ԱՊՐԻԼԷՆ ՄԱՅԻՍ՝ «ԱՈՒՐՈՐԱ»

Այս օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ «Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մա­հիմ­նա­դիր­ներ՝ Ռու­բէն Վար­դա­նեա­ն եւ Նու­պար Ա­ֆէեա­ն լ­րագ­րող­նե­րուն հետ յա­տուկ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին յայտ­նե­ցին 2017 թուա­կա­նի «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի յա­ւակ­նորդ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը: Հա­յե­րուն հիմ­նած մի­ջազ­գա­յին այս մրցա­նա­կը կը շնոր­հուի Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած­նե­րու ա­նու­նով եւ ի ե­րախ­տա­գիտու­թիւն ա­նոնց, ո­րոնք փրկու­թեան ձեռք մեկ­նած են հայ ժո­ղո­վուր­դին: Մրցա­նա­կին ներ­կա­յա­ցուած մար­­դիկ կը նկա­տուին մեր օ­րե­րու հե­րոս­նե­րէն, ո­րոնք անձ­նուի­րա­բար ու բա­ցա­ռիկ ջան­քե­րով կ­­՚օգ­նեն մար­դոց։ Ա­նոնք ընտրուած են բա­ցա­ռիկ ազ­դե­ցու­թեան, խի­զա­խու­թեան եւ ի­րենց ցու­ցա­բե­րած նուի­րուա­ծու­թեան հա­մար՝ փրկե­լով մարդ­կա­յին կեան­քեր եւ ի­րա­կա­նաց­նե­լով մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­ներ:

«Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի յանձ­նա­խում­բին հա­մա­նա­խա­գահն է օս­քա­րա­կիր դե­րա­սան եւ մար­դա­սէր գոր­ծիչ՝ Ճորճ Քլու­նին, որ ինչ­պէս յայտ­նեց Նու­պար Ա­ֆէեան, այս տա­րի Հա­յաս­տան պի­տի չգայ: Նախ ա­նոր հա­մար, որ ան իր կնոջ՝ Ա­մալ Քլու­նիին հետ կը սպա­սեն ի­րենց ա­ռջ­­ի­նեկ զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնց լոյս աշ­խարհ գա­լը «Աու­րո­րա»ի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին կը հա­մընկ­նի, եւ երկ­րորդ, ինչ­պէս նշե­ցին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, Ճորճ Քլու­նի ամ­բողջ տա­րուան ըն­թաց­քին ա­մէն ձե­ւով ա­ջակ­ցած է ի­րենց, ե­ղած է ի­րենց կող­քին եւ իր դե­րը ձե­ւով մը կա­տա­րած է անց­նող մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին: «Աու­րո­րա» յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներն են Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր­ներ՝ Օս­քար Ա­րիա­ս, Շի­րին Է­պա­տի, Լէյ­մա Կպո­վէ, Իր­լան­տա­յի նախ­կին նա­խա­գահ՝ Մէյ­րի Ռո­պին­սո­ն, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու ո­լոր­տին մէջ գոր­ծիչ՝ Հի­նա Ճի­լա­նի, Աւստ­րա­լիոյ նախ­կին ար­տա­քին գործ­ոց նա­խա­րար եւ Մի­ջազ­գա­յին ճգնա­ժա­մա­յին խում­բի պա­տուա­ւոր նա­խա­գահ՝ Կա­րէթ Է­ւան­ս եւ Մեք­սի­քա­յի նախ­կին նա­խա­գահ՝ Էր­նես­թօ Սե­թի­լիօ:

Յանձ­նա­խում­բը մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին ստա­ցած է 558 դի­մում, ո­րոնց­մէ 254-ը չկրկնուող դի­մում­ներ էին եւ ներ­կա­յա­ցուած էին 66 երկ­րէ 13 լե­զուով: 558 դի­մում­նե­րուն մէ­ջէն ընտ­րուած է հինգ թեկ­նա­ծու, ո­րոնց­մէ մէ­կուն ալ Մա­յիս 28-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ կը շնոր­հուի «Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան երկ­րորդ մրցա­նա­կը: Ծա­նօ­թա­նա­լով հինգ յա­ւակ­նորդ­նե­րու կեն­սագ­րու­թիւն­նե­րուն, կը տես­նենք, որ ա­նոնք ի­րաւ հե­րոս­ներն են, ո­րոնք ի­րենց կեան­քը նուի­րա­բե­րած են տկար հա­մայնք­նե­րու, վտան­գուած եր­կիր­նե­րու եւ սպառ­նա­լիք­նե­րու տակ գտնուող հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու փրկու­թեան եւ յա­ռա­ջաց­ման գոր­ծին, յա­ճախ վտան­գե­լով ի­րենց կեան­քը:

 

«Աու­րո­րա» մրցա­նա­կին ներ­կա­յա­ցուած են Սո­մա­լիէն՝ Ֆար­թուն Ա­տան եւ Իլ­ուատ Էլ­ման (մայր եւ դուստր), որ «Էլ­մա­ն» խա­ղա­ղու­թեան եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու կեդ­րո­նի հիմ­նա­դիր­ներն են:

Ֆար­թուն Ա­տան Սո­մա­լիի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Մա­կա­տի­շուի մէջ գտնուող «Էլ­մա­ն» խա­ղա­ղու­թեան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան կեդ­րո­նի (EPHRC) գոր­ծա­դիր տնօ­րէնն է: Հե­տաքր­քա­կան է, որ Ֆար­թուն Ա­տան ող­բեր­գու­թիւն­նե­րով յա­գե­ցած կեանք մը ու­նե­ցած է: 1996 թուա­կա­նին Սո­մա­լիի մէջ պա­տե­րազ­մող զի­նուո­րա­կան­նե­րը սպան­նած են Ֆար­թու­նի ա­մու­սի­նը՝ ա­նոր խա­ղա­ղա­րար գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար: Այդ օ­րուը­նէ սկսեալ Ֆար­թուն Ա­տան կը պայ­քա­րի Սո­մա­լիի մէջ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման, զար­գաց­ման եւ ման­կա­հա­սակ զի­նուո­րա­կան­նե­րու լիար­ժէք վե­րա­կանգն­ման հա­մար, եւ այս բո­լո­րը կը կա­տա­րէ յա­ճախ վտան­գա­ւոր եւ ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու մէջ: 2010 թուա­կա­նին Ա­տան նա­խա­ձեռ­նած է «Քոյր Սո­մա­լի» ծրա­գի­րը՝ ա­ջակ­ցե­լու սե­ռա­յին բռնու­թիւն­նե­րու են­թար­կուած­նե­րուն, ա­նոնց, ո­րոնց յա­ջո­ղած են ողջ մնալ բռնա­բա­րու­թե­նէն կամ խու­սա­փիլ պար­տա­դիր ա­մուս­նու­թե­նէն: Ան ստեղ­ծած է սե­ռա­կան բռնու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջին թէժ գի­ծը Սո­մա­լիի մէջ, իսկ 2011 թուա­կա­նին Մա­կա­տի­շուի մէջ հիմ­նած է բռնա­բա­րու­թիւն­նե­րու ճգնա­ժա­մի կեդ­րոն: Մինչ օրս կեդ­րո­նը օգ­նած է ա­ւե­լի քան 400 սո­մա­լի­ցի կի­նե­րու եւ աղ­ջիկ­նե­րու, ա­նոնց տրա­մադ­րե­լով խորհր­դա­տուու­թիւն եւ բժշկա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն, գործ նա­խա­ձեռ­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ, կազ­մա­կեր­պե­լով գոր­ծա­րա­րա­կան հմտու­թիւն­նե­րու դա­սըն­թացք­ներ եւ տե­ղա­փո­խե­լով զա­նոնք ա­ւե­լի ա­պա­հով վայ­րեր: Ֆար­թուն Ա­տան «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կին ներ­կա­յա­ցած է իր քսա­նեօ­թա­մեայ դստեր՝ Իլ­ուատ Էլ­մա­նին հետ, որ EPHRC-ի հար­ցե­րով իր մօ­րը գոր­ծըն­կերն է: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ Ֆար­թուն Ա­տան պար­գե­ւատ­րուած է «Խի­զախ կի­ն» մի­ջազ­գա­յին մրցա­նա­կով: Ան «Էլ­մա­ն» խա­ղա­ղու­թեան եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ-­պա­նու­թեան կեդ­րո­նի գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար պար­գե­ւատ­րուած է նաեւ Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ: 2015 թուա­կա­նին Հա­րվըրտ հա­մալ­սա­րա­նը Ֆար­թուն Ա­տա­յին եւ ա­նոր դստեր շնոր­հած է «Կլէյց­մա­նի մի­ջազ­գա­յին աք­թի­ւիս­թ» մրցա­նա­կը:

Ըստ «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի կա­նո­նա­կար­գին, մրցա­նակ ստա­ցող յա­ւակ­նոր­դը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի ա­ռա­ջադ­րե­լու մին­չեւ ե­րեք կազ­մա­կեր­պու­թիւն՝ ստա­նա­լու 1 մի­լիոն տո­լա­րի դրա­մաշ­նորհ եւ փո­խան­ցե­լու կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ­պէս­զի մար­դա­սի­րա­կան շղթան շա­րու­նա­կուի: Ֆար­թուն Ա­տան ու Իլ­ուատ Էլ­մա­ն ա­ռա­ջադ­րած են հե­տե­ւեալ ե­րեք կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը՝

«Էլ­վա­ն» խա­ղա­ղու­թեան եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու կենդ­րո­նը, Սո­մա­լի,

«Վի­վէ Ժե­նէ» բուժ­ման եւ վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան կեդ­րո­նը, Պոս­նիա եւ Հեր­ցե­կո­վի­նա,

«Փան­զի» հիմ­նադ­րա­մը, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ Քոն­կո­յի Դե­մոկ­րա­տա­կան Հան­րա­պե­տու­թիւն։

 

«Աու­րո­րա» մրցա­նա­կին ա­ռա­ջադ­րուած միւս թեկ­նա­ծուն Ճա­մի­լա Աֆ­ղա­նին է՝ «Նու­ռ» կրթա­կան եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ընդ­լայն­ման կազ­մա­կեր­պու­թեան ղե­կա­վա­րը Աֆ­ղա­նիս­տա­նէն:

Ճա­մի­լա Աֆ­ղա­նին «Նու­ռ» կրթա­կան եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ընդ­լայն­ման կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիրն է: Ան կ­­՚աշ­խա­տի ըն­տա­նիք­նե­րուն հետ եւ կը նպաս­տէ հե­ռա­ւոր գիւ­ղե­րու մէջ աղ­ջիկ­նե­րուն դպրո­ցա­կան կրթու­թիւն ստա­նա­լու, աշ­խա­տանք­ներ կը տա­նի հա­զա­րա­ւոր մահ­մե­տա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու՝ ի­մամ­նե­րու հետ հա­ւաս­տիաց­նե­լով կա­նանց կրթու­թիւն ստա­նա­լու, ա­նոնց ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ հա­մա­ձայն իս­լա­մա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րուն: Ճա­մի­լա Աֆ­ղա­նին ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը ա­ւար­տե­լէ ետք աշ­խա­տած է կրթու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս եւ ծա­ռա­յած՝ Փե­շա­ուա­րի փախս­տա­կան­նե­րու ճամ­բար­նե­րուն մէջ ապ­րող աֆ­ղան­ցի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն: Ան բազ­մա­թիւ ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան ծրա­գիր­ներ նա­խա­ձեռ­նած է, ո­րոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու դուռ կը բա­նան կի­նե­րու, ե­րա­խա­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մար եւ ո­րոնք կը գոր­ծեն Աֆ­ղա­նիս­տա­նի տաս­նութ շրջան­նե­րուն մէջ: Կրօ­նա­կան փո­խըմբռն­ման «Թա­նեն­պաու­մ» կեդ­րո­նը Ճա­մի­լա Աֆ­ղա­նիին շնոր­հած է «Կրօ­նա­կան խա­ղա­ղա­րա­ր» մրցա­նա­կը: Աֆ­ղա­նին ար­ժա­նա­ցած է նաեւ բազ­մա­թիւ ազ­գա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին մըր-ցա­նակ­նե­րու:

Իբ­րեւ ինք­զինք ո­գեշն­չող կազ­մա­կեր­պու­թիւն Ճա­մի­լա Աֆ­ղա­նին ա­ռա­ջադ­րած է Հո­գե­կերտ­ման եւ հա­ւա­սա­րու­թեան կի­նե­րու իս­լա­մա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը (WISE), Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Միջկ­րօ­նա­կան փո­խըմբռն­ման «Թա­նեն­պաում» կենդ­րո­նը, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ,

Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ա­ջակ­ցու­թեան Կա­րա­մա ցան­ցը (KNAHR), Աֆ­ղա­նիս­տան:

«Աու­րո­րա» մրցա­նա­կին ա­ռա­ջադ­րուած հինգ թեկ­նա­ծու­նե­րէն Մու­հա­մմէտ Տա­րուի­շը կը նկա­տուի ժա­մա­նա­կա­կից պա­տե­րազ­մա­կան աշ­խար­հի այ­սօ­րուան հե­րոս­նե­րէն մին։ Ան Սու­րիոյ Մա­տա­յա քա­ղա­քին մէջ դաշ­տա­յին հի­ւան­դա­նո­ցա­յին բժիշկ է, ըն­դա­մէ­նը քսան­վե­ցա­մեայ ե­րի­տա­սարդ մը, որ պա­շար­ման մէջ գտնուող Մա­տա­յա քա­ղա­քին նուի­րած է իր կեան­քը: Մինչ այլ բժիշկ­ներ լքե­ցին Սու­րիան՝ խու­սա­փե­լով բռնու­թիւն­նե­րէ, հի­ւան­դա­նոց­նե­րու եւ բժիշկ­նե­րու վրայ պար­բե­րա­կան յար­ձա­կում­նե­րէ, ռմբա­կո­ծում­նե­րէ, Տա­րուիշ նա­խընտ­րեց վե­րա­դառ­նալ Մա­տա­յա: Ան հոն գտնուող ե­րեք բժիշկ­նե­րէն մէկն է եւ կը ծա­ռա­յէ 40 հա­զար բնակ­չու­թեան: Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րը բազ­միցս սպառ­նա­ցած են ա­նոր մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լուն հա­մար: Իր հի­ւանդ­նե­րուն՝ գրե­թէ վի­րա­ւոր եւ տու­ժած ե­րա­խա­նե­րուն վի­ճա­կը հան­գա­մա­նօ­րէն ար­ձա­նագ­րե­լուն մի­ջո­ցաւ Տա­րուի­շ յա­ջո­ղած է մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րել Մա­տա­յա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ:

Իբ­րեւ ինք­զինք ո­գեշն­չող կազ­մա­կեր­պու­թիւն, ան ներ­կա­յա­ցու­ցած է Զուի­ցե­րիոյ «Բժիշկ­ներ ա­ռանց սահ­ման­նե­րու» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը:

 

Քոն­կո­յի Դե­մոկ­րա­տա­կան Հան­րա­պե­տու­թե­նէն՝ Տե­նիս Մու­քուէ­կէ «Աու­րո­րա»ի չոր­րորդ յա­ւակ­նորդն է, ան կնա­բան-վի­րա­բոյժ է եւ Փան­զի հի­ւան­դա­նո­ցին հիմ­նա­դի­րը: Ան Փան­զի հի­ւան­դա­նո­ցը հիմ­նած է 1999 թուա­կա­նին, Քոն­կո­յի Դե­մոկ­րա­տա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րուն մէջ ըն­թա­ցող տե­ւա­կան պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին: Այդ թուա­կան­նե­րը ցնցում­նե­րով լի տա­րի­ներ էին Ափ­րի­կէի հա­մար։ Մայր­ցա­մա­քի ողջ տա­րած­քին կը մո­լեգ­նէին կո­տո­րած­ներ, պա­տե­րազմ­ներ եւ զի­նուած հա­կա­մար­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք կազ­մե­ցին նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մռայլ է­ջե­րը։ Մարդ­կու­թեան դէմ տե­ղի ու­նե­ցած են սոս­կա­լի ո­ճիր­ներ՝ ազ­գա­յին զտում­ներ, խոշ­տան­գում­ներ, զան­գուա­ծա­յին բռնա­բա­րու­թիւն­ներ։ Այ­դու­հան­դերձ, կան չփա­ռա­բա­նուած հե­րոս­ներ, ո­րոնք ա­մէն օր վտան­գած են ի­րենց կեան­քը եւ օգ­նած՝ ա­ւե­լի խո­ցե­լի վի­ճա­կի մէջ գտնուող­նե­րուն։ Ա­նոնց­մէ մէ­կը կը նկա­տուի լայն ռուն­գե­րով, սե­ւա­մորթ բժիշկ Տե­նիս Մու­քուէ­կէն, որ մաս­նա­գի­տա­ցած է մաս­նա­ւո­րա­պէս սե­ռա­կան բռնու­թե­նէ տու­ժած­նե­րուն ա­պա­քին­ման ուղ­ղու­թեամբ։

1999 թուա­կա­նէն ի վեր Մու­քուէ­կէ իր անձ­նա­կազ­մին հետ օգ­նած է սե­ռա­կան բռնու­թիւն­նե­րէ տու­ժած ա­ւե­լի քան 50 հա­զար հո­գիի: Բա­ցի բժշկա­կան օգ­նու­թե­նէ, ա­նոր հիմ­նած հի­ւան­դա­նո­ցը հի­ւանդ­նե­րուն կը տրա­մադ­րէ ի­րա­ւա­կան, ըն­կե­րա-հո­գե­բա­նա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն: Բժիշկ Մու­քուէ­կէ խի­զա­խօ­րէն կը պայ­քա­րի կի­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու եւ սե­ռա­կան բռնու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը՝ Քոն­կո­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եւ երկ­րի ա­րե­ւել­քը գրա­ւած գրո­հա­յին­նե­րը, պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան են­թար­կե­լու հա­մար:

«Մեր ա­ռա­ջին այ­ցե­լուն կին մըն էր, ո­րուն սե­ռա­կան օր­կան­նե­րուն վրայ հրա­զէ­նով կրա­կած էին։ Նախ խոր­հե­ցանք, որ այս մէ­կը դա­ժա­նու­թեան յա­տուկ դրուագ մըն է ի­րա­գոր­ծուած ապս­տամ­բի մը կող­մէ, սա­կայն Փան­զիի հի­ւան­դա­նո­ցը դի­մող եւ այս ձե­ւով վի­րա­ւո­րուած կի­նե­րուն թի­ւը հետզ­հե­տէ կը շատ­նար: Ապս­տամբ­նե­րը բո­լո­րին մարմ­նի նոյն մա­սին վրայ կրա­կած էին: Մենք ա­նակն­կա­լի ե­կանք այս ան­նա­խա­դէպ վնա­սուածք­նե­րուն դէմ, քա­նի որ ա­նոնք կը պա­հան­ջէին վի­րա­հա­տա­կան այն­պի­սի հմտու­թիւն­ներ, ո­րոնց մա­սին եր­բեք մե­զի չէին սո­րվե­ցու­ցած բժշկա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէ­ջ», կը յի­շէ բժիշկ Տե­նի­ս: Տե­նիս Մու­քուէ­կէ կ՚աշ­խա­տէր օ­րա­կան տաս­նութ ժամ՝ կա­տա­րե­լով մին­չեւ տա­սը վի­րա­հա­տու­թիւն։ Հի­ւան­դա­նո­ցը, որ ի սկզբա­նէ նա­խա­տե­սուած է յղի կի­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան հա­մար, իս­կոյն վե­րա­փո­խուե­ցաւ սե­ռա­կան ա­նօ­րի­նակ բռնու­թիւն­նե­րէ տու­ժած­նե­րը ըն­դու­նող հի­ւան­դա­նո­ցի։

Այ­ցե­լու­նե­րը Փան­զիի հի­ւան­դա­նո­ցէն դուրս գա­լով այ­նու­հե­տեւ ստի­պուած կ՚ըլ­լա­յին դի­մա­կա­յե­լու նոր մար­տահ­րա­ւէ­րի մը՝ հան­րա­յին խա­րա­նին։ Ափ­րի­կեան եր­կիր­նե­րուն մէջ սե­ռա­կան բռնու­թե­նէն տու­ժած­նե­րը յա­ճախ կը մեր­ժուէին ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րուն ու ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ եւ դուրս կը մղուէին շրջա­պա­տէն: Այս մէկն ի­մա­նա­լով կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ստեղ­ծեց Maison Dorcas («Ու­րա­խու­թեան տու­ն») վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան կենդ­րո­նը, ուր կի­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն հո­գե­բա­նա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն եւ ուղ­ղոր­դում ստա­նալ, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նան ինք­նու­րոյն ապ­րիլ։ Ա­նոնք կը մաս­նակ­ցին զա­նա­զան աշ­խա­տանք­նե­րու, կը սոր­վին ար­հեստ­ներ, հա­մա­կարգ­չա­յին ծրա­գիր­ներ, անգ­լե­րէն լե­զուի դա­սեր, ե­րաժշտու­թեան եւ պա­րե­րու մի­ջո­ցաւ հո­գե­կան եւ ֆի­զի­քա­կան ա­ռող­ջու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու հմտու­թիւն­ներ: Միեւ­նոյն ա­տեն կը սոր­վին սե­փա­կան տուն կա­ռու­ցել:

Պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տած է, սա­կայն սե­ռա­կան բռնու­թիւ­նը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ մո­լեգ­նել Քոն­կո­յի Դե­մոկ­րա­տա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ։ Այ­սօր ալ, Փան­զիի հի­ւան­դա­նոց կը տա­րուին ծանր վնա­սուածք­նե­րով բազ­մա­թիւ կի­ներ, վեց ամ­սա­կա­նէն մին­չեւ տասն­մէկ տա­րե­կան աղ­ջիկ­ներ, սա­կայն ա­նոնց մար­մի­նը խե­ղած յան­ցա­ւոր­նե­րը հա­զուա­դէպ կը գտնուին։ Տե­նիս Մու­քուէ­կէ վեր­ջին տաս­նա­մեա­կի ըն­թաց­քին ա­նա­նուն ան­ձե­րու կող­մէ բազ­մա­թիւ վտանգ­նե­րու են­թար­կուած է՝ մա­հուան սպառ­նա­լիք­նե­րէն մին­չեւ ի­րա­կան մա­հա­փոր­ձեր։ 2012 թուա­կա­նի հա­կա­մար­տու­թեան ըն­թաց­քին բժիշկն ու իր ըն­տա­նի­քը հրա­զէ­նա­յին յար­ձակ­ման են­թար­կուած են ի­րենց սե­փա­կան տու­նին մէջ։ Սպա­ննուած են իր ըն­կերն ու թիկ­նա­պա­հը։ Փան­զիի հի­ւան­դա­նո­ցի եւ «Ու­րա­խու­թեան տա­ն» անձ­նա­կազ­մի ան­դամ­նե­րը ա­ռե­ւան­գած են, ծե­ծի են­թար­կած, բռնա­բա­րած եւ նոյ­նիսկ՝ սպան­նած: Բայց ա­սոնք եր­բեք բժիշ­կը գոր­ծէն ետ չեն պա­հած: Տենիս Մու­քուէ­կէ բու­ժած, կազ­դու­րած եւ զօ­րա­ցու­ցած է սե­ռա­կան բռնու­թեան են­թար­կուած 30 հա­զար հի­ւան­դ։­

Ան ար­ժա­նա­ցած է բազ­մա­թիւ պա­տուոյ գի­րե­րու եւ մրցա­նակ­նե­րու, այդ կար­գին՝ 2014 թուա­կա­նին ռուս մար­դա­սէր Սա­խա­րո­վի ա­նուան մրցա­նա­կին: 2016 թուա­կա­նին Fortune ամ­սա­գի­րը բժիշկ Մու­քուէ­կէ­ն ընդգր­կած է աշ­խար­հի յի­սուն ա­մե­նէն ազ­դե­ցիկ ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն ցան­կին մէջ: Յատ­կան­շա­կան է, որ բժիշկ Մու­քուէ­կն հինգ ան­գամ ա­ռա­ջադ­րուած է Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի եւ Հա­րվըրտ հա­մալ­սա­րա­նին կող­մէ ար­ժա­նա­ցած է պա­տուա­ւոր տոք­թո­րի կոչ­ման:

Իբ­րեւ ինք­զինք ո­գեշն­չող կազ­մա­կեր­պու­թիւն Մու­քուէ­կէ ա­ռա­ջադ­րած է Շուէ­տի Yennenga Progress կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը եւ 28 Սեպ­տեմ­բեր 2009 թուա­կա­նի զո­հե­րուն, ա­նոնց հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ըն­կեր­նե­րուն միու­թիւ­նը (AVIPA), Կուի­նէա:

«Աու­րո­րա» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հին­գե­րորդ յա­ւակ­նոր­դին ա­նու­նը ան­ցեալ տա­րուը­նէ ծա­նօթ է: Բժիշկ Թոմ Քա­թի­նան ան­ցեալ տա­րուան յա­ւակ­նորդ­նե­րուն մէջն էր, եւ քա­նի որ այս տա­րի ներ­կա­յա­ցուած դի­մում­նե­րուն մէջ բազ­միցս կրկնուած է ա­նոր ա­նու­նը, «Աու­րո­րա»ի յանձ­նա­խում­բը բժիշկ Քա­թի­նա­յի ա­նու­նը այս տա­րի կրկին ընտ­րած է իբ­րեւ գլխա­ւոր մրցա­նա­կի յա­ւակ­նորդ­նե­րէն մին: Թոմ Քա­թի­նան 2007 թուա­կա­նէն ի վեր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նիւ Եորք նա­հան­գէն Սու­տա­նի մէջ հաս­տա­տուած կա­թո­լիկ մի­սիո­նար մըն է, միակ բժիշ­կը՝ Սու­տա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մէն տու­ժած Նու­պա լեռ­նե­րուն մէջ, ո­րու բնակ­չու­թիւ­նը կը գե­րա­զան­ցէ կէս մի­լիո­նը: Բժիշկ Թոմ Քա­թի­նա օ­րա­կան կ­­՚ըն­դու­նի մի­նչեւ 400 հի­ւանդ եւ շա­բա­թը եօ­թ օր, օ­րը քսան­չորս ժամ հա­սա­նե­լի է հե­ռա­ձայ­նի վրայ: Հի­ւանդ­նե­րը բժիշկ Քա­թի­նա­յին մօտ բու­ժուե­լու հա­մար եօթ օ­րուան ճամ­բայ կը կտրեն: Ա­նոնք սո­վո­րա­բար հի­ւան­դա­նոց կ­­՚եր­թան ռմբա­կո­ծու­թեան հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած վնա­սուածք­նե­րով եւ զա­նա­զան հի­ւան­դու­թիւն­նե­րով՝ կտրուածք­նե­րէն մին­չեւ թերս­նու­ցում եւ ճախ­նա­յին տենդ: Տե­ղին սահ­մա­նա­փակ պայ­ման­նե­րուն պատ­ճա­ռով Քա­թի­նա յա­ճախ ստի­պուած կ­­՚ըլ­լայ հի­ւանդ­նե­րը բու­ժել հին­ցած մի­ջոց­նե­րով: Յա­ճախ հաս­տա­տու­թիւ­նը, ուր ան սո­վո­րա­բար կ՚աշ­խա­տի եւ կը գի­շե­րէ, ջու­րէ եւ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թե­նէ զրկուած կ­­՚ըլ­լայ: Քա­թի­նա­յի գնա­հատ­մամբ՝ ինք տա­րե­կան հա­զար վի­րա­հա­տու­թիւն կը կա­տա­րէ:

Բժիշկ Քա­թի­նան կը նկա­տուի հա­մաշ­խար­հա­յին բժշկու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ նշա­նա­ւոր մար­դա­սէր գոր­ծիչ մը: 2016 թուա­կա­նին, «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան յա­ւակ­նորդ­նե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լով, ան չէ կրցած ժա­մա­նել Ե­րե­ւան, քա­նի որ հի­ւան­դա­նո­ցի միակ բժիշկն է եւ փո­խա­րի­նող չէ ու­նե­ցած: Թոմ Քա­թի­նա միակ վի­րա­բոյժն է 750 հա­զար բնա­կիչ ու­նե­ցող տա­րա­ծքաշր­ջա­նի մը մէջ, որ իր տա­րա­ծու­թեամբ հա­ւա­սար է Աւստ­րիո­յ։ Ան հոն գա­ցած է խա­ղաղ ժա­մա­նակ, սա­կայն պա­տե­րազ­մը սկսե­լէն ետք մեր­ժած է լքել իր օգ­նու­թեան կա­րօտ բնա­կիչ­նե­րը: Ա­հա­ւա­սիկ նի­ւեորք­ցի Թոմ Քա­թի­նան ութ տա­րիէ ի վեր կը բնա­կի Նու­պա­յի լեռ­նե­րուն մէջ ա­նո­րոշ կար­գա­վի­ճա­կով: Տե­ղա­ցի­նե­րը պա­տե­րազ­մի մէջ են Սու­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ, սա­կայն նաեւ չեն ու­զեր միա­նալ Հա­րա­ւա­յին Սու­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան։ Երբ պա­տե­րազ­մը սկսաւ, Թոմ Քա­թի­նա­յին օ­ժան­դա­կող կա­թո­լիկ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը փոր­ձեց տար­հա­նել զինք, սա­կայն ան պնդեց, որ պի­տի մնայ…

Իբ­րեւ ո­գեշն­չող կազ­մա­կեր­պու­թիւն, Թոմ Քա­թի­նան նշած է. Ափ­րի­կեան ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հիմ­նադ­րա­մը (AMHF), որ կը գոր­ծէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ

Կա­թո­լիկ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան խոր­հուր­դը (CMMB), Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն եւ Aktion Canchanabury կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ Գեր­մա­նիա­յէն:

«Աու­րո­րա» մրցա­նա­կը հիմ­նած են 100 LIVES («Հա­րիւր կեան­ք») նա­խա­ձեռ­նու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րը՝ յայտ­նի գոր­ծա­րար­ներ եւ բա­րե­րար­ներ Ռու­բէն Վար­դա­նեանն ու Նու­պար Ա­ֆէեա­նը եւ Նիւ Եոր­քի «Քար­նե­կի» հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ՝ Վար­դան Գրի­գո­րեա­նը:

«Աու­րո­րա» մրցա­նա­կը ստա­ցած հե­րո­սին կը շնոր­հուի 100 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի պար­գեւ եւ նուի­րա­տուու­թեան շղթան շա­րու­նա­կե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն մին­չեւ 1.000.000 ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի դրա­մաշ­նորհ ներ­կա­յաց­նե­լով ինք­զինք ո­գեշն­չած մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան։

Մրցա­նա­կը կը յանձ­նուի 28 Մա­յի­սին, սա­կայն մինչ այդ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան «Աու­րո­րա»ին նուի­րուած ձեռ­նարկ­ներ, զրոյց­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ: «Աու­րո­րա»ի հա­մա­հիմ­նա­դիր­նե­րը ա­մէն ջանք կը գոր­ծադ­րեն, որ­պէս­զի մար­դա­սի­րու­թեան, ե­րախ­տա­գի­տու­թեան եւ փրկու­թեան գա­ղա­փա­րը հա­յե­րուն մի­ջո­ցաւ տա­րա­ծուի բո­վան­դակ աշ­խար­հին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017