ՍԿՍՈՒԵԼ Ա
Աւելի քան տարի մըն է, մեր շունչերը պահած ամէն օր կը մահանանք ու կը վերակենդանանանք: Այդ ժամանակահատուածին վերածուեցանք պողպատի. կարծրացանք ազգադաւներու մատուցած շուրջօրեայ ցնցումներէն: Միեւնոյն ժամանակ, այդ տխրահռչակ ժամանակահատուածը մեզի համար կոփումի շրջան մըն էր: Հայ մարդը՝ ազգի նուիրեալը, իր ատամները կրճտեցնելով տարաւ ամէն տեսակ ցաւ ու տառապանք՝ սպասելով պահի հասունացումին:
Այլեւս պահը հասունցած է: Այլեւս ներքին թշնամին բացած է գրեթէ բոլոր իր խաղաքարտերը: Այլեւս հայու տականքը այնքան լպիրշացած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին ամպիոնէն բացէ ի բաց կը յայտարարէ՝ Հայաստանը պէտք է հրաժարի Արցախէն, տողատակերու տակ այս կը կարդանք:
Եւ կը շարունակէ. «Յանուն «խաղաղութեան դարաշրջանի» պէտք է զիջենք այն ամէնը, ինչ որ կը պահանջեն մեզմէ: Մենք խաղաղասէր ենք: Մեր բաղձալի նպատակին հասնելու համար պատրաստ ենք ամէն բանի»: Այս նոյնպէս ակներեւ է տողատակերէն:
Այս օտարապաշտ ու օտարահպատակ ստրուկը կը խօսի իր եւ իրեն նման քանի մը հարիւր կամ հազար անհայրենիքներու, անհաւատներու անունով, սակայն ոչ երբեք հայ ժողովուրդի, հայ ազգի: Թէպէտ կը յոխորտայ, թէ այս է հայ ժողովուրդի կամքը: Հայաստանն ու Արցախը մեծ գերեզման դարձնողը ինքզինքին իրաւունք կը վերապահէ հայ ժողովուրդի, Հայաստան ու Արցախ աշխարհներու անունով յայտարարութիւններ տարածելու:
Կեցի՛ր Նիկոլ:
Կը բաւէ՛:
Խաղաղ ճանապարհով չես ուզեր հեռանալ, ուրեմն մենք քեզ կը հեռացնենք ճիշդ այն նոյն ճանապարհով, որով դուն եկար մեր դրախտավայրը պղծելու, քանդելու: Քեզի հետ միայն քու լեզուով պէտք է խօսինք: Թերեւս բան մը կը հասկնաս:
Սոյն թուականի ապրիլի 17-էն ի վեր Երեւանի մէջ՝ «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ, «Պատիւ ունիմ» դաշինքի ներկայացուցիչ, պատգամաւոր Արթուր Վանեցեանի նախաձեռնութեամբ սկիզբ դրուեցաւ համազգային շարժումի մը: Սուրբ Յարութեան տօնին, օրուայ երկրորդ կէսին պարոն Վանեցեան գնաց Ազատութեան հրապարակ եւ տեսակապի օգնութեամբ, ի լուր աշխարհին յայտարարեց, որ այլեւս պիտի չլքէ Ազատութեան հրապարակը, մինչեւ ազգադաւ իշխանութիւններու հեռացումը: Սոյն կոչով դիմեց բոլոր սրտացաւ ու հայրենասէր հայերուն, միանալ իրեն: Ժամեր անց Օփերայի շուրջը լցուեցան մարդիկ:
Օրէ օր սկսաւ աճիլ մարդոց հոսքը դէպի Ազատութեան հրապարակ: Մեր ընտանիքը նոյնպէս անմասն չմնաց այս սրբազան պայքարէն: Մանուկներուս հետ ես նոյնպէս շտապեցի ժամադրավայր: Մեր բոլորի ներկայութիւնը պարտադիր ու կարեւոր է հայրենափրկութեան գործին մէջ: Մենք այդ ծովուն մէկ կաթիլն ենք: Իսկ կաթիլ-կաթիլ ծով կ՚ըլլայ: Անոնք, որոնք չեն կրնար մասնակցիլ այս սրբազան պայքարին, կրնան իրենց աղօթքներով զօրակցիլ շարժումին: Իսկ ապաշխարելու, աղօթելու, ճշմարիտ հաւատքի դառնալու պարտաւոր ենք բոլորս, իւրաքանչիւր հայ՝ Հայաստանի սահմաններէն ներս կամ դուրս:
Սկսուել ա:
Ժողովուրդը կամացուկ մը կ՚արթննայ անտարբերութեան ու հիասթափութեան խոր քունէն: Մենք այլեւս զիջելու հայրենիք չունինք եւ միաձայն կը բարձրաձայնենք՝ կեցի՛ր Նիկոլ:
Արցախը իմ տունն է:
Արցախը իմ ու քու տունն է:
Արցախը պիտի շարունակէ շնչել հայերէն:
Արցախը պէտք է մնայ հայկական:
Արցախն ու Հայաստանը պէտք է ապաքինին ու շտկեն իրենց կռնակը:
Վերջապէս Արցախը հայու տունն էր, է ու պիտի շարունակէ ըլլալ…
Մեր հաւատքի, կամքի, սիրոյ շնորհիւ մեր սրբազան հայրենիքները անտարակոյս պէտք է դիմանան այս փորձութիւններուն եւ վերջաւորութեան՝ Աստուծոյ ողորմածութեամբ վեր յառնեն փիւնիկի պէս:
Աստուածաշունչի մէջ կը կարդանք, թէ Յոբ անունով աստուածավախ մարդու մը դէմ սատանան դաւեր կը նիւթէր: Սատանան վստահ էր՝ եթէ անոր հետ մեծ դժբախտութիւն մը պատահի, անպաճոյճ պիտի սկսի դրժել Աստուծոյ պատուիրանները, մերժել ու անիծել իր սիրելի Աստուածը: Ան իր չարութեան համաձայն կը խորհէր. «Միթէ Յոբ ձրիաբա՞ր կը պաշտէ Բարձրեալը»:
Յոբի ազնուութիւնը փորձելու համար Աստուած ձգեց, որպէսզի բարեպաշտ Յոբի հետ սատանան վարուի իր չար կամքի համաձայն: Ան կորսնցուց իր հարստութիւնը, զաւակները, ծանր հիւանդացաւ: Յոբին դաւաճանեցին ամենահարազատ մարդիկ: Սակայն ան չդադրեցուց ըլլալ առաքինի ու բարեպաշտ:
Միայն այդ փորձութիւններէն վերջ Աստուած պատժեց չար սատանան ու կրկին երկար ու առողջ կեանք պարգեւեց իրեն հաւատարիմ մնացած Յոբին:
Կարծես այս նոյն փորձութիւններու միջով է, որ այսօր կ՚անցնին մեր երկու սրբազան հայրենիքները՝ մասնաւարապէս Արցախ աշխարհը:
Իմ աստուածատուր երկիր՝ Արայի երկիր Արցախ...
Քեզ շարունակ ենթարկելով փորձութիւններու, թերեւս Աստուած կ՚ուզէ տեսնել քու հաւատարմութիւնը սեփական պատմութեանդ ու առաքինութեանդ:
Տասնամեակներ շարունակ զանազան ու ստոր պիտակներ փակցուցին Արցախի ու արցախցիներու հասցէին: Զանազան պատերազմներու հոլովոյթին զոհուեցան Արցախի ու Հայաստանի, հայ ժողովուրդի լաւագոյն զաւակները: Արցախը կորսնցուց իր տարածքներու մեծագոյն մասը, իր հարստութիւններու հսկայական բաժինը:
Սակայն ես վստահ եմ, որ հակառակ բոլոր փորձութիւններուն՝ Արցախը պիտի չանիծէ իրեն բաժին հասած կեանքը: Արցախցիներս պիտի չլքենք մեր երկիր դրախտավայրը: Եւ Արցախս ու Հայաստանս պէտք է շարունակեն մնալ Աստուծոյ ընտրեալն ու հայկական պետականութեան նոր լուսաբացը կրկին պիտի ծագի Արցախէն:
Ի վերջոյ, պատահական չէ, որ Արարատի գագաթին նստած Նոյեան տապանէն պոկուած առաջին փայտը Արցախի մէջ հասած է հողին: Ու առաջին ծիլը տուած է Արցախի մէջ: Վստահաբար, պատահական չէ, որ Տէրը բնութեան կեանքի առաջին շոշը Արցախի մէջ ծլեցուցած է:
«Շոշ» բառը Արցախի բարբառով կը նշանակէ՝ շիւ, ծիլ: Իսկ առաջին ծիլը ջրհեղեղէն վերջ ծլած է Արցախի Շոշ գիւղին մէջ: Այստեղէն է Շոշ անուանումը, որմէ ալ ծագած է Շուշի անունը:
Իմ Արցախ, իմ հող ու ջուր Հայաստան, դուն Աստուծոյ ընտրեալն ես ու պիտի դիմանաս այս փորձութիւններուն, որոնցմէ վերջ պիտի յառնես: Պիտի ապրիս յաւերժ:
Զարթի՛ր լաօ, ատեն չունինք:
Թող Աստուած օրհնէ մեր սրբազան ու հայրենանուէր պայքարն ու անոր ընթացքը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 01/31/2025