ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ՆԻԼԿԻՒՆ ՊԵԼԿԻՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՏԱՏԵԱՆԻ ՄԷՋ

Տա­տեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, շա­բա­թա­վեր­ջին, Պա­քըր­գիւ­ղի հա­մա­նուն վար­ժա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս, «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» սրա­հի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­տե­րա­կան ե­րե­կոյթ մը։ Ձեռ­նար­կի հիւրն էր՝ յայտ­նի դե­րա­սա­նու­հի Նիլ­կիւն Պել­կիւն։ Գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու մօ­տիկ հե­տաքրքրու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ այս ե­րե­կոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Նիլ­կիւն Պել­կիւն ներ­կա­յա­ցուց «Tek Kişilik Kabare» ա­նուն խա­ղը։

Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ։

Ներ­կա­յաց­ման ա­ւար­տին Տա­տեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Աս­լին Ուս­թաա­րա­մօղ­լու ծաղ­կե­փունջ, իսկ անդամներէն Թորոս Փեհ­լիվան յուշատախտակ մը նուի­րե­ցին դե­րա­սա­նու­հիին։ Իր կար­գին, Պել­կիւնն ալ հան­դի­սա­տես­նե­րուն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ ե­րե­կոյ­թի ար­ժա­նա­ցած ջերմ հե­տաքրք­րու­թեան հա­մա­ր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2017