ԱՐՑԱԽ. ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ ՕՐ 137
Երրորդ տարին կը գլորի առանց քեզի: Իսկ ես կը յուսամ: Անհամբեր կը սպասեմ մեր հանդիպումին: Յաճախ կ՚երազեմ: Կ՚երազեմ իմ ընտանիքի վերադարձը քու գիրկդ իմ ծննդավայր:
Սպաննիչ անորոշութիւն:
Այլեւս 137 օր:
Մնացած է ոչինչ: Միայն յոյսն ու հաւատքը կը ստիպեն մեզ երազելու: Մինչեւ վերջին շունչը պիտի պայքարինք, ակռաներով տէր պիտի ըլլանք մեր ծննդավայրին:
Ոչինչէ կը վախնամ: Պատերազմը, շրջափակումը, ոչինչ զիս կը վախեցնէ: Իմ վախը կոտորածն է՝ միայն ու միայն: Շատեր կը պնդեն. «Անկարելի է: Ժամանակները փոխուեցան: Չեն կրնար, պիտի չընեն»: Իսկ ես կը մնամ իմ համոզումին՝ պատմութիւնը կը սիրէ կրկնուիլ: Պատմութիւնը կրկնութիւն է: Ոչ մէկը ձեռքը պիտի բռնէ: Դատապարտումն ալ պիտի սահմանափակուի սին խօսքերով ու խիստ մտահոգութեամբ: Ոչինչ եւ ոչ մէկը կը փոխուի: Ազգերու ձեռագիրը կը մնայ նոյնը:
Իմ ներքին մտահոգութիւնները բարձրաձայնեցի: Հակառակ ասոր կը շարունակեմ երազել: Անհամբեր կը սպասեմ, թէ ե՛րբ պիտի բացուի Արցախի զարկերակը: Ե՛րբ պիտի վերադառնամ քու գիրկդ եւ այլեւս երբեք չլքեմ քեզ:
Ներէ զիս այսքան տարի քեզմէ հեռու գտնուելու համար: Հեռաւորութիւնը շատ բան սորվեցուց ինծի: Այս ընթացքին սորվեցայ գնահատել իմ ունեցածը, իմ հարստութիւնը:
Օրերս տեղափոխուեցանք նոր բնակարան: Մտովին հասայ Արցախի մէջ իմ նոր տուն: Երբ բեռնատարի մէջ կը տեղաւորէինք մեր իրերը ես նորէն յայտնուեցայ երազային աշխարհին մէջ. «Երանի՜, այս բեռնատարը ուղղութիւն բռնէր դէպի Արցախ: Երանի՜, այժմ տեղափոխուէինք...»: Այս խօսքերու հետ կ՚երազէի, թէ ինչպէս կը հասնինք Արցախ: 360 քիլօմեթր ճամբան քանի մը ժամուան ընթացքին սիրով պիտի յաղթահարէինք:
Ես այլեւս Ստեփանակերտի սրտին մէջ գտած եմ մեզի համար բնակարան մը: Ան կը գտնուի նախագահական նստավայրի յետնամասին մէջ: Երեք սենեակնոց է, թաքստոց ալ ունի: Երեւանի կեդրոնի մէջ վաճառած մեր բնակարանի յատակագիծը ու Ստեփանակերտի կեդրոնի մէջ գտնուող բնակարանի յատակագիծը նոյնն է: Իմ մտքի մէջ տեղաւորած եմ բնակարանը: Զաւէնն ու Դանիէլը պիտի ունենան իրենց համատեղ սենեակը: Զայն պիտի դասաւորեն իրենց ուզածին պէս: Մինչեւ բնակարանի նորոգութիւնը, պիտի նորոգենք թաքստոցը՝ պատերազմը չէ աւարտած. պէտք է ապրիլ, չարհամարհելով վտանգը:
Այստեղ մեր հիւրասենեակը պիտի ըլլայ աւելի մեծ: Բնակարանը առաջին յարկ է: Երեխաները հանգիստ դուրսը կը խաղան: Իմ ընկերուհիի տունն ալ շատ մօտ է: Յաճախ կ՚այցելենք իրարու: 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի մայր տաճարը: Կիրակիները ոտքով պատարագի պիտի երթանք: Իսկ երեկոները զբօսնենք, վայելենք մայրաքաղաքի գեղատեսիլ անկիւնները: Դպրոցն ալ մեր տունէն շատ մօտ է: Զաւէնին առաւօտեան պիտի տանինք դպրոց, վերադարձին ըմբոշխնենք մեր նախաճաշը՝ փառք տալով Տիրոջ: Կը տատամսիմ Դանիէլի մանկապարտէզի ընտրութեան հարցին մէջ: Դպրոցէն վերջ ապահովուած է Զաւէնի զբաղուածութիւնը: Զաւակներուս ֆիզիքական դաստիարակութեամբ պիտի զբաղի Սօսէն՝ Արցախի դուստրը: Սօսէն ժիւտօ մարզաձեւէն ախոյեան է: Բոլոր Արցախը կը ճանչնայ զայն ու կը փառաւորուի իր հայրենասէր եւ ուժեղ դստեր տեսակով: Անտարակոյս ես ու Արին ալ պիտի կարենանք այնտեղ աշխատանք գտնել: Երեխաները՝ դպրոց ու մանկապարտէզ, իսկ մենք աշխատանքի:
Գիտենք, որ փոխադրուելով Արցախ պատրաստ պիտի ըլլանք դիմակայելու շարք մը դժուարութիւններու: Մենք պատրաստ ենք: Միայն թէ ճանապարհը օր առաջ բացուի: Միայն թէ Արցախը ապրի:
Զաւէնը այլեւս կ՚ըսէ.
-Մամա, Դանիէլը Ստեփանակերտի մէջ դպրոց պիտի երթա՞յ:
-Ի հարկէ, եթէ Աստուած կամենայ:
Սպասումով...
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան