ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ 78 ՏԱՐԵԿԱՆ
Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արտիստ, Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, հայ անուանի երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան Յունուարի 27-ին դարձաւ 78 տարեկան:
Անոր տարեդարձի կապակցութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ համերգներ կազմակերպուած են: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ համերգային ծրագրերը կ՚իրականացուին Լոնտոնի Guildhall School of Music and Drama-ի նախաձեռնութեամբ, Տիգրան Մանսուրեանի լաւ բարեկամ, հանրայայտ ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանի ղեկավարութեամբ եւ Լոնտոնի «Հայ հիմնարկի» աջակցութեամբ:
Այսպէս, Յունուարի 26-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ առաջին համերգը, որու ընթացքին հըն-չեց Մանսուրեանի՝ Լեւոն Չիլինկիրեանին նուիրուած «Ջութակի քոնչերթօ N2- Չորս խոհական երգ» ստեղծագործութիւնը․ մենակատարը Լեւոն Չիլինկիրեանն էր։ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ան կը կատարուէր առաջին անգամ։ Համերգը տեղի ունեցաւ տեղւոյն Milton Court համալսարանի դահլիճին մէջ։ Ներկայացուեցան նաեւ Եանաչեքի Լարային նուագախումբի սիւիթն ու Պեթհովէնի համար 14, երկ 131 լարային քուարթէթը (նուագախմբային կատարում): Յունուարի 27-ին տեղի ունեցաւ երկրորդ համերգը, որու ընթացքին հնչեց Պեթհովէնի եւ Տիգրան Մանսուրեանի այլ գործեր։
Ականաւոր յօրինող Տիգրան Մանսուրեան ծնած է 1939 թուականի Յունուարի 27-ին, Պէյրութի մէջ: 1940-ականներու վերջերուն ընտանիքով ներգաղթած է Հայաստան: Մանսուրեան երաժշտութիւն ուսանած է 1956-1960 թուականներու միջեւ Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ (Եդուարդ Պաղտասարեանի դասարան), ապա 1960-1965 թուականներուն՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցէն ներս՝ Ղազարոս Սարեանի դասարանին մէջ, որու ղեկավարութեամբ աւարտած է ասպիրանտուրան։ Ուսանողական տարիներուն գրած է տարբեր ժանրի երկեր, արժանացած՝ մրցանակներու։ Երաժշտանոցի մէջ դասաւանդած է ժամանակակից երաժշտութիւն: 1986 թուականին Մանսուրեանին շնորհուած է երաժշտութեան փրոֆեսէօրի կոչում։ 1992-1995 թուականներուն եղած է երաժշտանոցի վերատեսուչը։
Մանսուրեան ժամանակակից երաժշտութեան ռահվիրաներէն մէկն է եւ առաջինը, որ համաձուլած է ժամանակակից հնարներ. ինչպէս՝ նէօքլասիզմ, տոտէքաֆոնիզմ, վեպեռնիզմ, ու ներմուծած է Հայաստան։ Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները մեծ յաջողութեամբ կ՚ընդունուին Լոնտոնի, Փարիզի, Հռոմի, Միլանոյի, Վիեննայի, Մոսկուայի, Վարշաւիոյ, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի եւ համաշխարհային երաժշտական այլ կեդրոններու մէջ։
Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները հայկական երաժշտարուեստի եւ ժողովրդական աւանդոյթներու հետաքրքիր միահիւսութիւն են՝ իրենց լուսապայծառ, արտայայտիչ մեղեդիներով եւ տպաւորապաշտ, բարձրաճաշակ ու ընտիր հնչերանգներով։ Գրած է «Ձիւնէ թագուհին» (ըստ Հանս Քրիստիան Անտերսընի, 1988, բեմադրութիւն՝ 1990) պալէն, սիմֆոնիք երկեր՝ «Պարտիտ» (1965), «Փրելիւտներ» (1975), «Գիշերային երաժշտութիւն» (1980), քոնչերթոներ՝ թաւջութակի եւ նուագախումբի (1976, 1981, 1983), երգեհոնի եւ լարային նուագախումբի (1964), ջութակի եւ լարային նուագախումբի (1981), ալթի եւ կամերային նուագախումբի (1995), «Արուեստ քերթութեան» երգչախումբի (խօսք՝ Եղիշէ Չարենցի, 1997-1999) համար, կամերային երկեր՝ «Թովեմ» (15 մենակատարի համար, 1979), լարային քուարթէթներ, 5 պակատել դաշնամուրային թրիոյի համար (1985), սոնաթներ, վոքալ-կամերային մատրիկալներու շարք (ձայնի եւ թրիոյի համար), «Հաւատով խոստովանիմ» (ձայնի, ալթի եւ տղամարդկանց երգչախումբի համար, ըստ Ներսէս Շնորհալիի, 1999), վոքալ շարքեր՝ «4 հայրէն Նահապետ Քուչակէն» (1967), «Մայրամուտի երգեր» (Հ. Սահեանի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ) եւ այլ ստեղծագործութիւններ:
Անհնար է պատկերացնել հայկական շարժապատկերները առանց Մանսուրեանի երաժշտութեան: Երգահանի շարժանկարի երաժշտութիւնը կ՚առանձնանայ մեղեդայնութեամբ, քնարականութեամբ եւ մեծապէս կը նպաստէ ժապաւէնի գեղարուեստական նկարագրի ամբողջացման։
Մանսուրեան յաճախ կը նշէ, որ երաժշտութեան մէջ երկու երեւոյթներու յարաբերութիւն կայ՝ ձայնի եւ լռութեան: «Ո՞րն է աւելի հարուստ, ո՞րն է աւելի յագեցած, որո՞ւ մէջ աւելի խորհուրդ կայ: Իմ կարծիքով, հարուստը լռութիւնն է: Երբ ես կ՚անցնիմ սահմանը՝ չգրելէ գրելու, իմ զգացումը այն է, թէ յանցանք գործած եմ, որ կոսնցուցած եմ այդքան ժամանակը: Երբ չեմ գրեր, զիս կը խեղդէ ունայնութեան զգացումը: Երաժշտութիւն գրելը ինծի համար գործ չէ, ինքնարտայայտման միջոց ալ չէ: Ես եմ: Ես կ՚ապրիմ… Իմ իմացած ճշմարտութիւնը հաստատելու համար պատրաստ եմ ըլլալ յամառ: Ինչպէ՞ս կարելի է բաց ճակատով լեռներու կատարները նայիլ, որ մէջդ երգ յղանայ, երբ քու շուրթերուն թռիչքի անկարող, ներքին կրակէն զուրկ յանգաբանութիւն կայ եւ ոչ բանաստեղծութիւն: Առանց մոլեգնութեան ոչ մէկ բան կը ծնի…», կ՚ըսէ Տիգրան Մանսուրեան: