2023՝ ՆԱՊԱՍՏԱԿԻ ՏԱՐԻ
Համաձայն չինական լուսնային օրացոյցին, տարուան անունը կը կրկնուի ամէն 12 տարին անգամ մը՝ նոյն կենդանիին կամ անասունին անունով: Այլ խօսքով, չինական աստղագիտութիւնը տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Այսպէս չինական առաջին տարին սկսած է մուկով, անոր յաջորդած է ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը: Այս ձեւով ամէն 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ: 2023 տարին «Նապաստակ»ի տարի է:
Չինական աստղաբաշխութեան մէջ նապաստակը կը գրաւէ չորրորդ տեղը:
Կը կարծենք, որ շատեր հաւանաբար պիտի կարդան այս էջին խորագիրը միայն եւ թերեւս ալ անտարբերութեամբ պիտի դարձնեն զայն: Իսկ ասոնց ճիշդ հակառակը ուրիշներ ալ կը կարծեմ, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս խանդավառութեամբ պիտի ուզեն գիտնալ, թէ ի՛նչ կամ ինչե՜ր պահած է իրենց կենդանակերպը:
Առ ի տեղեկութիւն նախ ըսենք, որ չինական աւանդութեան համաձայն, կ՚ըսուի թէ, երբ Պուտտան երկինք պիտի բարձրանար, ուզած էր իր հետ իր աստուծոյն տանիլ 12 կենդանիներ: Անմիջապէս իր խնդրանքին ընդառաջած էր մուկը կամ առնէտը եւ ապա անոր յաջորդած էր ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Աւանդութիւնը կ՚աւելցնէ նաեւ, որ ամենէն առաջ կատուն հասած էր, բայց մուկը զինք խաբելով, անոր տեղը գրաւած էր ու այսպէսով կատուն դուրս մնացած է այս շարքէն:
Իր կարգին Պուտտան իւրաքանչիւր անասունի անունը տարուան մը անունով մկրտած է: Ուրեմն չինական առաջին տարին սկսած է մուկով եւ անոր յաջորդած են միւսները: Այս ձեւով է, որ ամէն 12 տարին անգամ մը կրկնուած է անասունին անունը:
2011 տարի -Նապաստակի կամ ճագարի տարի
Երկար եւ հին ժամանակներէ ի վեր, չինացի ժողովուրդին համար նապաստակը յոյսի խորհրդանիշը դարձած է: Իրենց աստղաբաշխութեան լուսին աստուածը իր գիրկին մէջ միշտ նապաստակ ունեցած է կամ պահած: Այս կը նշանակէ, թէ Նապաստակը չինացի աստուծոյն շատ մօտիկ կենդանի մը եղած է:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, թէ նապաստակը արագութեան եւ հեռաւորութեան չափանիշն ալ է: Իրենց յղիութեան ժամանակ կիներուն արգիլուած էր նապաստակի միս ուտել: Ընդհակառակն, երբ անոնք ծննդաբերած են, նորածինին աշխարհ գալէն ետք նոյն այդ կիները միշտ մէկական նապաստակ նուէր ստացած են: Որովհետեւ ըստ այս ժողովուրդի աւանդութեան, նապաստակը խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն բերող կենդանի մըն է:
Անոնք, որոնք Նապաստակի նշանին տակ ծնած են կամ այս տարի պիտի ծնին, անոնք կ՚ըլլան ազնիւ եւ զգայուն, լաւ յիշողութեան տէր անձեր: Կը սիրեն ուրիշներու հետ միշտ հաղորդակցիլ եւ գործակցիլ: Շատ կը սիրեն կեանքն ու իրենց կեանքի ընկերը: Կ՚ուզեն շատ զաւակներ կամ ժառանգորդներ ունենալ: Յաճախ կ՚ըլլան արկածախնդիր:
Նապաստակի տարիներուն ծնածները կ՚ըլլան նաեւ ստեղծող, հնարիչ: Ընկերասիրութեան կողքին անոնք զգուշաւոր ալ են: Իրենց զգայուն իրավիճակէն մեկնած անոնց համար պատշաճ է նաեւ ըլլալ համարձակ եւ միաժամանակ պաշտպանողական: Անոնք չեն սիրեր վտանգաւոր որոշումներ կամ քայլեր առնել:
Այս նշանի տակ ծնածները նաեւ կը սիրեն մշակութային կեանքն ու օտարները: Իրենց համար կեանքի մէջ տուն ու տնեցիները ամենէն ապահով բաներն են:
Այսպէս, ըստ չինական աստղագիտութեան՝ Նապաստակի տարին ծնածները կ՚ըլլան մարդասէր, ընկերասէր եւ ընտանիքին համար զոհուած անձեր: Անոնք, մարդոց իրենց հանդիպման առաջին իսկ վայրկեանին, առանց դիմացինը լաւ մը ճանչնալու կը վստահին անոր: Յաճախ արագ որոշումներ կ՚առնեն: Այս մէկը նոյնիսկ իրենց առողջութիւնը կը խանգարէ: Շատ պահպանողական ըլլալով իրենց զգացումները դիւրութեամբ չեն բացայայտէր: Անոնք նաեւ իրենց ցաւը, իրենց մէջ պահելու արժանիքը ունին: Դարձեալ այս մէկը պատճառ կը դառնայ որ իրենց առողջութիւնը կորսուի:
Նապաստակի տարիներուն ծնածները կ՚ըլլան լաւ դիւանագէտներ, բժիշկներ, դերասաններ, քաղաքագէտներ, գրողներ, մտաւորականներ եւ կրթական մշակներ: Բարի բնաւորութեան տէր են եւ կը սիրեն վստահիլ իրենց ընկերներուն: Կը սիրեն լաւ հագուիլ եւ զարդարուիլ: Ճաշակաւոր կ՚ըլլան եւ միշտ իրենց արտաքին տեսքին հոգ տանող: Զգայուն ալ են եւ շատ ռոմանթիք: Անոնք կը սիրեն նաեւ խմբական աշխատանքն ու ընկերային կեանքը: Ընտանիքը իրենց համար սրբութիւն է:
Նապաստակի լաւ ամիսներն են՝ փետրուար, ապրիլ եւ դեկտեմբեր:
Բախտաւոր թիւերն են՝ 8, 13, 24, 40
Նապաստակի տարիները՝ 1903, 1915, 1927, 1939, 1951, 1963, 1975, 1987, 1999, 2011
Նապաստակի տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքեր՝ Ալպերթ Այնըշթայն, Պենետիքթոս Պապը, Անճելաինա Ճոլի, Պրէտ Փիթ, Ճոնի Տիփ, Տէյվիտ Պեքըմ, Թայկըր Ուըտ եւ Ուիթնի Հիյուսթն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ