ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՄԵՆԱՈՒՇԱԳՐԱՒ «ԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆԸ»

Կեանքը փորձառութիւններու, անակնկալներու, ուրախութիւններու, տխրութիւններու, նաեւ զայրոյթներու շղթայ մըն է։ Գրեթէ ամէն օր աշխարհի վրայ կը պատահին զարմանալի դէպքեր, որոնք ազդեցութիւն կ՚ունենան կա՛մ միայն անհատի մը եւ կամ զանգուածներու վրայ։

Թէեւ մեր կեանքի իւրաքանչիւր քայլափոխին ենթակայ ենք փորձութիւններու, սակայն անգլիաբնակ տիկին Թոթնըմի պատահած այս դէպքը գրեթէ աննախընթաց է։ 

1810 թուականին Լոնտոնը աշխարհի ամենահզօր, ամենահարուստ քաղաքներէն մին էր, որ իւրաքանչիւր մայրցամաքի հետ ունէր կապ մը առեւտուրի միջոցաւ եւ կեանքը կ՚ապահովէր Բրիտանիոյ հիւսիսային քաղաքներու՝ Լիվըրփուլի եւ Մենչըսթըրի «արտադրող ուժ»երով:  Գրեթէ ամէն ինչ կարելի էր ձեռք բերել քաղաքի խանութներէն, սակայն օր մը յանկարծ առեւտուրը սահեցաւ դէպի մէկ հասցէ՝ Պեռներս փողոցի 54 թիւ շէնքի բնակիչ տիկին Թոթնըմի բնակարանը։ Այս դէպքը կոչուած է «Պեռներս փողոցի խաբէութիւն», որ տակաւին կը համարուի պատմութեան ամենամեծ պատրանքը։

Պեռներս փողոցի խաբէութիւնը տեղի ունեցած է 1809 թուականին Թէոտոր Հուքի կողմէ, Անգլիոյ Ուեսթմինիսթըր քաղաքին մէջ։ Հուք գրաւի բռնուած է իր մտերիմ ընկերոջ՝ Սամուէլ Պիզլիի հետ, թէ ան Լոնտոնի որեւէ բնակարան մը կրնայ վերածել հանրածանօթ, ամենաերեւելի ու ամենաուշագրաւ տան մը։ Պեռներս փողոցի 54 թիւ շէնքի բնակիչ տիկին Թոթնըմի անունով, Հուք հազարաւոր նամակներ կ՚ուղարկէ զանազան բնագաւառի առեւտրականներու եւ կը պատուիրէ տարատեսակ ապրանքներ, կահոյքներ ու խնդրանք կը ներկայացնէ այցելութիւններ կատարելու մասին։ 

1809 թուականի նոյեմբերի 27-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն տիկին Թոթնըմի դրան զանգը կը հնչեցնեն ծխնելոյզ մաքրող ընկերութեան մը ծառայողներ։ Տան սպասուհին կը շուարի, որ անոնք նման խնդրանք չեն ունեցած։ Միայն քանի մը վայրկեան յետոյ կու գայ մէկ այլ ծխնելոյզ մաքրող գործաւոր, որ կրկին իրենք չէին կանչած։ Այդ օրը ծխնելոյզներու մաքրման ծառայութիւններէն ընդհանուր առմամբ տասներկու մարդ բախած է տիկին Թոթնըմի դուռը: 

Ծխնելոյզ մաքրողներէն յետոյ մեծամասնութեամբ ածուխ տեղափոխող ինքնաշարժներու շարք մը սկսած է տիկին Թոթնըմի դիմել, ապա կը ժամանեն հրուշակագործեր՝ մատուցելու համար հարսանեկան կարկանդակներ: Աւելի վերջ ալ բժիշկներ, փաստաբաններ եւ քահանաներ դուռը կը բախեն՝ տան մէջ մահացած մարդու մը համար։ Ձկնորսներ, կօշկակարներ եւ տասնեակէ աւելի դաշնամուր տեղափոխող մարդիկ այդ օրը դուռը կը զարնեն:

Անոնք, որոնք կեղծ նամակներուն հաւատք ընծայելով դիմած են տիկին Թոթնըմի տունը, այսքանով չէ սահմանափակուած:  Տան դուռը եկան նաեւ շատ կարեւոր անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին էին՝ Անգլիոյ դրամատան կառավարիչը, Եորքի տուքը, Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը եւ Լոնտոնի քաղաքապետը:

Լոնտոնի նեղ փողոցները շուտով լեցուած էին խանութպաններով եւ «հանդիսատես»ներով:  Առաքումներն ու այցելութիւնները տեւած են մինչեւ ուշ գիշեր, իսկ Լոնտոնի մէջ կեանքը իսկապէս կանգ առած էր:

Քաղաքի անվտանգութեան ծառայողներուն եւ սպաներուն զօրակոչ ուղղուած էր, որպէսզի փողոց մուտքը արգիլեն ու կանխեն կուտակումները, որովհետեւ օրն ի բուն տիկինի տունը դիմած էին հազարաւորներ։ Բայց եւ այնպէս, հնարաւոր չէ եղած վիճակը հակակշռի տակ առնել մինչեւ ուշ գիշեր:

Աւելի վերջ կը պարզուի, որ նոյն անձերը ուղարկած են բոլոր նամակները՝ տարբեր առեւտրականներու եւ կ՚որոշուի պարգեւատրել անոնք, որոնք պիտի պարզաբանեն դէպքի «հեղինակ»ները ու ապահովեն անոնց ձերբակալումը:

Թէոտոր Հուք եւ իր ընկերը ստեղծուած թոհուբոհին հետեւեցան տիկին Թոթնըմի շէնքի հանդիպակաց տունէ մը՝ սպասելով խաբէութեան բացայայտման:

Թէեւ շատեր կը կասկածէին, որ դէպքի մեղաւորը Թէոտորն է, սակայն ան յաջողած է պրծիլ բացայայտուելէ եւ պատժուելէ:

Իսկ արդեօք ո՞վ է Թէոտոր Հուք։ Ան նշանաւոր դարձած է իր գործնական ու արտասովոր կատակներով։ Ծնած է 22 սեպտեմբեր 1788 թուականին՝ Լոնտոն։ Աւարտած է Օքսֆորտի համալսարնը։ Մահացած է իր ծննդավայր Լոնտոնի մէջ, 24 օգոստոս 1841 թուականին։ Իսկ 1810 թուականին յերիւրած է վերոյիշեալ կատակը, որու շնորհիւ ալ դարձած է աշխարհահռչակ։

Հարկ է նշել, որ Հուք նաեւ եղած է աշխարհի առաջին անձը, որ ստացած է բացիկ մը: Նամակատան պաշտօնեաները հեգնելու նպատակով ան պատրաստած է անոնց ծաղրանկարները պարունակող բացիկ մը եւ ուղարկած՝ ինքն իրեն:  Այս բացիկը 2002 թուականին վաճառուած է 31 հազար 750 սթերլինով։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2020