ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­թաց­քի մէջ է «Կո­մի­տա­սը եւ միջ­նա­դա­րեան ե­րաժշ­տու­թեան մշա­կոյ­թը» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղով-փա­ռա­տօ­նին ծրա­գի­րը։ Օ­փե­րա­յի հա­մա­լի­րէն ներս նա­խըն­թաց ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սա­ւոր հա­մեր­գէն վերջ, ե­րէկ «Կո­մի­տաս» թան­գա­րան-կա­ճա­ռի յար­կէն ներս սկսան գի­տա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րը։ Զե­կու­ցում­ներ ներ­կա­յա­ցուե­ցան շարք մը գիտ­նա­կան­նե­րու կող­մէ։

Մինչ այդ, գի­տա­ժո­ղով-փա­ռա­տօ­նի մաս­նա­կից­նե­րը յար­գան­քի այց մը տուին Կո­մի­տա­սի շիր­մին եւ ծա­ղիկ­ներ թո­ղու­ցին Մեծ Վար­դա­պե­տի ար­ձա­նին առ­ջեւ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016