ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ԱՐՄԱՒԵՆԻ ՄԻՐՕՂԼՈՒԻ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍՈՎ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեանն ու հա­մա­նուն վար­ժա­րա­նի հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­նե­րէն Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուն։ Ա­նոնք փու­թա­ցած էին մեզ հրա­ւի­րե­լու հա­մար յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ նա­խա­տե­սուած կա­րե­ւոր ձեռ­նար­կի մը։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, վաս­տա­կա­ւոր կրթա­կան մշակ Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լու վեր­ջին շրջա­նին Ե­րե­ւա­նի մէջ պաշտ­պա­նեց թեզ մը, ո­րու հի­ման վրայ լոյս տե­սաւ «Պոլ­սա­հա­յե­րը (1923-1939)» ա­նուն գիր­քը։ Ու­րեմն, ներ­կա­յիս պատ­րաս­տու­թիւն­ներ կը տես­նուին այս գիր­քի շնոր­հան­դէ­սին հա­մար։ Է­սաեա­նի սան եւ ու­սուց­չու­հի Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի գիր­քի շնոր­հան­դէ­սին բնա­կան հաս­ցէն դար­ձած է Է­սաեան սա­նուց միու­թիւ­նը։ Մեր հիւ­րե­րը ե­րէկ մատ­նան­շե­ցին, թէ այս գի­նե­ձօ­նը կը զու­գա­դի­պի նաեւ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին եւ այս ծի­րին մէջ պի­տի հան­դի­սա­նայ ա­ռա­ջին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Գի­նե­ձօ­նի ըն­թաց­քին բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րով հան­դէս պի­տի գան Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, ինչ­պէս նաեւ Ե­րե­ւա­նէն՝ յայտ­նի պատ­մա­բան Ա­շոտ Մել­քո­նեան, ո­րոնք պի­տի ար­ժե­ւո­րեն Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տան­քին նշա­նա­կու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016