ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԵՌՈՒԶԵՌ

Ան­մո­ռա­նա­լի նկար­չու­հի Քրիս­տին Սա­լե­րիի յի­շա­տա­կը միշտ վառ կը պա­հուի իր հա­րա­զատ­նե­րուն կող­մէ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Սա­լե­րիի զա­ւակ­նե­րը հիմ­նած են հա­մա­նուն հիմ­նարկ մը, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ձեռ­նարկ­ներ կը կազ­մա­կեր­պէ ա­նոր ի յի­շա­տակ։ Վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Քրիս­տին Սա­լե­րիի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած չոր­րորդ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին նկար­չու­թեան մրցոյ­թը։ Այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Քրիս­տին Սա­լե­րին ո­գե­կո­չե­լու հա­մար նա­խա­տե­սուած հիմ­նա­կան ծրագ­րե­րու շար­քին կը դա­սուի։ Այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուած չոր­րորդ մրցոյ­թի մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Թաք­սի­մի «Փո­ինթ» պան­դո­կին մէջ։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, Տ. Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆրա­տեան, Քրիս­տին Սա­լե­րիի հա­րա­զատ­նե­րը, մրցոյ­թի մաս­նա­կից վար­ժա­րան­նե­րէն տնօ­րէն­ներ եւ նկար­չու­թեան ու­սու­ցիչ­ներ, մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րը եւ հիւ­րեր։

Ե­րե­կոյ­թի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Քրիս­տին Սա­լե­րիի դուստ­րը՝ Ռե­հան Սա­րը­պայ, որ վեր­յի­շում­ներ ը­րաւ ո­գե­կո­չեալ նկար­չու­հիին մա­սին։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ նկար­չու­հիի որ­դին՝ Կա­րօ Նան­սէն Սա­լե­րի, որ դի­տել տուաւ, թէ Քրիս­տին Սա­լե­րին ծնած էր 1915 թուա­կա­նին, հե­տե­ւա­բար այս տա­րուան մրցոյ­թը կը զու­գա­դի­պէր ա­նոր ծննդեան 100-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։ Կա­րօ Նան­սէն Սա­լե­րի միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ներ­կա­յա­ցուց, թէ Գա­լի­ֆոր­նիոյ մէջ յա­ջորդ տա­րուան Փետ­րուար-Մա­յիս ա­միս­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մեծ ցու­ցա­հան­դէս մը նա­խա­տե­սուած է Քրիս­տին Սա­լե­րիի յո­բե­լեա­նին առ­թիւ։

Այս ե­լոյթ­նե­րէն վերջ Ռե­հան Սա­րը­պա­յի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ սկսաւ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան փու­լը։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը այս առ­թիւ մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին եւ սա­նուց միու­թեան, ո­րոնց հետ ան­մի­ջա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ են վեր­ջին տա­րի­նե­րուն։

Ա­ռա­ջին-չոր­րորդ դա­սա­րան­նե­րու խմբա­ւոր­ման ա­ռա­ջի­նը հան­դի­սա­ցաւ Ար­տա­շէս Աղ­պու­լութ (Տա­տեան վար­ժա­րան), ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Հայկ Չա­լըշ (Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րան) եւ Ի­զա­պէլ Ար­զու­ման (Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րան)։ Ման­սիո­նի ար­ժա­նա­ցան՝ Սե­լին Պէ­պէք (Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան), Թոփ­րաք Թաշ­ճը (Գալ­ֆաեան վար­ժա­րան), Նա­յի­րա Մկրտի­չեան (Թար­գա­ման­չաց վար­ժա­րան) եւ Լե­թի­սիա Շարք­լը (Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րան)։

Հին­գե­րորդ-ու­թե­րորդ դա­սա­րան­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռաջ­նու­թիւ­նը նուա­ճեց Տէօ­նիս Թուղ­րաք (Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րան), ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Մա­րի­նա Ար­զու­մա­նո­վա (Հրանդ Տինք վար­ժա­րան) եւ Շանթ Զըն­կըք (Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րան)։ Ման­սիո­նի ար­ժա­նա­ցան՝ Աս­լին Չէր­քէ­զօղ­լու (Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րան) եւ Կապ­րիե­լա Ազ­նիւ Սար­րաֆ (Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րան)։

Ին­նե­րորդ-տաս­ներկ­րորդ դա­սա­րան­նե­րու խմբա­ւոր­ման մէջ ա­ռա­ջի­նը հան­դի­սա­ցաւ Ար­թուն Ճան Չըլ­պը­յը­քօղ­լու (Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան), ո­րուն հե­տե­ւե­ցան Սե­րի­նա Մէյ­տան (Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան) եւ Ռո­պէն Տի­վար­ճը (Սուրբ Խաչ դպրե­վանք)։ Ման­սիո­նի ար­ժա­նա­ցան՝ Նա­թա­լի Սա­րըաս­լան (Է­սաեան վար­ժա­րան), Ի­մել­տա Գու­յում­ճու (Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րան) եւ Յա­րութ Ա­ճուեան (Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րան)։

Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­մէն վերջ հա­ւա­քոյ­թը շա­րու-­նակուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թեան ձե­ւա­չա­փին մէջ, մինչ ներ­կա­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին կազ­մա­կեր­պիչ­ներն ու դափ­նե­կիր­նե­րը, նաեւ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը։ Հարկ է նշել, որ մրցոյ­թի դա­տա­կազ­մին մէջ էին Ար­շօ Գաս­պա­րեան, Մառ­լէն Թէ­քիր­տաղ­լը­ճան, Ռե­հան Սա­րը­պայ, Մայ­տա Սա­րիս եւ Ար­թին Տէ­միր­ճի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015