«ՄԱՐԱԼ»Ի ՇՔԵՂ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
Էսաեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մարալ» երգի-պարի համոյթի Ամանորի խրախճանքը։ «Մարալ»ի ընտանիքը այս տարի եւս Ամանորը դիմաւորեց բարձր տրամադրութեամբ։ Փոքրիկներու կազմին համար նախատեսուած այս ձեռնարկին ընթացքին շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ համոյթի միւս պատասխանատուները անթերիօրէն կազմակերպած էին այս խրախճանքը։
Համոյթի փոքրիկներու կազմի անդամներուն ծնողներն ալ օժանդակած էին «Մարալ»ի պատասխանատուներուն։
Փոքրիկներուն ուրախութիւնը գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ պապուկի ժամանումով։
Հաւաքոյթի տեւողութեան անոնք զուարճացան, մինչ երէցներն ալ բարեմաղթութիւններ բաժնեցին իրարու միջեւ՝ յառաջիկայ շրջանին համար դրական սպասումներով։