ԱՅՑ՝ ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ

Գարնանային անձրեւ կայ Դիլիջան տանող ողջ ճանապարհին: Հակառակ ցերեկուայ ժամին՝ երկինքը մութ է, եւ սարերը պատուած են գարնանային մշուշով: Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերէն մին՝ Դիլիջան մեզ կը դիմաւորէ անձրեւէն մաքրուած հրաշալի օդով: Նշանաւոր պատուիրակութեան մը՝ Նոպէլեան հինգ մրցանակակիրներու հետ կ՚ուղեւորուինք դէպի Դիլիջանի Միջազգային դպրոց: Ինչպէս յայտնած էինք, անցնող օրերուն Հայաստան այցելած էին Նոպէլեան հինգ մրցանակակիրներ, որոնց հայաստանեան այցելութեան մէկ օրն ալ հանդիպում նախատեսուած էր Դիլիջանի Միջազգային դպրոցին մէջ եւ անոնց այդ այցին ընկերացաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ:

Դիլիջանի Միջազգային դպրոցին անդրադարձած էինք, սակայն առիթ չէր եղած տեսնելու հրաշալի այդ կառոյցը, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ ստեղծուած վստահաբար ամենէն նշանակալի կրթական կեդրոնն է:

Աղստեւ գետի վերին վտակի ափին գտնուող Դիլիջան Ազգային Պարկի ներսը կառուցուած դպրոցը իրաւ հրաշագեղ համալիր մըն է՝ բնապահպանական աննկարագրելի միջավայրով, ճարտարապետական գերազանց մտայղացմամբ եւ նախանձելի կրթական շունչով ու դրուածքով: Դպրոցի բակը մեզ կը դիմաւորեն դպրոցի օտարազգի տնօրէնը՝ Ճոն Փատըֆուտ, ուսուցիչներ ու աշակերտներ, իսկ դպրոցի ներսը Հայաստանի զանազան վայրերէ Դիլիջան ժամանած շուրջ յիսուն աշակերտներ (աւագ դպրոցներու) Դիլիջանի դպրոցի աշակերտներուն հետ կը սպասեն Նոպէլեան մրցանակակիներուն: Այս մէկը եզակի առիթ մըն է՝ միեւնոյն ժամանակ, նոյն վայրին մէջ տեսնել հինգ միջազգային ամենէն բարձր գիտական մրցանակի արժանացած անձերը, որոնց յարատեւ աշխատանքը դրական ներգործում ունեցած է մարդկութեան զարգացման վրայ:

Նոպէլեան հինգ մրցանակակիրներուն Հայաստան հրաւիրելու գործին մէջ մեծ դեր ունի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի փոխ-նախագահ, երիտասարդ դասախօս Փրոֆ. Քոնստանդին Ենկոյեան, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին պատմեց մանրամասներ, թէ ինչպէս ծագած է նման միտք: Տակաւին տասնմէկ տարի առաջ Ենկոյեան, իբրեւ բժիշկ-գիտնական վերապատրաստուած է իսրայէլացի նշանաւոր գիտնական Աարոն Չեխանովէրի գիտական խումբին մէջ: Մտերմացած է Չեխանովէրին հետ, որ այդ ժամանակ արդէն Նոպէլեան մրցանակակիր էր, եւ աւելի ուշ՝ 2010 թուականին զինք հրաւիրած է Հայաստան: Քոնստանդին Ենկոյեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ պաշտօնական, գիտական կապերէն զատ մեծ նշանակութիւն ունին մարդկային ջերմ յարաբերութիւնները, ինչ որ ալ պատճառ դարձած է իրենց մտերմութեան: Աարոն Չեխանովէրի միջոցաւ ալ կապ հաստատուած է եւս չորս Նոպէլեան մրցանակակրի հետ, եւ ահաւասիկ, անոնք համաձայնած են համատեղ այց մը կատարել Հայաստան: Աարոն Չեխանովէրին հետ Հայաստան ժամանած են Ատա Եոնաթ, Տէն Շեխթման, Ճոն Ռոպին Ուորէն եւ Էյ-Իչի Նեկիշի: Քոնստանդին Ենկոյեան նաեւ շեշտեց մէկ կարեւոր հանգամանք. ծանօթ է, որ Նոպէլեան մրցանակակիրներու այցերը ոեւէ երկիր կամ համալսարան մը, մեծ պատուագիներ (honorarium) արժեն, սակայն հինգ մրցականակիներն ալ համաձայնած են առանց պատուավճարի դասախօսութիւններ եւ հանդիպումներ ունենալ Հայաստանի մէջ: Եւ այդ մէկը՝ մարդկային յարաբերութիւններու, վստահութեան շնորհիւ, ինչ որ շատ կարեւորեց Քոնստանդին Ենկոյեան: Ան նաեւ նշեց, որ բոլոր գիտնականներն ալ շատ սիրած են Հայաստանը, իբրեւ հնամենի երկիր մը, ուր մարդիկ կը ձգտին եւ ջանք ունին բան մը փոխելու եւ քալելու աշխարհի զարգացումներուն համընթաց: Այդ տպաւորութիւնը ստացուած է մանաւանդ ուսանողներու եւ երիտասարդ գիտնականներու հետ հանդիպումներու ընթացքին:

Դիլիջանի Միջազգային դպրոցին մէջ աշակերտութեան հետ Նոպէլեան մրցանակակիրներու հանդիպումը նոյնպէս տպաւորիչ էր: Անոնք աշակերտներուն պատմեցին իրենց յաջողութեան պատմութիւնները՝ դպրոցական նստարանէն մինչեւ գիտական դժուարին ճանապարհ, շեշտելով, որ երբեք պէտք չէ վախնալ նորագոյն գաղափարներէ եւ մանաւանդ, երբեք պէտք չէ վախնալ հինն ու կարծրացածը, ժամանակէն ետ մնացածը հերքելէ:

ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԸ

Հանդիպման աւարտէն ետք հիւրերը շրջեցան Դիլիջանի Միջազգային դպրոցէն ներս: Անոնց, ուղեկցեցաւ դպրոցին տնօրէնը՝ Ճոն Փատըֆութ, իսկ մենք այդ ընթացքին զրուցեցինք Դիլիջանի Միջազգային դպրոցի նախագծի հիմնադիրներէն ռուսաստանաբնակ գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի տիկնոջ՝ Վերոնիքա Զոնապենտի հետ:          Տիկին Զոնապենտ զարմանք կը պատճառէ իր չափէն աւելի պարզութեամբ եւ համեստութեամբ: Չորս երախաներու մայրը միաժամանակ ծանօթ հասարակական գործիչ է եւ միշտ կեցած է իր ամուսինին ծրագրերուն եւ նախաձեռնութիւններուն կողքին: Տիկին Զոնապենտ, որ նաեւ դպրոցի Տնօրէններու խորհուրդի նախագահն է, նախ մեծ ուրախութիւն յայտնեց այն փաստի առթիւ, որ Նոպէլեան հինգ մրցանակակիներ միաժամանակ այցելած են Դիլիջանի Միջազգային դպրոց, եւ այդ այցելութիւնը կը մնայ ոչ միայն դպրոցի պատմութեան եւ անոր աշակերտներու յիշողութեան մէջ, այլ նաեւ՝ Հայաստանի եւ տարածքաշրջանի համար նոյնպէս կարեւորագոյն իրադարձութիւն է, քանի որ տարածքաշրջանի մէջ նման նախադէպ՝ հինգ մրցանակակիրներու համատեղ այց չէ եղած:

Տիկին Զոնապենտ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ միջազգային համագործակցութեամբ ստեղծուած դպրոցը արդէն իրողութիւն է Հայաստանի մէջ, որ անգլիական միջին դպրոց եւ դպրոց-բանսիոն է Cambridge IGCSE եւ IB Diploma ակադեմական ծրագրերով, որ աշխարհի յառաջատար համալսարաններու կողմէ ճանչցուած ծրագրեր են:

«Մեծ հպարտութիւն է միջագային նման դպրոց ունենալ Հայաստանի մէջ, ուր արդէն կ՚ուսանին վաթսուներեք աշակերտներ զանազան երկիրներէ, այդ կարգին նաեւ՝ Եւրոպայէն, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներէն, Թուրքիայէն եւ այլ երկիրներէ: Մեր աշակերտները այս դպրոցին մէջ կը ստանան ոչ միայն միջազգային լաւագոյն ուսում, այլ նաեւ՝ դպրոցի աշակերտները կը գտնուին ամբողջական խնամակալութեան ներքոյ, ինչ որ անոնց հնարաւորութիւն կ՚ընձեռնէ մօտէն ծանօթանալու Հայաստանի փառաբանուած հիւրընկալութեան եւ առհասարակ՝ երկրին», նշեց Վերոնիքա Զոնապենտ:

Անոր խօսքերով, միջազգային որակեալ կրթութիւնը այսօր հասանելի է աշխարհի տարածքին, միայն թէ ատոր հասնելու համար մեծ ջանքեր կը պահանջուին աշակերտներէ, այնպէս չէ, որ այդ կրթութիւնը առանց որեւէ ջանքի կը տրամադրուի աշակերտին, աշակերտը, իր աշխատասիրութեան, պրպտումներու, ձգտումներու եւ այլ յատկանիշներու շնորհիւ պիտի հասնի այդ ուսման: Ան շատ կարեւորեց ընտանիքներու մէջ մանաւանդ մօր դերը, որ կրնայ առաջմղիչ ուժ դառնալ՝ իր զաւկին լաւագոյն կրթութիւն ջամբելու մէջ:

Վերոնիքա Զոնապենտ նշեց նաեւ, որ Դիլիջանի Միջազգային դպրոցը անդամ է Միացեալ համաշխարհային գոլէճներ (United World Colleges-UWC) կրթական շարժումին, որ աշխարհի տարածքին կը միաւորէ տասնհինգ միջազգային դպրոցներ եւ գոլէճներ, հարիւր քառասուն երկիրներու ազգային կոմիտէներ եւ կարգ մը կարճաժամկէտ կրթական ծրագրեր։ Այդ դպրոցներու մէջ ուսանող աշակերտներու ընտրութիւնը կը կատարուի աշխարհով մէկ, ըստ անոնց արժանիքներու եւ ունեցած ներուժին: Ճիշդ է, որ այդ ցանցին մէջ գտնուող դպրոցները բարձր ուսման վարձավճարներ ունին (Դիլիջանի Միջազգային դպրոցի տարեկան վարձը, օրինակ, կը կազմէ 30 հազար ամերիկեան տոլար), սակայն ըստ ընկերային կարիքի եւ ըստ ունեցած գիտելիքներու, աշակերտներուն կ՚առաջարկուին կրթաթոշակներ, մրցութային տեղեր եւ այլ հնարաւորութիւններ: Մէկ խօսքով, ինչպէս նշեց Վերոնիքա Զոնապենտ, տաղանդաւոր աշակերտը ունի այս գոլէճներուն մէջ ուսանելու հնարաւորութիւն եւ դպրոցներուն նպատակն ալ տաղանդներ յայտնաբերելն ու անոնց մեր ժամանակներու լաւագոյն կրթութիւնը տալն է:

Միացեալ համաշխարհային գոլէճները Միացեալ Թագաւորութեան տարածքին հիմնուած միջազգային կազմակերպութիւն մըն է։ Ան դպրոցներ ունի Հայաստանի, Գանատայի, Հոնկ-Քոնկի, Հնդկաստանի, Իտալիոյ, Նորվեկիոյ, Սինկափուրի, Զուիցերիոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Միացեալ Թագաւորութեան, Քոստա Ռիքայի, Պոսնայի, Հոլանտայի, Գերմանիոյ, Չինաստանի մէջ: Գոլէճներու շրջանաւարտներու թիւը 50 հազարէն աւելի է, անոնց կարգին կան երկիրներու ղեկավարներ, քաղաքական ու արուեստի նշանաւոր գործիչներ:

«Հայաստանի մէջ ուսանող օտար աշակերտները, աւարտելէ ետք կը դառնան Հայաստանի անպաշտօն դեսպանները՝ աշխարհի տարածքին: Այն տարիները, զորս անոնք կ՚անցընեն Հայաստանի մէջ, անոնց լաւագոյն պատանեկան տարիները պիտի ըլլան՝ լի տպաւորութիւններով, զգացողութիւններով, եւ այդ ամէնը անոնք ապագային կը փոխանցեն իրենց աշխատանքին մէջ: Հայաստանը, իբրեւ երկիր, իբրեւ յիշողութիւն, իբրեւ տեղեկատուութիւն եւ իբրեւ զգացողութիւն այս աշակերտներուն կ՚ուղեկցի ամբողջ կեանքի ընթացքին», նշեց Վերոնիքա Զոնապենտ, աւելցնելով նաեւ, որ Դիլիջանի Միջազգային դպրոցի աշակերտները Դիլիջանի համայնքային զարգացման գործի մէջ ալ իրենց ներդրումը ունին: Անոնք ծրագրեր եւ մտայղացումներ կը ներկայացնեն նման տարածքի զարգացման առումով, որոնք հետագային գործի կը դրուին:

*

Բնապահպանական հրաշալի միջավայրի մէջ տեղակայուած դպրոցէն կը հեռանանք՝ վառ տպաւրութիւններով, հաւատալով, որ օր մը մարդկութեան զարգացման եւ աշխարհի փոփոխութեան գործին մէջ իրենց ներդրումը կ՚ունենան նաեւ Հայաստանի մէջ ուսանող այս պայծառ աշակերտները, որոնք ոգեշնչուեցան Նոպէլեան մրցանակակիրներու այցէն եւ գաղափարներէն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016