ԴԵՐԱՍԱՆ ՍՈՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Շաբաթավերջին Երեւանի մէջ ոգեկոչուեցաւ յայտնի ու սիրուած դերասան Սոս Սարգսեան։ Իր տարեդարձին օրը՝ Հոկտեմբերի 24-ին մայրաքաղաքի Տէրեան փողոցի թիւ 65 շէնքին վրայ զետեղուած եւ իր յիշատակին ձօնուած յուշատախտակը բացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Իր ապրած բնակարանին վրայ այսպէսով անմահացաւ ժողովրդական արուեստագէտ Սոս Սարգսեանի յիշատակը։ Հայաքոյթի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի մտաւորական աշխարհէն խումբ մը յայտնի դէմքեր. օրինակ՝ Զօրի Բալայեան, Լեւոն Իգիդեան, Դաւիթ Մուրատեան, Վարդան Մկրտչեան եւ այլք։ Յուշատախտակի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ պատասխանատուներ։