ՀԵ՞ՏՔ ՄԸ ՁԳԱԾ ԵՍ ԿԵԱՆՔԻԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ

«Զբաղած եմ, գլուխս քերելու ժամանակ չունիմ», «Ծանրաբեռնուած եմ», «Ժամանակս ոսկի է»։ Նման յանկերգներով կրկնուող պատճառաբանութիւնները՝ խօսելու սովորութենականացած ձեւ մըն են այլեւս, որ ստէպ կը գործածուին որպէս պատրուակ՝ պատասխանատուութենէ փախուստի, յանձնառութենէ խուսափումի, կամ, թերացումի պարագային՝ ինքնարդարացման։

Մերօրեայ կեանքը իր բազմակնճիռ ու բազմակերտ երեսներով, երեւոյթներով ու դիմայեղութիւններով, մարդուս կեանքը վերածած է լոկ ճեպընթաց կեանքի մը՝ մարդ անհատը դարձնելով անպատասխատու՝ իր գործին, անփոյթ՝ իր անձին, անտարբեր՝ իր շրջապատին նկատմամբ։ Աշխարհին տակաւին նոր բացուած երիտասարդը կը ջանայ իր կեանքը ապրիլ, իր ժամանակը լեցնել այնպիսի ստորաքարշ վայելքներով, որոնք ո՛չ միայն իր ժամանակը յումպէտս կը վատնեն, այլեւ զինք գերի կը դարձնեն իրեն քաղցր թուացող չարախինդ մոլութեանց։ Իր բովանդակ կեանքը այսպէս ապրած երիտասարդը, խոր ծերութեան հասած՝ երբ կը նայի իր պատանեկութեան ու երիտասարդութեան կեանքին, այնտեղ միայն կը տեսնէ պոռոտ գունաւորումներով, աննպատակ արարքներով եւ զազրելի մեղքերով լի կեանք մը։ Ահա ա՛յն ատեն կը զղջայ, կ՚ուզէ ետ դարձ մը կատարել՝ գէթ իր կեանքը փոխելու համար, բայց օրերը իբրեւ «անդարձ» ժամանակ անցած են։ Ժամանակին մէջ ինք ապրած է եւ այդ ապրումը խորաքանդակուած ու դաջուած է իր հոգիին մէջ, չէ անհետացած, որովհետեւ իր հոգին ու յիշողութիւնը ժամանակի թաւալքէն չեն նուաճուած եւ երբեք պիտի չանհետանան ու չթաղուին ժամանակին հետ։

Արիստոտէլ ժամանակի բնոյթի մասին խօսելով՝ կ՚ըսէ. «Ժամանակի  մէկ մասը՝ անցեալը անցած է եւ ան այլեւս չկայ. ուրիշը՝ ապագան պիտի ըլլայ. բայց տակաւին չկայ։ Այս մասերէն է, որ կը կազմուին թէ՛ յաւերժական ժամանակը եւ թէ ժամանակէն առանձնացուող իւրաքանչիւր հատուած»։ Ժամանակի գոյութեան խնդիրը ձեւակերպելով որպէս որոշակի ինքնուրոյն էութիւն՝ Արիստոտէլ այնուհետեւ ժամանակի գոյութիւնը շարժման հետ կը կապէ՝ բացատրելով. որ ժամանակը շարժման չափն է։ Այսպէս. եթէ «հիման» ամէն անգամ տարբեր չըլլար. այլ՝ միանուագ եւ միապաղաղ, այդ պարագային «հիման» մեզի համար աննկատելի պիտի դառնար եւ պիտի չզգայինք ժամանակային ընթացքն ու թաւալքը։ Արիստոտէլ պարզաբանելով ժամանակի հաւասարաչափութիւնը, եզրակացուցած է՝ ըսելով. «ժամանակը հաւասարաչափ է ամէնուր եւ ամէն ինչի մէջ։ Փոփոխութիւնը կրնայ արագ եւ դանդաղ ըլլալ. բայց ժամանակը՝ երբե՛ք»։

Ժամանակին մէջ ապրիլը, գոյատեւելը մեր մարդկային բնութեան բերումն է, ձեւով մը՝ մեր բնութեան «պարտադրանքը»։ Իւրաքանչիւր գոյակ, որ կը ծնի, կը շնչէ, կ՚աճի՝ ժամանակի հոլովոյթին մէջ մտած կ՚ըլլայ, մինչեւ որ այլեւս աճումը դադրի եւ քայքայումը վրայ հասնի մահուամբ։ «Սա մեր բնութեան մէջ գրուած օրէնք է, մեր ճակտի գիրն է», ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական առածը։

Ժամանակը առհասարակ սահմանուած է որպէս «ակնթարթային անցք մը անցեալին եւ ապագային միջեւ՝ պահ մը ապագայէն պոկուած ու նուաճուած, ապա անմիջապէս անցեալին շղթայուող եթերային նօսրութեամբ թել մը» (Գարեգին Ա. Կաթողիկոս)։ Ոմանց համարժամանակը վիշտերու, դառնութեանց ու սպիներու բալասան է, որ կ՚ամոքէ բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։ Ոմանց համար ժամանակը կը ներկայանայ որպէս հանգրուան մը՝ տխրութենէն դէպի ուրախութիւն թեւակոխելու միջոց։ Իսկ ոմանց համար ալ ժամանակը եւ կեանքը իրարու հետ աղերսուած գործօններ են, ուր ժամանակը կը ներկայացուի դէպի կատարելագործութիւն ձգտող կեանքի յառաջխաղացք։ Տարիներու հոլովոյթը այդ յառաջխաղացքին քայլափոխերն են եւ որ իր վախճանը կը գտնէ կեանքի լրումին եւ աստուածային յաւերժութեան մէջ։

Մարդ ամենէն շատ տառապող արարածն է բոլոր կենդանիներուն մէջ, որովհետեւ բաժնուած է երկու աշխարհներու՝ հունաւորին՝ աշխարհին եւ անհունին՝ անդենականին միջեւ։ Ահա կեանքի այս երկեակ «անսահման» տարածքներու առկայութիւնն է, որ կը ստեղծէ մարդու կեանքին առեղծուածային թնճուկը. խոտի նման ժամանակաւոր կեա՞նք ունենալ, կամ անժամանցելի արժէքներով դրսեւորուած կեանք մը ապրիլ։ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Ժամանակը ինծի համար այն կտաւն է, որուն վրայ մարդ իր կեանքի արուեստովը պատկեր մը կը դրոշմէ. եւ այդ պատկերն է որ կտաւը կը փռէ կտաւութեան ինքնիրմով «չէզոք», անիմաստ գոյութենէն եւ բնական փճացումէն։ Կտաւը սոսկ իբրեւ կտաւ գործածողն է որ կը նոյնանայ կտաւութեան ճակատագրին հետ։ Կտաւը իբրեւ պաստառ գործածողը այլ իմն գոյութեան մը ծիրի մէջ կը մտնէ, ուր ժամանակը իշխանութենէ կը դադրի»։

Ժամանակին ինքնակոչ տիրակալը՝ մարդը դժբախտաբար զայն տարբեր նպատակներու համար կը չարաշահէ ու կը գործածէ։ Այսպէս, ոմանք իրենց անցաւոր կեանքին մէջ անանց ապրումներուն աւելի կարեւորութիւն կ՚ընծայեն՝ դառնալով ժառանգորդ յաւիտենականութեան։ Իսկ ուրիշներ «կեր, արբ եւ ուրախ լեր», «հագուէ, շքուէ ու պտտէ», «շաղակրատէ, զրաբանէ ու բամբասէ» կենցաղակերպերով՝ իրենց կեանքը վերածած են հաճոյաձիգ վայելքներով ցոփ կեանքի մը։ Կան մարդիկ, որոնց կեանքի կիզակէտը իրենց ժամանակը արժեւորելն ու արդիւնաւորելն է՝ յօգուտ իրենց անձին եւ շրջապատին։ Իսկ մարդիկ ալ կան, որոնք իրենց ժամանակը անցընելու սիրոյն՝ զայն անմտաբար կը սպաննեն։ Վերջապէս, անձեր ալ կան, որոնց օրերը, տարիները, ժամանակը, կեանքը շա՜տ երկար կը թուին, որովհետեւ իրենց կեանքը «հիմնաւորած են» ունայնութեանց եւ դատարկութեանց վրայ։ Մինչդեռ աշխատունակ մարդուն համար ժամանակը շուտ կ՚անցնի եւ անոր արագ թռչիլն անգամ չի զգար, նման այն երկրագործին, որ առանց ետեւը նայելու շարունակ կ՚աշխատի, կը հերկէ, կը վարէ, եւ ժամանակ մը ետք կը տեսնէ, թէ ամէն դժուարութիւն հարթուած է եւ աշխատութիւնը աւարտած՝ շնորհիւ իր յարատեւ ջանադրութեան։ Զուր տեղը չէ ըսուած, թէ «Ժամանակը յամրընթաց է անոնց համար, որոնք կը սպասեն։ Շատ արագ է անոնց համար, որոնք կը վախնան։ Խիստ երկար է անոնց համար, որոնք կը տառապին։ Խիստ կարճ է անոնց համար, որոնք կը զուարճանան։ Բայց՝ անոնց համար, որոնք կը սիրեն՝ ժամանակը յաւերժութիւն է»։

Լսուած խօսք է, թէ «Ժամանակը ոսկի է»։ «Լոզունգ» դարձած այս խօսքը «զբաղուած» մարդոց մնայուն «խաղաքարտն» է։ Ի տարբերութիւն դրամին. ժամանակը կարելի չէ կուտակել՝ ապագային օգտագործելու նպատակով։ Ոչ ոք կրնայ ժամանակը տնտեսել՝ եթէ զայն չօգտագործէ։ Ժամանակը արագահոս գետի նման է, որ վարարուն առաջ կ՚ընթանայ։ Կարելի չէ զայն կանգնեցնել եւ կամ՝ անոր ամէն մէկ կաթիլը օգտագործել։ Նախնադարուն մարդիկ գետերու ափերուն մօտ ջրանիւներ կը կառուցէին՝ անոնց միջոցաւ հոսող ջուրէն ուժ ստանալու եւ իրենց սղոցամեքենաները. աղացաքարերը եւ մուրճերը բանեցնելու համար։ Այդպէս ալ ժամանակը։ Չես կրնար «ամբարել» զայն. բայց կրնաս օգտագործել՝ կեանքդ իմաստաւորելով եւ արժեւորելով։ Իսկ եթէ քեզի տրամադրուած ժամանակը չգործածես՝ ան միանգամընդմիշտ պիտի անցնի, բայց անոր զուգընթաց՝ դուն ալ պիտի «անցնիս»։ Պիտի «անցնիս» տարիքովդ, արարքներովդ, սովորութեամբդ, նկարագրովդ, սակայն յետոյ պիտի յիշուի՞ս։ Ժամանակին մէջ յիշուելու համար, պէտք է «ներդրում» կատարես՝ դուն քեզ բարի գործերով զսպանակելով, մարդավայել արարքներ դրսեւորելով եւ բարոյական արժէքներու համահունչ կեանք մը ապրելով։ Պերլինկ ժամանակը կը բնութագրէ՝ ըսելով. «Ժամանակը հոյակապ ուսուցիչ է. սակայն. ցաւօք. ան իր աշակերտները ծերութեամբ կը սպառնայ»։

Պահ մը պատկերացուր, որ ամէն առաւօտ դրամատուն մը (bank) հաշուեհամարիդ մեծ գումար մը կը փոխանցէ։ Այս դրամատան պայմանը այն է, որ եթէ չկարողանաս այդ դրամը գործածել, ապա ան գիշերուայ ժամը 12.00-էն ետք կը դատարկուի։ Բնական է, որ ով ալ ըլլար այդ հաշուեհամարի տէրը, ոգի ի բռին պիտի աշխատէր ամբողջ գումարը օգտագործել՝ այս բարեպահեհ առիթը չփախցնելու համար: Իսկ այդ հաշուեհամարին անունը ի՞նչ է. ԺԱՄԱՆԱԿ: Այս ժամանակ-դրամատունը պահեստային ֆոնտեր չունի եւ ոչ ալ կրնաս փոխանցումներ կատարել՝ տրամադրուած «գումարը» փրկելու համար։ Եթէ «գումարը» կրցար գործածել. լաւ. եթէ ոչ՝ կը կորսուի։ Այլընտրանք եւ ետ դարձի ճանապարհ չկայ։ Պէտք է ապրիս ներկայով. այսօրուայ «գումարով»՝ ընձեռուած հնարաւորութիւնները լիարժէք օգտագործելով եւ աշխատանքիդ մէջ առաջընթաց արձանագրելով: Միշտ յիշէ՛, որ միակ մնացորդը, որ վերամշակման ենթակայ չէ՝ անիմաստ ծախսուած ժամանակն է:

Ժամանակի մէջ ապրող արարածդ պէտք չէ միայն ժամանակդ օգտագործես անձնական գործերդ առաջ տանելու համար, այլեւ՝ պէտք է կեանքիդ ժամանակը աղո՛վ համեմես։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Դուք էք երկրի աղը։ Բայց եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի աղեն զայն։ Այլեւս ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ, հապա զայն կը թափեն, եւ մարդոց ոտքի կոխան կը դառնայ» (Մտ 5.13)։ Աղը խորհրդանիշ է անապականութեան։ Ինչպէս աղը հեռու կը պահէ ուտելիքը նեխածութենէ, փճացումէ եւ ապականութենէ, այնպէս ալ իր կեանքի ժամանակը աղով «համեմած» մարդը հեռու կը մնայ մակերեսային կեանքէ, շաղփաղփութենէ, հաճոյաձիգ ցանկութիւններէ, հոգիի նեխածութենէ եւ բարոյական ապականութենէ։ Առանձին պահուած աղը ո՛չ մէկ օգուտ ունի։ Աղը արժէք կը ստանայ՝ երբ գործածութեան կը դրուի ժամանակի հոսունութեանը մէջ։ Այս իմաստով, հաւատացեալ մարդուն ներկայութիւնը ժամանակաւոր այս աշխարհին մէջ ո՛չ միայն մաքուր ներկայութիւն մը պէտք է ըլլայ, այլեւ մաքրող ներկայութիւն մը, աղող ներկայութիւն մը։

Օր մը «Անցեալը». «Ներկան» ու «Ապագան» կը հանդիպին ու կը սկսին վիճիլ, թէ ո՞վ մարդուն համար աւելի կարեւոր է: Անցեալը կ՚ըսէ.

-Մարդու համար ես ամենակարեւորն եմ եւ անընդհատ անոր յիշողութեան մէջն եմ։ Ես անոր ամէն ինչ սորվեցուցած եմ։ Զիս հաշուի առնելով՝ ան որոշումներ կը կայացնէ։

Ապագան կը լսէ անցեալի խօսքերը ու կը պատասխանէ.

-Ես համաձայն չեմ անցեալի հետ։ Եթէ ես գոյութիւն չունենամ՝ մարդ չի կրնար զարգանալ։ Իսկ եթէ ես չըլլամ, ապա ան որո՞ւ մասին պիտի մտածէ։ Ես մարդու երազներուն ու նպատակներուն մէջն եմ։ Ուստի, անոր համար կարեւորագոյնը ապագան է:

-Է՜հ, ընկերնե՛ր. իրականութիւնը շրջանցած էք։ Մարդու անցեալն ու ներկան միայն իր մտքին մէջն են։ Անցեալ. դուն արդէն չկաս. իսկ դուն ապագայ. տակաւին գոյութիւն չունիս։ Միայն ես եմ՝ ներկան. որուն մէջ մարդը կայ եւ կ՚ապրի։

Առակագիրը պատմութիւնը յորդորով մը կ՚եզրափակէ. «Ներկայով ապրէ. անցեալը ետ չես կրնար բերել. իսկ ապագան միշտ վարդագոյն է եւ դեռ չէ եկած։ Երազէ. բայց ներկային մէջ ապրէ եւ գործէ»։

Սիրելի՛ ընթերցող, ժամանակը ջուրի նման կու գայ ու կ՚երթայ։ Ջուրը դէպի երկինք կը շոգիանայ, ամպերուն մէջ կը մեռնի ու կը չքանայ, եւ ապա անձրեւին հետ միասին կը վերածնի ու կը վերադառնայ որպէս գետ ու առու, աղբիւր եւ լիճ, ծով ու ովկիանոս։ Նոյնպէս ժամանակի հոսանքին մէջ ապրող արարածդ, գիտակցութեանդ զօրութեամբը եւ կարողութեամբդ կը զգաս յորձանուտին հոսունութիւնը։ Դո՛ւն ես, որ այդ ահեղավազ հոսանքին մէջ կը բռնես մնայնութիւն մը՝ հետք մը դրոշմելով ժամանակին վրայ, որ կը փրկէ ժամանակը մահուան մագիլներէն ու կը յանձնէ զայն պատմութեան՝ մարդկութեան կենդանի յիշողութեան։

Հետք մը թողա՞ծ ես կեանքիդ ժամանակին մէջ, թէ՞ ոչ «ժամանակ չունիմ» յանկերգով փախուստ տուած ես պատասխանատուութիւններէդ եւ պարտաւորութիւններէդ։ Անցած ժամանակը անցած է, քեզի չի՛ պատկանիր։ Կորսուած ժամերդ անգամ մըն ալ ետ չեն դառնար, երիտասարդութիւնդ անգամ մըն ալ ձեռք բերելը անկարելի է։ Ինչ որ պիտի ընես, հիմա՛ ըրէ, որովհետեւ վաղը հաւանաբար ուշ ըլլայ։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2017