ԱՐՏԱՔՈՒՍՏ ԴԻՒՐԻՆ Է

Դուրսէն ամէն բան դիւրին կ՚երեւի: Օրուայ հոլովոյթին տարատեսակ լուրեր կը հասնին մեր ականջներուն՝ մահ, դժբախտ պատահար, պատերազմ, բնական աղէտներ... այս շարքը անվերջանելի է: Սակայն, երբ մենք կ՚իմանանք կամ կը կարդանք այս բոլորի մասին, այդ պահուն կը ցաւինք՝ կ՚անցնի-կ՚երթայ: Այսինքն մեր սրտին շատ մօտ չենք ընդունիր: Իսկ որոշ անհոգ մարդիկ ալ ընդհանրապէս կը զգան ոչինչ, աւելի ճիշդ կը տրտնջան, կը փնթփնթան իրենց քիթերու տակէն: Զոր օրինակ՝ երբ կ՚իմանան, որ այսինչ տեղը պատերազմ սկսած է կա՛մ դժբախտ պատահար մը տեղի ունեցած է, նաեւ տեղւոյն բնակչութիւնը իրենց պետութիւնը պատրաստ է հիւրընկալելու, կացարան տրամադրելու. «Նորէն պիտի գան փողոցները լեցուին: Մեր անդորրը խանգարեն: Ուրիշ տեղ չկա՞յ... ուրիշ երկիր չկա՞յ... թող ուրիշները ընդունին: Ինչո՞ւ հենց մենք պիտի տուժենք անոնց երեսէն...»:

Յիրաւի, մարդ արարածը բնաւ չի փափաքիր ինքզինքին նեղութիւն տալ: Եւ իր հանգստութիւնը, անդորրը, հոգը, բեռը թեթեւցնելու համար կը ստեղծէ ամէն բան: Նոյնիսկ զԱստուած կը փորձէ յարմարեցնել իրեն:

Իսկ աւելի խիղճով մարդիկ պարզապէս պահ մը կը խղճան՝ այսքանը:

Դժոխք վերապրիլը եւ դժոխքի մէջէն անցնիլը տարբեր բաներ են: Վերապրումը անցողիկ է ու կարճատեւ, իսկ դժոխքի մէջ գտնուիլը՝ յարատեւ: Հիմա մենք՝ ես, դժոխքի մէջ ենք: Աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր չենք կրնար ազատիլ անոր ճիրաններէն: Հետզհետէ աւելի կ՚ընկղմինք: Օրէ օր կը հեռանանք փրկութենէ: Մէկ կողմէն քորոնաժահրի սրընթաց տարածումը, միւս կողմէն մեր հայրենիքի սրընթաց կործանումը…

Այս ցաւին, տառապանքին դիմանալու համար այեւս ուժ չմնաց: Քաջ կը գիտակցիմ՝ ամէն բան տակաւին նոր կը սկսի՝ վատթարագոյնը դեռ մեր առջեւն է: Հեղձուցիչ է մեր լռութիւնը եւ անգործութիւնը: Ոչ մէկ կերպով կրնանք համախմբուիլ, բռունցք մը դառնալ ու պաշտպանել, փրկել մեր աստուածատուր երկիր դրախտավայրը:

Ինչպէս արտաքին, այնպէս ալ ներքին թշնամին՝ ազգադաւները բաւական անկեղծ են մեզի հետ: Անոնք մեզմէ չեն թաքցներ իրենց քայլերու հերթականութիւնը: Ամէն բան աւելի քան ակնբախ է: Կը նշանակէ, թէ պէտք չէ զանոնք մեղադրել: Ընդհակառակը՝ կարելի է նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնել: Իսկ ո՞ւր ենք մենք... ինչո՞վ կը զբաղինք: Արիւնաքամ Արցախն ու անտէրութեան մատնուած Սիւնիքը հոգեւարքի մէջ են: Ուր որ է պիտի փչեն իրենց վերջին շունչը: Ո՞ւր ես հայ...

Մենք մեզ խարազանելու փոխարէն պէտք է սթափինք, ոտքի կանգնինք: Այլընտրանք չունինք: Օղակը սկսած է սեղմուելու: Կորուստի ժամը կը մօտենայ: Իսկ կորսնցնելով Արցախն ու Սիւնիքը մենք կը գոցենք հայոց պատմութեան վերջին էջը:

44-օրեայ պատերազմի ընթացքին հակառակորդը չյաղթեց, մենք չպարտուեցանք…

Պարզապէս հակառակորդին օգնեցին, մեզ դաւաճանեցին:

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2021