ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՎԵՐԵԼՔ

Ռու­սա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան տեղ գտաւ «Forbes»ի կող­մէ հրա­պա­րա­կուած Ռու­սաս­տա­նի «Կա­լուած­նե­րու թա­գա­ւոր­նե­րու» ցու­ցա­կին վրայ։ Յի­շեալ ամ­սագ­րի ռու­սա­կան տար­բե­րա­կը հրա­պա­րա­կեց Ռու­սաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս ա­ռեւտ­րա­կան կա­լուած­նե­րու ա­մե­նա­հա­րուստ սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րու վեր­ջին ա­ղիւ­սա­կը։ Այն գոր­ծա­րար­նե­րը, ո­րոնք այդ ցու­ցա­կին վրայ ընդգր­կուած են, ու­րիշ­նե­րու բաղ­դատ­մամբ ա­ւե­լի մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ վար­ձու կու տան ի­րենց կա­լուած­նե­րը։

Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան այդ ցան­կի եր­րորդ հո­րի­զո­նա­կա­նին վրայ կը գտնուի։ Իր հիմ­նա­կան կա­լուած­ներն են Տի­միթ­րո­վեան խճու­ղիին վրայ գտնուող «Ռիօ» ա­ռեւտ­րա­զուար­ճան­քա­յին կեդ­րո­նը եւ Novotel Moscow City-ին։ Ընդ­հա­նուր ե­կա­մու­տը կը կազ­մէ 650 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար։

Այս ցու­ցա­կին վրայ թէեւ տե­ղի ու­նե­ցած են կարգ մը փո­փո­խու­թիւն­ներ, սա­կայն յա­ռա­ջա­տար­նե­րու քա­ռեա­կը մնա­ցած է ան­փո­փոխ։

«Տա­շիր» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու խում­բի սե­փա­կա­նա­տէր Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան «Կա­լուած­նե­րու թա­գա­ւոր­նե­րու» ցան­կին վրայ կ՚ընդգր­կուի այդ ցու­ցա­կի ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­պա­րա­կուե­լէն ի վեր։ Ըստ հան­դէ­սին, իր ե­կա­մու­տը վար­ձա­կա­լու­թիւն­նե­րէն 2011-ին կազ­մած էր 565 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար։ Յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն այդ ե­կա­մու­տը ու­նե­ցած էր կա­յուն աճ, 2014 թուա­կա­նին գե­րա­զան­ցե­լով 1 մի­լիառ տո­լա­րի մա­կար­դա­կը։ Վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեա­նի կա­լուած­նե­րու վար­ձա­կա­լու­թեան հա­սոյ­թը 600 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի սահ­ման­նե­րուն կը տա­տա­նուի։

Միւս կող­մէ, ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան նա­խըն­թաց օր Մոս­կուա­յի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի եւ ռու­սա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ կազ­մա­կեր­պուած հան­դիպ­ման։ Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան, որ հա­մաշ­խար­հա­յին գոր­ծա­րար ընտ­րա­նիի ա­մե­նաազ­դե­ցիկ հա­յե­րէն մին է, կը պատ­րաս­տուի ներդ­րու­մա­յին մեծ ծրագ­րեր ի­րա­կա­նաց­նել Հա­յաս­տա­նի մար­զե­րէն ներս։ Ըստ կարգ մը կան­խա­տե­սում­նե­րու, այդ ներդ­րում­նե­րուն չա­փը կրնայ հաս­նիլ 300 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի։ Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան խոս­տա­ցած է այդ ծրագ­րե­րուն մա­սին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դել ա­ւե­լի ուշ։ 

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2017