ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ (ՊԵՆՏԵԿՈՍՏԷ)

Սուրբ Յարութեան յաջորդող ութերորդ կիրակին, Յինանց յիսուներորդ օրը կը կոչուի Հոգեգալուստ, Պենտեկոստէ:

Տէր Յիսուս Քրիստոս Իր երկրային առաքելութեան ընթացքին, Իր աշակերտներուն մի քանի անգամ խօսած ու խոստացած էր Մխիթարիչի մը մասին, որ Իր յարութենէն ետք պիտի ղրկէր անոնց: Յաճախ երբ աշակերտները կը դժուարանային հասկնալ Իր ուսուցումները, Ան անոնց կը խոստանար, թէ պիտի գայ Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ բոլոր անհասկնալի բաները՝ հասկնալի պիտի դարձնէր իրենց:

Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Եթէ կը սիրէք զիս՝ պիտի գործադրէք Իմ պատուիրաններս։ Եւ Ես Հօրս պիտի աղաչեմ՝ որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ։ Անիկա Սուրբ Հոգին է, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ։ Աշխարհը չի կրնար զԱյն ընդունիլ, որովհետեւ ո՛չ կը տեսնէ եւ ո՛չ ալ կը ճանչնայ զԱյն։ Բայց դուք կը ճանչնաք զԱյն, որովհետեւ ձեր մէջ պիտի մնայ եւ ձեր հետ պիտի ըլլայ» (Յհ 14.15-17, 26):

Յուդա ոչ Իսկարիոտացի աշակերտը անգամ մը երբ Տէր Յիսուսի հետեւեալը կը հարցնէ, թէ՝ «Տէ՛ր, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ Ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ոչ թէ աշխարհին», կը ստանայ հետեւեալ պատասխանը.

«Ով որ կը սիրէ զիս՝ խօսքերս կը գործադրէ. Հայրս ալ պիտի սիրէ զայն եւ Ես ու Հայրս անոր պիտի գանք եւ անոր հետ բնակինք։ Եւ ով որ չի սիրեր զիս՝ խօսքերս չի գործադրեր։ Այս ըսածներս որ լսեցիք՝ Իմ խօսքերս չեն, այլ խօսքերը Հօրս, որ զիս ղրկեց։ Այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ։ Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ Իմ անունովս, Անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ Ես ձեզի ըսի» (տե՛ս Յհ 14.22-26):

Յովհաննէսի Աւետարանին յաջորդ գլուխին մէջ կը կարդանք. «…Բայց երբ գայ Մխիթարիչը, այսինքն Սուրբ Հոգին, որ Ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրմէն, որովհետեւ Հօրմէն կ՚ելլէ, Անիկա ճշմարտութիւնը պիտի պատմէ եւ վկայէ Իմ մասիս» (Յհ 15.26):

Իսկ Սուրբ Հոգիին դերակատարութեան մասին Տէր Յիսուս այսպէս կ՚ըսէ. «Ասոնք սկիզբէն չըսի ձեզի, որովհետեւ ձեզի հետ էի։ Բայց հիմա կ՚երթամ զիս ղրկողին մօտ, եւ ձեզմէ ոչ մէկը կը հարցնէ Ինծի, թէ՝ ո՞ւր կ՚երթաս։ Սակայն որովհետեւ այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, ձեր սիրտերը տրտմութեամբ լեցուեցան։ Բայց Ես ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի. ձեզի համար լաւ է որ Ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ Ես երթամ՝ զԱյն պիտի ղրկեմ ձեզի։ Երբ Անիկա գայ, ցոյց պիտի տայ աշխարհի մեղքը, Իմ արդարութիւնս եւ չարին դատաստանը։ Աշխարհի մեղքը՝ որովհետեւ Ինծի չեն հաւատար, Իմ արդարութիւնս՝ որովհետեւ Ես Հօրս քով կ՚երթամ եւ այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, եւ չարին դատաստանը՝ որովհետեւ սատանան, այս աշխարհի իշխանը, արդէն իսկ դատապարտուած է։

Տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելիք ձեզի, սակայն այժմ չէք կրնար տանիլ։ Բայց երբ գայ Ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, Անիկա պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան, որովհետեւ Անիկա Ինքն Իրմէ պիտի չխօսի, այլ ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի եւ ձեզի պիտի պատմէ գալիք բաները։ Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, որովհետեւ ինչ որ Ինձմէ առնէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի։ Ինչ որ Հայրս ունի՝ Իմս է. ասոր համար է որ ըսի ձեզի, թէ ինչ որ առնէ Ինձմէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի» (Յհ 16.4-15):

Գործք Առաքելոցին հեղինակը՝ Սուրբ Ղուկաս Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ ինչպէս Տէր Յիսուս Իր յարութենէն ետք անգամ մը երեւցած էր Իր աշակերտներուն, անոնց յիշեցուցած է ըսելով. «Երուսաղէմէն մի՛ հեռանաք, սպասեցէ՛ք՝ մինչեւ ստանաք Հօրը խոստումը, որուն մասին խօսեցայ ձեզի: Յովհաննէս ջուրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք այն ատեն» (Գրծ 1.4-5): Եւ աշակերտները չհեռացան Երուսաղէմէն, մինչեւ որ կատարուեցաւ իրենց տրուած խոստումը:

Ղուկաս Աւետարանիչ Սուրբ Հոգիին գալուստը այսպէս կը նկարագրէ. «Երբ Պենտեկոստէի օրը հասաւ, բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին։ Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին։ Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ։ Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար։

Այն օրը Երուսաղէմ քաղաքը լեցուն էր բարեպաշտ Հրեաներով, որոնք աշխարհի բոլոր երկիրներէն եկած էին։ Երբ այս ձայնը լսուեցաւ, մեծ բազմութիւն մը եկաւ խռնուեցաւ եւ բոլորը անակնկալի եկան, որովհետեւ կը լսէին, թէ ի՛նչպէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց սեփական լեզուով կը խօսի։ Ամէնքն ալ սքանչացումով եւ զարմանքով կ՚ըսէին իրարու.

-Այս խօսողները բոլորն ալ Գալիլեացիներ չե՞ն միթէ. Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ մեր ծննդավայր երկիրներու լեզուներով կը խօսին, ինչպէս ահաւասիկ կը լսենք։ Չէ՞ որ ահա մեր մէջ կան՝ Պարթեւներ, Մարեր, Ելամացիներ, Միջագետացիներ, Հրէաստանցիներ, Կապադովկիացիներ, Պոնտացիներ, Ասիացիներ, Փռիգիացիներ եւ Պամփիլիացիներ, Եգիպտացիներ, Կիրենիայի շրջանէն Լիպիացիներ, Հռոմէն եկած Հրեաներ եւ հրէութեան դարձած նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբիացիներ։ Եւ ահա բոլորս ալ մեր խօսած լեզուներով իրենցմէ կը լսենք Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին։

Ապշահար եւ շփոթի մատնուած՝ կը հարցնէին իրարու.

-Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել ասիկա։

Իսկ ոմանք ծաղրանքով կ՚ըսէին.

-Նոր գինիով գինովցած են» (Գրծ 2.1-13):

Սուրբ Հոգիին գալուստով առաքեալները համարձակութիւն ստացան, իրենց հոգիին աչքերը բացուեցան ու վերյիշելով Տէր Յիսուսի իրենց սորվեցուցածները հասկցած, ըմբռնած ու գիտակցած էին անոնց իմաստներուն: Համարձակութիւն ստացան ըսինք, որովհետեւ ինչպէս Գործք Առաքելոցէն եւ Քրիստոնէութեան առաջին դարու պատմութենէն գիտենք, Քրիստոսի առաքեալները դարձան այն քաջամարտիկ վկաները, որոնք իրենց կեանքն իսկ զոհելով Քրիստոսի Լոյսի ու Կեանքի Աւետարանը քարոզեցին մարդկութեան, զանոնք հրաւիրելով Աստուծոյ որդեգրութեան, Քրիստոսի եղբայրութեան ու Սուրբ Հոգիին խնամատարութեան շնորհքին արժանանալու:

Սուրբ Հոգիին գալուստով նոր հանգրուան մը բացուեցաւ մարդկային պատմութեան մէջ, որովհետեւ եթէ մինչեւ Քրիստոսի գալուստը մարդկութեան մէկ հատուածը՝ հրեայ ժողովուրդը կը սպասէր Մեսիայի մը գալուստին, անդին մարդկութեան մնացեալ հատուածը կ՚ապրէր անորոշութեան ու անտարբերութեան մէջ, առանց նպատակակէտ մը կամ գալիքին՝ յաւիտենականին մասին յստակ պատկերացում մը ունենալու, Քրիստոս Իր գալուստով ո՛չ միայն մարդկութեան յստակ պատկերացում մը տուաւ գալիքի մասին, այլ այդ գալիքին հասնելու ճանապարհը եւս ցոյց տուաւ, որու Ճարտարապետ ու Նաւավար կարգեց Սուրբ Հոգին, Ով Իր գալուստով պիտի ստանձնէր այդ ղեկը՝ մարդկութիւնը առաջնորդելու դէպի յաւիտենականութիւն, դէպի երանական յարկեր:

Աւարտենք Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի աղօթական բառերով, դիմելով Սուրբ Հոգիին ու ըսելով.

Հոգի Աստուծոյ, ճշմարիտ Աստուած, որ Յորդանան [գետին վրայ] եւ Վերնատունը իջար, եւ զիս լուսաւորեցիր Սուրբ Աւազանին մկրտութեամբ. մեղանչեցի երկինքի դէմ՝ Քու առջեւդ. վերստի՛ն մաքրէ զիս Քու աստուածային կրակովդ, ինչպէս հրեղէն լեզուներով մաքրեցիր սուրբ առաքեալները. եւ ողորմէ՛ Քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

21 մայիս 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մայիս 27, 2023