ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐ

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Եւրոպական ժառանգութեան օրերու ծիրէն ներս, կրկին կը փառաբանուի 2030 տարեկան տնջրի ծառը, որ պերճ հասակով հսկայ չինարի (սօսի) ծառն է, կը գտնուի Արցախի Վարանդա գաւառի Սխտորաշէն գիւղի հանդին մէջ: Խորհրդային Միութեան շրջանին այս ծառին անձնագիր շնորհուած է որպէս Խորհրդային Միութեան տարածքին գտնուող ամենատարեց եւ ամենաբարձր ծառը: Արցախի չինարին ունի 44 քառակուսի մեթր մակերեսով փչակ, ուր կարելի է համախմբել հարիւրէ աւելի մարդ: Հսկայ ծառի սաղարթին ստուերը կը կազմէ աւելի քան 1400 քառակուսի մեթր: Սօսազգիներուն պատկանող այս ծառի բարձրութիւնը 54 մեթրէն աւելի է, մօտ 18 յարկանի շէնքի մը բարձրութեամբ։ Արցախի Սխտորաշէն գիւղի չինարին իր անսովոր չափերով կը գերազանցէ Եգէեան ծովու Քոս կղզիի հսկայ ծառերը։

Տնջրին դարձած է ուխտատեղի՝ արցախցիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար։ Ծառին տակէն կը բխի յորդառատ ու սառնորակ աղբիւր մը, որ դարեր շարունակ սնած է վիթխարի չինարը: Ըստ աւանդութեան, այս ծառին տակ հանգստացած են հայոց բոլոր մեծերը՝ Մեսրոպ Մաշտոցէն սկսեալ, որոնք պատմական Արցախի տարածքէն անցած են:

Ծառին փչակին մէջէն անցնողները գրութիւններ կը ձգեն, մոմ կը վառեն, հակառակ անոր, որ մոմ վառելը արգիլուած է, քանի որ մեծ վնաս կը հասցնէ ծառի փայտին: Սակայն մոմ վառելու սովորութիւնը կը վկայէ, որ մարդիկ սրբավայրի վերածած են ծառը եւ մեծ հաւատք կը տածեն անոր հազարամեայ գոյութեան հանդէպ:

Ծառին փառաբանումը եւ անոր շրջակայքի մաքրութիւնը նախատեսուած է 30 Սեպտեմբերին: 30 Սեպտեմբերին եւ 1 Հոկտեմբերին, Հայաստանի եւ Արցախի ողջ տարածքին, տեղի կ՚ունենան Եւրոպական ժառանգութեան օրեր, որ այս տարի «Ժառանգութիւնը եւ բնութիւնը» խորագիրը կը կրէ եւ ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կանաչ տարածքներու մաքրման, յուշարձաններու պահպանման եւ բնութեան, մարդու եւ յուշարձանի կապի ամրապնդման:

Եւրոպական ժառանգութեան օրերը տեղի կ՚ունենան ամէն տարի՝ Եւրոպական մշակութային դաշնագրին (կնքուած՝ 1954 թուականին) միացած յիսուն եւրոպական երկիրներու մէջ: Ծրագրի իրականացման մտայղացումը 1984 թուականին ծագած է Ֆրանսայի մէջ՝ «Պատմական յուշարձաններու բաց դռներու օր» խորագրով: Եւրոպական ժառանգութեան օրեր ծրագիրը պաշտօնապէս հաստատուած է Եւրոպայի խորհուրդին կողմէ՝ 1991 թուականին, իսկ 1999 թուականին ծրագրին միացած է նաեւ Եւրոմիութիւնը. նախաձեռնութիւնը սկսած է իրականացուիլ «Եւրոպա. միասնական ժառանգութիւն» կարգախօսով: Տարեկան աւելի քան 70 հազար մշակութային ձեռնարկ կ՚իրականացուի ողջ Եւրոպայի մէջ՝ բարձրացնելու հասարակութեան տեղեկացուածութիւնը Եւրոպական ժառանգութեան վերաբերեալ, ընդգծելու անոր բացառիկութեան եւ բազմազանութեան, շարունակական պահպանութեան կարեւորութիւնը:

Այս տարի Հայաստանի մէջ ծրագրին մեկնարկը 30 Սեպտեմբերի ժամը 11.00-ին կը տրուի, Հայաստանի Լոռիի մարզի Սոճուտ ծառերու այգիէն եւ անոր մերձակայքը գործող թանգարանէն: Ծրագրին կը մասնակցին Հայաստանի Մշակոյթի եւ Բնապահպանութեան նախարարութիւնները եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան աշխատակիցները:

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, այս երկու օրերուն ընթացքին, աւելի քան հարիւր մշակութային կազմակերպութիւն, ինչպէս նաեւ զանգուածային յաճախումներու համար սովորաբար փակ շարք մը պատմամշակութային յուշարձաններ իրենց յարկին տակ կը հիւրընկալեն այցելուները, կը կազմակերպուին օրուան խորհուրդին համահունչ բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ՝ համերգներ, տեսաժապաւէններու ցուցադրութիւններ, մշակութային զբօսանքներ, գրական-երաժշտական ցերեկոյթներ, կրթական ծրագրեր, հանդիպում-քննարկումներ, դասախօսութիւններ, աստղադիտումներ, ծառատունկ, քայլարշաւներ դէպի բնութեան եւ մշակոյթի բացառիկ յուշարձանները:

ԻԲՐԵՒ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Ժողովուրդի որոշ հատուածներ աւանդաբար դժգոհ կ՚ըլլան Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու աշխատանքներէն: Շատեր, այդ պատճառով դժկամութիւն կամ քիչ մը լարուածութիւն կ՚ունենան այդ շէնքերուն քովէն անցնելու միջոցին: Նախատրամադրուածութիւնը յաճախ չի ձգեր, որ անոնք նկատեն Ազգային ժողովին, Կառավարութեան, Նախագահի նստավայրին պատմա-ճարտարապետական արժէքը, մինչդեռ այդ շէնքերը մեր մայրաքաղաքի զարդերէն են, որոնք հարուստ պատմութիւն ունին եւ իրենց անկրկնելի ճարտարապետութեամբ Երեւանին դիմագիծին մաս կը կազմեն:

Եւրոպական ժառանգութեան օրերու ծիրէն ներս երկու օր շարունակ այցելուները կը հիւրընկալուին Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքը, Կառավարութեան շէնքը, Աստղադիտարանի գլխաւոր մասնաշէնքը, Երեւանի քոնիաքի գործարանը, Օփերայի եւ պալէի շէնքը: Այցելուներ, նախապէս արձանագրուելով Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան մօտ, կրնան պտտիլ այդ շէնքերէն ներս եւ ներսէն ու դուրսէն ծանօթանալ հայ ճարտարապետներու գլուխ-գործոցներուն:

Ազգային ժողովի շէնքին կառուցումը սկսած է 1948 թուականին եւ աւարտած՝ 1950 թուականին: Շէնքը անցեալին եղած է Հայաստանի Համայնավարութեան ղեկավարութեան նստավայրը: Հայաստանի Հանրապետութեան Նախարարաց խորհուրդը՝ 1991 թուականին, ընդունեց այդ շէնքը Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին յատկացնելու մասին որոշումը, իսկ յետագային այնտեղ ձեւաւորուեցաւ Ազգային ժողովը:

Շէնքի գլխաւոր ճարտարապետն է նշանաւոր ճարտարապետ Մարկ Գրիգորեան, որ նաեւ Երեւանի այլ շէնքերու, ինչպէս՝ Մատենադարանի ճարտարապետութեան հեղինակն է:

Երեւանի կեդրոնական այդ հատուածին՝ Մարշալ Բաղրամեան պողոտայի միջնամասին ձախ կողմը կը գտնուէր քաղաքի ամենէն հին գերեզմանատունը՝ Կոզեռնը: Գերեզմանատունը իր անունը ստացած է ի պատիւ 11-րդ դարու առաջին կէսի հայ գիտնական եւ տոմարագէտ Յովհաննէս Կոզեռնին (Տարոնեցիի), որ կը կրէր «Հայոց վարդապետ» պատուանունը: Կեանքի վերջին տարիները ան անցուցած է Երեւանի մէջ, ուր վախճանած եւ առաջինն ալ թաղուած է Կոնդի հիւսիս-արեւմտեան հատուածին՝ իր անունով (Կոզեռն, որ կը նշանակէ տղայ) կոչուող գերեզմանատան մէջ: Կոզեռնի գերեզմանին մօտ յետագային թաղուած է նաեւ Մելիքսէթ Վարդապետ Վժանեցին, իսկ անոնց միջեւ՝ յայտնի կաթողիկոս Մովսէս Գ. Սիւնեցին: Անոնց գերեզմաններուն վրայ յետագային կառուցուած է վայելուչ մատուռ մը, որ կոչուած է «Կոզեռնի մատուռ»:

Այդ հին գերեզմանոցը նախորդ դարու 30-ական թուականներուն կիսաքանդ էր արդէն, անխնամ եւ թաղուած աղբի ու ապականութեան մէջ: Այդ ժամանակ ալ գերեզմանոցը աւերուեցաւ քաղաքի հիմնական վերակառուցման ու վերափոխման հետեւանքով: Որոշ հեղինակներ կը պնդեն, որ ընդհուպ այդ ժամանակները գերեզմանոցին մէջ կը շարունակ-ւէին կազմակերպուիլ թաղումներ:

Տարածուած է այն կարծիքը, որ Ազգային ժողովի շէնքը կառուցուած է վերոյիշեալ գերեզմանոցի տարածքին վրայ, սակայն ըստ մասնագէտներու ներկայացուցած տուեալներուն, այդ մէկը իրականութեան չի համապատասխաներ: Ազգային ժողովի ներկայ տարածքը նախկինին եղած է պտղատու այգի, իսկ գերեզմանոցը եղած է Տեմիրճեան փողոցէն դէպի արեւմուտք եւ հիւսիս-արեւմուտք: Այսինքն՝ գերեզմանոցը հիմնականօրէն մնացած է Բաղրամեան պողոտայի եւ Տեմիրճեան փողոցի խաչմերուկէն վեր, Պռոշեան փողոցի եւ ատոր յարակից շինութիւններուն տակ: Ազգային ժողովի ներկայացուցած փաստերով կը յստակենայ այն, որ Ազգային ժողովի շէնքը կառուցուած չէ գերեզմանոցին վրայ: Վերջերս, անգամ մը եւս պարզ դարձաւ անոր յարակից կառուցուած մասնաշէնքի շինարարութենէն: Շէնքի կառուցման համար կատարուեցաւ 5-6 մեթր խորութեամբ փորուածք, եւ նման կարծիք հիմնաւորող ոչ մէկ փաստ արձանագրուեցաւ:

Եւրոպական ժառանգութեան օրերուն այցելուներ կրնան ոչ միայն պտտիլ Ազգային ժողովի այգիին տարածքը, այլ նաեւ՝ ծանօթանալ ներսի կառուցուածքին, շրջիլ սրահներուն, դահլիճներուն մէջ: Բացի հիմնական նիստերու դահլիճէն, յատկանշական է շէնքի ձուաձեւ դահլիճը:

Դահլիճին ձուաձեւ կառուցուածքը ունի իր խորհուրդը. կը յիշեցնէ կլոր սեղանի շուրջը տեղի ունեցող քննարկումներ եւ այդ կառուցուածքին ընտրութիւնը պատահական չէ: Վաղուց ի վեր, կլոր սեղանը կը նկատուի համագործակցութեան, նպատակամէտ քննարկումներու խորհրդանիշ, քանի որ տրամաբանականօրէն կլոր սեղանի շուրջ զրուցակիցները կը յառաջանան ոչ թէ ճակատային ու իրարու հանդէպ անձնաւորուած գրոհներու, այլ՝ հիմնախնդրին լուծման արդիւնաւէտ ուղիներու փնտռտուքի ճանապարհով:

Համաձայն առասպելին, կլոր սեղանի գաղափարը ծնած է 12-րդ դարուն, թէեւ ան շատ աւելի հին է եւ յատուկ՝ հայ իրականութեան մէջ:

Ըստ աւանդութեան, բրիտանական առասպելի առաջնորդ Արթուր թագաւորը, այդ ձեւով իր ասպետները զրկեց սեղանի գլխուն աւելի մօտ նստելու վիճայարոյց հարցի հնարաւորութենէն: Կլոր սեղանը չունի անկիւններ, ուստի կլոր սեղանին շուրջ նստողները հաւասարապէս իրաւազօր եւ պատասխանատու են ընդունուած որոշումներուն համար:

Յաջորդ վայրը, ուր պարզ քաղաքացիներ Եւրոպական ժառանգութեան օրերու ծիրէն ներս կրնան ազատօրէն այցելել, Հայաստանի Կառավարութեան շէնքն է, որ կը գտնուի Հանրապետութեան հրապարակին մօտ: Շէնքի ճարտարապետութեան հեղինակն է յայտնի ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան:

Ի սկզբանէ նախագծուած (1926-1928) եւ կառուցուած է ներկայ շինութեան հիւսիս-արեւմտեան հատուածը, որուն շինարարութիւնը աւարտած է 1929 թուականին:

1932-1936 թուականներուն, նոյն տեղը, նախագծուած է Կառավարական տան ամբողջ թաղամասի մը տարածքը զբաղեցնող համալիրը, որ իր մէջ ներդաշնակ կերպով ընդգրկած է նաեւ, ի սկզբանէ կառուցուած, շէնքը: Թամանեանը նախագծած էր, որ անկանոն հնգանկիւն պարագիծ ունեցող շէնքին կեդրոնական մասը՝ ներքին բակին մէջ, պէտք էր կառուցուէր աւելի բարձր, գլանաձեւ ծաւալ մը, որ պիտի կատարէր համալիրի զանազան մասերը իրարու հաղորդակցող ճեմասրահի մը դերը: Քաղաքաշինական առումով ան Օփերայի թատրոնի շէնքին հետ պիտի դառնար նախագծուող Հիւսիսային պողոտայի առանցքային գերիշխող մասը: 1941 թուականին սակայն, ընդհատուած է շինարարութիւնը եւ չեն իրականացուած համալիրի կեդրոնական եւ արեւելեան հատուածներու նախագիծերը:

Կառավարական տան շինարարութիւնը 1952 թուականին աւարտած է Թամանեանի որդին՝ ճարտարապետ Գէորգ Թամանեան, իր նոր նախագիծով՝ արդէն առանց կեդրոնական բարձրադիր ծաւալին, արեւելեան մասին վրայ յաւելելով նաեւ նիստերու ընդարձակ դահլիճ մը:

Կառավարական տունը առաջին շէնքն է, որ կառուցուած է Ալեքսանդր Թամանեանի՝ 1924 թուականի քաղաքի գլխաւոր յատակագիծով նախատեսուած կեդրոնական ձուաձեւ հրապարակին մէջ, եւ ատով իսկ ան պայմանաւորած է յետագային կառուցուած շէնքերուն բարձրութիւնը, հորիզոնական ջլատումները եւ այլ ժանրային առանձնայատկութիւնները:

Կառավարական տան համար՝ 1942 թուականին Ալեքսանդր Թամանեանին շնորհուած է Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակ, իսկ Հանրապետութեան հրապարակի համակառոյցի հեղինակները 1970 թուականին արժանացած են Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակին:

Եւրոպական ժառանգութեան օրերու ընթացքին նախատեսուած է նաեւ անվճար այցելութիւն մը Բիւրականի Աստղադիտարան, որ հիմնադրուած է 1946 թուականին՝ Աստղադտարանի առաջին տնօրէն Վիքթոր Համբարձումեանի նախաձեռնութեամբ։ Ան կառուցուած է Արագած լերան հարաւային գեղատեսիլ լանջին եւ մաս կը կազմէ Աստղադիտարանի համալիրին: Համալիրին մէջ կը մտնէ գլխաւոր մասնաշէնքը, առանձնատուն մը եւ պանդոկին շէնքը:

Աստղադիտարանի գիտական գործունէութիւնը ուղղուած է Տիեզերքի մէջ անկայուն երեւոյթներու հետազօտման, որուն համար նախատեսուած են հինգ հիմնական դիտակներ, որոնցմէ են՝ աստղադիտարանի խոշորագոյն 2.6 մեթր եւ Շմիթտի 1.0 մեթր հանրայայտ դիտակները։ Աստղադիտարանը որպէս ճարտարապետական համալիր՝ բաղկացած է հիմնական եւ օժանդակ կառոյցներէ, նախագծած է հայ նշանաւոր ճարտարապետ Սամուէլ Սաֆարեան։

1946 թուականէն ի վեր Բիւրականի մէջ տեղի կ՚ունենան բազմաթիւ աստղագիտական հաւաքներ, նաեւ՝ գիտական հանդիպումներ, եւ Միջազգային Աստղագիտական միութեան չորս գիտաժողով եւ մէկ հերթական հանդիպում-զրոյց։

Բիւրականի աստղադիտարանը բուն գիտական հետազօտութիւններուն զուգահեռ կ՚իրականացնէ նաեւ գիտութեան տարածման գործընթաց՝ պարբերական հրապարակումներու, աստղադիտարանի մէջ արդէն քանի տարիներէ ի վեր գործող երիտասարդ աստղագէտներու ամառնային դպրոցի, դասախօսութիւններու եւ արշաւներու միջոցաւ:

1998 թուականէն սկսեալ Բիւրականի աստղադիտարանը կը կրէ Վիքթոր Համբարձումեանին անունը։

Ան կը նկատուի Արեւելեան Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն աստղադիտարաններէն մին: Բիւրականի աստղադիտարանը այցելելու համար սահմանուած է ժամային երկու արշաւ՝ գիշերային եւ ցերեկնային։ Գիշերային այցելուները կարող են դիտել աստղազարդ երկինքը, ապա ցերեկուան այցելողները կը տեսնեն աստղադիտարանին շուրջը, բնութեան մէջ կառուցուած միւս շինութիւնները, կը զբօսնուն բնութեան մէջ:

Եւրոպական ժառանգութեան օրեր Հայաստանի մէջ մշակութային եւ բնապահպանական ձեռնարկի ժամանակ Հայաստանի բոլոր քաղաքներէն ներս հետա-քըրքրական իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան: Յատկանշական է, որ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդավայրին՝ Լոռիի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Վա՜յ չուտողին» խորովածի համտես-վաճառքը, իսկ խորովածի համար իբրեւ համեմունք պիտի գործածուի Յովհաննէս Թումանեանի սիրած ուրցը, դաղձն ու ծոթրինը:

Այդ օրերուն կը փառաբանուին նաեւ հացը, գիրքը, թատրոնը եւ մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող այլ տարրեր:

Իսկ ամենէն կարեւորն այն է, որ այդ օրերուն երեխաներ, երիտասարդներ եւ կազմակերպութիւններ բազմաթիւ թռչնաբոյներ եւ ձմեռող թռչուններու համար կացարաններ կը պատրաստեն ողջ Հանրապետութեան տարածքին վրայ, այդպէսով նաեւ յիշեցնելով գալիք խստաշունչ ձմրան մասին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2017