ԵՐԱԶՆ ՈՒ ԻՐԱՒԸ
«Ընդհանրապէս այդպէս կ՚ըլլայ: Կը մտնես հանդիսադաշտ ու անհամբեր եւ անհանդարտ աչքերով, դաշտը լեցուցած հարիւրաւոր համազգեստով շրջանաւարտներուն մէջէն, զինք կը փնտռես: Կը կարծես, որ շուտով պիտի կարենաս գտնել: Չէ՞ որ քու անդրանիկ զաւակդ է: Չէ՞ որ դուն բոլորէն աւելի զինք մօտէն կը ճանչնաս...
Այդ օր, ինծի հետ այսպէս սկսաւ խօսիլ, մեր «պօսի»ն տարիներու քարտուղարուհի՝ Պարպարան: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս իր այդ գրասենեակը գացած էի: Միայն այն գիտեմ, որ գրասենեակին մէջ, միակ խօսողը այդ վաթսունամեայ շէկ մազերով ամերիկուհին էր»:
«Յետոյ...յետոյ,- շարունակեց ան,- պիտի փորձես նստիլ բեմին մօտիկ տեղ մը, որպէսզի մօտէն դիտես, որպէսզի բոլորէն առաջ եւ բոլորէն աւելի յստակ զինք տեսնես: Վկայականաց բաշխման յայտագրի գործադրութեան ընթացքին, վստահ եղի՛ր, որ միտքդ ուրիշ տեղեր պիտի ըլլան: Քեզի համար, ա՛յդ օր, ա՛յդ վայրկեանին, կարեւոր չէ, թէ ո՞վ է օրուան խօսնակը, պատգամաբեր-բանախօսը: Նոյնիսկ, համալսարանի տնօրէնին կաղապարուած խօսքերն ու բարեմաղթութիւնները, քեզի համար անիմաստ պիտի թուին: Այդ բոլորը կարեւոր չեն: Երբե՛ք: Որովհետեւ, քեզի համար էականը, այդ լայն բեմին վրայ, զաւկիդ վկայական ստանալու պատմական եւ հպարտալի պահն է: Անոր՝ վկայուիլը: Անոր՝ այս ձեւով կեանքի նոր հանգրուանի սկիզբին ժամանման՝ ուրախ պահը: Անոր, կեանքի նոր սկզբնաւորութեան նախաքայլերու հետքերը»:
«Ու վերջը, վերջը յանկարծ դուն քեզ պիտի գտնես յետադարձ յիշատակներու հոյլին առջեւ, որ կապուած է միայն ու միայն զաւկիդ կեանքին: Մայրանոցն ես, եւ բժիշկը կ՚աւետէ առջինեկ զաւկիդ աշխարհ գալը»:
«Ուրախ ես, աշխարհի չափ ուրախ, որովհետեւ անոր ծնունդով է, որ դուն հայր պիտի կոչուիս: Ապա, ամիսներ վերջ, զաւկիդ առած առաջին քայլերը, անոր շրթներուն առաջին թոթովանքը, քեզ դէպի անօրինակ երջանկութեան պիտի առաջնորդեն: Անոր դպրոց յաճախած առաջին օրը մտքէդ երբեք պիտի չսրբուի: Եւ եթէ մանկապարտէզի տարիները անցան դանդաղ ու անուշ յիշատակներով, անկասկած, որ նախակրթարանի շրջանը՝ անոնցմէ տարբեր պիտի ըլլայ»:
«Աչքդ գոցես-բանաս, ահա մանչդ մեծցեր է: Շուտով հասակիդ հասած, իրեն հետ միաժամանակ բերելով իր նոր հարցերը: Երբեմն կը ներես: Պզտիկ է, կը սորվի կ՚ըսես»:
«Տղայ է, պիտի ընէ, նաեւ կ՚արդարացնես ու այդպէս կը համոզես ինքզինքդ: Ապա տան մէջ, հիմա փոքր եղբօրը հետ միասին, առանձին «խումբ» մը կազմած ըլլալ կը թուին: Ամէն բան կ՚ուզեն: Ամէն բան գիտեն: Կ՚որոշեն: Կ՚ուզեն անկախ ծրագրել»:
«Երկրորդականի տարիներուն այդ մէկը կը շեշտուի: Այդ տարիքի զաւակներուն կարելի չէ բան մը ըսել: Անոնք, քեզմէ աւելին գիտեն, աւելիին, քաջատեղեակ են: Դուն իրենց քով «հին» ես կամ «հիներէն» ես, եւ իրենց չափ «բան» չես գիտեր: Այսպէս է կեանքը: Բնազդն ու բնութիւնը այդպէս կը սորվեցնեն»:
«Չես կրնար այպանել: Չես կրնար քու տարիդ, բաղդատել իրենց տարիքին հետ: Դուն թերեւս աւանդապաշտ, կաշկանդուած մեծցած էիր: Ասոնցը տարբեր է: Ասոնց ժամանակը տարբեր է: Այդպէս պիտի համոզես դուն քեզ ու այս ձեւով ալ օր մը զինք պիտի հասցնես համալսարանի դռներու սեմին: Ծանր բեռ ու ծանր պարտականութիւն: Բայց միաժամանակ՝ հաճելի ու հպարտալի նորութիւն»:
«Պիտի ձգես, որ իր ուզած եւ նախասիրած ճիւղը ընտրէ: Իր ապագան, իր հասկցած ձեւով ճշդէ, որոշէ: Այդ պարագային, քու պարտականութիւնդ պիտի ըլլայ զոհաբերում եւ հասկացողութիւն: Կարծուածէն աւելի երկար ու մեծածախս ամիսներ իրար պիտի յաջորդեն: Ու իբրեւ ծնողք, հետը պիտի ապրիս»:
«Ուսումնական քննութիւններուն եւ պատրաստութիւններուն հետ, դուն ալ պիտի մաշիս: Պիտի հեւաս: Անքուն գիշերներ պիտի լուսցնես: Իրմով պիտի ապրիս... Որովհետեւ, դուն կ՚ուզես նմանիլ այն բոլոր անձնազոհ մարդոց, որոնք ալեկոծ ծովուն վրայ փոքրիկ նաւակ մը կը փորձեն ծովափ հասցնել, արագ եւ անվթար»:
«Այսօր այդ ծովափի ժամանման պահն է: Աւելին՝ ծովափն ես: Նաւակդ հասած է: Ապահով ես: Զաւակդ պիտի վարձատրուի: Ու իր այդ ապահով «ժամանման» համար ինք այսօր հազարաւորներու ներկայութեան, պիտի վկայուի»:
«Ու կը հասնի ժամը: Պահը: Կը կարդացուի անունը: Արդէն մոռցած ես ամէն չարչարանք եւ զոհողութիւն: Ինքն է: Կը բարձրանայ բեմ: Կը ձեռնուի պատասխանատուներուն եւ տնօրէնի հետ: Կը ստանայ իր վարձատրութիւն-վկայականը: Իրեն կը յանձնեն այդ կտոր մը թուղթը, որուն համար իր եւ քու ցերեկները գիշերներուն խառնուեցան»:
«Ճիշդ այդ պահուն կը զգաս, որ աչքերուդ մէջ խոնաւութիւն մը կայ: Թաց ըլլալու չափ խոնաւութիւն: Կը զգաս, որ սիրտդ, հպարտանքով լեցուն հայրական այդ սիրտդ, յանկարծ պիտի կորսնցնէ իր բնականոն վիճակը: Նոյնիսկ ձայնդ կոկորդիդ մէջ պիտի խեղդուի»:
«Քու ձեռքդ չէ: Այդպէս է: Յանկարծակի յուզումդ, քեզ այս վիճակիդ մէջ նետած է: Այդ վայրկեանին կ՚ուզես դուն ալ ընտանիքիդ միւս անդամներուն հետ միատեղ պոռալ, զաւկիդ անունը բացագանչել, ծափահարել, երկար եւ անվերջ, բեմին մօտիկ կամ հեռու կեցած, իր ուշադրութիւնը գրաւել եւ տակաւին առատօրէն եւ արագ արագ նկարել այդ վայրկեանը, որպէսզի վերջը հպարտութեամբ, անցեալին յանձնես անմոռանալի վայրկեանը»:
«Բայց լաւ գիտցիր, որ աչքերդ ու ձայնդ քեզի պիտի դաւաճանեն: Պիտի փորձես շուրջիններէդ պահել անօրինակ վիճակդ: Այսպէս է ուրախութեան յուզումը: Կը խանգարէ հոգեկանդ...»:
***
-Ե՛լ, ե՛լ, հերի՛ք պառկիս, արագ շարժիր, թոռնիկիդ մանկապարտէզի վկայականի օրն է: Մոռցա՞ր:
Ակնթարթի մը մէջ, արթնցած էի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ