ԱՆԳԻՆ ՄԱՍՈՒՆՔ ԱՆՑԵԱԼԷՆ

Մենք, նախապէս, տեղեկացուցած էինք, որ Երեւանի Մատենադարանի հաւաքածոն վերջերս համալրուած է արժէքաւոր ձեռագրով մը եւս։ 1471 թուականին Երուսաղէմի մէջ ընդօրինակուած «Հրաշափառ», «Հրաշագործ» անունով Աւետարանը իր պատուաւոր տեղը գրաւած է Մատենադարանի միւս ձեռագիրներուն շարքին: Զայն Մատենադարանին նուիրաբերած են ամերիկահայ Հռիփսիմէ Տատայեան-Բարունակեան եւ իր եղբայրը՝ Հրայր Տատայեան: Արժէքաւոր այդ ձեռագիրը պահուած է Չարսանճաք գաւառակի Կոտառիճ գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ եւ երկար տարիներ անցնելով, Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն հասած է Երեւան: Ի սկզբանէ, ան չէ պատկանած Տատայեաններուն: Ձեռագիրը 1918 թուականի գարնան Երեւանի մէջ Տատայեան ընտանիքէն Եղսա անունով կնոջ մը փոխանցած է այդ գիւղէն գաղթած հիւանդ հայ մը՝ շատ հետաքրքրական պայմաններու մէջ:

Այդ թուականէն ի վեր Աւետարանը երկար ճանապարհ հարթած է։ Նախ տեղափոխուած է Ֆրանսա, ապա՝ Միացեալ Նահանգներ: 1990 թուականին այս հնագոյն Աւետարանը ժառանգած են Եղսայի թոռները՝ Հրայրը եւ Հռիփսիմէն, որոնք միասնաբար սրբօրէն պահուած թանկագին այդ ձեռագիրը Մաշտոցեան Մատենադարանին նուիրելու որոշում առած են:

Ի երախտագիտութիւն այդ նուիրատուութեան՝ Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար՝ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան Հռիփսիմէ Տատայեան-Բարունակեանն ու Հրայր Տատայեանը պարգեւատրած է «Մատենադարան» յուշամետայլով: Հրայր Տատայեան Երեւան չէ ժամանած, անոր յուշամետայլը փոխանցուած է իր թոռնիկին: Տատայեան ընտանիքը ոչ միայն փափաքած է աշխարհի որեւէ երկրի հեղինակաւոր թանգարանի մը կամ մատենադարանի մը պահ տալ այս Աւետարանը, այլ նաեւ Տիկին Հռիփսիմէ մերժած է մասնագէտներուն խորհուրդը՝ նիւթական գնահատական տալ Աւետարանին, այսինքն որոշել անոր դրամական գինը: Իսկ երբ այսպիսի ձեռագիր մը մտնէ Մատենադարան, ան կը դադրի այլեւս նիւթական արժէք ըլլալէ, կը դառնայ անգին: Բացի դարաւոր պատմութենէն ու կենսագրութենէն՝ Աւետարանը կ՚առանձնանայ նաեւ ձեռագրագիտական ինքնատպութեամբ: Մատենադարանի մասնագէտները կը վկայեն, որ սեւ ներկով մշակուած այսպիսի կողք մը առաջին անգամ կը տեսնեն: Վահան Տէր-Ղեւոնդեան նաեւ ըսած է. «Մեզի համար կարեւոր է, որ մեզի կը նուիրեն ընտանիքէ ներս պահուած, սերունդէ սերունդ փոխանցուած գիրք մը, որ ոչ միայն ազգային արժէք է, այլեւ այդ ընտանիքի համար սրբազան մասունք, ինչ որ կը կրկնապատկէ նուիրատուութեան կարեւորութիւնը»:

Հրաշափառ Աւետարանը հնագոյն ձեռագիրներու գանձարանին վերջին տարիներու ամենէն արժէքաւոր ու իւրօրինակ ձեռքբերումն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ հետագային ուսումնասիրել Երուսաղէմի հայկական գրչութեան հարուստ աւանդոյթները:

Նուիրատուութեան եւ պարգեւատրման այս արարողութենէն յետոյ ԺԱՄԱՆԱԿ Երեւանի մէջ հանդիպեցաւ Հռիփսիմէ Տատայեան-Բարունակեանին: Ան մեր ընթերցողներուն սիրով պատմեց Աւետարանի հետաքրքրքական պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ այլ մանրամասնութիւններ իրենց ընտանիքի անցած ճանապարհէն:

-Տիկին Հռիփսիմէ, ընտանեկան այդ անգին մասունքին Մատենադարանին մէջ տեղ գտնելէն ետք, ի՞նչ են Ձեր զգացումները:

-Պարտքս կատարած կը նկատեմ: Երբ պարտք ունիս եւ մինչ այդ պարտքը չհատուցանես, հանգիստ չես ըլլար: Հիմա շատ հանգիստ կը զգամ: Երկար դեգերումներէ ետք Աւետարանը գտաւ իր տեղը:

-Կը կարծէ՞ք, որ այն մարդիկը, որոնք իրենց տուներուն մէջ տակաւին ունին այսպիսի արժէքաւոր ձեռագիրներ, Ձեր այս քայլէն ոգեւոր-ւին եւ իրենք ալ այդ ձեռագիրները ի պահ տան Մատենադարանին կամ այլ հայկական կառոյցի մը:

-Յուսամ: Ոչ միայն ես, այլ շատեր այսպիսի նուիրատուութիւններ ըրած են եւ մէկը միւսէն այդ գաղափարը առած է: Եթէ կան այսպիսի ձեռագիրներ մարդոց քով եւ չեն գիտեր ինչ ընել, թերեւս լսեն հերթական անգամ մըն ալ, միտքերնին արթննայ եւ Մատենադարան, Էջմիածին, Վենետիկ կամ մնայուն տեղ մը պահ տան զանոնք:

Ինծի համար Մատենադարանը ամենէն յարմար տեղն էր, վերջապէս մասնագէտներ կան, գիտեն, թէ ինչպէ՞ս նորոգեն, ինչպէ՞ս պահեն, ցուցադրեն, ուսումնասիրեն...

-Այս Աւետարանը Ինչպէ՞ս հասած է Ձեր ընտանիքին:

-Չարսանճաք գաւառի Կոտառիճ գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ քանի մը աւետարաններէն մին եղած է այս Աւետարանը, որ ամենէն կարեւորն էր, յառաջաբանին մէջ գրուած է՝ Հրաշագործ, Հրաշափառ: Կ՚ըսեն, թէ ուխտաւորներ եւ հիւանդներ կու գային, որոնց մէջ՝ հայեր, քիւրտեր, մասնակցելու Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տարեկան անուանակոչութեան, յետոյ՝ ուրիշ օրեր ալ կու գային եւ եկեղեցւոյ սպասաւորը կը կարդար այս գիրքը եւ կը բուժուէին հիւանդ այցելուները: Ամբողջ այդ տարածքաշրջանին մէջ այս Հրաշագործ Աւետարանը նշանաւոր եղած է, այդ մասին յիշատակութիւններ կան պատմական գիրքերու մէջ:

1918 թուականին ան մեր ընտանիքին մէջ յայտնուեցաւ հետեւեալ պատմութեամբ: Իմ մեծ մայրս՝ Եղսան, Չարսանճաքի Լուսատարիչ գիւղին մէջ գործուն կին մըն էր: Ան իր տագրերուն տիկիններուն եւ անոնց զաւակներուն, ինչպէս նաեւ իր զաւկին, այսինքն իմ հօրս հետ՝ տասնմէկ-տասներկու հոգի, գաղթականութեան ժամանակ ճամբայ ելած է դէպի Հայաստան, բայց երեք տարի տեւած է իրենց ճամբորդութիւնը: Քիւրտերուն հետ մնացած են, ռուսական բանակին հետ տեղ մը կեցած են, վերջապէս, 1918 թուակաինին հասած են Երեւան: Իսկ Երեւանի մէջ դաժան օրեր էին՝ հիւանդութիւններ կային, ժանտատենդ եւ այլն: Օր մը նոյն իրենց Չարսանճաք գաւառէն, բայց Կոտառիճ գիւղէն մարդ մը, որ շատ հիւանդ էր, իմ մեծ մայրս՝ Եղսան իր քովը կը կանչէ, կ՚ըսէ՝ ես շատ կը մսիմ, ինծի վերարկու մը կամ բան մը տուէք, որ տաքնամ: Մեծ մայրս ծածկոց մը կու տայ, ան ալ կը յանձնէ այս Աւետարանը, ըսելով, թէ՝ ապաքինուելէ ետք ետ կը վերցնէ: Ինքը կ՚երեւի թէ ազատած է Ս. Գէորգ եկեղեցիէն, նոյնիսկ Ս. Գէորգ եկեղեցիի խորանի վարագոյրէն կտոր մը կտրած է, եւ Աւետարանը փաթթած է այդ կտորով: Ըսած է՝ Եղսա, քեզի կը վստահիմ, դուն քաջ, հաւատացեալ կին մըն ես, այս Աւետարանը պահէ, մինչեւ որ ես լաւանամ: Եւ, դժբախտաբար, այդ մարդը, անունն ալ չենք գիտեր, թերեւս մեծ մայրս գիտէր, մահացած է, եւ Աւետարանը մեծ մօրս քովը մնացած է: Ան մեծ հոգատարութեամբ, բծախնդրութեամբ հոգ կը տանի Աւետարանին, իսկ երբ քանի մը տարի վերջ, ընտանիքներով, ազգականներով կը գաղթեն Երեւանէն, մաս մը՝ Ամերիկա, մաս մը՝ Մարսէյլ, որոշ ազգականներ ալ Երեւան կը մնան, ինքն իրեն հետ նաեւ Աւետարանը կը վերցնէ: Հայրս Ամերիկա կ՚երթայ իր հօրեղբօրը քով, եւ Մարսէյլ գացողները յոյս ունէին հետագային բոլորը Ամերիկայի մէջ հօրս միանալու, բայց այդպէս չեղաւ, միայն Եղսա մեծ մայրիկը կրցաւ 1933 թուականի վերջաւորութեան ովկիանոսը կտրել եւ հասնիլ Ամերիկա, իր մէկ հատիկ տղուն քով, հետն ալ՝ այս Աւետարանը, նորէն քանի մը լաթերով փաթթած: Հայրս կը բնակէր Ամերիկայի ճիշդ մէջտեղը՝ Միսիսիփի գետի ափերուն քաղաք մը: Հոն մեծ մայրս ապրեցաւ տասը տարի եւ մահացաւ: Ես իրմէ ալ լսած եմ Աւետարանին պատմութիւնը, հօրմէս ալ: Երբ մեծ մայրս մահացաւ, հօրս մնաց Աւետարանը: Ես ու եղբայրս արդէն Գալիֆորնիա փոխադրը-ւած էինք, եւ հօրս մահէն ետք մայրս այս գիրքը բերաւ Գալիֆորնիա: Մայրս, մինչ այդ չէր ձգեր, որ այս Աւետարանին դըպ-չինք, նայինք. յաճախ, մէկ-երկու անգամ երբ ուզած էինք կարդալ, տեսնել, թէ մէջը ի՞նչ կայ, կը ստիպէր, որ երեք անգամ ձեռքերնիս լուայինք, զգուշութեամբ մօտենայինք, եւ քովերնիս կը կենար, որ յանկարծ չվնասէինք, սխալ բան մը չընէինք:

Մայրս ալ մահացաւ, եւ իմ քովս մնաց Աւետարանը, եղբայրս ալ վստահ էր, որ իմ քովս ապահով պիտի ըլլայ:

Քանի մը տարի ուսումնասիրեցի, հետաքրքրուեցայ զանազան թանգարաններէ, մինչեւ Նիւ Եորք տարի։ Նիւ Եորքի թանգարանը իր կարծիքը տուաւ, Լոս Անճելըս ալ թանգարաններ, գրադարաններ կային, Բրիտանական գրադարանն ալ հետաքրքրուած էր, բայց ես նախընտրեցի Երեւանի Մատենադարանին պահ տալ, եղբայրս ալ անմիջապէս համաձայնութիւն տուաւ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց:

Շիտակը՝ կը մտածէինք, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այս Աւետարանը, ո՞ր մէկ թոռնիկին պիտի յանձնենք, որպէսզի հոգ տանի անոր, եւ ի՞նչ գիտենք, թէ ի՞նչ պիտի ըլլան իրենք՝ պիտի օտարանա՞ն, օտարի հե՞տ պիտի ամուսնանան, վերջապէս Ամերիկայի մէջ կ՚ապրինք, այդ վախը միշտ ունինք, որ երախաները կրնան օտարանալ:

Ես չորս տարի առաջ Հայաստան էի, ըսի, որ այլեւս չեմ գար, տարիքս առած եմ, բայց ահաւասիկ, այս յիշարժան առիթով հոս եմ կրկին:

-Դուք ո՞ւր սորված էք մաքուր հայերէնը եւ հայկականութեան հանդէպ սէրը ուրկէ՞ է Ձեր մէջ:

-Ես Ամերիկա ծնած եմ: Հայկական դպրոց չեմ գացած: Մեր քաղաքը չկար հայկական դպրոց: Եօթ-ութ տուն հազիւ հայ կար հոն: Հայերէն բնաւ չէի գիտեր: Հայերէնս ես սորված եմ Պէյրութի մէջ: Երբ քսան տարեկան էի, ՀՕՄ-ը զիս Պէյրութ ղրկեց, որպէսզի հայերէն սորվիմ: Ծրագիր մը սկսած էր եւ զիս իբրեւ առաջին նմոյշ ղրկեց Պէյրութ, տեսնելու, թէ Ամերիկա ծնած, բոլորովին օտարութեան մէջ մեծցած մէկու մը կրնա՞ն մէկ տարի, օրը երկու ժամով հայերէն դասաւանդելով լեզուն սորվեցնել: Հետագային, ինձմէ ետք ուրիշներ ալ ղրկեցին:

Օրը մէկ ժամ Ճեմարան կ՚երթայի հայերէն սորվելու, մէկ ժամ ալ՝ հայոց պատմութեան դասընթացքներու: Պատմութեան ուսուցիչը Կարօ Սասունին էր, որ ինք ապրած էր պատմական օրեր եւ շատ հետաքրքրական ձեւով կը պատմէր: Սիմոն Վրացեանն ալ այդ ժամանակ Ճեմարանի տնօրէնն էր: Հայերէն սորվեցայ, բայց այդ մէկը շատ-շատ կանուխ էր եւ շատ առիթ չունէի հայերէն խօսելու: Երբ որ Ամերիկա վերադարձայ, առաջին տարիներուն անշուշտ լաւ կը խօսէի, բայց տարիներու ընթացքին քիչ մը լեզուս նահանջեց: Հետագային համայնքային կեանքին մէջ գործօն մասնակցութիւն ունենալով, ձեռնարկներու մասնակցելով, հայերէնս նորէն լաւացաւ, հայկական կեանքին հետ շփումը զիս շատ օգնեց: Գալիֆորնիոյ մէջ երբ ամուսնացայ, իմ կեանքս ամբողջովին հայերուն հետ եղաւ: Իմ բոլոր բարեկամներս հայ են՝ պոլսահայ, պէյրութցի, սաղիմահայ, զանազան տեղերէ եկած հայեր:

-Իսկ աշխատա՞ծ էք որեւէ կառոյցի մէջ:

-Ես պետական դպրոցներու անգլերէնի ուսուցիչ եղած եմ: Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) անդամ եղած եմ, եւ կրցածիս չափ աշխատած եմ, հիմա որ տարիքս առած եմ, քիչ մը աւելի հանգիստի շրջան է:

-Հայաստանի հետ կապը ինչպէ՞ս ստեղծած էք:

-Հինգ անգամ եկած եմ Հայաստան: Իսկ Ամերիկայի մէջ կրկին Հայաստանով կ՚ապրիմ: Առանձին կը բնակիմ, դուստրս ամուսնացած է՝ Սան Ֆրանսիսքօ կ՚ապրի, տղաս ամուսնացած է, Նիւ Եորք կը բնակի, ես առանձին մնացի, եւ ամէն առտու, համակարգիչի միջոցաւ գրեթէ երեք ժամ կը հետեւիմ հայկական լուրերուն: Տեղեակ եմ ամէն ինչէ, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ անցեալին տեղի ունեցած բոլոր ցոյցերուն ժամանակ ուղիղ եթերէն կը նայէի, արթուն կը մնայի, իրենց հետ կը զգայի, կը տառապէի: Հայ ժողովուրդին ապրումները իմ ապրումներս են: Կը փորձեմ երկու կողմերու տեսակէտները մտիկ ընել եւ դատել, քիչ մը մտահոգութիւններ կան, եւ չէինք ուզեր, որ մեր ժողովուրդը նորէն փորձութիւններու ենթարկուի:

-Ամերիկահայութեան մարտահրաւէրները ի՞նչ են այսօր Ձեր կարծիքով, մանաւանդ երիտասարդութիւնը դէպի ո՞ւր կ՚երթայ:

-Ես շատ յոյս չունիմ, որ պիտի կրնանք Ամերիկայի մէջ հայութիւնը պահել: Ատեն-ատեն զանազան գաղութներէ հայութեան հոսք կ՚ըլլար դէպի Ամերիկա, որ նոր շունչ կը բերէր, բայց որքա՞ն կրնայ ատիկա շարունակուիլ: Ժամանակին իրանահայեր եկան եւ քիչ մը հայկական կեանքը նորոգուեցաւ, ատկէ ետք Ռումանիոյ հայերը եկան, յետոյ սկսան Հայաստանէն գալ, բայց երբ այդ հոսանքը դադրի, ձուլման վտանգը շատ մեծ է: Բայց եկածներն ալ ժամանակի ընթացքին կը ձուլուին, օտարներու հետ կ՚ամուսնանան: Շատ ջանք անհրաժեշտ է հայկականութեան պահպանութեան համար, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Սփիւռքի տարածքին:

ՆՈՐ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ՝ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ

Հայաստանի կառավարութեան վերջին նիստի ընթացքին Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան նախագիծ մը ներկայացուց, որու միջոցաւ Կըր-թութեան եւ գիտութեան նախարարութեան «Մատենադարան. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկ» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը կը վերակազմակերպուի «Մատենադարան. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկ» հիմնադրամի:

Որոշման մեջ նաեւ գրուած է, որ կ՚առաջարկուի Հայաստանի Հանրապետութեան անունէն հանդէս եկող պետական կառավարման լիազօր մարմին մը սահմանել Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակել Վահան Տէր-Ղեւոնդեանը: Կը նշուի, որ Մատենադարանի ներկայ կարգավիճակը հնարաւորութիւն չ՚ընձեռներ Մատենադարանի մէջ ծաւալել լրացուցիչ ներդրումներ պահանջող աշխատանքներ՝ ատոնց մէջ ներգրաւելով սփիւռքահայ եւ տեղական բարձրորակ մասնագէտներու, ինչպէս նաեւ՝ լրացուցիչ գանձատրման համար նախաձեռնել ձեռնարկատիրական արդիւնաւէտ գործունէութիւն:

Մատենադարանի կարգավիճակի փոփոխութիւնը, ըստ այն հիմնաւորողներուն, լայն հնարաւորութիւն կու տայ աւելի ճկուն, ազատ, արդիւնաւէտ կերպով գործածել գանձատրական միջոցները, իրականացնել բազմաթիւ ներդրումային ծրագիրներ, ձեռնարկատիրական գործունէութեան այլ տեսակներ՝ հրատարակչական գործ, ցուցահանդէսային գործունէութիւն, ձեռագիրներու, արխիւային վաւերագրերու եւ հայագիտական գրականութեան ու մամուլի թարգմանութիւն, ձեռագիրներու, արխիւային վաւերագրերու ու մամուլի թուայնացման աշխատանքներ:

Հիմնադրամի կարգավիճակը կ՚ենթադրէ նաեւ աւելի բարձր ինքնուրոյնութիւն եւ ինքնակառավարում՝ ի դէմս հոգաբարձուներու խորհուրդին:

Հիմնադրամի կարգավիճակ ստացած Մատենադարանը կը դառնայ թեքնիկապէս յագեցած, կ՚ունենայ ինքնավարութեան աւելի բարձր մակարդակ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յուլիս 27, 2017