ԻՏԱ ՔԱՐ. ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՀԱՅՈՒՀԻՆ
Մենք միշտ կը հպարտանանք համաշխարհային լուսանկարչական արուեստի մէջ հայ լուսանկարիչներու ունեցած դերակատարմամբ: Անոնց թիւը շատ է՝ Արա Կիւլէր, Եուսուֆ Քարշ, Գաւուք, Անթուան Սեւրուկին, Հարրի Կունտաքճեան, Վան Լէօ, Անդրանիկ Քոչար եւ այլք:
Կը թուի, թէ լուսանկարչութիւնը տղամարդու մասնագիտութիւն է, եւ հիմնականը տղամարդիկ է, որ լծուած են այս գործին, քանի որ այն առաւել ջանք եւ եռանդ կը պահանջէ: Բայց աշխարհահռչակ հայ եւ օտարազգի լուսանկարիչներու մէջ կը նշուին նաեւ կիներու անուններ եւ հայուհիի մը անունը, որ իր արուեստով գրաւած է մանաւանդ Լոնտոնի բարձրաշխարհիկ հասարակութիւնը եւ անոր լուսանկարները տարածուած են նաեւ ուրիշ երկիրներու մէջ:
Իտա Քար կարճ անունով լուսանկարչուհին հայուհի Իտա (Այտա) Քարամեանն է՝ ռուսահայ Մելքոն եւ Անահիտ Քարամեաններու դուստրը: Ան ծնած է 1908 թուականին՝ Ռուսաստանի Թամպով քաղաքը եւ հոն ապրած է մինչեւ ութ տարեկանը: Դժուար է ըսել, թէ ռուսական միջավայրը ինչ տուած է մանուկ աղջկան, քանի որ շատ վաղ լքած է ծննդավայրը: Անոր հայրը ուսուցիչ եղած է: 1916 թուականին Քարամեանները փոխադրուած են Իրան, հոնկէ ալ՝ Եգիպտոս։ Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ Իտա կ՚ուսանի ֆրանսական վարժարանի երդիքին տակ եւ ուսումնառութեան տարիներէն արդէն եւրոպական մշակոյթին շատ հարազատ կը զգայ ինքզինք: Հայրը կ՚ուզէր, որ իր դուստրը բժիշկ ըլլայ եւ կը ղրկէ Փարիզ՝ քիմիագիտական եւ բժշկական կրթութիւն ստանալու: 1930-ականներու Փարիզը պարուրուած էր արուեստի նոր շունչով, սկիզբ առած էին նորարար եւ յառաջապահական շարժումները, արուեստագէտները կ՚ապրէին պոհեմ կեանք մը, եւ այդ ամէնը վարակիչ կը դառնայ արեւելքէն գացած երիտասարդ աղջկան համար: Իտա Քար նախ կը ծանօթանայ եւրոպական ժամանակակից արուեստին եւ իր մէջ կը բացայայտէ ոչ թէ բժիշկը, այլ՝ արուեստագէտը: Ան կիսատ կը ձգէ ուսումը, կը տարուի նախ ձայնամարզութեամբ, ապա՝ ջութակ նուագելով, քանի որ մէկէ աւելի մարդիկ կը նկատեն իր երաժշտական օժտուածութիւնը եւ խորհուրդ կու տան ընտրել երաժիշտի մասնագիտութիւնը: Սակայն այդ թուականներու Եւրոպան նաեւ քաղաքական շարժումներու թատերաբեմ էր եւ ազատ կեանքով ապրող մարդիկ զերծ չէին մնար այս կամ այն յեղափոխական հոսանքին յարելու գայթակղութենէն: Իտա Քար ալ կը տարուի քաղաքականութեամբ, սակայն այս մէկը նոյնպէս կարճ կը տեւէ:
Անհրաժեշտ էր գումար վաստակել եւ ան աշխատանք փնտռելու նպատակով կը զբօսնէ՝ դիտելով խանութներն ու շէնքերը: Լուսանկարչատան մը մօտ քիչ մը աւելի երկար կը կենայ եւ տնօրէնը ներս կը հրաւիրէ երիտասարդուհին, ըսելով, թէ օգնականի կարիք ունի: Քար այդպէս մուտք կը գործէ լուսանկարչութեան՝ իրեն համար անծանօթ աշխարհ եւ ազատ ժամանակներուն սրահի գործիքներուն եւ սարքերուն վրայ փորձեր կը կատարէ: Պատահական դիպուած մը, փաստօրէն, ճակատագրական կ՚ըլլայ եւ ան մէկընդմիշտ կ՚ընտրէ լուսանկարիչի մասնագիտութիւնը, ապացուցելով, որ կիներ նոյնպէս կարող են արհեստավարժ ըլլալ այդ գործին մէջ:
1930-ականներուն Իտա Քար կը հանդիպի իր առաջին ամուսինին, որ նոյնպէս լուսանկարիչ էր, ծագումով՝ եգիպտացի: Անոնք կը փոխադրուին Եգիպտոս, Գահիրէի մէջ կը հիմնեն լուսանկարչատուն, ուր կ՚աշխատին Եւրոպայէն տարուած շունչով: Գահիրէն արդէն իսկ լուսանկարչութեան համար բարենպաստ միջավայր մըն էր, կային թէ՛ հայ, թէ՛ օտար լուսանկարիչներ, քաղաքին մէջ շատ էին օտարներ, որոնք լուսանկարուելու համար ծանօթ լուսանկարիչներու մօտ կ՚երթային: Իտա Քար յաջողութիւններ կ՚ունենայ, սրահէն դուրս նաեւ գեղարուեստական լուսանկարներ կը կատարէ, նոյնիսկ ցուցահանդէս մը կը կազմակերպեն, սակայն իր եւ լուսանկարիչ ամուսինին միութիւնը երկար չի տեւեր, կը բաժնուին: Երկրորդ անգամ կ՚ամուսնանայ եւ իր երկրորդ ամուսինին հետ 1945-ին կը հաստատուի Լոնտոն, ուրկէ կը սկսի Իտա Քարի փառքի ճանապարհը:
Հայուհիի ամուսինը արուեստի քննադատ էր, եւ կ՚օգնէ մուտք գործելու լոնտոնեան բարձրաշխարհիկ միջավայրեր: Լուսանկարչական սարքը ձեռքին կնոջը սկզբնական շրջանին անվստահութեամբ կը նայէին, սակայն տեսնելով անոր ճաշակաւոր եւ գեղարուեստական լուսանկարները՝ կ՚արտօնէին, որ ան լուսանկարէ: Քար դիմանկարներու մեծ վարպետ էր, կը լուսանկարէր մարդիկը իրենց միջավայրին մէջ, առանց կտրելու բնական վիճակէն: Անոր սեւ-ճերմակ լուսանկարները շուտով յայտնի կը դառնան: Իտա Քար լուսանկարած է գրողներու, քանդակագործներու, քաղաքականութեան եւ այլ ասպարէզներու դէմքերը: Ան ստեղծած է անգլիացի նշանաւոր գրող Սոմերսէթ Մոէմի, ֆրանսացի վիպագիր Ժան Փոլ Սարթրի, անգլիացի արձանագործ Հենրի Մուրի, թատերագիր Եուճին Իոնեսքոյի, անկլօ-ամերիկեան բանաստեղծ Թոմաս Էլիոթի, յառաջապահական գեղանկարիչ Մարք Շակալի եւ ժամանակի շատ-շատ նշանաւորներու դիմանկարներ:
Երբ ան Խորհրդային Միութիւն ճամբորդած է, հոն նոյնպէս կատարած է ազատ ոճի դիմանկարներ, ինչ որ նորութիւն էր խորհրդային համակարգին համար: Յայտնի է երաժշտահան Տմիթրի Շոստաքովիչի եւ այլոց դիմանկարները: Ան յատկապէս մասնագիտացած էր արուեստագէտներու դիմանկարներ ստեղծելով եւ իր ձեռագիրը այդպէս ալ ծանօթ էր եւրոպական հասարակութեան: 1954 թուականին անոր գործերը ցուցադրուած են «Քառասուն արուեստագէտ Փարիզէն ու Լոնտոնէն» ցուցահանդէսի ընթացքին, բայց շուտով կը յաջորդէ արուեստագէտի անհատական ցուցահանդէսը, որ կը բացուի 1960 թուականին՝ Լոնտոնի «Ուայթչէյպըլ» պատկերասրահին մէջ: Այդ խոշոր ցուցահանդէսը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ առաջին կին լուսանկարիչի ցուցահանդէսն էր, սակայն Իտա Քար անունին տակ քիչեր գիտէին, որ հայու անուն-մականուն թաքնուած է: Այսօր արդէն Լոնտոնի Դիմանկարներու Ազգային պատկերասրահին մէջ, անոր գործերու կողքին գրուած է հայկական անուն-մականունը՝ Այտա Քարամեան:
1950-60-ականներու մամուլը յօդուածներ կը շռայլէր արուեստագէտներու դիմանկարներ կերտող լուսանկարիչի մասին: Անոր մասին գրուեցաւ նաեւ իր հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ, երբ ան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրով այցելեց Հայաստան եւ լուսանկարեց հայրենիքն ու անոր նշանաւոր մարդիկը: Իտա Քար մինչեւ իր կեանքի վերջը՝ 1974 թուականը ապրեցաւ Լոնտոն, ուր ստեղծեց իր գործերու մօտաւորապէս 90 տոկոսը: Լոնտոնի Դիմանկարներու ազգային պատկերասրահը տարիներ առաջ կազմակերպած է Իտա Քարի լուսանկարներու ցուցահանդէսը «Իտա Քար. պոհեմական լուսանկարչուհի» խորագրով։ Ժամանակակից լոնտոնեան հասարակութիւնը առաջին անգամ կը տեսնէր Լոնտոն ապրած լուսանկարչուհիի գործերը, որոնք կը ցուցադրուէին շուրջ 50 տարուան դադարէ ետք, եւ կը ցուցադրուէին նաեւ 100 նոր լուսանկարներ, որոնք երբեք չէին ցուցադրուած:
ԱՅՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Իտա Քար Հայաստան 1957 թուականէն զատ եղած է նաեւ 1962 թուականին: Իր երկու այցելութիւններու ընթացքին ան լուսանկարած է Մարտիրոս Սարեանը, Աւետիք Իսահակեանը, ճարտարապետ Գրիգոր Աղաբաբեանը, ճատրակի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանը եւ այլ մարդիկ: Շրջած է Երեւանով, շրջակայ բնակավայրերով, նկարած է պարզ մարդոց, փողոցներ, բնութիւն, շուկաներ: Ան կը խօսէր հայերէն եւ ռուսերէն եւ որեւէ դժուարութիւն չէ ունեցած Հայաստանի մէջ պտոյտներու ընթացքին, լուսանկարած է ազատօրէն եւ ստեղծած է շարքեր: Լոնտոնեան շարքէն յետոյ լուսանկարչուհիին հայաստանեան շարքը նոյնպէս կը նկատուի անոր կարեւոր հաւաքածոներէն մէկը: Հայրենիքի մէջ կատարուած լուսանկարներու մեծ մասը նոյնպէս կը պահուի Լոնտոնի մէջ, կան նաեւ անհատական հաւաքածոներու մէջ ընդգկրկուած լուսանկարները: Իտա Քար Հայաստանի մէջ նկարած է նաեւ Մարտիրոս Սարեանը: Ծանօթ է լուսանկար մը, որուն մէջ Իտա Քար նստած է գեղանկարչութեան հայ հսկայի արուեստանոցին մէջ: Յետագային, երբ այդ նկարները կը տպուէին արտասահմանեան մամուլին մէջ, Իտա Քար հարցազրոյցներ կու տար եւ կը պատմէր Հայաստանի մասին: 1959 թուականին Երեւանի մէջ կը կազմակերպուի անոր ցուցահանդէսը, այդ մասին կը վկայէ ժամանակի մամուլը, սակայն մանրամասներ չկան, թէ ինչպէ՛ս լուսանկարչուհին իր գործերը հասցուցած է Երեւան:
Յայտնի է, որ Հայաստանը տպաւորած էր լուսանկարչուհին եւ ան ամէնուր կը փնտռէր եւ կը գտնէր հայեր:
Արցախի վերջին պատերազմէն առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին այցելած են սփիւռքահայ բարերար, դերասանուհի Վիրճինիա Տէյվիսն ու սփիւռքահայ գործիչներ Անդրանիկ Գասպարեանն ու Ռաֆֆի Դանիէլեանը: Անոնք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին յանձնած են Իտա Քարի լուսանկարներէն շարք մը: Այդ լուսանկարներէն քանի մը գործ ցուցադրուած է 2019 թուականի սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ բացուած «Հայ լուսանկարչութեան պատմական ժառանգութիւնը» խորագրով ցուցահանդէսին, ի թիւս յայտնի հայ լուսանկարիչներ Ապտուլլահ եղբայրներու, Եուսուֆ Քարշի, Արա Կիւլէրի, Վլատիմիր Մուսայէլեանի, Հարրի Քունտաքճեանի եւ այլոց գործերու: Նախատեսուած էր Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակին առթիւ Երեւանի մէջ կազմակերպել Իտա Քարի անհատական ցուցահանդէսը, սակայն պատերազմի պատճառով այն տեղի չունեցաւ:
Այս տարի կը լրանայ անուանի հայուհիի ծննդեան 115-ամեակը: Մեծն Բրիտանիոյ մէջ մինչեւ հիմա ալ ան կը նկատուի ամենայայտնի կին լուսանկարիչը: Քանի մը երկիրներու մէջ ստեղծագործած լուսանկարչուհիի գործերը կ՚արժէ ներկայացնել նոր սերունդին, իբրեւ համարձակ կին արուեստագէտ մը, որուն գործերը օժտուած են անսովոր փայլով եւ բովանդակութեամբ:
ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՓԱՍՏԵՐ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ժամանակին խորհրդաւոր արուեստ նկատուող լուսանկարչութիւնը այսօր հասանելի է ամէն մարդու՝ շնորհիւ ժամանակակից սարքերու, որոնք օժտուած են լուսանկարչական տեսախցիկներով: Նոյն սարքերու միջոցով ալ վայրկեաններու ընթացքին լուսանկարը կը հասնի աշխարհի ամէն կողմ, մինչդեռ տակաւին երեսուն տարի առաջ լուսանկար մը թուղթին վրայ ունենալու համար բաւական երկար ժամանակ եւ զանազան միջոցներ անհրաժեշտ էին: Ծանօթ է, որ աշխարհի մէջ առաջին լուսանկարը ըրած է ֆրանսացի գիւտարար, ճարտարագէտ Ճոզէֆ Նիէպս՝ 1826 թուականին: Ան իր տան պատուհանէն պատկեր մը ստանալու համար պղնձեայ թուղթի վրայ արծաթէ աղ լեցուց, փորձեց բազում ուրիշ միջոցներ եւ ի վերջոյ ստացաւ լուսանկար, որ, սակայն չէ հասած մեր օրերը:
Առաջին գունաւոր լուսանկարը կատարուած է 1861 թուականին՝ բրիտանացի տարրաբան Ճէյմզ Մաքսուէլի կողմէ: Ան բարդ միջոցներ գործածած էր գունաւոր պատկեր ստանալու համար, ուստի այդ միջոցը, բարդ ըլլալու պատճառով տարածում չգտաւ: Գունաւոր լուսանկարները տարածում գտան միայն նախորդ դարու կէսերուն: Անոնք կը կապուին Լիւմիէր եղբայրներու անուան հետ: Լիւմիէրները ոչ միայն շարժապատկերային նկարչութեան հիմնադիրն էին, այլեւ՝ գունաւոր լուսանկարչութեան յառաջամարտիկները:
Երկիր մոլորակի առաջին լուսանկարը՝ ամբողջովին լուսաւորուած, կատարուած է ամերիկեան «Ափոլլոն 17» տիեզերանաւի անձնակազմին կողմէ՝ 1972 թուականին: Լուսանկարը կոչուած է «Կապոյտ մարմար» եւ մեծ տեղ գտած է արուեստի մէջ:
Պատմութեան առաջին «սելֆին» կատարած է ամերիկացի լուսանկարիչ-լրագրող Մեթիւ Պրետի՝ 19-րդ դարու կէսերուն: Ան սարքը ուղղելով իր դէմքին, պարզապէս նկարած է ինքզինք:
Առաջին հետախուզական լուսանկարչական խցիկները յայտնուած են ֆրանսացի զինուորականներուն քով՝ մօտաւորապէս 1888 թուականին: Ատոնք ատրճանակի ձեւով էին, որպէսզի մէկը չկասկածէր լուսանկարելու գործառոյթէն:
Ինչպէս շատ մասնագէտներ, լուսանկարիչները նոյնպէս ունին իրենց տօնը, որ կը նշուի յուլիսի 12-ին՝ Սուրբ Վերոնիքայի օրը: Ըստ առասպելի, ան Քրիստոսին թաշկինակ կը մեկնէ այն ժամանակ, երբ վերջինս, դատապարտուած ըլլալով նահատակութեան, խաչը կը տեղափոխէ Գողգոթա: Վերադառնալով տուն՝ Սուրբ Վերոնիքա կը նկատէ, որ Փրկչի դէմքը արտապատկերուած է կտորին վրայ:
Յուլիսի 12-ը լուսանկարչի օր նշելու եւս մէկ պատճառ կայ: 1854 թուականի այս օրը ծնած է ամերիկեան նշանաւոր «Քոտաք» ընկերութեան հիմնադիր Ճորճ Իսթմըն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան