ՊՈԼՍՈՒՀԻՆ՝ ԸՍՏ ՇԻՐՎԱՆԶԱՏԷԻ

Երբ 1919 թուականի օգոստոսին հայ թատերագիր, գրող Շիրվանզատէն (Ալեքսանտր Մովսիսեան, 1858-1935թթ.) կ՚ուղեւորուի Իսթանպուլ, ան առիթ կ՚ունենայ մօտէն հաղորդակցելու նաեւ պոլսահայ կիներուն հետ, որոնց անջատ բաժին մը նուիրած է իր յուշագրութեան մէջ: Շիրվանզատէ Արեւելք ուղեւորուած էր պատմական Հայաստանէն, իր դստեր հետ եւ երեք ամիս մնալով Իսթանպուլ, յետոյ շարունակած էր իր ճանապարհը դէպի արեւելեան այլ երկիրներ, ուր նոյնպէս ծանօթացած էր հայ մարդու կեանքին: Պոլսահայ կիներուն մասին իր տպաւորութիւնները գրողը կը նկարագրէ առանձնակի ջերմութեամբ:

***

Բախտի բերմամբ ինծի վիճակուած էր Պոլսոյ մէջ աւելի յաճախ հաղորդակցիլ կիներու շրջանակներուն հետ, քան կ՚ենթադրէի:

Իմ ժամանումիս երկրորդ թէ երրորդ օրը պատիւն ու հաճոյքը ունեցայ ընդունելու հայ Կիներու Նորակազմ Լիկայի նախագահուհին՝ իր օգնականուհիին հետ: Կարծեմ համեստութեան դէմ մեղանչած պիտի չըլլամ, եթէ երկուքին ալ անունները գրեմ: Տիկին Անայիս (Աւետիսեան) եւ տիկին Պահարի. երկու նրբամիտ հայուհիներ, երկուքն ալ՝ բանաստեղծ:

-Եկած ենք մեր յարգանքները ձեզի մատուցանելու եւ խնդրելու, որ յառաջիկայ կիրակի ձեր ներկայութեամբ պատուէք մեր համաժողովը,- ըսաւ տիկին Անայիսը:

-Հաճոյքով, բայց ինչի՞ մասին է ձեր համաժողովը,- հարցուցի ես,- եթէ քաղաքական խնդիրներու, ապա կը ներէք…,- ըսի:

-Քաւ լիցի,- աճապարեց ընդմիջել տիկին Պահարին, հեգնօրէն ժպտալով,- մեր Լիկայի միակ նպատակն է հայ կիներու մտաւոր զարգացումը եւ բարոյական կրթութիւնը:

-Միջոցնե՞րը կրթութեան:

-Գրականութիւն եւ արուեստներ:

-Սքանչելի է ձեր նպատակը: Քաղաքականութիւնը ջախջախուած դաշնակ է կիներուն մատներուն համար: Կարծեմ, Աստուած Եւային ստեղծելու ժամանակ ըսած է. «Եղիր ինչ որ կամենաս, նոյնիսկ խմբագիր, բայց երբեք՝ քաղաքագէտ, եթէ չես ուզեր Ադամէն զրկուիլ»:

Վստահ չեմ, որ ճիշդ այդ խօսքերը ըսի, բայց այդպիսի բան մըն էր ըսածս:

Ես սիրով ընդունեցի անոնց հրաւէրը: Գացի համաժողովին եւ շատ լաւ ըրի, որ գացի:

Սիլողոսին դահլիճը գրեթէ լեցուն էր պոլսուհիներով: Հոն էր նաեւ Զաւէն Սրբազան Պատրիարքը. համեստ եւ համակրելի դէմք մը, որ վրաս թողուց հաճելի տպաւորութիւն: Բանախօսեց մանկավարժ Ռեթէոս Պէրպէրեանի որդին, որ իր կարգին նոյնպէս մանկավարժ է եւ կը շարունակէր իր հանգուցեալ հօր գործը:

Ինչպիսի՜ ուշադրութեամբ կը լսէին այդ հարիւրաւոր էակները բանախօսին տարրական միտքերը իգականութեան հարցերուն մասին: Ատիկա ծարաւ հոգիներու ծաղկանոց մըն էր, որ բառերուն հեղեղը կը կլանէր ագահութեամբ, որպէս կենարար անձրեւ մը…

Այդ օրն էր, որ ես հաճոյքն ունեցայ ծանօթանալու բազմաթիւ պոլսուհիներու հետ եւ ստանալու մի քանի ընտանեկան հրաւէրներ: Կրնայի՞ մտածել որեւէ մերժումի մասին, քանի որ այնքան մեծ էր իմ փափաքս գէթ հեռաւոր հայեացք մը նետելու պոլսահայ կնոջ ներքին աշխարհին վրայ:

Ներքին աշխարհ: Դիւրին է ըսել եւ որքա՜ն դժուար՝ թափանցել: Տոսթոյեւսքին կ՚ըսէ, թէ կնոջ հոգիի բանալին շողոքորթութիւնն է: Ես շողոքորթութեան փոխարէն պիտի ըսէի՝ լռութիւնը: Փակեցէք ձեր բերանը ամուր եւ լայն բացէք ձեր ականջները, մի՛ վիճաբանիք, մի՛ հերքէք, միայն լսեցէք եւ կրնաք ապահով ըլլալ, որ հետզհետէ կը բացուի ձեր առջեւ կնոջ հոգին:

Սակայն պոլսահայ կնոջ հետ այնքան հաճելի է խօսիլ, որ չէք կրնար լռել: Միեւնոյնն է՝ գեղեցի՞կ է ան, թէ ոչ, երիտասա՞րդ է, թէ ոչ, ան գիտէ անմիջապէս բանալ ձեր լեզուն եթէ ոչ իր արտաքինով, գէթ իր նրբամիտ խօսքերով, իր հիւրընկալ ժպիտներով, իր փաղաքուշ ձայնով: Վերջապէս իր մաքուր, երաժշտական բարբառով: Երբ հիւր էք անոր տան մէջ, ուշադիր է ձեր իւրաքանչիւր խօսքին, շարժումին, դէմքին արտայայտութեան: Ան վայրկեան մը անգամ չի ձգեր, որ դուք ձանձրանաք: Ֆրանսական քաղաքակրթութեան ազդեցութի՞ւն է այս, թէ՞ մայրական ժառանգութիւն պոլսուհիին, որուն քաղաքային նիստուկացը դարերու յարատեւութիւնը ունի: Փոյթ չէ, որ պոլսուհիին մտաւոր զարգացման պաշարը աւելի չէ, քան՝ ռուսահայ կնոջ պաշարը: Փոյթ չէ, որ ան պակաս տեսած է օտար թատրոններ եւ աւելի քիչ ճամբորդած՝ քան ռուսահայ կինը: Փոյթ չէ նաեւ, որ ան աւելի վատ կը նուագէ, աւելի վատ կ՚երգէ եւ շատ ալ խստապահանջ է թէ՛ մէկուն եւ թէ՛ միւսին վերաբերեալ:

Այնուամենայնիւ, անոր հետ աւելի հաճելի է զրոյց ընել, քան՝ ռուսահայ կնոջ հետ: Եւ ատիկա ոչ միայն այն պատճառով, որ պոլսուհիին՝ հայ լեզուի այնքան անուշ եւ այնքան երաժշտական արտասանութիւնը կը շոյէ ձեր լսելիքը, թէեւ միայն այսքանը մեծ հրապոյր մըն է, մանաւանդ, հայ գրողին համար: Կայ ուրիշ բան մը եւս: Պոլսուհին գիտէ իր ունեցած փոքրիկ գանձը ծախսել աւելի գեղեցիկ եւ աւելի արուեստագէտօրէն:

Պոլսուհին աւելի արթիստ է, քան՝ ուսուցիչ կամ պատգամախօս: Որպէս դերասանուհի, ան միշտ բեմին վրայ է, այսինքն՝ գիտէ ոչ միայն խօսիլ, այլեւ լսել, իսկ լսելը մեծ եւ հազուագիւտ արժանաւորութիւն է, առհասարակ, կին էակին համար:

Բանաստեղծ է պոլսուհին թէ տնտեսագէտ, սրահի զարդ, թէ խոհանոցի կամ կարուձեւի վարպետ, հասարակական գործիչ է, թէ վարժուհի, հարուստ է, թէ ոչ, գիտէ յարգել դիմացինին ներքին աշխարհը եւ ամօթխածօրէն ու համեստութեամբ դիմադրել զայն, եթէ համաձայն չէ անոր գաղափարներուն: Ան երբեք իր ցուցամատը չի բարձրացներ մանկավարժօրէն եւ ձեզի խրատներ չի կարդար, ինչպէս այդ մէկը կ՚ընէ ռուսահայ «մտաւորական» կինը, երբ ան դպրոցի տեսչուհի է կամ «հասարակական գործիչ» եւ կամ համբերատար լրագիրներուն «յօդուածներ» մատակարարող, մանաւանդ երբ անոր տարիքը անցած է քառասունը…

***

Պոլսուհիին գեղեցկութեան մասին գովասանքներ շատ լսած էի: Բնական է, որ փնտռէի այդ գեղեցկութիւնը:

Յանցանքը պոլսուհիինը չէ, որ ես քիչ մը հիասթափեցայ:

Հռչակը ձիւնի գունդ է, որքան հեռու կը թաւալի, այնքան կը մեծնայ: Ե՞րբ իրականութիւնը վաւերացուցած է երեւակայութեան թռիչքը: Նիւ Եորքի երկնաքերները ինծի այնքան բարձր չերեւցան, որքան լսած ու երեւակայած էի: Երկրագունդին վրայ թերեւս միայն Նիակարայի ջրվէժն է, որուն հռչակը շատ վառ է իր իրական հզօրութենէն:

Թոքաթլեանի սեղանատան մէջ օր մը երկու գեղանիներ տեսայ: Հայերէն կը խօսէին, հետեւաբար հայուհիներ էին: Մէկը սեւահեր էր, սեւաչեայ, ժպտուն, կրակոտ, միւսը՝ խարտեաշ, կապուտաչեայ, ցնորական հուր եւ լոյս: Բայց ըստ երեւոյթին պոլսուհիներ չէին, այլ՝ ճամբորդներ:

Հրաւիրուած էի այցելելու հայ կիներու

«Կարմիր խաչի» հիւանդանոցը: Գացի, պտտեցայ բոլոր սենեակները: Տեսայ մայրական հոգածութիւն՝ փախստական թշուառներուն հանդէպ՝ յայտնի գերդաստաններու տիկիններուն եւ օրիորդներուն կողմէ: Տեսայ տասնեակ երիտասարդ բժիշկներու անխոնջ եւ անվարձ ջանքերը՝ ամոքելու ազգի մեծ թշուառութեան փոքրիկ մէկ մասը: Հիացայ սենեակներու մաքրութեամբ, կերակուրի առատութեամբ եւ հիւանդներու անբիծ անկողիններով:

Յետոյ հրաւիրուեցայ թէյասեղանի: Հոն էր, ահա, որ տեսայ զմայլելի փունջ մը հայուհիներ: Փունջ մը, որ կրնար ամենախստապահանջ գեղարուեստական ճաշակը գոհացնել:

Եթէ պոլսուհին չունի շամախցի կնոջ գեղեցկութիւնը ու դէմքի սքանչելի գոյնը եւ ոչ ալ ղարաբաղցի կնոջ կայտառութիւնը, ան նուրբ է գրեթէ առաջինին հաւասար եւ երկրորդէն աւելի:

Պոլսուհին գիտէ հագուիլ: Ան բաւական ծանօթ է գոյներու ներդաշնակութեան օրէնքին, գոնէ այնչափ, որչափ ռուսահայ հարուստ դասի տիկինները, որոնք ամէն տարի կ՚երթային (աւաղ՝ կ՚երթային, անցեալ ժամանակով) Փարիզ իրենց ճաշակը կրթելու համար: Պոլսուհին գիտէ նաեւ սիգանքով ճեմել եւ սեթեւեթ ժպտիլ եւ սիրակէզ հառաչել ու բանաստեղծօրէն տխրիլ, ինչպէս վարսաւոր ուռենին: Ան գիտէ նաեւ չափաւոր գործածել սնգոյրը եւ անուշահոտ իւղերը, նոյնիսկ նազանքով շարժել հովահարը եւ նազանքով բռնել ծալուած ակնոցը՝ լոռնէթը:

***

Պոլսուհին բանաստեղծութեան սիրահար է: Սիրահար թէ՛ կարդալու եւ թէ՛ գրելու, թերեւս աւելի գրելու, քան՝ կարդալու:

Չկայ ընտանիք մը, որուն հիւրասրահին մէջ չտեսնէք քանի մը փառակազմ հատորներ: Եւ ոչ մէկ հիւրասրահի սեղան կայ, որուն վրայ չըլլայ քերթուածներով լեցուն ալպոմ մը, երբեմն՝ մէկէ աւելի:

Ալպոմը, իհարկէ, անմեղ զբօսանք մըն է: Ան կը յիշեցնէ վիպականութեան դարը: Զբօսանք մը սակայն, որ բաւական սուղ նստեցաւ իմ ժամանակիս: Հարկաւ, ես անկեղծ հաճոյքով կ՚ընդունէի ինծի առաջարկուած ալպոմները եւ կը գրէի ինչ որ կրնայի գրել: Բայց ամէն հաճոյք ունի իր լեղին, երբ չափէն աւելի կը ճաշակես: Շատ անգամ կը տատանէի ինչ գրել, որովհետեւ չէի գիտեր՝ որուն համար կը գրեմ: Ամէն անգամ կը սարսափէի, երբ պանդոկ վերադառնալով՝ գրասեղանիս վրայ կը տեսնէի նոր բլուր մը ալպոմներու, որոնց տէրերը ո՛չ կը ճանչնայի եւ ո՛չ ալ տեսած էի:

Անգամ մը տիկնոջ մը ալպոմին մէջ պիտի պատասխանէի երեք հարցումներու. «Ի՞նչ կը սիրէք, ի՞նչ կ՚ատէք, ինչէ՞ն կը վախնաք»:

Աղջիկս անմիջապէս գրիչ վերցուց եւ երրորդ հարցումին դէմ գրեց. «Ալպոմէն»:

Այո՛, պոլսուհին քիչ մը զգայապաշտ է: Իրապաշտութիւնը տակաւին արմատներ չէ ձգած անոր հոգիին մէջ, եւ ասիկա անոր արժանաւորութիւնն է: Թերեւս չսխալիմ, եթէ ըսեմ, որ տակաւին այժմ ալ անոր կատարելատիպը տիկին Սիպիլն է: Արդարեւ, եզակի կին մը, տաղանդաւոր գրող ըլլալէ զատ, երազող էակ մը, որուն հետ կրնայի ժամերով խօսիլ ու վիճաբանիլ եւ դարձեալ վշտանալ, որ շուտ բաժնուեցանք: Գոնէ ես այդ տպաւորութիւնը ստացայ Գընալը կղզիին մէջ հազիւ ժամ մը իրեն հետ զրուցելէն ետք: Այն ալ նշանաւոր վիպասանի կեանքին դառն պահուն, երբ ան իր անբուժելի հիւանդ ամուսինը՝ Հրանդ Ասատուրը, նոր ճամբած էր Ազգային հիւանդանոց...

Ընդհանրապէս, պոլսուհին վարպետ է ոչ միայն խօսելու, այլ նաեւ՝ գրելու մէջ: Ինչ կ՚ուզէք՝ ըսէք, բայց ռուսահայերը չունին ո՛չ Տիւսաբ, ո՛չ Սիպիլ եւ ո՛չ Զապէլ Եսայեան: Կայ, այո՛, փայլուն Մարիեթա Շահինեան մը, որուն հաւասարը չունինք հայ իգական սեռին մէջ, բայց ան կը պատկանի հայ անուան հռչակին եւ ոչ հայ գրականութեան: Եւ թող ռուսահայ բանաստեղծուհիները չվշտանան, եթէ ըսեմ, որ տիկին Անայիսին քերթուածները ես աւելի սիրեցի, քան անոնց գործերը: Եթէ ոչ գաղափարի խորութեան, գոնէ ոճի գեղեցկութեան, յանգերու հարստութեան եւ համեմատութիւններու սիրունութեան տեսակէտէն:

Յիշե՞մ արդեօք ուրիշ անուններ: Տիկին Պահարիի, տիկ. Զարուհի Գալէմքերեանի, օր. Քալանթարեանի գրիչները առնական ուժ ունին:

Պոլսուհին բանաստեղծ է նոյնիսկ սովորական թղթակցութիւններու մէջ: Տիկ. Մարի Սթամպուլեանէն, տիկ. Անայիսէն, տիկ. Պահարիէն եւ ուրիշներէն նամակներ ունիմ քովս, որոնք զմայլելի տողեր կը պարունակեն:

Ռուսահայ կինը շատ բաներ ունի իւրացնելու պոլսահայուհիէն եւ ամենէն առաջ անոր սէրը դէպի մայրենի լեզուն...

ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐ

Ես ստիպուած էի մերժել շատ մը առաջարկներ՝ հոս ու հոն բանախօսելու, որպէսզի ժամանակ շատ ունենամ թափառելու: Ես եկած էի ոչ ուսուցանելու, այլ ուսանելու համար:

-Եթէ հաճիք, ես ձեզ կ՚առաջնորդեմ Այա Սոֆիա,- դարձաւ ինծի օր մը հայ երիտասարդ մը, զինուորականի համազգեստով:

Ես ուրախութեամբ ընդունեցի սիրալիր երիտասարդին առաջարկը, եւ հետեւեալ օրն իսկ գացինք:

Տաճարին ներքին դուռներուն առջեւ թուրք պահապանը մեր ոտքերուն հագցուց քրիստոնեայ այցելուներուն տանջանքը՝ աւանդական մուճակները:

Մտանք ներս: Սկսաւ ծիծաղելի ցատկռտուք մը՝ հնամաշ գորգերուն վրայ: Մեր գլուխներուն վրայ բարձր ու բարձր ոսկեզօծ կամարը, որպէս աստղազարդ ամառնային երկինք, մագնիսի ուժով մեր ագահ նայուածքը կը քաշէր վեր, իսկ ոտնամանները կը ստիպէին նայիլ վար: Ամէն քայլափոխի անոնք կը սահէին մեր կօշիկներուն վրայէն, կարծես, հրաժարելու ծառայել քրիստոնեայի պիղծ ոտքերուն: Սակայն ծնկաչոք աղօթող հաւատացեալները, մեր ակամայ ծիծաղներէն սթափելով, սպառնալի հայեացքներ կը նետէին մեր վրայ:

Այնուամենայնիւ, ի՜նչ սքանչելի տպաւորութիւն: Սուրբ Մարկոսի տաճարը Վենետիկի մէջ մանկական խաղալիք է Այա Սոֆիային քով: Հարկաւ, ոչ միայն իր չափերով, այլեւ գեղեցկութեամբ: Ոճը նոյնն է, տպաւորութիւնը՝ տարբեր: Հոն ներսն ու դուրսը ոսկիին շռայլութիւնը ձեզ կը շլացնէ, հոս՝ անոր չափաւոր եւ զարմանալի վարպետ գործածութիւնը կը զմայլեցնէ:

Երեք գլխաւոր պայմաններ ունի արուեստը իր բոլոր ճիւղերուն մէջ՝ պարզութիւն, ուժ եւ չափի զգացում: Երեքն ալ խստօրէն պահպանուած են Այա Սոֆիայի կառոյցին մէջ:

Ինծի համար բիւզանդական ոճը ճարտարապետութեան մէջ աւելի յաղթական է, քան գոթականը: Ան հաճելի է իր հանճարեղ պայծառութեամբ, որովհետեւ ուրախութիւն կը ներշնչէ: Գոթական ոճը զիս կը գրաւէ իր անհուն ուժով, բայց կը ճնշէ իր մռայլութեամբ: Այդ բազմաթիւ հսկայական շարիշար սիւները, այդ նեղ ու ձիգ կամարները իրենց մութ խորշերով, այդ մշուշապատ լուսամուտերը, այդ կիսախաւարն ու խաւարը, իրենց երկնային վեհութեամբ հանդերձ, կը սեղմեն իմ սիրտս եւ տխրութեամբ կը համակեն հոգիս:

Ամէն ինչ վեր, դէպի Աստուած. այս է ներսի իրարու գրկախառնուած եւ իրարու վեր հրող գոթական կամարներու եւ դուրսի սուր նիզակներու պէս ցցուած աշտարակներուն խորհուրդը:

Ամէն ինչ պարզ, լուսահեղ եւ հեզ, կ՚ըսէ բիւզանդական հրաշակերտ կամարը այնքան ընդարձակ, այնքան պայծառ, ու կը ժպտի իր առատ լոյսով եւ երկնանման տեսքով:

Գոթական տաճարին մէջ ես կ՚անջատուիմ կեանքէն եւ կը մնամ մթութեան մէջ՝ Աստուծոյ հետ միս մինակ եւ դէմ առ դէմ: Այնտեղ ես կը լսեմ մահուան երգը, եւ ատիկա ճշմարիտ է: Կը հաշտուիմ անոր հետ, բայց կը ցաւիմ, որ կեանքը դուրսը մնալով, զիս ձգած է խաւարին գիրկը:

Այլ է Այա Սոֆիան: Ան իմ հոգիս չի մռայլեցներ, իմ սիրտս չի ճնշեր: Հոն կեանքը ինծի հետ է, ան իմ բարեկամս է եւ կը հետեւի ինծի: Եւ հոնկէ ես դուրս կ՚ելլեմ պայծառ հոգիով եւ աւելի ուրախ ու զուարթ, քան՝ մտնելէն առաջ:

Պատմութիւնը կ՚ըսէ, որ Յուստինիանոս Առաջինը, որուն հրամանով վերակառուցուած է Այա Սոֆիան իր այժմեան տեսքով, առաջին անգամ մտնելով, գոչած է.

-Սողոմո՛ն, ես քեզի յաղթեցի:

Այո, ան յաղթած է «Ունայնութիւն ունայնութեանց» իմաստունին: Ան հաստատած է, որ կեանքը, չնայելով իր դառնութիւններուն, այնուամենայնիւ աւելի թանկագին է, քան մահը, նոյնիսկ Աստուծոյ համար…

***

Այա Սոֆիան տեսնելէն ետք՝ ի՞նչ պէտք կար այցելելու միւս մզկիթները: Անոնք արտաքուստ եւ ներքուստ այնքան նման են իրարու, որ կարծես, բոլորը միեւնոյն հետեւողութեամբ կառուցուած են:

Բայց ինչպէ՞ս դիմանալ Փանոս Թերլեմեզեանին՝ այդ միշտ ծարաւ եւ միշտ որոնող ու ուսումնասիրող արուեստագէտին յամառութեան:

Անպատճառ պէտք է տեսնել Էյուպի մզկիթը եւ Գահիրէ ճամին:

Շատ լաւ,- ըսի օր մը եւ հետեւեցայ իրեն:

Անցանք Ոսկեղջիւրը նաւով, հասանք վերջին կայարանը: Իսթանպուլի ամենահեռաւոր արուարձանն ենք, հռչակաւոր գերեզմաննոցներու աշխարհին մէջ՝ Էյուպ: Այստեղէն Ոսկեղջիւրը ցոյց կու տայ իր ամբողջ հմայքը:

Փողոցները լեցուն են կանաչ, մանաւանդ ճերմակ գլխակապ ունեցողներով: Անոնք այնքան շատ են, որ նոյնիսկ կարմիր ֆէսերը չեն երեւիր:

Որքա՜ն ծերունիներ, ի՜նչ փառահեղ դէմքեր եւ ձիւնի պէս ճերմակ մօրուքներ: Կարծես պիպլիական նահապետներուն յատկացուած զատ աշխարհ մըն է այդ արուարձանը: Պատերուն տակ, շեմքերուն վրայ, սրճարաններուն ներսն ու դուրսը նստած կամ կկզած, անոնք ծուլօրէն կը ծծեն կլկլակը խորհրդաւոր դէմքերով եւ մերթ ընդ մերթ դանդաղօրէն կը մօտեցնեն իրենց շրթունքներուն խահուէի մատնոցաչափ գաւաթները…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2022