«ՆՌԱՆ ՀԱՏԻԿ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ 17-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
«Նռան հատիկ» մանկապատանեկան թատերական 17-րդ հանրապետական փառատօնի նպատակներէն մէկն է տաղանդաւոր եւ գործունեայ թատերախումբերը բացայայտելն ու անոնց համար փորձի փոխանակման հարթակ ստեղծելը։ Փառատօնը այս տարի կը կրէ «Արեւը բոլորինն է» խորագիրը։ Ան տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբեր 30-Նոյեմբեր 4 թուականներու միջեւ։ Այս մասին մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին փառատօնի կազմակերպիչներն ու աջակիցները։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, «Նախաբեմ» կրթամշակութային ընկերակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գարիկ Ղազարեան նշեց, որ փառատօնը մրցութային չէ եւ չունի դատակազմ։ «Թատերասէրները ներկայացումները կրնան դիտել Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնին եւ Անանիա Շիրակացիի անուան ճեմարանին մէջ։ Բեմադրութիւն մը կը ցուցադրուի Խամաճիկներու պետական թատրոնին մէջ։ Փառատօնին այս տարի կը մասնակցին 40 թատերախումբ՝ 42 ներկայացմամբ։ Մասնակիցներու կարգին են նաեւ հաշմանդամութիւն եւ մտաւոր խնդիրներ ունեցող երախաներ, որոնք առանց բարդութիւններու բեմ կը բարձրանան եւ սիրով կը խաղան։ Խաղացանկին մէջ ընդրկուած են Ուիլիըմ Շէյքսփիրի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Կրիմ եղբայրներու, Հանս Քրիստիան Անտերսընի ստեղծագործութիւններու հիման վրայ բեմադրուած գործեր», ըսաւ ան։
Փառատօնի նախագահ Արուսեակ Մանթաշեանի խօսքով՝ փառատօնին 12 նոր թատերախումբեր միացած են Գեղարքունիքի, Լոռիի, Արմաւիրի, Արարատի, Տաւուշի մարզերէն եւ Երեւանէն։ «Մեր փառատօնի առաջնային նպատակներէն մէկը այն է, որ «Թատրոն» առարկան ընդգրկուի դպրոցի մէջ դասաւանդուող առարկաներու ցանկին վրայ, որ դպրոցական նստարանէն երեխաները լաւ գրականութիւն կարդան, գրական հայերէնով խօսին», ընդգծեց ան։
«Համոզուած եմ, որ սա մեծ տօն է ոչ միայն մանուկներու, այլեւ հասուն թատերասէրներու համար, որոնք կրնան յիշել իրենց մանկութիւնը, պատանեկութիւնը։ Տարիներու ընթացքին փառատօնը ընդլայնած է իր աշխարհագրութիւնը՝ ներառելով Հայաստանի գրեթէ բոլոր մարզերը։ Յուսանք՝ յաջորդ տարի մեզի կը միանայ նաեւ Սիւնիքի մարզը», ըսաւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի ժամանակակից արուեստի վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Նաիրա Հայրապետեան։
«Նախաբեմ» կրթամշակութային ընկերութիւն» հասարակական կազմակերպութեան պատուակալ նախագահ բեմադրիչ եւ դերասան Եդուարդ Մանարեանն ալ ըսաւ, որ փառատօնը արդէն հասուն եւ գեղեցիկ պատանի է։
«Նռան հատիկ» մանկապատանեկան թատերական 17-րդ հանրապետական փառատօնը կ՚իրականացուի Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «Նախաբեմ» կրթամշակութային ընկերութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ։
«Նախաբեմ»ը ստեղծուած է 2001 թուականին թատրոնի նուիրեալներու նախաձեռնութեամբ։ Կազմակերպութեան նպատակն է աջակցիլ մանկապատանեկան թատերական արուեստի զարգացման ու աւանդոյթներու ձեւաւորման, համախմբել եւ համակարգել Հայաստանի մէջ գործող թատերական մանկապատանեկան խուբերը, աջակցիլ նորերու ստեղծման ու կայացման։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024