ՄԻԱՍԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ Ապրիլին աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի համերգով մը հանդէս պիտի գայ Նիւ Եորքի մէջ։ Իսթանպուլահայութեան համար այնքան հարազատ արուեստագէտ մըն է Շահան Արծրունի, որ իր գործունէութիւնը չի սահմանափակեր լոկ դաշնակահարի հանգամանքով, այլ միեւնոյն ժամանակ իր ամբողջ փորձառութիւնն ու պաշարը ի սպաս կը դնէ հասարակական, մանաւանդ բարեսիրական շարժումներ խրախուսելու առաջադրութեամբ։ Ան այս բոլորը կ՚ընէ իսկապէս հեռատեսութեամբ եւ սատար կը հանդիսանայ այնպիսի ծրագրերու, որոնք ներկայ պահու դժուարութիւններուն ներքեւ էական պակասներ կը լրացնեն հայ իրականութեան մօտ։ Այս ամբողջին մէջ վառ օրինակ մըն է Վանաձորի տարեցներու տունը։ Հայաստանի ընկերային ծով կարիքներու պայմաններու ներքեւ Շահան Արծրունի երկրի այս մեծագոյն քաղաքներէն մէկուն մէջ ստեղծած է ջերմ երդիք մը՝ երէց սերունդէ դէմքերուն համար։ Հոգելոյս Գարամանուկ բարեյիշատակ ամոլի անունով կոչուած այս տարեցներու տունը Շահան Արծրունիին կարգադրութեամբ կը գործէ Հայ օգնութեան ֆոնտի հովանոցին ներքեւ։
Շահան Արծրունիի յառաջիկայ համերգն ալ կը կազմակերպուի ահա այս նոյն տարեցներու տան ի նպաստ՝ Ապրիլի 5-ին։ Նիւ Եորքի «Քոֆման» երաժշտական կեդրոնէն ներս, «Մերքին» դահլիճի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ այս ձեռնարկը, որու կազմակերպման եւս կ՚աջակցի Հայ օգնութեան ֆոնտը։ «Միասին Հայաստանի համար» կարգախօսով կազմակերպուած այս ձեռնարկը մէկ կողմէ Արծրունիի արուեստի համակիրներուն տեսակէտէ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ անոր նուագներուն հաղորդ դառնալու, իսկ միւս կողմէ զօրավիգ կանգնելու բարենպատակ կարեւոր հաստատութեան մը։
Շահան Արծրունիի մօտալուտ համերգի ծրագրին մաս պիտի կազմեն Կոմիտասի, Արամ Խաչատուրեանի, Ալան Յովհաննէսի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ Կարա-Մուրզայի ստեղծագործութիւնները։