ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻԻ 200-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Մոս­կուա­յի Թրե­թեա­կո­վեան պե­տա­կան պատ­կե­րաս­րա­հը 2016 թուա­կա­նի Յու­լիս-Նո­յեմ­բեր ա­միս­նե­րուն Լոն­տո­նի Դի­ման­կար­նե­րու ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին եւ Վա­տի­կա­նի թան­գա­րան­նե­րուն հետ պի­տի կազ­մա­կեր­պԷ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի 200-ա­մեա­կին նուի­րուած ցու­ցա­հան­դէս մը, ուր պի­տի ներ­կա­յա­ցուին նկա­րի­չի ա­ռա­ւել նշա­նա­կա­լի կտաւ­նե­րը, նե­րա­ռեալ՝ «Ծիա­ծա­նը» եւ «Սեւ ծո­վը»՝ Թրե­թեա­կո­վեան պատ­կե­րաս­րա­հէն, ինչ­պէս նաեւ «Ին­նե­րորդ ա­լի­քը» եւ «Ա­լե­կո­ծու­թիւ­նը»՝ ռու­սա­կան թան­գա­րա­նէն: Ըն­դա­մէ­նը ցու­ցադ­րու­թեան պի­տի ներ­կա­յա­ցուին Այ­վա­զովս­կիի հա­րիւր կտաւ­ներ եւ յի­սուն գծագ­րեալ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, նե­րա­ռեալ ա­ւե­լի վաղ եր­բեք չցու­ցադ­րուած «Կով­կա­սի ա­փե­րուն մօտ» կտա­ւը։

Միւս կող­մէ, ըստ Russia Today-ի, Ռուսաս­տա­նի գլխա­ւոր թան­գա­րան­նե­րուն մէջ ո­րո­շած են «նկա­րա­նիս­տեր սահ­մա­նել» Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի աշ­խա­տանք­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեան համար: Մաս­նա­ւո­րա­պէս նման ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցած է Թրե­թեա­կո­վեան ու Ռու­սա­կան թան­գա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը: Նկա­րա­նիս­տե­րը պի­տի վե­րա­բե­րիեն 2016-ի ցու­ցա­հան­դէս­նե­րուն: Այս կեր­պով Այ­վա­զովս­կին գնա­հա­տող­նե­րը ստի­պուած պի­տի ըլ­լան թան­գա­րան­ներ եր­թալ ճշդուած ժա­մե­րու եւ ճշդուած ժա­մե­րու ալ դուրս գալ հոն­կէ:

Նման ո­րո­շում կա­յա­ցուած է այն նկա­տա­ռու­մով, որ յա­ռա­ջա­ցած է Վա­լեն­թին Սե­րո­վի աշ­խա­տանք­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեան շուրջ:
Մեծ ծո­վան­կա­րի­չի աշ­խա­տանք­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւ­նը Մոս­կուա­յի մէջ կը նա­խա­տե­սուի այս տարուան Յու­լի­սի 28-էն մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 20-ը, իսկ Սէն Փե­թեր­պուր­կի մէջ՝ Նո­յեմ­բե­րի վեր­ջէն մին­չեւ 2017-ի Փետ­րուա­րը:

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016