ՕՔՍՖՈՐՏԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁԵՌԱԳՐԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նի Պո­տլէեան գրա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած հայ­կա­կան հա­զուա­գիւտ ձե­ռագ­րե­րու եւ տպագ­րու­թիւն­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը ա­ռար­կայ դար­ձած է ան­նա­խըն­թաց հե­տաքրք­րու­թեան։ Հա­մալ­սա­րա­նի հե­տա­զօ­տող­նե­րէն Տքթ. Ռա­պին Մէ­յէր, որ պատմա­կան լե­զու­նե­րու մաս­նա­գէտ է, այս կա­պակ­ցու­թեամբ փո­խան­ցած է վառ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ։ Ան կը մաս­նա­գի­տա­նայ յու­նա­րէ­նի, լա­տի­նե­րէ­նի եւ հա­յե­րէ­նի մաս­նա­գի­տու­թեան վրայ։ 

Հոկ­տեմ­բե­րի 23-էն ի վեր այս ցու­ցա­հան­դէ­սը ար­ձա­նագ­րած է ան­նա­խըն­թաց յա­ջո­ղու­թիւն մը։ Աշ­խար­հի հա­մալ­սա­րա­նա­կան գրա­դա­րան­նե­րու շար­քին մե­ծա­գոյն­նե­րէն եւ հնա­գոյն­նե­րէն մէ­կը կը հա­մա­րուի Պո­տլէեան գրա­դա­րա­նը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ նման ան­նա­խա­դէպ ցու­ցադ­րու­թիւ­նով մը հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է հայ­կա­կան ձե­ռագ­րեր, տպագ­րու­թիւն­ներ, կի­րա­ռա­կան ա­րուես­տի եւ հո­գե­ւոր ի­րե­րու ա­ւե­լի քան հա­րիւր նմոյշ­ներ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ է 17-րդ դա­րէ մնա­ցած ձե­ռա­գիր մը (1638 թուա­կան), որ կը հա­մա­րուի Ի­րա­նի մէջ տպագ­րուած ա­ռա­ջին գիր­քի միակ յայտ­նի պատ­ճէ­նը։

Պո­տլէեան գրա­դա­րա­նը Եւ­րո­պա­յի ա­մե­նա­հին գրա­դա­րան­նե­րէն մին է։ Անգ­լիոյ մէջ, Բրի­տա­նա­կան գրա­դա­րա­նէն վերջ, մե­ծու­թեամբ երկ­րորդն է՝ իր 11 մի­լիոն նմոյ­շով։ Օքս­ֆոր­տի հա­սալ­սա­րա­նի գրա­դա­րա­նը ըստ էու­թեան կը գոր­ծէ որ­պէս գրա­դա­րան-ըն­թեր­ցաս­րահ։ Այն­տեղ ի պահ դրուած փաս­տա­թուղ­թե­րը չեն կրնար դուրս բե­րուիլ ըն­թեր­ցա­սե­նեակ­նե­րէն։ Այս գրա­դա­րա­նը ու­նի նաեւ հա­յե­րէն ձե­ռագ­րե­րու եւ գիր­քե­րու բա­ւա­կան հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոյ մը։ Ցու­ցա­նակ­նե­րուն մէջ պահ­պա­նուած նմոյշ­նե­րուն հա­մա­ձայն, այս գրա­դա­րա­նը ա­ռա­ջին հա­յե­րէն ձե­ռա­գի­րը ստա­ցած է 1635 թուա­կա­նին, Ար­քե­պիս­կո­պոս Լաու­տի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2015