«ՔԱՍԻՄԻ ԴՊՐՈՑԸ»

Հայ մամուլի երախտաւոր, պոլսահայ գործիչ, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան առաջնորդներէն Լեւոն Թիւթիւնճեանի հրապարակագրական գործունէութեան մէկ մասը կը կապուի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին հետ: Ան իր հրապարակագրական մասնակցութիւնը թերթին բերած է 1912 թուականին, այնուհետեւ՝ 1920-ականներու կէսին: Պոլիսէն հեռանալէն եւ քանի մը երկրի մէջ զանազան տեսակի գործունէութիւն ունենալէ ետք, շատ աւելի ուշ, երբ Լոզան հաստատուած էր, իր մահէն քանի մը տարի առաջ, կրկին թղթակցութիւններ կը ղրկէր հայ մամուլին, այդ կարգին նաեւ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:

Լեւոն Թիւթիւնճեան կեանքէն հեռացած է 1976 թուականին, Լոզան, իսկ 1971 թուականին ան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ ստորագրած է հետաքրքրական յօդուածաշարք մը, որով անդրադարձած է Քասիմի՝ Միսաք Գօչունեանի դպրոցին: Յօդուածաշարքին առաջին գրութիւնը ան նուիրած է Արմենակ Տէր-Յակոբեանին, մանրամասնօրէն վերլուծելով, թէ ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեան թերթին միջոցով իր հրապարակագրական դպրոցը ստեղծելով, միաժամանակ հրապակագիրներ պատրաստած է՝ կամայ թէ ակամայ: Արմենակ Տէր-Յակոբեանին անդրադառնալէ ետք, Լեւոն Թիւթիւնճեան «Քասիմի դպրոցը» խորագրին ներքոյ, թերթի յաջորդ թիւերէն մէկուն մէջ անդրադարձած է նաեւ Ժիրայր Շիրակցիին (Հայր Վարդան):

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ծննդեան օրուան առթիւ, 1971 թուականի հոկտեմբերի 28-ի օրաթերթէն ընտրած ենք «Քասիմի դպրոցը» խորագրեալ Թիւթիւնճեանին յօդուածը եւ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:

ՔԱՍԻՄԻ ԴՊՐՈՑԸ

«Ժամանակ»ի հրատարակման 65-ամեակը կ՚արժէ, որ յիշատակուի 1972-էն առաջ իսկ, իբրեւ բացառիկ երեւոյթ մեր մամուլին օրագրութեան պատմութեան մէջ: Իմ յիշողութեանս մէջ չկայ ուրիշ հայ օրաթերթ մը, որ գրեթէ երեք քառորդ դար անխափան հրատարակուած ըլլայ, բացի «Ժամանակ»էն:

Բայց յօդուածիս նիւթը այս բացառիկ երեւոյթին վրայ խօսիլ չէ, այլ անոր Տնօրէն-Խմբագրապետին հասցուցած լրագրողներէն միոյն՝ Արմենակ Տէր-Յակոբեանի մասին:

Քասիմ արդէն լրագրական ասպարէզի մէջ յայտնի ու փորձառու անուն մըն էր, երբ իր եղբօր՝ Սարգիս Գօչունեանի հետ 1908-ին, Օսմանեան պետութեան մէջ մամլոյ ազատութեան հաստատման տարին, հիմնեց «Ժամանակ» ժողովրդական օրաթերթը, երիտասարդ խմբագիրներու հոյլով մը շրջապատուած: Մինչեւ այդ ատենը Քասիմ «Մանզումէ»ի խմբագրապետն էր եւ իր խմբագրական կազմին մէջ կը մտնէին արդէն իսկ «Մանզումէ»ի մէջ իր հասցուցած երիտասարդ լրագրողներէն շատերը: Ասոնց մէջ էին Յակոբ եւ Արմենակ Տէր-Յակոբեան եղբայրները: Յակոբ արդէն սկսած էր «Մանզումէ»ի մէջ գրել փոքրիկ պատմուածքներ, որոնք վերջէն հաւաքեց հատորի մը մէջ եւ լոյս ընծայեց «Ուր խեցիներ ժողուեցի» խորագրով: Այդ տարին ալ լքեց պահ մը լրագրութիւնը եւ կոչուեցաւ Պոլսոյ մօտակայ Պահճէճիկի միւտիրութեան պաշտօնին: Քանի մը տարի յետոյ կրկին վերադառնալու համար լրագրական ասպարէզ, վարելու համար «Վերջին Լուր»ի խմբագրութիւնը:

Արմենակ Քասիմի «Մանզումէ»ին լրաբերն էր:

Այն ատենուան երջանկայիշատակ մեծ պատրիարքին՝ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի բոլոր տեղափոխութիւններուն կը հետեւէին մեր լրաբերները, Հիւանդանոցի տարեդարձի հանդիսաւոր կոչունքի սեղանին, եկեղեցիներու տօնախըմ-բութեանց, որոնց նկարագրութիւնը եւ մեծ Պատրիարքին քարոզը պատկերալից նկարագրութեամբ լոյս կը տեսնէր հետեւեալ օրուան թերթերուն «Բիւզանդիոն»ի, «Մանզումէ»ի եւ «Սուրհանդակ»ի մէջ:

Օրմանեան Սրբազան պերճախօս քարոզիչ էր, մեծ աստուածաբան, բազմահմուտ եւ նուրբ միտք, լեզուագէտ, դասական արդի լեզուներու հմուտ, բացառիկ հանճարի տէր եկեղեցական մը, իր գրաւած Աթոռին կ՚ընծայէր բացառիկ փայլ մը: Այն շրջանին Օսմանեան պետութիւնը Խալիֆայական դրութեամբ ըլլալով, կրօնապետները քրիստոնեայ հպատակ հասարակութեանց պետերն էին Ֆաթիհի կողմէ նշանակուած, եւ ունէին իրենց կրօնական շքախումբը: Օրմանեան յաճախ կ՚այցելէր Պոլսոյ թաղերու եկեղեցիները եւ պատարագելէ վերջ կը հովուէր թաղային դպրոցները: Ան հիմնադիրն էր եղած Արմաշու Դպրեվանքին, որու Վանահայրը աւանդաբար Պոլսոյ պատրիարքն էր: Պատրիարքական Աթոռոյ զբաղումներով բռնուած, վանահայրութեան Տեսչական գործով զբաղիլը յանձնուած էր ժամանակակից ուրիշ մեծ եկեղեցականի մը՝ երջանկայիշատակ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի: Օրմանեանի օրով հասած արմաշականներէն երկվեցեակ մը վարդապետներ շքախումբը կը կազմէին Պատրիարքին, անոր տեղափոխութեանց ընթացքին, որոնց վրայ աւելցնել պէտք է լրագրողները: Առաջին անգամ տեսայ այսպիսի առիթով մը Արմենակ Տէր-Յակոբեանը Գատըքէօյի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ:

Օրմանեան Պատրիարք Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առթիւ պատարագելու եկած էր Շաբաթ իրիկուընէ, շոգենաւէն ելած էր հանդիսաւոր կերպով, շրջապատուած իր վեղարակիր շքախումբէն եւ հետիոտն ուղղուած եկեղեցին, որուն զանգակը կը ղօղանջէր Պատրիարքին ցամաք ոտք կոխելէն սկսեալ: Պատրիարք ի գլուխ, շքախումբը մտած էր տաճար: Սրբազանը խորանին առաջ ծնկի ինկաւ, վարդապետները երկշարք ծնրադրեցին անոր շուրջը, Սրբազանը վեղարը իջեցուց ուսին, բոլոր վարդապետներն ալ նոյնպէս եւ յանկարծ բարձրացաւ Օրմանեանի բամբ ձայնը, որու հետեւեցաւ վեղարաւորներու համաչափ կշռոյթով հեւքը.

Ընկալ քաղցրութեամբ, Տէր Աստուած հզօր:

Հետեւեալ օրը պատարագին, այս բոլոր վեղարաւորները զգեստաւորեալ Սեղանին առջեւ կը սպասարկէին Պատրիարքին, որ Հայր Մերէն առաջ սկսաւ իր քարոզին: Բեմին ձախին երկու լրագրողները թղթիկներու վրայ հակած կը սղագրէին քարոզը. մին Արամ Անտոնեանն էր, միւսը Արմենակ Տէր-Յակոբեանը:

1912-ին է որ մտայ Պոլսոյ լրագրական կեանքին մէջ: Այն ատեն «Ժամանակ»ի խմբագրական քարտուղարութիւնը կը վարէր Յովհաննէս Պօղոսեան: Արմենակին հետ մտերմօրէն բարեկամացանք Քօրֆու կղզին Աքիլէոնի պալատր, ուր մեզ հետ էին Թէոդիկ, Արշակ Ալպօյաճեան, Յովհաննէս Ասպետ: Իսկ «Ժամանակ»ի մէջ աշխատակցած էի Ժիրայր Շիրակացիի՝ իմ պատուական բարեկամիս հետ եւ Քասիմի շրջանի հիներէն ճանչցած Զարեհ Նեմցէն, Վահան Թոշիկեանը եւ նշանաւոր Աբիկ Մուպահաճեանը, որ թէ՛ պատրիարքարանի միւմէիզն եւ թէ՛ «Ժամանակ»ի ազգային լրաբերն էր Արմենակին հետ: Միայն թէ Աբիկ այդ լուրերուն թէ՛ ուղղութիւն կուտար եւ թէ՛ զանոնք կը հաղորդէր: Պատրիարքարանի գանազան խորհուրդներու քարտուղարն էր եւ զանոնք կը վարէր անզգալի կերպով իր տուած լուրերուն միջոցաւ, սա կամ նա խորհուրդին թելադրելով անոր ընելիքը:

«Հաւաստի աղբիւրէ մեր ստացած ստոյգ տեղեկութեանց համաձայն Տնտեսական Խորհուրդը իր վաղուան նիստին նկատի ունի լուծել հինգ տարիէ ի վեր անորոշ մնացած նպարավաճառ Պոտոսի պարտուց խնդիրը, Կալուածոց Հոգաբարձութեան յանձնարարելով նոր պայմանագրի մը կնքումը յիշեալ պախալ Պոտոսին հետ»:

Անշուշտ ո՛չ Տնտեսական Խորհուրդը, ո՛չ Կալուածոց Հոգաբարձութիւնը տեղեակ են խնդրոյն մանրամասնութեանց բայց ինք Աբիկ Մուպահաճեան տեղեակ է:

***

Արմենակ Տէր-Յակոբեան Քասիմի սաներէն էր. անոր հետ մտերմութիւնս զարգացաւ Քօրֆուի մեր գործակցութեան ատեն. գործակցութիւն մը որ ներդաշնակ, համախորհրդակցութեան խանդավառութեամբ կ՚ամրապնդուէր օրէ օր: Եւ մեր միասնաբար հետեւած ուղին իսկոյն ժողովրդական խանդավառ ու միահամուռ հոսանքով կը լեցուէր, մեր մտաւորականները կ՚ոգեւորէր, մինչեւ այն աստիճան որ այդ շրջանակը կոչուեցաւ «Քօրֆուի մտաւորականները»: Օր մըն ալ այցելութիւնը ընդունեցինք Վահան Թէքէեանի: Անշուշտ, Ադրիականի մուտքին չքնաղ զարդը կազմող գեղեցիկ կղզիի հմայքէն առինքնուած մեծ բանաստեղծը պիտի կապուէր Քօրֆուին, սակայն մեր ներկայութիւնն էր որ թելադրեց իրեն եղական գաղափար մը: Թէքէեան ծրագրեց այս դիւթական կղզիին մէջ հաստատել «աշխարհական վանք» մը, ուր պիտի հաւաքուէին հայ մտաւորականներ, գրագէտ, քերթող, բանասէր, հայագէտ, եւայլն։

Արմենակ հեզահամբոյր բնաւորութիւն ունէր եւ մաքուր նկարագիր, Գեղարուեստից վարժարանէն վկայուած էր եւ երբ լրագրական ասպարէզէն հեռացաւ, Քօրֆուի մէջ գծագրութեան ուսուցչութիւն ըրաւ, շատ սիրուած՝ իր բոլոր աշակերտներէն: Նոյն ասպարէզը շարունակեց Աթէնքի մէջ եւ Բ. Աշխարհամարտին քահանայ ձեռնադրուեցաւ հոգելոյս Տ. Կարապետ Արքեպիսկոպոսէ, որ նոյնպէս հոգեւոր հայրն է Ն. Սրբութիւն Տ. Տ. Վազգէն Կաթողիկոսի, Հայոց Վեհափառ Հայրապետին: Արմենակ դարձաւ Մեսրոպ: Վեհափառ Հայրապետը զայն նշանակեց Յունաստանի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ, աւագ եւ ծաղկեալ փիլոնակիր եւ լանջախաչով զարդարեց անոր պարանոցը: Տ. Արմենակ Մեսրոպ իր խաղաղասէր եւ հեզահամբոյր նկարագրէն զատ հաստատամիտ եւ հաւատարիմ էր Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ Առաքելական անսասանելի Ս. Աթոռոյն: Խառնակիչ ըմբոստներու պառակտիչ պայքարը Ս. Էջմիածնայ ամենայն հայոց ծայրագոյն Պատրիարքութեան դէմ իր խիղճը կը տառապեցնէր եւ կը ստիպէր պաշտպան կանգնիլ մեր անդղրդելի միասնականութեան: Անթիլիասի կողմէ յափշտակուած Ելլադայի թեմը միս մինակ պաշտպանեց Էջմիածնի հաւատարիմ մնացող հօտին զլուխը անցած միակ աղօթատեղիով մը:

Եւ այդպէս մնաց իր խղճին, իր եկեղեցիին հաւատարիմ, ամէն անարգ յարձակումներու, անոպայ վարմունքի կուրծք տալով եւ բարձր բռնելով Ս. Էջմիածնի եւ եկեղեցիին արժանիքը:

Արմենակ, Քասիմի դպրոցին արժանի սան, դաստիարակուած էր ուղղամտութեան եւ մեր աւանդութեանց հաւատարիմ նկարագրով: Այդպէս եղաւ որպէս լրագրող եւ այդպէս մնաց կրօնական ասպարէզի մէջ: Կը հաւատար բարեկամութեան, ուղղամտութեան եւ մարդոց անկեղծութեան:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան եւ Քասիմի մշակած լրագրութեան ըմբռնումներուն տիպարը ներկայացնող, բազմարժան լրագրող մը ճանչնալու երջանկութիւնը եւս տրուեցաւ ինձ, յանձին Սիմոն Չէօմլէքճեանի, գրական անուամբ Ժիրայր Շիրակացի, իբր նուրբ երիգիծաբան-քրոնիկագիր Հայր Վարդան: Յառաջիկայ յօդուածս նուիրուած պիտի ըլլայ անոր մեծարժէք        յիշատակին:

Լոզան
28 հոկտեմբեր, ԺԱՄԱՆԱԿ, 1971

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2021