ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑՈՅԹ

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան եւ իր կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի եւս կազ­մա­կեր­պուած է «Յա­ւեր­ժու­թիւն» խո­րագ­րեալ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին պա­րի մրցոյ­թը։ Այս տա­րի երկ­րորդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի այս ձեռ­նար­կը, որ ձօ­նուած է Է­սաեան սա­նուց միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։

Մրցոյ­թի ա­ռա­ջին փու­լը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան մէջ՝ ինն վար­ժա­րան­նե­րէ պա­րա­խում­բե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ներ­կայ էին Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան, կրթա­կան մշակ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Ժպիտ Քա­լայ­ճըի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ «Մա­րալ» հա­մոյ­թի կող­մէ մաս­նա­կից բո­լոր դպրոց­նե­րուն նա­խա­պէս ու­ղար­կուած էր «Պիթ­լիս» պա­րի ներ­կա­յաց­ման տե­սագ­րու­թիւ­նը։ Այդ հի­ման վրայ դպրոց­նե­րու պա­րա­խում­բե­րը կա­տա­րած էին ի­րենց պատ­րաս­տու­թիւ­նը։ Մրցոյ­թի ա­ռա­ջին փու­լին հինգ վար­ժա­րան­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն կող­մէ ճշդուած պար­տա­դիր պա­րը։ Ա­պա տրուե­ցաւ ա­րար մը, որ­մէ վերջ մնա­ցեալ չորս վար­ժա­րան­նե­րու խում­բե­րը հան­դէս ե­կան ու եզ­րա­փա­կուե­ցաւ մրցոյ­թի ա­ռա­ջին փու­լի յայ­տա­գի­րը։

Ինն դպրո­ցա­կան պա­րա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­մէն վերջ դա­տա­կազ­մի ան­դամ­նե­րը ա­ռանձ­նա­ցան ար­ժե­ւոր­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար։ Մինչ այդ ներ­կա­նե­րը սրա­հին մէջ հե­տե­ւե­ցան ան­ցեալ տա­րուան մրցոյ­թին ժա­մա­նակ տե­սագ­րուած դրուագ­նե­րուն։ Քննար­կում­նե­րէ վերջ դա­տա­կազ­մը տե­ղե­կա­ցուց, որ ա­ռա­ջին փու­լի դափ­նե­կիր­նե­րը ե­ղած էին Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան եւ Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րան­նե­րու պա­րա­խում­բե­րը։

Այս մրցոյ­թի երկ­րորդ փու­լը նա­խա­տե­սուած է Ապ­րի­լի 9-ին, Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ։ Սա պի­տի ըլ­լայ ա­ւար­տա­կա­նը։ Վե­րո­յի­շեալ ե­րեք խում­բե­րը դար­ձեալ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն «Պիթ­լիս» պա­րը ու պի­տի դա­սա­ւո­րուին վերջ­նա­կա­նօ­րէն։ Բաց աս­տի, մրցոյ­թին մաս­նա­կից բո­լոր դպրո­ցա­կան պա­րա­խում­բե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ա­զատ պար մը։ Այս­պէ­սով եր­կու ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ պի­տի ճշդուին յա­ջո­ղա­գոյն­նե­րը եւ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն։

Մրցոյ­թի դա­տա­կազ­մին մէջ են՝ Կար­պիս Չափ­քան, Ա­րամ Կոս­տա­նեան, Լե­ւոն Թա­պէ­րեան, Սա­րեմ Շէ­շէ­թեան եւ Պա­նու Քուր­տօղ­լու (Իս­թան­պու­լի Թեք­նիկ հա­մալ­սա­րան)։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2017