«Վարդավառ» ԵրգչախՈՒմբին Անդրանիկ Ելոյթը Յորդանանի Մէջ՝ Նուիրուած Անմահ Կոմիտաս ՎԱՐԴԱՊԵՏի Յիշատակին

Յոր­դա­նա­նա­հայ գա­ղու­թի ա­րուես­տա­սէր շրջա­նա­կը բա­ցա­ռիկ ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ ներ­կայ գտնուե­լու «Վար­դա­վառ» երգ­չա­խում­բի անդ­րա­նիկ ե­լոյ­թին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ամ­մա­նի «Հու­սէ­յին» մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն-թա­տե­րաս­րա­հին մէջ, բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ հա­շի­մա­կան ըն­տա­նի­քի իշ­խա­նու­հի Ռիմ Ա­լիի եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ Ամ­մա­նի քա­ղա­քա­պետ Ա­քըլ Պըլ­թա­ճիի:

Շնոր­հիւ հայ ա­րուես­տի կա­տա­րող, ե­րա­ժիշտ, եր­գա­հան, խմբա­վար Վար­դու­հի Թո­րո­յեան- Ներ­սէ­սեա­նի եւ ե­լոյ­թի շնոր­հա­բեր դե­րա­կա­տար­նե­րուն՝ հայ ա­րուեստն ու մշա­կոյ­թը մեծ ար­ձա­գանգ գտաւ Յոր­դա­նա­նի եւ տե­ղա­կան բազ­մա­թիւ օ­րա­թեր­թե­րու մէջ:

Օ­րուան բաց­ման խօս­քէն ետք հնչե­ցին Յոր­դա­նա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րը, ա­պա՝ Կո­մի­տա­սի եր­գե­րը, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը,  բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներն ու պա­րե­րը:

Թի­ւով ե­րե­սուն ան­դամ­նե­րէ բաղ­կա­ցած երգ­չա­խում­բը կեան­քի կո­չուե­ցաւ ըն­թա­ցիկ՝ 2016 թուա­կա­նի սե­մին: Երգ­չա­խում­բը կազ­մուե­ցաւ Յոր­դա­նա­նի հայ հա­մայն­քին հան­դէպ խմբա­վա­րին ու­նե­ցած նա­խան­ձախնդ­րու­թե­նէն:

Ամ­բողջ հա­մեր­գի ըն­թաց­քին իր փա­ռա­հեղ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէր Յոր­դա­նա­նի Ազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­նո­ցի սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­րաժշ­տա­նո­ցի տնօ­րէն, Յոր­դա­նա­նի Ազ­գա­յին նուա­գախմ­բի ղե­կա­վար մաէսթ­րօ Մու­համ­մէտ Օթ­ման Ստի­քի:

Յայ­տա­գի­րը ճոխ էր, հա­րա­զա­տու­թեամբ եւ հայ­կա­կա­նու­թեամբ լե­ցուն: Ա­նոր ըն­թաց­քին ի­րենց ձիր­քե­րը դրսե­ւո­րե­ցին բազ­մա­թիւ ան­հատ­ներ: Ամ­մա­նի Հայ օգ­նու­թեան միու­թեան «Ա­րազ» պա­րա­խում­բը (պա­րու­սոյց Ա­նի Քա­րա­լեան-Գի­զի­րեան) ներ­կա­յա­ցուց «Մա­րա­լի» մե­նա­պա­րը:

Հա­մեր­գի ա­ւար­տին խմբա­վար Վար­դու­հի Թո­րո­յեան  փակ­ման խօս­քին մէջ իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց իշ­խա­նու­հի Ռիմ Ա­լիին՝ հո­վա­նա­ւո­րու­թեան հա­մար, ինչ­-պէս նաեւ Ամ­մա­նի քա­ղա­քա­պետ Ա­քըլ Պըլ­թա­ճիին՝ ա­նոր ներ­կա­յու­թեան եւ քա­ջա­լե­րան­քին հա­մար:

Հայ եւ ա­րաբ ազ­գե­րու մշա­կոյ­թը ի­րա­րու ա­ւե­լի ծա­նօ­թաց­նե­լու նպա­տա­կով Վար­դու­հի Թո­րո­յեան բա­րի ցան­կու­թիւն յայտ­նեց, որ մօ­տիկ ա­պա­գա­յին «Վար­դա­վառ» երգ­չա­խում­բը ա­րա­բե­րէն  եր­գա­ցան­կով եւս ե­լոյթ ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Իր փակ­ման խօս­քի ա­ւար­տին խմբա­վա­րը «Վար­դա­վառ» երգ­չա­խում­բին կող­մէ պար­գե­ւատ­րեց Ազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­նո­ցի տնօ­րէն Մու­համ­մէտ Օթ­մա­նը՝ իր ազ­նիւ մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ պար­գե­ւատ­րեց Ա­րին Շա­րա­ֆը՝ որ­պէս հա­մեր­գին մաս­նակ­ցած կրտսե­րա­գոյն ան­դամ:

Քա­ղա­քա­պե­տը իր հեր­թին մե­ծա­պէս դրուա­տեց Վար­դու­հի Թո­րո­յեա­նը եւ «Վար­դա­վառ» երգ­չա­խում­բին ե­լոյ­թը, ինչ­պէս  նաեւ յա­ջո­ղու­թիւն եւ նո­րա­նոր վե­րելք­ներ մաղ­թեց բո­լո­րին:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016