ՈԳԵՇՆՉՈՂ ԿԵՐՊԱՐ
Աշխարհի ամենայայտնի մուկը՝ Միքի Մաուսը կը նշէ 90-ամեակը: Այս առթիւ շուրջ ամիս մը աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ կլոր ականջներով Մուկը տարբեր ձեռնարկներով կը յիշեցնէ 90 տարի առաջ իր յաղթական մուտքը ամերիկեան մշակոյթ:
Նիւ Եորքի մէջ բացուած է թեմաթիք ցուցադրութիւն մը ի պատիւ Միքի Մաուսի 90-ամեակին: Լոնտոնի մէջ վաճառքի հանուած են հերոսին մասնակցութեամբ Տիզնիի առաջին ցուցապաստառները։ Օրեր առաջ Տիզնիի հեռուստաալիքով տեղի ունեցած է «Միքի Մաուս» շարժուն ծաղրանկարի տօնական թողարկման առաջնախաղը, որուն մէջ կը ներկայանան Միքին, ծաղրաշարի հերոսներ՝ Կուֆին, Տանըլտն ու Տէյզին, որոնք հսկայական կարկանդակ մը կը պատրաստեն Միքիի ծննդեան համար: Նորաձեւութեան աշխարհը նոյնպէս կը տօնէ մուկի ծնունդը՝ թողարկելով նոր հագուստներ, պայուսակներ ու զարդեր, որոնց վրայ կայ պզտիկ մուկին նկարը:
Ամերիկեան «Տիզնի» հանրահռչակ ընկերութեան գլխաւոր խորհրդանիշը, 90 տարի շարունակ, ոչ մէկ օր դադրած է ձանձրալի կամ ժամանակավրէպ ըլլալէ: Ծիծաղաշարժ այս կերպարը ստեղծող, առասպելական ոգեշնչող Ուոլթ Տիզնիի թեթեւ ձեռքով Միքի Մաուսը դարձած է ոչ միայն շարժուն ծիծաղաշարի, այլեւ մանկական ժամանցային ասպարէզի համաշխարհային խորհրդանիշ: 18 նոյեմբեր 1928 թուականին ութ վայրկեաննոց «Ուիլիի շոգենաւը» շարժանկարին մէջ կլոր ականջներով փոքրիկ կրծողը շարժանաւակ կը վարէ ու կը զուարճացնէ իր ընկերուհին՝ Մինի Մկնիկը: Նիւ Եորքի շարժանկարի սրահներէն մէկուն մէջ ցուցադրուած այդ թողարկումէն ետք Միքի Մկնիկին կերպարը յայտնուած է բոլոր այն վայրերը, ուր կրնար յայտնուիլ՝ հագուստէն մինչեւ սպասք, գրիչներէն մինչեւ ծածկոցներ, նորաձեւութիւն եւ շոու պիզնըս: Անոր կերպարով զարդարուած են պատեր, պաստառներ, սրահներ, այգիներ, գրուած են գիրքեր, թողարկուած են ամսագրեր, հեռատեսիլի ծրագրեր: Միքի Մաուսի տեսքով արտադրուած խաղալիքները թերեւս անգերազանցելի եղած են որեւէ կերպարի տեսքով ստեղծուած խաղալիքներուն մէջ: Հերոսը անմիջապէս դարձած է պզտիկներուն սիրելի Տիզնիի կերպարը՝ մեծ օգուտներ բերելով սթիւտիոյին եւ զայն յօրինողներուն: Զայն կը ճանչնան աշխարհի բոլոր վայրերու մէջ:
Ամերիկեան մամուլը Մկնիկին 90-ամեակին առթիւ գրած է, որ միջին հաշուով երեք տարի ապրող մուկերուն համար պատմական իրադարձութիւն մըն է 90 տարեկան ցեղակից մը ունենալը:
Հակառակ 90 տարեկան ըլլալուն՝ Միքի երբեք չէ մեծցած. ան միշտ նոյն պզտիկ, զուարճալի մուկն է, աշխարհի միակ մուկը, որ «Օսքար» ստացած է:
Ուոլթ Տիզնին, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին սարսափած է մուկերէն, ստեղծած է Միքի Մուկը, որ համաշխարհային համբաւ բերած է իրեն եւ դարձած իր ամենասիրելի կերպարը։ «Ես շատ կիներու հանդիպած եմ, բայց Միքին միշտ անոնցմէ շատ սիրած եմ», ըսած է Տիզնի, բայց Միքիին անունին համար պարտական է իր կնոջ, քանի որ ան է, որ համոզած է ամուսինը ընտրել այդ անունը: Մինչ այդ մուկը ուրիշ անուն մը ունէր՝ Մորթիմէր:
Ուոլթ Տիզնի իր դաժան մանկութեան տարիներուն նոյնիսկ չէր պատկերացներ, որ իր մանկական երազանքը թեւեր կ՚առնէ եւ սկիզբ կը դնէ ամերիկեան շարժուն ծիծաղաշարի արդիւնաբերութեան: Ապագայ նշանաւոր բեմադրիչը, ձեռնարկատէրը ստիպուած էր աշխատիլ հինգ տարեկանէն՝ փողոցներու եւ գնացքներու մէջ թերթ, կաթ եւ զովացուցիչ հիւթեր վաճառելով: Ուոլթ Տիզնին եւ իր եղբայրը՝ Ռոյը ամէն օր կ՚արթննային առաւօտեան 04.30-ին, որպէսզի նախքան դպրոց երթալը առաքէին «Թայմզ» թերթը եւ նոյնը կ՚ընէին երեկոյեան՝ դասերէն ետք, «Սթար» թերթին համար։ Անոնց օրը շատ յոգնեցուցիչ կ՚անցնէր եւ Տիզնին յաճախ ցած նիշեր կը ստանար դասերուն ընթացքին քնանալուն հետեւանքով. բայց ան, այնուամենայնիւ, աւելի քան վեց տարի շարունակեց լրագիրներ առաքել։
Ան կը սիրէր նկարել, սակայն խիստ ու աւանդապահ ընտանիքը լուրջ չէր վերաբերեր անոր այդ հակումին: Հայրը անվերջ ծեծի կ՚ենթարկէր երեխաները, իսկ նկարիչները կ՚անուանէր անբան ու մակաբոյծ մարդիկ: Ուոլթ Տիզնի չէր համարձակեր բարձրաձայն խօսիլ իր երազանքին մասին այն տունին մէջ, ուր թուղթ եւ մատիտ նոյնիսկ չկար: Ան ածուխով կը նկարէր թուղթէ կոշտ թաշկինակներուն եւ պատերուն վրայ եւ կ՚երազէր ծաղրաշարեր ստեղծելու մասին: Իր առաջին նկարները նկատած են դրացիները, որոնք առաջարկած են փողոցը վաճառել նաեւ պզտիկ թուղթերու վրայ գծուած այդ պատկերները եւ Տիզնին քանի մը սենթով սկսած է վաճառիլ նաեւ զանոնք: Այդ համարձակ քայլէն քառասուն տարի ետք, նոյն այդ գծանկարները սկսած էին արդէն վաճառուիլ աճուրդներու մէջ: Բայց, մինչ այդ, Տիզնիին մեծ անկումներ եւ դժուարութիւններ ուղեկցած են: Անոր անընդհատ կը հեռացնէին աշխատանքէն, կը գողնային անոր գաղափարները, կը դադրեցնէին հովանաւորութիւնը, կը խախտէին պայմանագրերը, սակայն այդ բոլորը երբեք չեն կոտրած անոր վճռակամութիւնը։ «Երբ իմ գործերս լաւ չեն ընթանար, ես աւելի վճռական կը դառնամ: Այնպէս որ կեանքին հարուածները ինծի միայն օգուտ կու տան», ըսած է ան:
Երկար պայքարած է. յաջողութիւնը մէկ անգամէն չէ, որ այցելած է իրեն: 1920 թուականին ան աւարտած է Շիքակոյի արուեստի համալսարանը: Հոլիվուտի մէջ, ուր ան մեկնած էր նոր կեանքի սկսելու, ժպիտով չեն ընդունած զայն: Միայն անքուն գիշերներու, աշխատասիրութեան, սթիւտիոյի մէջ անվերջ աշխատելու, պայքարի շնորհիւ է, որ Տիզնի հարթած է իր ճանապարհը եւ շունչ տուած է երազանքին: Ահա ինչպիսի դժուարութեամբ ստեղծուած են սիրելի շարժանկարները: Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին Տիզնի նկարած է 600-է աւելի մանկական շարժուն պատկերանկար: 1928 թուականին Միքի Մաուսին կերպարը ստեղծած է Ուպ Այվերքսի հետ, որու մասնակցութեամբ յօրինուած է շուրջ 100 շարժանկար: Մինչեւ 1947 թուականը Տիզնին անձամբ կը խօսէր Միքիին դերին մէջ, սակայն յետագային ան կամովին հրաժարած է, քանի որ ծխախոտի հետեւանքով ձայնը խժալուր դարձած էր: Ամերիկացիները այնքան սիրած են Միքին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութիւններուն ժամանակ յաճախ պատահած է, որ բոլոր թեկնածուներուն անունները ջնջուած են եւ թերթիկին վրայ գրուած է՝ Միքի Մաուս: Միքին անպաշտօն ձեւով մասնակցելով նախագահական ընտրութիւններուն, միշտ ձայներու որոշ տոկոս մը հաւաքած է: Տիզնին ունեցած է երազանք մը եւս՝ ստեղծել այնպիսի զբօսայգի մը, ուր ամբողջ ընտանիքը կրնայ ժամանակ անցընել: Թերեւս իր տխուր մանկութենէն եկած երազանք մըն էր, որ ան ի վերջոյ իրականութիւն դարձուցած է եւ 1955 թուականին հիմնուած է Տիզնէյլանտը՝ Տիզնին տխուր երազողէն վերածելով յաջողակ ձեռնարկատիրոջ: Այնքան սիրելով երեխաները՝ ան այգիին մէջ «բնակեցուցած» է իր հնչուն շարժանկարներուն հերոսները։ Այստեղ փառաւոր տեղ գտած է ոչ միայն Միքին, այլեւ Տիզնիի միւս հռչակաւոր հերոսները՝ Տանըլտ Պատը՝ նաւաստիի հագուստով, գլխարկով եւ փողկապով, Ձիւնաթոյրն ու եօթ թզուկները, երեք խոզուկները, Փինոքիոն, Պամպին, Ալիսը, Քնացած գեղեցկուհին եւ միւս հռչակաւոր հերոսները, որոնց մասին ծաղրաշարերը պակաս սիրուած չեն, ինչպէս Միքի մաուսինները:
Գալիֆորնիոյ նահանգի Անահայմ քաղաքին մէջ ստեղծուած Տիզնէյլանտի մուտքին գրուած է. «Բարի գալուստ բոլոր անոնց, որոնք հոս ուրախութիւն կը գտնեն»։ 1955 թուականին, երբ բացուեցաւ Տիզնէյլանտը, բացման արարողութիւնը կը հեռարձակուէր «Էյ.Պի.Սի.» հեռուստաալիքով, որուն հետեւողներուն թիւը հասաւ 70 հազարի:
Այս այգիէն զատ Տիզնին նաեւ զուարճանքի եւ ուսուցողական այլ վայրեր ստեղծած է, ունէր նաեւ փորձարարական այգիներ ստեղծելու գաղափարներ, սակայն 1966 թուականին ան մահացաւ՝ պատմութեան մէջ մնալով ընտանեկան ծաղրաշարեր ստեղծող ամերիկեան ամենանշանաւոր մարդը, որ ստացած է Ոսկէ կլոպուսներ, «Էմմի» մրցանակներ, քսանէ աւելի Օսքարներ, նախագահական բարձրագոյն մրցանակներ Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ: Քոնկրէսի գրադարանը անոր շարժանկարներէն շատերը ներառած է Ազգային շարժանկարի արձանագրատան մէջ, իսկ Հոլիվուտի փառքի ճեմուղիին վրայ աստղերու արժանացած են ինքը՝ Տիզնին եւ իր դիպաշարին հերոսները: 1978 թուականին Միքի Մաուս իր սեփական աստղը ունեցած է Հոլիվուտի փառքի ճեմուղիին վրայ:
Ճիշդ է, որ Միքի Մաուսի ծննդեան օրը կը նկատուի 18 նոյեմբեր 1928 թուականը, սակայն մարդանման մուկը առաջին անգամ երեւցած է 15 մայիս 1928 թուականին՝ «Խենթ օդանաւ» շարժուն ծաղրանկարին մէջ, իսկ 18 նոյեմբերին առաջին անգամ աշխարհի տարածքին ցուցադրուեցաւ անոր մասնակցութեամբ «Նաւավար Վիլին»: Միքին կը խօսէր բարձր եւ բարակ ձայնով: Ան ճերմակ ձեռնոցներ չէ կրած մինչեւ 1929 թուականի մարտ 28-ը, երբ ցուցադրուեցաւ «Գիւղական օփերա 1929» ծաղրանկարը: Այս նկարին մէջ մկնիկը յաճախ կը յայտնուէր ճերմակ ձեռնոցներով՝ դաշնակահարի դերին մէջ: Ձեռնոցին հակառակ կողմին վրայ կային երեք սեւ գիծեր, որոնք այն ժամանակուան մանկական ձեռնոցներուն բնորոշ տարրեր էին: Յետագային, զանազան դերերու մէջ հանդէս եկած Մուկը, ստեղծած է բազմազան հերոսներ՝ զինուոր, զբօսաշրջիկ, արքայազն, հրշէջ, վաճառական, սիրահետող երկրպագու, պարզապէս՝ մուկ, որ կ՚այցելէ կատուին եւ բազում այլ կերպարներ, որոնց մէջ ան տաղանդաւոր է, գերող, ծիծաղ յառաջացնող, զայրացնող, սիրելի, խղճալի, յիմար, խորամանկ… Միքին սկզբնական դիպաշարերուն մէջ հանդէս կու գար չարաճճի եւ վնասակար կերպարով, որ յետագային փոխուած է՝ աւելի լայն լսարան ձեռք բերելու պատճառով: Սեւ-ճերմակ նկարները յետոյ դառնալով գունաւոր՝ նուաճած են ամբողջ աշխարհը՝ 1920-30-ականներուն սկիզբ դնելով Նոր աշխարհի «քոմիքսներու ոսկեդար»ուն։ 20-րդ դարու 1950-ականներէն սկսած է «քոմիքսի արծաթէ դար»ը, իսկ 70-ականներէն անիկա փոխուած է «պրոնզէ դար»ու։
«The Karnival Kid» անունով շարժուն ծաղրանկարին մէջ Միքի Մաուսը կ՚ըսէ իր առաջին խօսքերը՝ «Հաթ Տակ»: Միքին նաեւ ունի իր բարեկամներն ու թշնամիները, ինչպէս նաեւ՝ սիրեցեալը՝ Մինի Մաուսը, որ նոյն շրջանին ստեղծուած է, երբ ստեղծուած է Միքին, քանի որ Միքին չէր կրնար մինակ ըլլալ: Առաջին անգամ անոնք յայտնուած են «Խելագար օդանաւը» ծաղրաշարին մէջ, երբ Միքի հրաւիրած է Մինին օդանաւով իր առաջին թռիչքին: Մինի ընդունած է հրաւէրը, բայց մերժած է Միքիին, երբ ան թռիչքին ընթացքին առաջարկած է համբուրուիլ… Մինին փառքի ծառուղիին վրայ աստղ ունեցաւ միայն այս տարի՝ իր ամուսինէն քառասուն տարի ետք:
Մինիին նոյնպէս առաջին անգամ հնչիւնաւորած է նոյնինքն Տիզնիին ձայնը: Իր յայտնուելուն պահէն ի վեր Մինին արտացոլած է այն ժամանակուան երիտասարդական մշակոյթին միտումները, մասնաւորապէս, կարմիր գոյնին հանդէպ սէրը: 1940-ական թուականներուն Մինիին հանդերձանքը վերանայուած է եւ անոր գլխարկը փոխարինուած է գլուխին վրայ վարդակապով, նոյնիսկ անոր կօշիկին վրայ յայտնուած են պզտիկ վարդակապեր: Մինիին աչքերն ալ աւելի արտայայտիչ դարձած են: Ամբողջ քառասնական եւ յիսունական թուականներուն անոր տեսքը պահպանողական էր: Առօրեայ կեանքին մէջ Մինի կը կրէ առանց թեւերու կարմիր զգեստ մը ճերմակ սիսեռանախշով եւ դեղին կօշիկներով: Մինին կրած է նաեւ բազմաթիւ լողազգեստներ, սակայն աւելի տարածուած եւ նրբագեղ կը նկատուի անոր կարմիր՝ առանձնացուած շրջազգեստով լողազգեստը եւ կարմիր երիզը՝ ճերմակ սիսեռանախշով: Նորաձեւութեան համաշխարհային տուները իրենց հաւաքածոներուն մէջ բազմիցս ներառած են Մինիի հագուստէն մասեր, մասնաւորապէս՝ երիզներն ու սիսեռանախշը: Միքիի ականջներով պատրաստուած գլխազարդերը նոյնպէս նորաձեւութեան մաս կազմած են:
Այսօր ահռելի հարստութեան տէր են Միքի մուկը եւ Տիզնի անունով բոլոր ընկերութիւնները, սթիւտիոները, այգիները… Իր եղբօր հետ 1923 թուականի հոկտեմբերին ստեղծելով «Տիզնի եղբայրներու սթիւտիո»ն, Ուոլթ Տիզնիի հիմնած ընկերութիւնը յետագային փոխած է անունը եւ դարձած՝ ամերիկեան անդրազգային խոշոր մետիա ընկերութիւն, որ իր հասոյթներուն չափերով կը նկատուի աշխարհի ամենամեծ մետիա խառնուրդային ընկերութիւնը:
«Ես միայն յոյսով եմ, որ մենք երբեք չենք մոռնար բան մը՝ ամէն բան սկսաւ մէկ մուկով», ըսած է Ուոլթ Տիզնի՝ 1954 թուականին:
ԱՅԼ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1934 թուականին Տիզնի սկսաւ չբաւարարուիլ կանոնաւոր կարճ շարժանկարներու արտադրութեամբ ու սկսաւ երկար շարժապատկերներու՝ «Ձիւնաթոյրիկը եւ եօթ թզուկներ»ու՝ 4 տարի տեւած արտադրութիւնը՝ հիմնուած հէքեաթին վրայ: Երբ ծրագրին մասին նորութիւնները տարածուեցան, շարժանկարային արտադրութեան մէջ շատեր կը կարծէին, որ անիկա ընկերութիւնը կը տանէր սնանկացումի, ուստի զայն անուանեցին «Տիզնիին խենթութիւնը»: Բայց շարժանկարը ամբողջական գոյնով եւ ձայնով առաջին շարժուն դիպաշարն էր, որուն արտադրութիւնը արժեց 1.5 միլիոն տոլար՝ նախատեսուածէն եռապատիկ աւելի: Համոզուելու համար, որ դիպանկարը ստեղծելը իրական էր, Տիզնին իր նկարողները տարաւ Շուինարտ արուեստի կաճառը՝ նկարչութեան դասեր ստանալու, ան նաեւ սթիւտիոն կենդանիներ տարաւ, վարձեց դերասաններ, որպէսզի նկարողները կարողանային ուսումնասիրել իրական շարժումը: Տեսարանին ընթացքին շարժող տեսախցիկը պատկերելու համար, սթիւտիոյին նկարիչները ստեղծեցին այնպիսի տեսախցիկ մը, որ հնարաւորութիւն կու տար ապակիի կտորներուն վրայ պատկերուած նկարները դնել տեսախցիկէն տարբեր հեռաւորութեան վրայ եւ յառաջացնել խոր պատրանք մը: Ապակին կը շարժէր՝ ստեղծելով շարժող տեսախցիկի տպաւորութիւն: Այդ տեսախցիկին օգնութեամբ ստեղծուած առաջին աշխատանքը («Հին ջաղացքը» անունով «Անմիտ սիմֆոնիա» շարքին 1937 թուականի շարժանկարը) «Օսքար» ստացաւ իր տպաւորիչ տեսողական ուժին շնորհիւ: Ձիւնաթոյրիկը առաջին անգամ պաստառներուն յայտնուեցաւ 1937 թուականի դեկտեմբերին եւ մեծ գովաբանութեան արժանացաւ քննադատներուն եւ հանդիսատեսին կողմէ: Ժապաւէնը դարձաւ 1938 թուականի ամենայաջող շարժանկարը, իսկ 1939 թուականի մայիսին անոր բերած 6.5 միլիոն տոլարի շահոյթը զայն դարձուց այն ժամանակներուն ամենայաջող շարժանկարը:
Տիզնին ստացաւ ուրիշ պատուաւոր «Օսքար» մըն ալ, որ բաղկացած էր մէկ ամբողջական եւ եօթ փոքր Օսքարներէ ի նշանաւորումն Ձիւնաթոյրիկին եւ եօթ թզուկներուն: Ձիւնաթոյրիկին բերած յաջողութիւնը ազդարարեց սթիւտիոյին համար ամենաբեղմնաւոր ժամանակաշրջանին սկիզբը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ