասքերէն «սաբալ» (ծաւալ) եւ այլն:

3. Ըստ պասքերու ազգային աւանդոյթին, Հայաստանը կը նկատուի իրենց նախահայրենիքը: Զանազան աղբիւրներ կը վկայեն այն մասին, որ Հայաստանէն եկածները գիտէին մետաղի մշակման գաղտնիքը: Այս տեսանկիւնէն շատ հետաքրքրական է պասքերու ինքնանուանումը՝ «էուսքալտուն», որ յառաջացած է «էուսքէ» արմատէն: Վերջինս զանազան բարբառներու մէջ զանազան ձեւեր ունի՝ էուսք, ուսք, էսքու, ասք եւ այլն: Այս արմատը ծագումով կապուած է հայերէն «ոսկի» բառին, որ հայկական բարբառներուն մէջ եւս զանազան ձեւեր ունի՝ իսկի, վեսկե, ասկի, ուոսկի եւ այլն: Հայերէն «ոսկի» բառէն յառաջացած է «Ոսկան» անունը, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «ոսկի ունեցող» ու նման է պասքերու ազգային անուանումին «պասքոն»՝ լատիներէն աղբիւրներու մէջ «վասքոն»: Հետաքրքրական է, որ Ուրարտուի թագաւորութեան ժամանակ Վանայ լիճին հարաւ-արեւելեան ափը, այսինքն՝ հայ ժողովուրդի բնօրրանը, կը կրէր Խուբուշկիա անունը, որ բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «ոսկիի հովիտ»: Վաղ միջնադարեան հայկական աղբիւրներու մէջ Խուբուշկիան կը յիշատակուի այլ ձեւով՝ որպէս Հայոց ձոր: Ուրարտական արձանագրութիւններուն մէջ կը յիշատակուին նաեւ Ուրմիոյ լիճի հիւսիս-արեւելեան ափի Ուշկիանի լեռները: Ստրապոնի ժամանակ ասոնք արդէն կը կոչուէին Հայկական լեռներ, յետագային հայկական աղբիւրներու մէջ նշուեցան որպէս Ոսկեան՝ ոսկէ: Այս փաստերէն կարելի է եզրակացնել, որ մեր նախնիներուն համար «ոսկի մշակող» ու «հայ» գաղափարները հոմանիշ եղած են: Այս մէկը կը հաստատուի նաեւ պասքական ազգային աւանդութիւններով:

Անշուշտ կարելի չէ ըսել, որ հայերուն ու պասքերուն կապերուն վերաբերող բոլոր հարցերը վերջնականապէս լուծուած են: Սակայն ամենակարեւորը արդէն պարզ է. պասքերուն քաղաքակրթութեան մէջ առկայ է շատ խոր հայկական շերտ մը, որ յառաջացած է գաղթի հետեւանքով՝ նախապատմական շրջանին: Բոլորը կ՚ընդունին, որ պասքերը Եւրոպայի ամենահին ազգն են: Անոնք այստեղ հնդեւրոպացիներէն շատ աւելի առաջ հաստատուած էին եւ առաջին անգամ Եւրոպա ներխուժած՝ Ն.Ք. 1000-ին: Հետեւաբար, այդ ժամանակ, հայկական տարրը արդէն կար Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ու զգալիօրէն կ՚ազդէր եւրոպական քաղաքակրթութեան զարգացման վրայ:

Պասքերու ժողովրդական զրոյցներուն մէջ կան տարօրինակ առասպելական «պասայաուններ» կոչուող կերպարներ: Ասոնք կը բնակէին սովորական մարդոցմէ հեռու՝ անտառներուն մէջ: Ուրիշ ազգերու դիցաբանութեան մէջ ալ կան նման կերպարներ, բայց պասքերու պասայաուններու իւրայատկութիւնը այն է, որ անոնց ծանօթ էր մետաղի ու հացահատիկի մշակման գաղտնիքը: Պատմութեան որոշ ժամանակահատ-ւածին, հաւանաբար, առասպելական պատկերացումները ձուլուած են պատմական դէպքերուն: Անտառի բարի հսկաներուն կերպարը կրնար հայերուն գալէն առաջ ալ գոյութիւն ունենալ, բայց յետագային Հայաստանէն եկողները, որ ծանօթ էին մետաղի ու հացահատիկի մշակման, սկսան նոյնականացնել պասայաուններու հետ: Ասիկա տրամաբանական է, եթէ նկատի առնենք, որ այն ժամանակներուն մետաղ ձուլող ու հացահատիկ աճեցնող մարդոց դիւրութեամբ կարող էին նկատել գերբնական էակները: Այսպէսով, հայերը բացի լեզուէն, Եւրոպա տարած են նաեւ կարեւորագոյն արտադրական ձեռքբերումներ՝ մետաղի մշակում ու հացահատիկի աճեցում: Պատահական չեն, հետեւաբար, գիւղատնտեսութեան վերաբերող պասքերէնի ու հայերէնի ընդհանուր բառերը: Հարկ է նշել նաեւ, որ հնագիտական տուեալներուն համաձայն՝ արմենոիտ ցեղը Փիրենեան թերակղզիին մէջ յայտնուած է Ն.Ք. 3-րդ հազարամեակի կէսերուն, իսկ այն, որ պասքերը արմենոիտ են, տակաւին ոչ ոք հերքած է:

Այս պատմութեան մէջ իրենց հետաքրքրական ու անսպասելի ներդրումն ունեցան նաեւ ծագումնաբանները: Ծանօթ է, որ հայերը ունին ողնուղեղի նուիրատուութեան խնդիր (բժշկական ճանապարհով): Աւելի պարզ՝ հայը ողնուղեղ կարող է ընդունիլ միայն հայէն: Ատոր համար ալ գիտնականները կը փնտռեն այնպիսի նուիրատու հիւսուածքներ, որոնք կը համապատասխանեն հայկականին: Եւ ահա պարզուեցաւ, որ հայկականին ամենամօտը պասքերու ոսկրահիւսուածքն է:

Պասքերու ազգային խօսքը կ՚ըսէ. «Ինքնաճանաչումը իսկական գիտութիւն է»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019