ԼԱՖՈՆԹԷՆ ԵՒ ԻՐ ԱՌԱԿՆԵՐԸ
Ֆրանսայի մէջ կը շարունակեն նշել 400-ամեակը ֆրանսացի հռչակաւոր առակագիր, բանաստեղծ Լաֆոնթէնի (Ժան տը Լաֆոնթէն): Ան եղած է 17-րդ դարու ամենաընթերցուած գրողներէն մին, որ յայտնի էր նախեւառաջ իր առակներով, որոնք օրինակ հանդիսացան ողջ Եւրոպայի առակագիրներուն համար, իսկ Ֆրանսայի մէջ նոր տարբերակներու եւ բարբառային առակագրութեան սկիզբ դրին։ Ըստ 19-րդ դարու ֆրանսացի նշանաւոր գրող Ֆլոպէրի, մինչեւ Վիքթոր Հիւկօ, Լաֆոնթէն միակ բանաստեղծն էր, որ կը հասկնար եւ կը տիրապետէր ֆրանսերէն լեզուի հիւսուածքին։
Լաֆոնթէնի առակներուն՝ 1644 թուականին հրատարակուած ժողովածուն եկեղեցին 1703 թուականին ներառած է արգիլուած գիրքերու ցանկին մէջ, այս արգելքը գործած է ընդհուպ մինչեւ 1948 թուականը, որմէ ետք հանուած է:
Լաֆոնթէն ծնած ու հասակ առած է հարուստ ընտանիքի մէջ։ Ծնողքի կամքին ենթարկուելով՝ սկսած է ուսումնասիրել աստուածաբանութիւն, սակայն որոշ ժամանակ անց ձգած եւ անցած է իրաւունքի ուսումնասիրման։ Դարձած է իրաւաբան, բայց անդիմադրելի կերպով հրապուրուած է գրականութեամբ: Սերտ կապեր հաստատած է Լուի 14-րդի թագաւորութեան ազդեցիկ նախարար Ֆուքէի հետ, որուն անկումէն յետոյ ժամանակ անցուցած է բարձրաստիճան ազնուականներու պալատներէն ներս՝ յաճախելով անոնց դահլիճներուն մէջ կազմակերպուող հաւաքոյթներուն: Քսան տարի՝ գրեթէ մինչեւ իր մահը, անցուցած է մատամ տը Շամպլիէրիի պալատին մէջ: Ամուսնացած է դեռատի կնոջ մը հետ, սակայն յետոյ ձանձրացած եւ իր կեանքը կապած է այլ կիներու: Ունեցած է նաեւ զաւակ:
1684 թուականին Լաֆոնթէն ընտրուած է ֆրանսական ակադեմիայի անդամ, մասնակցած է «հիներուն ու նորերուն վէճին», հանդէս եկած է որպէս «հիներու» կողմնակից։
Լաֆոնթէն գրած է հեքիթաներ, պատմուածքներ, թատերախաղեր, բայց փառք ու հռչակ վայելած է իր առակներով, որոնց նիւթը հիմնականը վերցուցած է մէկ այլ նշանաւոր առակագիրէ՝ Եզովբոսէ, ապա վարպետօրէն ու մեծ արուեստով մշակած, վերակառուցած, յաճախ դարձուցած է չափածոյ, կիրառած է բազում հետաքրքրական ոճաձեւեր, հաղորդած է հոգեբանական խորութիւն եւ կերտած՝ ուշագրաւ կերպարներ եւ իրավիճակներ։ Անոր առակները թարգմանուած են աշխարհի բոլոր զարգացած ժողովուրդներու լեզուներով, բազմիցս հրատարակուած ու վերահրատարակուած են։
Գրողին թանգարանը կը գտնուի Ֆրանսայի հիւսիսային Շաթօ Թիէրի քաղաքին մէջ: Այդ տունին մէջ որոշ ժամանակ մը ապրած է գրողը, այնուհետեւ վաճառած 1676 թուականին, երբ 55 տարեկան էր, ապա շարունակած է իր կեանքը Փարիզ, ուր ալ մահացած է: Թանգարանի հաւաքածոն հիմնականը կը պատմէ անոր ստեղծագործութիւններուն մասին: Յիշողութեան վայր մըն է, որ ճանապարհորդութիւն կ՚առաջարկէ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ՝ բացայայտելու ֆրանսացի նշանաւոր գրողին ստեղծագործութիւնը: Իր առակներուն մէջ Լաֆոնթէն ստեղծած է առասպելական եւ երեւակայական աշխարհ մը, ուր կենդանիները օժտուած են խօսքով եւ կ՚ուսուցանեն մարդիկը։ Անոր ստեղծած պատմութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն մարդուն բարոյական հիմնական գիծերը եւ կը քննադատեն, ծաղրի կ՚ենթարկեն ատոնք, մեծ իմաստով կը դատապարտեն իր ապրած ժամանակին խնդիրները: Մարդոց վարքագիծը ան ջանացած է ցոյց տալ կենդանիներուն միջոցով, եւ ինչպէս առակ ժանրին բնորոշ է՝ ընթերցողը կը մղէ դասեր քաղելու:
Հարիւրաւոր տարիներ յետոյ ալ զարմանքով կարելի է նկատել, թէ գրողը ի՛նչ վարպետութեամբ խօսք տուած է կենդանիներուն: Գրողի առակներուն մէջ ամենէն շատ յիշատակուած կենդանիներն են՝ գայլը (26 անգամ), աղուէսը (25 անգամ), շունը (24 անգամ), առիւծը (21 անգամ), աւանակը (20 անգամ), առնէտը (16 անգամ), կապիկը (14 անգամ), կատուն (11 անգամ)։
Ընդհանուր առմամբ գրողին կը վերագրուի մօտաւորապէս 248 առակ: Իր առակներու հերոսներուն նուիրուած են Ֆրանսայի մէջ արձաններ, այգիներու, դպրոցներու, մշակութային եւ այլ վայրերու մէջ դրուած են իր՝ գրողին արձանները՝ շրջապատուած առակին հերոսներով: Իսկ 400-ամեակը Ֆրանսայի եւ համայն ֆրանսախօս աշխարհին համար անգամ մը եւս առիթ էր՝ ոգեկոչելու ֆրանսագիր գրողը, որու կերտած գործերը նաեւ ֆրանսերէնի անմահ յուշարձաններ են:
ԳԻՒՂԱՑԻՆ ԵՒ ՄԱՀԸ
Գիւղացին ցախի կապոցը ուսին կը վերադառնայ անտառէն: Ճանապարհին կը նստի, որպէսզի շունչ առնէ: Կը սկսի դժգոհիլ իր ճակատագրէն: Ահաւոր յոգնած էր ծանր աշխատանքէն եւ տուրքերէն: Ողջ իր կեանքին մէջ երջանիկ օր մը չէր տեսած: Եւ ան կը կանչէ իր մահը: Մահը իսկոյն կու գայ եւ կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ կը կանչէ: Գիւղացին կը վախնայ եւ կ՚ըսէ, թէ կանչած է որ միայն օգնէ՝ ցախին կապոցը նորէն ուսին վրայ դնելու:
ՀՈՎԻՒԸ ԵՒ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
Ամէնուն կ՚իշխեն երկու դեւեր՝ սէրը եւ պատուախնդրութիւնը: Երկրորդին իշխանութիւնը աւելի մեծ է եւ ան կ՚իշխէ անգամ սիրուն: Կար ու չկար թագաւոր մը կար: Տեսնելով, որ հովիւին հօտը տարուէ տարի կ՚աճի, ան իր մօտ կը կանչէ զայն եւ կ՚ըսէ, թէ հովիւը պիտի դառնայ մարդոց հովիւ: Կը դարձնէ զայն դատաւոր:
Դատաւորին անգամ մը կ՚այցելէ ճգնաւոր մը եւ կ՚ըսէ, թէ միապետին բարեացակամութիւնը փոփոխական է եւ չ՚արժեր յոյս դնել ատոր վրայ: Դատաւորը կը խնդայ: Ճգնաւորը կը պատմէ մարդու մը մասին, որ կորսնցնելով մտրակը, ձեռքն առած էր սառած օձը: Օձը կը տաքնայ եւ կը խածնէ անոր ձեռքը:
Ճգնաւորը իրաւացի էր: Թագաւորին մօտ կու գան դաւերու սիրահարները եւ կը գրգռեն զայն՝ դատաւորի դէմ: Կ՚ըսեն, թէ այս մէկը կը հետապնդէ միայն մէկ նպատակ՝ հարստանալ: Թագաւորը, ստուգելով դատաւորին ունեցուածքը, կը տեսնէ, որ ան կ՚ապրի շատ հասարակ: Դաւադիրները կ՚ըսեն, թէ դատաւորը ամէն բան կը պահէ սնտուկին մէջ: Թագաւորը բանալ կու տայ սնտուկը եւ այնտեղ կը գտնէ հովիւին հագուստը: Իսկ դատաւորը կը հագնի իր այդ հին, ոչ ոքի նախանձը շարժող հագուստը եւ կը հեռանայ պալատէն:
ԿԱՂՆԻՆ ԵՒ ԵՂԷԳԸ
Կաղնին օր մը սրտցաւ կերպով կը նկատէ, որ եղէգը շատ տկար, բարակ եւ անզօր է: Անգամ ճնճղուկին տակ կ՚օրօրուի: Իսկ ինքը ահաւասիկ, կ՚աճի ամուր եւ իր ճիւղերով կարող է պաշտպանել ներքեւը գտնուող ամէն ոք: Սակայն եղէգը դժգոհ չէ իր ճակատագիրէն: Քամին կը ճօճէ, սակայն չի կոտրիր: Կը սկսի բուք: Եղէգը կը պառկի եւ այդպէս կը փրկուի, իսկ քամին կրկնապատկելով իր ուժերը՝ արմատախիլ կ՚ընէ կաղնին:
ԱՂԱՒՆԻՆ ԵՒ ՄՐՋԻՒՆԸ
Առուակին կը մօտենայ աղաւնին, որ ջուր խմէ եւ կը տեսնէ ջուրին մէջ յայտնուած մրջիւնը: Աղաւնին խոտի կտոր մը կը նետէ անոր եւ մրջիւնը, բռնուելով ատկէ, կը փրկուի: Առուակին մօտ կը յայտնուի հրացանով մարդ մը: Նշան կ՚առնէ, որպէսզի կրակէ աղաւնիին: Սակայն մրջիւնը կը խածնէ անոր ոտքը եւ աղաւնին կը փախչի:
ԿՆՈՋ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ԿԱՏՈՒՆ
Կար մարդ մը, որ շատ կը սիրէր իր կատուն: Իր հետ անկողին կը տանէր, անոր հետ մէկ ափսէէն կ՚ուտէր: Կեանք չունէր առանց այդ կատուին: Ճակատագիրէն կը խնդրէ կնոջ վերածել կատուն, որպէսզի ամուսնանայ անոր հետ: Հրաշք տեղի կ՚ունենայ եւ անոր առջեւ կը յայտնուի գեղեցիկ աղջիկ մը: Կ՚ամուսնանան, հարսանիք կ՚ընեն, իսկ երբ խնջոյքը կը վերջանայ, կ՚երթան ննջարան: Հոս կինը յանկարծ դուրս կը նետուի ամուսինին գիրկէն եւ կը մտնէ անկողինին տակ: Կը պարզուի, որ ան այնտեղ մուկ նկատած է:
ՄԱՐՄԻՆԻ ՄԱՍԵՐՆ ՈՒ ՍՏԱՄՈՔՍԸ
Մարմինին բոլոր անդամները լաւ կը զգան, եթէ ստամոքսը գոհ է: Սակայն անոնք օր մը կ՚որոշեն ապրիլ իրենց հաճոյքին համար: Կը յայտարարեն, թէ այլեւս պիտի չծառայեն ստամոքսին: Դատարկ ստամոքսն ալ ի վիճակի չ՚ըլլար թարմացնելու արիւնը: Ողջ մարմինը կը հիւանդանայ: Այստեղ միայն մարմինին անդամները կը հասկնան, թէ ստամոքսն էր, որ հոգ կը տանէր իրենց մասին:
ԷԳ ԱՌԻՒԾԻՆ ԹԱՂՈՒՄԸ
Առիւծին կինը կը մեռնի: Առիւծը կ՚ոռնայ եւ անոր հետ կ՚ողբայ ողջ պալատական անձնակազմը: Հաւաքուած կենդանիներէն չ՚ողբար միայն եղջերուն, որուն կնոջը ժամանակին որսացած էր մեռածը: Առիւծը կը հրամայէ սպաննել եղջերուն: Սակայն եղջերուն կ՚ըսէ, թէ երազին մէջ առիւծի մեռած կինը այցելած էր եւ ըսած, որ յայտնուած է դրախտին մէջ եւ երջանիկ է այնտեղ: Առիւծը նուէրներով ազատ կը ձգէ զայն:
ԼԱՖՈՆԹԷՆԻ ԱՌԱԾՆԵՐԷՆ
- Խելամիտ մարդուն համար անօգտակար ոչինչ կ՚ըլլայ:
- Երբեք կարծիք մի կազմէր մարդուն մասին՝ անոր արտաքինով։
- Ծաղիկներով պատուած ճանապարհը երբեք դէպի փառք չի տանիր։
- Մարդը այնպէս մը կառուցուած է, որ, երբ բան մը կը լուսաւորէ անոր հոգին, ամէն ինչ կը դառնայ հնարաւոր:
- Հնարաւոր չէ անմիջապէս գոհացնել ամբողջ աշխարհը եւ սեփական հայրը։
- Իսկական մեծութիւնը ինքնատիրապետման մէջ է։
- Մենք մեր ճակատագրին կը հանդիպինք այն ճանապարհին, զոր կ՚ընտրենք՝ ատկէ խուսափելու համար:
- Սէր, սէր, երբ դուն կը տիրես մեզի, պէտք է ըսել՝ ներէ՛, խոհեմութիւն:
- Վարպետը կը ճանչցուի իր գործով։
- Ոչինչ այնքան ծանր է, որքան գաղտնիքը:
- Կրկնակի հաճելի է խաբել խաբեբան:
- Օգնէ դուն քեզի, եւ քեզի կ՚օգնեն նաեւ աստուածները։
- Համբերութիւնը եւ ժամանակը կու տան աւելին, քան՝ ուժը կամ կիրքը:
- Ընկերներէն ինչ-որ բան թաքցնելը վտանգաւոր է, սակայն աւելի վտանգաւոր է անոնցմէ ոչինչ թաքցնելը:
- Մեղրին մեջ աւելի շատ ճանճ կը խեղդուի, քան՝ քացախին մէջ:
- Երբեք մի՛ բաժնէք չսպաննուած արջին մուշտակը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան