ՏԻՐԻՆԿԱՏԱՐ ԼԵՐԱՆ ՎԻՇԱՊԱՔԱՐԵՐԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՄԱՍ

Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ չորսուկէս միլիոն հայկական դրամ ուղղուած է ծրագրի մը, ըստ որու պէտք է աշխատանքներ տարուին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ ընդգրկելու համար Հայաստանի Տիրինկատար լերան վրայ գտնուող վիշապաքարերը կամ ինչպէս յաճախ կ՚անուանուին ատոնք՝ վիշապները:

Ընդհանրապէս, Համաշխարհային ժառանգութեան մաս դառնալու արժանի յուշարձանները նախ կ՚ընդգրկուին նախնական ցանկին մէջ, ապա կը թափանցեն հիմնական ցանկեր:

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան հիմնական ցանկին մէջ Հայաստանի Հանրապետութենէն արձանագրուած են միայն հետեւեալ յուշարձանախումբերը՝ Սանահինի եւ Հաղբատի վանական համալիրները, Գեղարդավանքը եւ Ազատ գետի վերին հովիտը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, եկեղեցիներն ու Զուարթնոցի տաճարը։

Այս բոլոր արձանագրումները կատարուած են 1998-2000 թուականներուն, որմէ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ որեւէ նոր յուշարձան չէ արձանագրուած: Քսան տարիներէ աւելի այդ բացթողումը լրացնելու համար այժմ Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը քայլեր ձեռնարկած է: Նախ յայտ պիտի ներկայացուի նախնական ցանկին համար: ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ ալ Հայաստանի Հանրապետութենէն արձանագրուած է չորս յուշարձանախումբ՝ Դուին հնավայրը, Նորավանքն ու Ամաղուի ձորահովիտը, Երերոյքի տաճարը, Տաթեւ վանական համալիրն ու Տաթեւի անապատը։ Այս բոլոր արձանագրումները նոյնպէս շատ կանուխ կատարուած են՝ 1995 թուականին, ուստի նախնական ցանկը նոյնպէս երկար ժամանակէ ի վեր չէ թարմացուած:

Այժմ նախնական ցանկին մէջ ընդգրկուելու թեկնածու է Տիրինկատար լերան Վիշապաքարերու հովիտը:

Ասիկա խորհրդաւոր ու ծիսական վայր մըն է՝ Արագած լերան հարաւ-արեւմտեան լանջին, գագաթէն մօտաւորապէս 12 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ, Հայաստանի Արագածոտնի մարզին մէջ։

Հովիտը ձեւաւորուած է Սեւ Սար եւ Տիրինկատար լեռներու միջեւ ինկած իջուածքին մէջ, որ լեցուած է լճային-սառցադաշտային գոյացութիւններով՝ ստեղծելով հարթ եւ լայն հովիտ մը։ Իր հարուստ ջրային պաշարներով եւ յարմար դիրքով Արագածը հինէն ի վեր գրաւած է մարդոց ուշադրութիւնը եւ մարդիկ հոս սրբատեղիներ, պաշտամունքի վայրեր, ծիսական հովիտներ հիմնած են:

Տիրինկատար սրբավայրը Արագածի թումբերէն մէկն է: Հոս տարածքի հովիւները նաեւ անասնապահութեամբ կը զբաղին: Տակաւին Ղեւոնդ Ալիշանի գրութիւններուն մէջ այս տարածքը կը յիշատակուի եւ կոչուած է Քըզըլ-Զիարէթ:

ՏԻՐ ՀԵԹԱՆՈՍԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆՈՎ

Լեռը Տիրինկատար անունով կոչուած է անյիշելի ժամանակներէ: Տիրը դպրութեան, պերճախօսութեան, գիտութիւններու ու արուեստներու աստուածն էր հին հայկական դիցաբանութեան մէջ։

Այն Արամազդ աստուածահօր ատենադպիրն ու սուրհանդակը նկատուած է, եղած է մարդոց ճակատագրի գուշակ ու երազներու մեկնիչ, անոնց չար ու բարի գործերու արձանագրողը, ննջեցեալներու հոգիները «անդրշիրիմեան աշխարհ» ուղեկցողը։ Ըստ հնագոյն հաւատալիքի, Տիրը ամբողջ մէկ ամիս կը զբաղէր մարդոց ծնունդներն ու մահերը իր մատեանին մէջ արձանագրելով, մնացած տասնմէկ ամիսները արարչագործութեան աւիշ կը ներարկէր գրողներուն, երաժիշտներուն, պատկերահաններուն ու քարագործ-ճարտարապետներուն:

Տիր աստուծոյ Արիական գաղտնագիտութեան մէջ համապատասխանած է եթերի տարերքը, ինչ որ խորհրդանշած է գիտելիքը եւ մարմնաւորած է երկնային ոլորտով։ Այն ժամանակակից գիտութեան մէջ ունի Իոնոլորտ անուանումը։

Տիրին նուիրուած գլխաւոր կաճառը կոչուած է Երազամոյն կամ Զուարթնոց. այն այսօր կը կոչուի Զուարթնոց։

Տիրի կաճառ եղած է նաեւ Այրիվանքը՝ ժամանակակից Գեղարդավանքը։ Վանական համալիրին յարող քարանձաւները, ուր ուխտաւորները, երազանք պահելով, կը փորձեն քարեր նետել, Տիրի պաշտամունքի մնացուկներն են եւ ուղղակիօրէն կը վկայեն այնտեղ ժամանակին Տիրի կաճառի գոյութեան մասին։

Տիրի կաճառ եղած է նաեւ Մեծամօրի, Քարահունջի, Տաթեւի եւ Հաղբատի տարածքներուն։ Տիր աստուծոյ նուիրուած նշանաւոր կաճառ կար Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքին տեղը եւ Սոսեաց անտառին մէջ՝ Արմաւիր մայրաքաղաքին մօտ, ուր բնապաշտ քուրմերը բնութեան երեւոյթները ուսումնասիրած եւ աստղագիտութեամբ զբաղած են։ Հելլէնիստական դարաշրջանին հայերը Տիրը նոյնացուցած են Ափոլլոնին եւ Հերմէսին։

Հայոց հին տոմարի Դ. ամիսը Տիրի անունով կոչած են Տրէ կամ Տրի, ծիածանը՝ Տիրական կամ Տրական գօտի։ Տիրինկատար լեռնէն զատ Տիրի անունով են նաեւ Տիրակատար քաղաքը, Տրէ եւ Տիրառիճ գիւղերը, ինչպէս նաեւ շարք մը անձնանուններ (Տիրան, Տիրոց, Տրդատ)։ Տիրինկատար լերան վրայ յայտնաբերուած վիշապաքարերը հեթանոսական շրջանէն եկած պաշտամունքի առարկաներ են, որոնք կերտուած են ձկան, ցուլի ու ձկնացուլի կերպով՝ վրան պատկերուած օձ, ցուլ, խոյ, արագիլ եւ այլ կենդանիներ ու թռչուններ:

Մասնագէտները կը փաստեն, որ վիշապաքարերը կեցած են հազարաւոր տարիներ առաջ եւ դէմքով դէպի հիւսիս՝ դէպի Արագածի գագաթը:

Առհասարակ, Հասյաստանի տարածքին յայտնաբերուած բոլոր վիշապաքարերը հիմնականը կը գտնուին բարձր լեռներու վրայ, ուր, ըստ վաղնջական մարդու հաւատալիքի, վիշապներ ապրած են: Գետերն ու լիճերը նոյնպէս կարեւոր դեր խաղացած են տեղանքին մէջ, եւ ջուրին առընչուող առասպելներ հիւսուած են: Վիշապաքարերու նշանակութեան մասին պատմաբանները բազմաթիւ վարկածներ ունին: Այդ վարկածներու համաձայն, ատոնք նուիրուած են հեթանոս աստուածներուն, մատնանշած են ստորգետնեայ աղբիւրներու վայրերը եւ եղած են պաշտամունքի առարկաներ։ Վիշապ կենդանին դիտուած է նաեւ իբրեւ ջուերուն ակունքներն ու բնութեան գանձերը հսկող ահարկու հրէշ:

Միեւնոյն ժամանակ մասնագէտները կը փաստեն, որ վիշապները, ինչպէս խաչքարերը, բնորոշ են միայն Հայկական լեռնաշխարհին, ի յայտ կու գան որպէս կանոն շատ բարձր լեռնային գօտիներու մէջ (2500-3000 մեթր ծովու մակարդակէն բարձր): Վիշապներու թուագրութեան խնդիրը բարդ է, բայց հիմնականը անոնք պրոնզէ դարու երեւոյթ են, կը պատկանին Ն. Ք. Բ. հազարամեակին: Վիշապաքար կամ վիշապ կոչուող այդ յուշարձանները կերտուած են միակտոր քարէ, ամենամեծը մինչեւ հինգուկէս մեթր բարձրութիւն ունի: Մինչ հայերը զանոնք կ՚անուանեն վիշապ, տարածքի մէջ բնակող քիւրտերը՝ «աժդահայ եւրտ» կը կոչեն հնագոյն այդ քարակոթողները:

Հայաստանի տարածքին վիշապները յայտնաբերուած են 19-20-րդ դարերու սահմանին: Առաջին անգամ մեր իրականութեան մէջ զայն յայտնաբերած է Ատրպետը, որ կարսեցի գրող էր եւ սիրողական պեղումներ կը կատարէր: Այնուհետեւ վիշապները հետազօտուած են զանազան հեղինակներու կողմէ. օրինակ՝ մեծ հնագէտ Նիկողայոս Մառն ու իր օգնականը՝ Սմիռնովը, նաեւ՝ Աշխարհաբէկ Քալանթարը, Էմմա Խանզատեանը զանազան ժամանակաշրջաններու անդրադարձած են այս ծիսական քարերուն: Անոնք կ՚ենթադրէին, թէ վիշապները ջրաբաշխական համակարգերու հանգուցակէտերու վրայ դրուած յուշարձաններ են, շատ չէին կարեւորեր հնագիտական համատեսքը: Այսօր վիշապները կ՚ուսումնասիրէ Հայաստանի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկը եւ հայ մասնագէտներուն հետ այս աշխատանքով հետաքրքրուած են նաեւ Պերլինի Բաց համալսարանի գիտնականները, որոնք կը մասնակցին պեղումներուն, ուսումնասիրութիւններուն: Հիմնական վիշապակոթողները Տիրինկատարի մէջ պեղուած են 2012 թուականին, յետոյ գտնուած են նաեւ ուրիշներ, եւ Տիրինկատար լեռը, փաստօրէն, այսօր ամենաշատ վիշապներու վայրն է Հայաստանի մէջ: Վիշապաքարեր կան նաեւ Գեղամայ լեռներու մէջ, Սեւանայ լիճին հիւսիս-արեւելեան ափին, Գառնիի մէջ, Ճորոխ գետի աւազանէն ներս: Բնութենէն գտնուած վիշապներ տեղադրուած են Երեւանի մէջ, իբրեւ նախաքրիստոնէական շրջանի մեր մշակոյթի վկայութիւններ: Այդպիսի վիշապներ կան դրուած Մատենադարանի շէնքի աջակողմեան մասը, Կառավարական երրորդ շէնքին մօտ, Օղակաձեւ զբօսայգիի մէջ, ինչպէս նաեւ Նոր Նորքի այգին, Մեծամօրի թանգարանի մուտքին եւ այլուր: Որոշ վայրերու մէջ ալ, մարդիկ գտնելով վիշապաքարեր, անոնք վերածած են խաչքարերու: Այդպիսի վիշապաքար-խաչքարեր կարելի է տեսնել Վայոց ձորի Աղաւնաձոր գիւղին մէջ:

Այսօր մեծ խնդիր է վիշապներու պահպանութեան հարցը: Վիշապները պառկած վիճակէն մարդիկ շատ յաճախ փորձած են կանգնեցնել եւ սխալ դիրքով զանոնք կանգնեցուցած են՝ գլուխով դէպի վար, ինչ որ, ըստ ուսումնասիրողներու, շատ սխալ է: Վիշապներու մօտաւորապէս 150 օրինակ ծանօթ է այսօր, որոնցմէ 90-ը Հայաստանի տարածքի մէջ են։ Վիշապամարտութեան առասպելները տարածուն եղած են հայ ժողովրդական հին բանահիւսութեան մէջ (օրինակ՝ Տիգրանի, Արտաւազդի մասին վիպասանութիւններու, «Սասնայ ծռեր» դիւցազներգութեան, հեքիաթներու մէջ)։ Ատոնք յետագային թափանցած են նաեւ քրիստոնէական գրականութիւն: Ըստ առասպելի մը, վիշապը կը սպաննէ եւ զոհաբերուող կոյսը կ՚ազատէ Սուրբ Գէորգը։ Ուրիշ առասպելի մը մէջ վիշապը կը ներկայացուի արեւը կլանող, չար ու կործանարար ուժ, որուն դէմ կը մարտնչին հրեշտակները:

Ըստ Մանուկ Աբեղեանի, վիշապները նուիրուած են պանթէոնի սիրոյ աստուածուհիին՝ Աստղիկ դիցուհիին։ Գրիգոր Ղափանցեանի մեկնաբանութեամբ, ատոնք խորհրդանշած են մեռնող եւ յարութիւն առնող աստուածութիւնը՝ Արա Գեղեցիկին:

Այսպէս, հայոց լեռները իրենց դարաւոր կենսագրութեան մէջ կը պահեն այսպիսի խորհրդաւոր պատմութիւններ, մեր լեռները, բացի բնութեան մաս ըլլալէ, նաեւ ծիսական յուշարձաններ են, որոնք միշտ հետաքրքրած են ուսումնասիրողները: Եւ, Տիրինկատարի վիշապախումբը, մտնելով ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցանկ, ա՛լ աւելի պիտի մեծցնէ այդ հետաքրքրութիւնը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՉ-ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Եկեղեցիներէն, հովիտներէն, յուշարձաններէն եւ այլ նիւթական արժէքներէ զատ, Հայաստանը կարեւոր ցանկ ունի նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան մէջ:

Շատ մը ոչ-նիւթական արժէքներ, հայկական ըլլալով, մեծ արժէք կը ներկայացնեն նաեւ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան համար: Այդ ցանկին մէջ ներառուած է Քոչարի ծիսական պարը, որ կը կոչուի նաեւ անպարտելիներու պար: Այն նոյնպէս հեթանոսական շրջանէ կը ծագի եւ աւելի քան երկուհազարամեայ պատմութիւն ունի: Քոչարի խմբապարը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ ներկայիս ամենատարածուած եւ ամենապահպանուած հայկական պարն է։ Ի սկզբանէ այս ծիսական պարը նուիրուած էր պաշտամունքի կենդանի հանդիսացող խոյին, ինչ որ հին ժամանակ կը նկատէին ուժի, պայքարի եւ յաղթանակի խորհրդանիշ: Պարողները իրենց մարմիններով անառիկ պատ կը կազմեն եւ ուս-ուսի տուած կը պարեն համաչափ շարժումներով, իսկ խրոխտ մեղեդին կ՚ոգեշնչէ եւ շուրջիններուն կը ստիպէ միանալ պարին: Քոչարին նաեւ զինուորական ծիսական պար էր եւ թշնամին ահաբեկելու եւ պարողներու մարտական ոգին բարձր պահելու նպատակ ունէր:

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ-նիւթական արժէքներւ շարքին ընդգրկուած է նաեւ լաւաշը՝ Հայաստանի հիւրընկալութեան համը: Հայկական աւանդական այս հացատեսակը պարզ բաղադրութիւն ունի, բայց միեւնոյն ժամանակ խորհրդաւոր է անոր պատրաստման ընթացքը՝ կը թխեն գետնափոր թոնիրին մէջ, համախմբուած խումբով եւ ծիսական արարողութիւններով: Բարակ եւ ճերմակ այս հացի ինքնատիպութիւնը նաեւ այն է, որ մեծ քանակով կը թխուի եւ կ՚ամբարուի: Այսօր հայկական տօնական եւ առօրեայ ճաշի սեղանները անկարելի է պատկերացնել առանց լաւաշի:

«Սասնայ ծռեր» հայկական ժողովրդական ասքը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ նիւթական ժառանգութեան ցանկին մէջ մտած է 2014-ին: Վիպական բանահիւսութեան ժանրին պատկանող հերոսական այս ասքը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ օտար զաւթիչներուն դէմ մղած դարաւոր պայքարը: Ասքի հիմնական առանձնայատկութիւնը հերոսներուն անպարտելի ոգին է: Մեր ազգային ասքը նաեւ հայկական ժողովրդական աւանդութիւններու հաւաքածոյ մըն է, անոր մէջ կարելի է գտնել հայ ժողովուրդի զանազան բարբառներ, սովորութիւններ, ծէսեր: Ոգեշնչուելով «Սասնայ ծռեր»էն՝ բազմաթիւ հայազգի արուեստագէտներ արուեստի գլուխ-գործոցներ ստեղծած են:

Խաչքարերու արուեստը հերթական արժէքն է, որ մտած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկ, իբրեւ հայ ժողովրդական արուեստի իւրատեսակ դրսեւորումներէն մէկը, որ իր հետքը ձգած է նաեւ մարդկութեան պատմութեան մէջ: Խաչքարագործութեան ակունքները կը սերին տակաւին Դ. դարէն, երբ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը ընդունուած է իբրեւ պետական կրօն:

Տուտուկը կամ ծիրանափողը օտարները գերած ինքնատիպ նուագարան մըն է, որուն ակունքները նոյնպէս Հայաստանի մէջ են: Ընդգրկուելով ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ-նիւթական ժառանգութեան մէջ՝ տուտուկը ուսումնասիրութեան առարկայ դարձած է նաեւ ուրիշ ազգերու երաժիշտներու համար:

Տուտուկի մեղմ եւ յուզիչ հնչիւննները հիմնականը կը գործածուին քնարական մեղեդիներ հնչեցնելու համար, անոր արձակած ձայնը հայկական ժողովրդական պարերու եւ երգերու մէջ հիմնական տեղ ունի: Տուտուկը պարզ ձեւով պատրաստուած գործիք մըն է, բայց միեւնոյն ժամանակ, այն ունակ է վերարտադրելու բազմաձայնութիւն: Օտար շարժանկարներու մէջ, ձեռնարկներու ընթացքին տուտուկի նուագը հնչած է զանազան առիթներով:

Հայկական տառատեսակը եւ անոր մշակութային դրսեւորումները նոյնպէս իրենց արժանի տեղը ունին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ, եւ վերջապէս, 2020 թուականին այդ ցանկին մէջ իր տեղը գտաւ Սուրբ Թադէոս առաքեալի (Թադէի) վանքի ուխտագնացութիւնը Իրանի մէջ, որ հայկական դարաւոր մշակութային ներկայութեան եւ շարունակականութեան, մշակութային, կրօնական ինքնատիպութիւնը պահպանելու ջանքերու բացառիկ դրսեւորում է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 27, 2023