ՄՈՒՇԵՂ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ (1869-1951)
Կը շարունակենք մտածումներ ներկայացնել Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանէն:
1908-ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է Սերոբեանին «Հովիւին խրատները ուղղուած է Ատանայի եւ ամբողջ թեմական ժողովուրդին» գիրքը:
Գիրքին սկիզբը զետեղուած է Սահակ Բ. Խապայեան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետեւեալ գրութիւնը:
• Գերապատիւ
Տ. Մուշեղ Սրբ. Եպիսկոպոս Սերովբեան
Բարեջան Առաջնորդ Ատանայի եւ վիճակաց նորին
Ատանա
«Հովիւին խրատները ուղղուած Ատանայի եւ ամբողջ թեմական ժողովրդեան» մեծաւ հաճութեամբ եւ ուշի ուշով կարդացինք: Իւրաքանչիւր գլխով թեմականաց ընկերական, ընտանեկան, կրօնական, բարոյական եւ կրթական պատկերները այնքան ցայտուն, կենդանի եւ ճշգրտատիպ են, որոց մէջ մէն մի ընթերցող իբրեւ ի հայելւոջ շատ որոշ պիտի տեսնէ իր սեպհական կեանքը բովանդակ գիծերով:
Սակայն «Հովիւին խրատները», որ գլխաւորապէս Ս. Գրքէն ներշնչուած են եւ մարգարտայեռուած կեանքի փորձառութիւն ունեցող, կամ կեանքն համակ ճանչցող ականաւոր ընկերաբաններու, բարոյախօսներու եւ իմաստասէր դաստիարակներու շինիչ եւ բարոյալից խօսքերով, միայն Ատանայի եւ թեմական ժողովրդեան կեանքի արտացոլացումը չէ, այլ բովանդակ Կիլիկիոյ մերազնէից կեանքի համայնապատկերն է, զոր անձամբ ճանչցած, տեսած եւ շօշափած եմք:
Այս խորին գիտակցութեան կը բարեմաղթենք, որ «Հովիւին խրատներ»դ Ս. Աւետարանի սերմնացանին սերմերուն պէս չընկնին առ ճանապարհաւ եւ կեր լինին երկնից թռչուններուն, կամ յապառաժի՝ ուր թէեւ շուտ կը բուսնին, բայց սնուցիչ հիւթի պակասութենէն՝ արեւու տապը աւելի շուտ կը թառամեցնէ, կամ ի մէջ փշոց, ուր փուշքն հեղձուցանեն անպտուղ, այլ հանդիպին բարի եւ պարարտ երկրի ու երեսնաւոր, վաթսնաւոր եւ հարիւրաւոր պտուղ արտադրեն, եւ այնու զՀովիւդ արժանացնեն բարւոք վերակացուաց խոստացուած կրկին փառքին եւ վարձուց:
Աղօթարար վասն բարւոք Հովուաց
ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Կիլիկիոյ
(«Հովիւին խրատները ուղղուած Ատանայի ու ամբողջ թեմական ժողովուրդին», Կ. Պոլիս, 1908, էջ Գ.):
Մուշեղ Սրբազան խօսելով այս գիրքին մասին, կը գրէ.
• Սոյն գործին պարտաստութեան համար, ամենէն առաջ անհրաժեշտ էր սերտել մեր ժողովուրդին կեանքը, վիճակին բոլոր կողմերուն վրայ, քաղաքներէն սկսեալ մինչեւ գիւղերուն խորը, վեր բերելու անոր նկարագիրին ցայտուն գիծերը, փնտռել գտնելու մեր ընկերական ու ընտանեկան վէրքը, եւ զայն ծնեցնող պատճառները: Հարեւանցի ակնարկ մը, հապճեպ տեսութիւն մը բաւական չէր այդ ախտաճանաչումին համար, այնքան բարդ է ժողովրդական նկարագիրը, եւ կնճռոտ՝ ապրուած կեանքը: Բարոյախօսը եւ բժիշկը պէտք է քալեն միեւնոյն պայմաններով, բարոյական ու նիւթական հիւանդութիւնները ճանչնալու հարկին մէջ գտնուած ատեննին: Երկուքին համար ալ խորհրդակցութիւն մը (consultation) անհրաժեշտ է, չվրիպելու համար ախտաճանաչութեան կարեւոր պայմանին մէջ: Մեր ժողովրդեան ապրած կեանքը իր արդիւնքներուն մէջ վերլուծելով, երբ համոզուեցանք՝ մանրակրկիտ բաղդատութիւններէ վերջ՝ թէ այլ եւս մեր մատը դրած ենք բուն վէրքին վրայ, այն ատեն միայն ծրագրեցինք մեր սոյն գործին կազմութիւնն ու պատրաստութիւնը. ու այս մասին կարեւոր թելադրութիւններ, վկայութիւններ, ծանօթութիւններ եւ սկզբունքներ իւրացնելու համար դիմեցինք ընտրելագոյն հեղինակներու: Անոնցմէ կարեւորները յիշած ըլլալու համար ըսենք, թէ օգտուած ենք Սուրբ Գիրքէն, տքտ. Լիսի ԿԵԱՆՔ ԵՒ ԿԵՆՑԱՂԷՆ, Սբէնսըրի ԿԵՆՑԱՂ ԿԱՄ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆէն, Ժիւլ Պայեօի, Լ. Տիւկայի, Մ. Կիւյեոյի «Morale»ներէն, Է. Կազէի «Pensées et Maximes»էն, Սըր Ճօն Լըպօրի «L’emploi de la Vie»էն, ինչպէս նաեւ Շ. Վակնէրի գործերէն, որոնք ինծի համար ուղղամիտ խորհրդականներ եղան այս գործին պատրաստութեան մէջ:
Սոյն ՀՈՎԻՒԻՆ ԽՐԱՏՆԵՐԸ գրելով մեծ գործ մը տեսած ըլլալու յաւակնութիւնը չունիմ բնաւ. միայն սա վստահութիւնը ունիմ թէ ամէն դասակարգի մարդ այս գիրքին մէջ պիտի գտնէ էջ մը, տող մը, ուրկէ պիտի օգտուի ինքը, եթէ ուզէ:
Գիրքիս ընթերցողները պիտի տեսնեն, թէ դուրսէն բերուած վկայութիւններու առատ պաշար մը կայ հոն: Այս պարագան մասնաւոր նպատակի մը արդիւնքն է: Ատով ուզեցինք միանգամ ընդ միշտ զգացնել մեր ժողովուրդին, թէ այն սկզբունքները, զորս այս գիրքով կը քարոզենք իրենց, արդէն իսկ պաշտպանուած են աշխարհի լուսաւոր եւ քաղաքակիրթ կեդրոններու մէջ, եւ քարոզուած՝ բոլոր այն մարդերէն, որոնք անհատական եւ ընտանեկան բարոյականը աշխարհի երջանկութեան, խաղաղութեան եւ յառաջդիմութեան միակ եւ տեւական միջոցը դաւանած են («Հովիւին խրատները ուղղուած Ատանայի ու ամբողջ թեմական ժողովուրդին», Կ. Պոլիս, 1908, էջ Ե.-Զ.):
Գիրքին մէջ տեղ գտած են ութ գլուխներ: Այսպէս.
Ա. Դաստիարակութիւն. այս գլուխին մէջ Սերոբեան խօսած է դաստիարակութեան կարեւորութեան, նպատակին, գիտութեան եւ կրօնքի, գիտունի եւ դաստիարակի չգոյութեան, տունին ազդեցութեան՝ ծնողքի դերն ու պարտականութիւնը դաստիարակութեան գործին մէջ, աշակերտներու պատասխանատուութեան, դասատուի, հմտութեան ու մեթոտի, կլիմայի ազդեցութեան, տնտեսական խոչընդոտներու, ինչպէս նաեւ օտար կրթութեան եւ անոր իսկական արժէքի մասին:
Սերոբեան կը գրէ.
• Ամէն մարդ որ կ՚ապրի աշխարհի մէջ, դաստիարակուելու բացարձակ իրաւունքն ունի: Տղայ մը դաստիարակութենէ զրկել, կը նշանակէ զանի դատապարտել անզգայութեան եւ տառապանքի: Ի հիման, տգէտը վտանգ մըն է ընկերութեան համար: Երբ ճգնաժամը (crise) հասնի, երբ չարչարանքը (passion) գայ, ամէն անկիրթ կրնայ կատաղի անասուն մը դառնալ: Ուր որ դպրոց չկայ, պէտք է շատցնել բանտերն ու անկելանոցները, տխո՜ւր յիշատակարաններ՝ որոնք մեր անհեռատեսութիւնը պիտի մատնանշեն (Լապուլէ): Եւ այսօր ընկերաբանին ու իմաստասէրին, կրօնաւորին ու քաղաքագէտին, տնտեսագէտին թէ բարոյախօսին ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրող հարց մը եթէ կայ, այն ալ դաստիարակութեան հարցն է: Կառավարութիւնը պարկեշտ քաղաքացիներ կ՚ուզէ, մարդկային ընկերութիւնը՝ վստահելի օժանդակներ, ընտանիքը՝ պատուաբեր եւ առողջ զաւակներ կ՚ուզէ, գործարանատէրը՝ աշխատասէր եւ պնդակազմ գործաւոր, կրօնքը՝ բարի քրիստոնեաներ կ՚ուզէ, ու բարոյախօսը՝ իրապէս իրենց մարդկայնական կոչումը արդարացնող անհատներ. եւ ասոնց ամէնքն ալ իրենց տենչանքին գոհացումը գտնելու համար ուիրշ միջոց չունին, եթէ ոչ դաստիարակութեան դիմում ընել («Հովիւին խրատները ուղղուած Ատանայի ու ամբողջ թեմական ժողովուրդին», Պոլիս, 1908, էջ 12-13):
Մուշեղ Սրբազան կը խօսի երեւոյթի մը մասին, որ այսօր առաւել եւս շեշտուած է մեր մէջ, թէ ո՛չ իրական դաստիարակներ, ուսուցիչներ ունինք, ո՛չ դըպ-րոցներ ունինք որ այդպիսի անահտներ կը պատրաստեն: Սրբազանը կը գրէ.
• Կը ցաւինք որ մեր մէջ ոչ ԳԻՏՈՒՆ ՈՒՆԻՆՔ եւ ոչ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ եւ ոչ ալ ասոնք արտադրող ԴՊՐՈՑ: Այսօրուան դաստիարակութիւնը շեղած է իր կոչումէն, քանի որ ան ոեւէ աղերս չունի գործնական կենաքին հետ, քանի որ մեզի չի սորվեցներ կեանքին գործածութիւնը, քանի որ չ՚ընդլայներ միտքը, չի բարձրացներ սիրտը եւ չ՚ազնուացներ հոգին: Մեր դպրոցները՝ այսօր իրենց մարդկայնական նշանակութիւնը կորսնցուցած, եւ շեղած՝ իրենց բնայատուկ նպատակէն, պարզապէս եղած են դատարկապորտներու ժամադրավայր մը, կարծես արդարացնելու համար դպրոց բառին նախնական նշանակութիւնը, որ է հանգիստ կամ զբօսանք: Ո՞վ է այս տխուր կացութեան պատասխանատուն: Աշակերտ ու ծնողք այդ պատասխանատուութիւնը կը բեռցնեն ուսուցչին ու դաստիարակին վրայ: Դաստիարակ եւ ուսուցիչ ծնողներն ու աշակերտները կ՚ամբաստանեն, իբրեւ պատասխանատու բարոյական ու գիտնական դաստիարակութեան մը չգոյութեանը մեր մէջ: Ո՞վ իրաւունք ունի այս ամբաստանութիւններուն մէջ.- պիտի ըսեմ՝ ամէնքն ալ, որովհետեւ ծնողքն ալ, աշակերտն ալ, դաստիարակն ալ հաւասարապէս պատասխանատու կը մնան կրթական այս ամլութեան, իւրաքանչիւրը իր ստանձնած պարտականութեան համեմատութեամբ («Հովիւին խրատները ուղղուած Ատանայի ու ամբողջ թեմական ժողովուրդին», Կ. Պոլիս, 1908, էջ 16-17):
բ. Կեանքի Նպատակը. այս գլուխին մէջ Սերոբեան կը խօսի կեանքի արժէքին ու նշանակութեան, նպատակին, ասպարէզի ընտրութեան ու ոսկէ ապարանջանին մասին:
• Կեանքը հաճոյք մը չէ, եւ ոչ ալ տօնի օր մը. կեանքը արցունքի կաթիլ մը կամ յուսահատութեան հառաչանք մը չէ. անիկա դէպի յաւիտենականութիւն վազող կէտ մը, վայրկեան մըն է, զոր մարդ պիտի գործածէ հանրութեան օգտին համար, ուշադիր ըլլալով իր կոչումին, որուն համեմատ պէտք է ընտրէ իր նպատակը: Ապրիլը բան մը պիտի չարժէր երբեք, եթէ կեանքը բարձրագոյն ու բարի նպատակ մը չունենար իրեն համար: Կեանքի նշանակութիւնը եւ արժէքը իր ընտրած ու ընդգրկած նպատակէն, եւ այդ նպատակին հասնելու համար գործածուած միջոցներէն միայն պիտի կրնայ գնահատուիլ, քանի որ «կեանքին նպատակը աւելի բարոյական է քան անասնական» («Հովիւին խրատները ուղղուած Ատանայի ու ամբողջ թեմական ժողովուրդին», Կ. Պոլիս, 1908, էջ 35-36):
գ. Ընտանեկան կեանքի Քրիստոնէավայել կազմութիւն. այս գլուխին հեղինակը կը խօսի հայրենի տան, անոր նուիրականութեան, բարոյականի ու առողջութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան, վարձակալութեան վնասներու մասին: Ինչպէս նաեւ ընտանեկան կազմակերպութեան, ընտանեկան ոգիի, ամուսնութեան, անոր պայմաններուն, փոխադարձ պարտքերու իրաւունքներ, զգուշութիւններ՝ զաւակներու հանդէպ, հաւասարութեան, զաւակներու խնամատածութեան, թելադրութիւններու, ծնողներու նկատմամբ որդիական պարտաւորութիւններու, եղբայրներու եւ քոյրերու մասին:
Ընտանիքի ու տան մասին կը գրէ.
• ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ կեանք կարենալ կազմելու համար նախ տունի մը, յետոյ ընտանեկան ոգիի պէտք ունինք: Իսկ այդ ընտանեկան կեանքին քրիստոնէավայել կազմութիւն մը տալու համար պէտք ունինք այն ամէն բարեմասնութիւններուն, զորս Աւետարանի բարոյականը կը պահանջէ այդ ընտանիքը կազմող բոլոր անդամներէն:
Տունը, սեփական տունը այնքան անհրաժեշտ է ընտանեկան կազմութեան մը համար, որ տուն, հայրենի օճախ, երդիք բառերը ա՛լ գրեթէ նոյնացած են ԸՆՏԱՆԻՔ, ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ բառերուն հետ: Ուր որ սեփական տունը կը պակսի, վստահ եղէք թէ հոն շատ բան կը կորսնցնէ ընտանեկան կազմակերպութիւնը: Եւ մարդու մը դժբախտութիւնը կամ ինկածութիւնը մատնանշելու համար կը բաւականանք ըսելով թէ այս մարդը տուն տեղ չունի: Տունը ապաստանարան մըն է, արիւնով ու սիրով իրարու միացող խումբին, որուն ԸՆՏԱՆԻՔ անունը կու տանք: Տունը տաճար մըն է, սրբավայր մը, որ իր մէջ կը ծրարէ սերունդներու անցեալն ու ապագան, ընտանեկան աւանդութիւններու բոլոր անուշ ու դառն յիշատակներով, իր մէջ տեղի ունեցած ծնունդներով ու մահերով, իր մէջ թափուած արցունքներով ու ժպիտներով… («Հովիւին խրատները ուղղուած Ատանայի ու ամբողջ թեմական ժողովուրդին», Պոլիս, 1908, էջ 43-44):
Իսկ ամուսնութեան մասին կը գրէ.
• Ամուսնութիւնը մարդկային կեանքին մէջ կատարուելիք ամենէն կենսական գործն է, թէ իբրեւ ընկերական դաշնակցութիւն եւ թէ իբրեւ կրօնական գործ: Անոնք որ միայն հաճոյքի գոհացում մը կ՚ուզեն տեսնել ամուսնութեան մէջ, անոնք արժանի չեն ամուսնանալու: Սեռային յարաբերութեան բնական պէտքին եթէ միացած չըլլայ այդ յարաբերութեան արդիւնքին հետ վերաբերութիւն ունեցող բարոյական պարտաւորութիւններու ամբողջութիւն մը, ամուսնութիւնը «պատուական» եւ «անոնց անկողինը սուրբ» ըլլալէ պիտի դադրէր (Եբր. ԺԳ. 4): Եւ ուր որ այդ սրբութեան բարոյական պայմանները կը պակսին, հոն ընտանիքը կ՚իյնայ իր ոսկի պատուանդանէն, իր աւերակներուն տակ թաղելով ամուսինները եւ անոնց ապագայ սերունդը:
Ամուսնութեան հանդիսաւոր ԱՅՈն արտասանող մը այդ պահուն «ցկեանս» կը դաւանի այդ ամուսնութիւնը, կ՚ընդունի զայն իր անլուծանելի հանգամանքով, քանի որ այդ ամուսնութիւնը «երկուքը մէկ մարմին» շինելու խորհրդով կը սրբագործուի (Եփես. Ե. 31): Անոնք որ այդ մշտնջենաւոր կենակցութեան արժէքը կ՚ըմբռնեն, պէտք է իրենց լուրջ ուշադրութեան առարկայ ընեն ամուսին մը ընտրելու խնդիրը: Որովհետեւ պէտք է համոզուիլ թէ ամուսնութիւնը իր պարգեւած երջանկութեան չափով ապերջանկութիւններ ալ ունի բոլոր անոնց համար, որոնք դատողութիւն եւ զգացում ունենալով հանդերձ անտես ըրած են էրիկ մը կամ կին մը ընտրել գիտնալու իրենց պարտականութիւնը («Հովիւին խրատները ուղղուած Ատանայի ու ամբողջ թեմական ժողովուրդին», Կ. Պոլիս, 1908, էջ 51):
դ. Իսկական գնահատութիւն եւ լաւ գործածութիւն բնական ու նիւթական հարստութիւններուն. այս գլուխին մէջ Սերոբեան Սրբազանը առանձնաբար կ՚անդրադառնայ դրամի, ժամանակի եւ առողջութեան մասին:
ե. Զբօսանք. այս գլուխին մէջ Մուշեղ Սրբազան կը խօսի ծայրայեղութեան սխալները կեանքի գործածութեան մասին, ինչպէս նաեւ զբօսանքի կարեւորութեան, միտքի ու սիրտի հաճոյքներու, զբօսանքին ազնուացուցիչ եւ առողջարար դերի, բարեկամներու, գիրքի եւ ընթերցասիրութեան, խօսելու արուեստին, գեղարուեստի ճաշակի, երաժշտութեան ու նուագարանի մասին:
Ընթերցանութեան մասին կը գրէ.
• Ընթերցանութիւնը մեզի համար պիտի կենդանացնէ մեռած դարերը, իրենց սովորոյթներով, հաւատալիքներով եւ աշխարհավարութեան սկզբունքներով, մեզի պիտի ցուցնէ ապագան իր հաւանականութիւններով, իր նորանոր զարգացումներով, իր յառաջդիմութիւններով: Իրապէս կարդալ գիտցող մէկը յաւիտենական ճամբորդի մը պէս հազարաւոր դարերու տեսարանները պիտի դիտէ եւ պիտ լսէ անցեալին ու ապագային ձայները. ու ի՜նչ աւելի մեծ վայելք քան այդ հաճոյքը, ի՜նչ աւելի մեծ զբօսանք քան այդ յագեցումը:
Եթէ ամէն գիրք մատչելի չէ ամէն մարդու մտքին, ունինք գրքերու լաւագոյնը՝ Ս. Գիրքը՝ որ ամէնուն լեզուով խօսելու արուեստը գիտէ: Անիկա կրնայ գիտունին ալ, տգէտին ալ, հարուստին ալ, աղքատին ալ, երջանիկին ալ, դժբախտին ալ խորհրդականը, ընկերը, մտերիմը ըլլալ: «Ամենէն աղքատ խրճիթներու մէջ, կ՚ըսէ Քարլայլ, գիրք մը կայ, որուն մէջ մարդուն հոգին լոյս եւ սնունդ, եւ իր խորագոյն զգացումներուն եւ բաղձանքներուն պատասխանը գտած է քանի մը հազար տարիներէ ի վեր: Այդ դարերէ ի վեր լոյս եւ սնունդ սփռող գիրքը Սուրբ Գիրքն է. անոր դիմեցէ՛ք յաճախ եւ կատարեալ վստահութեամբ, եւ ան ձեզի պիտի տայ լոյս սնունդ եւ գոհացում» («Հովիւին խրատները ուղղուած Ատանայի ու ամբողջ թեմական ժողովուրդին», Կ. Պոլիս, 1908, էջ 137-138):
զ. Հանգիստ. այս գլուխին մէջ հեղինակը կը խօսի աշխատութենէ ետք հանգիստի, հանգիստի օրուան կրօնականացումին, շաբաթի ու կիրակիի, հանգիստի օրուան նուիրականութեան, անոր բարիքներուն ու լաւ գործածութեան մասին:
Սերոբեան կը գրէ.
• ԱՇԽԱՏԱՍԷՐ մարդը կը սպասէ իրիկուան, հանգչելու ու իր կորսնցուցած ուժերը նորէն գտնելու համար: Հանգչելու պէտքը այնքան կարեւոր է, որքան անհրաժեշտ է աշխատելու հարկը, քանի որ աշխատութիւնը պայման մըն է, ուր մեր մարմնին ու հոգիին ուժերը կը յոգնին, կը թուլնան ջիղերը իրենց անընդհատ գործունէութենէն, ու կրնան խանգարուիլ չարաչար գործածուելով: Այդ խանգարումի վնասը չկրելու եւ ուժերը միշտ թարմ ու զօրաւոր պահելու պէտքն է որ սիրցուցեր է հանգիստը, որուն համը անծանօթ կը մնայ ծոյլերուն… («Հովիւին խրատները ուղղուած Ատանայի ու ամբողջ թեմական ժողովուրդին», Կ. Պոլիս, 1908, էջ 143):
• Իմ եղբայրներս, ձեր յոգնած հոգիները եւ քայքայուած սրտերը պէտք ունին հանգիստի. ամենէն աւելի կիրակիին սրբութիւնը պահպանելով պիտի կրնաք այդ հանգիստը գտնել, եւ ինքզինքնիդ պատրաստել վաղուան դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն: Հարցուցէք ծերերուն թէ անոնք ո՛րքան կը բաղձան իրենց երիտասարդ կեանքի օրերուն, որոնք իրենցմէ ապարդիւն անգամ գացին. տխուր փորձառութիւնը շատ ուշ կը քաղցրացնէ այդ օրերուն յիշատակը: Դուք ալ պիտի փնտռէք հիմա այդքան անարգուած Հանգստեան Օրերը. բայց անոնք անցած պիտի ըլլան: Ժամանակը ետ չի դառնար բնաւ: Բայց դուք կրնաք տակաւին ժամանակ շահիլ, ու ծախու գնել, կրկնապատկելով ձեր ջանքերը, կեդրոնացնելով ձեր հաւատքը եւ կիրակիի հանգիստը ձեր հոգիներուն եւ սրտերուն օգտակար գործերով: Հոգիի սոյն վիճակը պիտի ազդէ նաեւ ձեր աշխարհական գործերուն եւ յարաբերութիւններուն, որովհետեւ հոգիով ու սրտով զօրաւոր մէկը շատ աւելի կը յաջողի քան տկարամիտ ու անհոգի մարդը: Էրիկներ, ճանչցէք կիրակիին արժէքը ու ըստ այնմ օգտակար ըրէք զայն ձեզի համար. կիներ, յարգեցէ՛ք կիրակին, ու ձեր բարեպաշտութեան բոլոր ուժով յատկացուցէք զայն ընտանիքներու բարոյական ու հոգեկան դաստիարակութեան: Ծերե՛ր, սրբեցէ՛ք կիրակին, եւ ձեր կեանքի փորձառութիւնով խրախոյս տուէք երիտասարդութեան, որ ձեզի մօտենալու ճամբուն մէջ կը գտնուի («Հովիւին խրատները ուղղուած Ատանայի ու ամբողջ թեմական ժողովուրդին», Կ. Պոլիս, 1908, էջ 146-147):
է. Հաւատք. այս գլուխին մէջ կը խօսի ընդհանրապէս հաւատքին, կրօնական հաւատքին, անոր դերին, կարեւորութեան ու Յիսուսի հաւատքին մասին:
• ՀԱՒԱՏՔ բառը շատ ընդարձակ նշանակութիւն մը ունի մեր եւ օտար լեզուներու մէջ: Սակայն ո՛ր իմաստով ալ ըմբռնենք զայն, միշտ իր մէջ ունի վստահութիւն նշանակութիւնը: Գիտութիւնը իր հաւատքը ունի, պատմութիւնն ալ ունի իր հաւատքը. իսկ մեր կրօնքը գիտութիւնն է մեր քրիստոնէական հաւատքին…:
Հաւատքը հոգիին գիտակից կամ անգիտակից եռանդն է որ կատարելապէս մարդս կը հպատակեցնէ աստուածային պատուիրաններուն, եւ կը փգտի իր տարտամ յուզումներէն դուրս ինքզինքը ապահովել գերագոյն զօրութեան մը հովանաւորութիւնով, կամ՝ ինչպէս կ՚ըսէ առաքեալը՝ «հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը եւ չերեւցած բաներու ապացոյցն է» (Եբր. ԺԱ. 1):
…Վստահ ըլլանք, Եղբայրներս, թէ ո՛ր կողմն ալ գայթի մեր սրտին ու հոգիին ուղղութիւնը, ո՛ւր որ ալ վարէ մեզ աշխարհի փոթորիկը, միշտ նոյն հարցումն է որ պիտի ուղղուի մեզի. «Ո՞ւր է ձեր հաւատքը»: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր պատասխանը այս հարցումին հանդէպ: Լռութիւնը պատասխան չէ բնաւ, իսկ սխալ ու ապականուած կեանք մը չի կրնար ուղիղ պատասխան ըլլալ հաւատքին («Հովիւին խրատները ուղղուած Ատանայի ու ամբողջ թեմական ժողովուրդին», Կ. Պոլիս, 1908, էջ 148-149, 153):
ը. Եկեղեցի. այս գլուխին մէջ հեղինակը կը խօսի եկեղեցւոյ, քրիստոնէական եկեղեցւոյ, տոհմային եկեղեցւոյ, անոր սիրոյ ու նուիրականութեան, դաւանափոխութեան յոռութեան, անձնական տաճարի սրբութեան, ընտանեկան տաճարի եւ ընտանեկան պաշտամունքի, անոր կոչումին, հասարակաց պաշտամունքին, արարողութեան եւ մեր անոնց հանդէպ ունեցած դիրքին մասին:
• Երբ եկեղեցիէն կը բաժնուիք, կը զգա՞ք ձեր մէջ նորոգութեան մը հետքերը. երբ Սուրբ Գիրքի ընթերցուածներուն, աղօթքներուն, երգերուն, շարականներուն ու բեմական քարոզներուն կը մասնակցիք ու կ՚ունկնդրէք, քրիստոնէական նոր ու աստուածահաճոյ կեանքի մը թեւակոխելու գաղափարն ու գրգիռը կը զգա՞ք ձեր մէջ: Ահա ասոնք են միջոցները տիրանալու այն օրհնութիւններուն, որոնք մեր սրտերը պիտի հանգչեցնեն, պիտի օժտեն մեզ սուրբ սրտով եւ ուղիղ հաւատքով հաստատուելու մեր կեանքին մէջ: Խօսքս մասնաւորելով կը յանձնարարեմ մեր մայրերուն ու քոյրերուն որ իբրեւ հանդիսավայր չնկատեն Եկեղեցին եւ հոն փակեն իրենց բերանները, սրտերնին բանալու համար, որպէսզի եկեղեցասիրութեան ոգին զօրանայ ու բարգաւաճի իրենց մէջ, հրահանգեն իրենց զաւակները պարկեշտութեան եւ առաքինութեան ճամբուն մէջ՝ իրենց անձին օրինակով՝ եւ անոնց սորվեցնեն իրենց մխիթարութիւնը փնտռել մեր Մայրենի Ս. Եկեղեցիին ծոցը, ուր է մեր խաղաղութիւնը, մեր յոյսը, մեր հաւատքը:
Ու դուք, ամենքիդ, սիրելի ժողովուրդ, սիրեցէք ու յարգեցէք ձեր անձերը իբր կենդանի տաճարներ. պահպանեցէ՛ք ձեր մէջ քրիստոնէական ընտանեկան պաշտամունքներու ոգին. մի՛ մոռնաք ձեր աղօթքները, որոնց պարապեցէք անձանձրոյթ. ճանչցէ՛ք շարունակ Եկեղեցի յաճախելու պարտականութիւնը եւ մի՛ թերանաք ձեր բարեգործական տուրքերուն մէջ (Նոյն, էջ 165-166):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ