ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

«Խելացիների խելքը շատ անգամ խաբում է իրանց,
եւ խաբուածները այն ժամանակ միայն հասկանում են՝ թէ յիմարուել են,
երբ գժերը իրանց գործը արդէն աւարտած են լինում» (Րաֆֆի)

Հայրենիքը Աստուծմէ ետք ամէն բանէ վեր է։ Անձերը կու գան ու կ՚երթան, բայց մնայունը՝ Հայրենիքն է, այն Հայրենիքը, որ այսօր մեզմէ շատերը փոխարինած են անձով մը..., իսկ անձնապաշտութիւնը կը տանի Հայրենիքի քայքայումին ու վերացումին։ Դարձեալ ու դարձեալ Հայրենիքն է մնայուն, անձերը կու գան ու կ՚երթան։

Խունկ եւ աղօթք մեր զինուորներուն, որոնք իրենց կեանքը տուին մեր Հայրենիքին համար։

Խոնարհում բոլոր զինուորներուն, որոնք կը շարունակեն մեր սահմանները պահել։

Ամօթ եւ հազար անգամ ամօթ Հայրենիքը ծախած անհայրենիքներուն։

Այ չկայացած խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական կեղծ ընդդիմութիւն, հերի՛ք է խառնէք։ Ձգեցէք, որ մեր ժողովուրդը նախ եւ առաջ ազատի իր գլուխին նստած չարիքէն, յետոյ ձեր կարգն ալ կու գայ։

Մեր երկիրը եզակի այն երկիրներէն է, ուր երկրի ղեկավարին տգիտութեան, անդիւանագէտ ըլլալուն, իշխանասիրութեան, աթոռասիրութեան եւ արծաթսիրութեան պատճառով թէ՛ մարդկային բազմաթիւ զոհեր կը տրուին եւ թէ՛ Հայրենիքէն պատառներ կը ծախուին։ Այս բոլորը հետեւանքն են մեր ղեկավարութեան այն հիւանդ մտածողութեան, որ իրենց համար պետութիւն հասկացողութիւնը նեղ իմաստ ունի, ինք՝ անձը (ղեկավարը), իր ընտանիքը եւ իր թայֆան, իսկ ժողովուրդը՝ միայն քուէի համար է... Մինչ, եթէ մեր ղեկավարութեան համար պետութիւն հասկացողութիւնը լայն իմաստ ունենար, այսինքն՝ նախ եւ առաջ ժողովուրդը, ապա իր թայֆան, ընտանիքը ու իր անձը, ապա այսօր ամբողջութեամբ տարբեր պատկեր մը կ՚ունենայինք։

Հետաքրքրական է ոմանց ստրկամտութեան եւ խաւարամտութեան աստիճանը. մեր երկիրը պատմութեան ամենէն օրհասական պահը կ՚ապրի, բայց իրենք կը շարունակեն իրենց կռապաշտութիւնը: Այդպիսիները, նոյնիսկ եթէ յանկարծ Նժդեհը կամ Անդրանիկն ալ յայտնուին, միեւնոյնն է՝ իրենց կուռքն է միայն ըստ իրենց հարցի լուծումը: Զարմանալի, փաստօրէն այնքան իւրայատուկ ազգ ենք, որ մեր յոյսը կապած ենք քաղաքական դիակի մը, այլ խօսքով` ոչնչութեան մը, որ մեր պատմութեան մեծագոյն չարիքն եղաւ:

* Նախկիններուն ժամանակ ժողովուրդը վախի մթնոլորտի մէջ էր, կը թալանուէր, կը կողոպտուէր, եւ այլն, եւ այլն... Իսկ «նոր»երու օրով համատարած ատելութեան ու պառակտումի մթնոլորտ է. հայրը որդիին նկատմամբ, մայրը՝ աղջկան, եղբայրը՝ եղբօր, քոյրը՝ քրոջ, հարազատը՝ հարազատին, ընկերը՝ ընկերոջ, դրացին՝ դրացիին, ու այսպէս անվերջ, եւ այս բոլորը վերջին երկուքուկէս տարիներու ընթացքին, այսպէս կոչուած թաւշեայ, համերաշխութեան եւ սիրոյ «յեղափոխութեան» արդիւնքով։

Ողբալով ողբամ զմեզ...

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը մեզ պարզապէս խաբկանքի գիրկը նետեց, որովհետեւ աւելի քան քսան տարի ապրելով ահ ու սարսափի եւ կեղեքումի մէջ, 2018-ի գարնան, յոյսի նշոյլ մը շողաց, ազդարարելով թէ ժամանակը եկած է այդ ամէնը մէկ կողմ ձգելու եւ նորովի կերտելու մեր նորօրեայ պատմութիւնը, այն ինչ պարզուեցաւ, որ այդ բոլորը մեծ սուտ մըն էր միայն: Յեղափոխութիւն՝ պետութեան մակարդակին, երբեք ալ չէ կատարուած, կատարուածը պարզապէս իշխանափոխութիւն մըն էր: Յեղափոխութիւն կատարուեցաւ միայն մտայնութեան մէջ ժողովուրդի, որ համարձակութիւն ունեցաւ իր բարօր ապրելու տեսլականին համար համարձակութիւն ունենալ ոտքի կանգնիլ ու իր շահերը պաշտպանել: Սակայն, այս խումբ մը «քայլական»ները ժողովուրդին այդ պոռթկումը այլ կերպ օգտագործեցին եւ բերին ու հասցուցին այս օրուան... Համատարած յուսահատութիւն է՝ բացի այն խաւէն, որ մինչեւ այսօր երկրի առաջին դէմքին ամէն մէկ խօսքը որպէս երկինքէն իջած ճշմարտութիւն կ՚ընդունի... Իսկ սովորական, քիչ թէ շատ մտածող ժողովուրդին մօտ ահաւոր հիասթափութեան ու յուսահատութեան ալիք է, որու արդիւնքին արդէն շատերը պայուսակները լեցուցած ու պատրաստ են արտագաղթելու... Յառաջիկայ օրերը, ամիսները շատ ծանր ու ճակատագրական պիտի ըլլան մեր ժողովուրդին համար...

Մեր միակ փրկութիւնը՝ մենք մեր նկատմամբ ունեցած ինքնավստահութիւնը պիտի ըլլայ: Տարածքաշրջանը լեցուն է զարգացումներով, կը մնայ մենք դիւանագիտութիւն ունենաք նուազագոյն վնասներով դուրս գալու այդ զարգացումներէն, եւ աւելի՛ն՝ ՇԱՀԱՒՈՐ դուրս գանք այդ զարգացումներէն: Հակառակորդին ախորժակը այսքան տարածքներ առնելէ ետք, բնական է որ պիտի չնուազի, ընդհակառակը, ա՛լ աւելի պիտի աճի... Ռուսերուն ներկայութիւնը որոշակի իմաստով ապահովութիւն կը ներշնչէ ներկայիս, բայց պատմութենէն գիտենք , որ ռուսը միշտ ալ մեզ մինակ ձգած է: Ռուսին համար ամենէն կարեւորը իր շահերն են՝ եւ ո՛չ աւելին:

Տժգունութեան թագաւորութեան ամենէն տժգոյն գահակալը, ամբողջ ժողովուրդի մը կեանքը տժգոյն դարձուց։

Կարծես հերիք չէր, որ մարդը երկուքուկէս տարի երկիրը համացանցով կառավարեց, հիմա ալ որոշած է Հայաստանի ու Արցախի սահմանն ալ համացանցով գծագրէ...

Պատմութիւն չունեցող ու պատմութիւն չգիտցող թիւրիմացութիւն...

Ալի Պապան պատերազմի ու զինուորի անունով ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան «հպարտ» քաղաքացիները գողցաւ, այլեւ՝ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը... Գողցաւ կ՚ըսեմ, որովհետեւ բանակին ու զինուորին ուղղուած գումարին մեծ մասը օգտագործեց ինքզինք եւ իր իւրայինները պարգեւատրելու համար...

Ըսուած է չէ՞. «Ախորժակը ուտելով կը բացուի»։ Դժբախտաբար ասոնց ախորժակը զինուորին անգամ չափսոսաց։

Մեր ժողովուրդը արժանի չէր այս նուաստացումին... Իսկ նուաստացումին պատճառ եղողներն ու մանաւանդ վերջին երկուքուկէս տարիներու «ղեկավար» դարձած գաւառամիտը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին։

Այս օրերուն այնքան դժուարացած է փորձել հասկնալ ու ըմբռնել կատարուած իրողութիւնները։ Կեղծիք, կեղծիք եւ կեղծիք։ Սակայն, յանկարծ եթէ յայտնուի մէկը, որ խելքին մօտիկ բան ըսէ՝ ինչ հայհոյանք ըսես կը թափուի ատ մարդուն հասցէին։ Կեղծիքի ու ստութեան թագաւորութիւն։

Երկրի առաջին դէմքը չձգեց մէկուն, որ չմեղադրեց մեր կրած ամօթալի ու նուաստացուցիչ պարտութեան համար։ Մէկ նախկին ըսաւ, մէկ հին ըսաւ, մէկ Կակօ ըսաւ, մէկ Վանեց ըսաւ, մէկ դաշնակ ըսաւ, մէկ բանակի հրամանատարներ ըսաւ, մէկ զինուորներ ըսաւ, ըսաւ ու ըսաւ...

Լաւ, հարցում մը. այդ խայտառակ համաձայնութենէն արդէն անցած է աւելի քան մէկ ամիս. քանի՞ հոգի պատասխանատուութեան կանչուեցաւ՝ ըստ օրէնքի, եւ ոչ թէ խօսքով... Կրնա՞յ ըլլալ հիմա ալ երկուքուկէս տարի պիտի սպասենք...

Հայրենիք կորսնցուցինք, լուսաւոր տղաք զոհ տուինք, եւ դեռ մարդիկ կը շարունակեն արդարացնել ու երկրպագել կուռքին...

Հակառակորդը արդէն բացայայտօրէն կը յայտարարէ, թէ ուզած ատեն կրնայ Հայաստանի որեւէ տարածք գրաւել, իսկ մեր երկրի առաջին անդէմքը տակաւին քայլ-քայլ իր ծրագիրը կ՚իրականացնէ, որ ըստ էութեան [իր սիրած արտայայտութիւնը] մեզ դէպի անդունդ կը տանի։ Տեսնես երբ ինք, իր քայլականներն ու իր երկրպագուները պիտի հասկնան, որ մեր Հայրենիքը կործանման կը տանին։ Երկուքուկէս տարի ոչինչ ըրած՝ միայն խօսած անդէմքը չի՛ կրնար վեց ամսուան ընթացքին ոչինչ փոխել, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ ան ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԻԱԿ է այլեւս։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020