ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԵԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

Վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայագէտ, նախիջեւանագէտ, Գրական փաստագրութեան միջազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս, Հայաստանի Մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Արգամ Այվազեանի «Նախիջեւան. բնաշխարհիկ պատկերազարդ հանրագիտակ» եւ «Արիստակէս Զարգարեաե» գիրքերու շնորհանդէսը: Ներկայ էին մշակոյթի եւ հասարակական գործիչներ, գրականագէտներ, ընթերցողներ: Հանդիսութեան բացումը ազդարարուեցաւ Անահիտ Տարօնցիի եւ Հայկուհի Առաքելեանի «Արգամ Այվազեան» փաստավաւերագրական շարժանկարի ցուցադրութեամբ: «Նախիջեւան. բնաշխարհիկ պատկերազարդ հանրագիտակ» հատորին մէջ Արգամ Այվազեան հանրագիտարանային շարադրանքներով ներկայացուցած է պատմական Հայաստանի Նախիջեւանի գաւառներու բնաշխարհն ու բնակավայրերը, մշակութային եւ ուսումնական օճախները, նիւթական ժառանգութեան տարատեսակ յուշարձանները: Գիրքը բազմաբովանդակ է եւ ունի աւելի քան 780 լուսանկարներով ու գծագրերով պատկերազարդուած էջեր ու ներդիր: Այդ լուսանկարները կը պատկերեն յուշարձաններ, բնութեան տեսարաններ, լեռներ, աղբիւրներ, խաչքարեր, քարտէսներ…

Իսկ «Արիստակէս Զարգարեան» գիրքին մէջ առաջին անգամ ներկայացուած են գողթնեցի յայտնի բժիշկ, հասարակական գործիչ, բանաստեղծ, թատերագիր, նկարիչ Արիստակէս Զարգարեանի գրական ժառանգութենէն փրկուած նամակներն ու բանաստեղծութիւնները:

Արգամ Այվազեան Նախիջեւանի պատմութեան, մշակոյթի հարցերով կը զբաղի խորհրդային տարիներէն ի վեր եւ այդ նիւթով աւելի քան քառասուն գիրքերու հեղինակ է:

Վերջերս լոյս տեսած անոր երկու գիրքերը Նախիջեւանի մասին իր 43-րդ եւ 44-րդ գիրքերն են, իսկ անոր աշխատասիրութեամբ կազմուած 7-8 գիրք պատրաստ է տպագրութեան: Ծնած ըլլալով Նախիջեւանի մէջ, պատմական Հայաստանի այդ հողակտորը անոր համար շատ սուղ է. մեծ հայագէտին հայրական գիւղը՝ Արինջը եւ գրեթէ ամբողջ Նախիջեւանը այսօր կը գտնուի ազէրիներու տիրապետութեան տակ: Իր մենագրութեններէն մէկուն յառաջաբանին մէջ Արգամ Այվազեան ցաւով գրած է. «Նախիջեւանեան բազմահազար մեծ ու փոքր կոթողներն ու յուշարձանները, օր-օրի աւերուելով, մնացին իմ հրատարակած գիրքերու պատկերներուն մէջ եւ իմ անձնական իւրօրինակ ու եզակի արխիւին մէջ»: Կը կարդանք եւ ցաւ կ՚ապրինք, որ հայոց մշակոյթի, ճարտարապետութեան, քանդակագործութեան եզակի շատ կոթողներ այլեւս պատմութիւն են:

Յիսուն տարի շարունակ Արգամ Այվազեան չափագրած, ուսումնասիրած, լուսանկարած է Նախիջեւանի բոլոր հայկական գիւղերը, բնակավայրերը, դպրոցները, եկեղեցիները, մշակութային կոթողները, խնամքով հաւաքած եւ հրատարակած է նշանաւոր նախիջեւանահայերու մասին գիրքեր, մոռացութենէ եւ կորուստէ փրկած է այնտեղ ծնած մտաւորականներու մասին նիւթեր, յիշատակումներ: Արգամ Այվազեան նաեւ Նախիջեւանի մասին ժապաւէններու, բազմաթիւ համաժողովներու, քննարկումներու, ցուցահանդէսներու հեղինակ է: Նախիջեւանի յուշարձաններու պահպանման, ճանաչման ուսումնասիրման իր արդիւնաւէտ աշխատանքին համար Արգամ Այվազեան պարգեւա-տըրւած է «Յակոբ Մեղապարտ» շքանշանով, իսկ 2010 թուականին անոր շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի մրցանակ:

Արգամ Այվազեան զանազան առիթներով յայտարարած է, որ ճիշդ է՝ ինք իր ամբողջ կեանքը նուիրած է նախիջեւանագիտութեան, սակայն այդ ուղղութեամբ տակաւին շատ ընելիքներ կան։ «Հայագիտութիւնը տակաւին կը սպասէ այն պատմաբանին, որ պիտի շարադրէ Նախիջեւանի պատմութիւնը՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը: Առայսօր հիմնաւոր ուսումնասիրութիւններ չկան Նախիջեւանի գրչօճախներուն, մանրանկարչութեան, բարբառներուն, բանահիւսութեան, ազգագրութեան, հնագիտութեան բնագաւառներուն մասին: Այս բոլորին անդրադարձած եմ իմ աշխատութիւններուն մէջ առանձին բաժիններով, գիրքերով, զորս կարելի չէ սպառիչ նկատել: Այնպէս որ թէ՛ իմ եւ թէ՛ այլ հայագէտներու ընելիքները շատ ու շատ են»,- ըսած է Արգամ Այվազեան:

Իր երկու նոր հատորներուն հրատարակութեան առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ան-ւանի հայագէտին, պատմաբանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը։

*

-Պարոն Այվազեան, «Նախիջեւան, պատկերազարդ բնաշխարհիկ հանրագիտակ» գիրքը վերահրատարակութիւն է. ի՞նչ դրդապատճառներով ան վերստին հրատարակուեցաւ:

-Այս գիրքի առաջին հրատարակութիւնը եղած է 1995 թուականին, գիրքին հրատարակութեան համար ոչ նպաստաւոր այն տարիներուն, երբ տպարանները վատ վիճակի մէջ էին, Հայաստանի մէջ թուղթ չկար, ելեկտը-րականութիւն չկար, բայց գիրքը տպարան գնաց, շատ վատորակ թուղթ գտանք, ելեկտրական հոսանքն ալ քանի մը ժամ միայն կու տային տպարանին, ջեռուցում չկար եւ այլն, փաստօրէն, այդ պայմաններուն տակ իրականացուեցաւ տպագրութիւնը եւ անոր հետեւանքով տպագրական ներկը թուղթին գրեթէ չէր դպեր, մէկ կողմէն թուղթը անորակ էր, միւս կողմէն կային ելեկտրականութեան տատանումները, բնական տպագրութիւն տեղի չունեցաւ: Այդ պատճառով, այս տարի, ունենալով զայն նորէն տպագրելու հնարաւորութիւն, վերահրատարակեցի գիրքը: Աւելի՛ն. այդ հատորը, որ եօթը գլուխներէ կազմուած էր եւ վերջին գլուխը նուիրուած էր նշանաւոր նախիջեւանահայերուն եւ Նախիջեւանի նշանաւոր տոհմերուն, զատ հատոր մը դարձաւ եւ տպագրուեցաւ ասկէ առաջ, իսկ մնացած հատուածը լրացումներով տպագ-րըւեցաւ այս տարի, իմ միջոցներով, եւ իբրեւ աջակցութիւն ունեցած եմ Հայ օգնութեան միութեան Թորոնթոյի «Ռու-պինա» մասնաճիւղի օժանդակութիւնը:

-Ի՞նչ աղբիւրներէ օգտուած էք գիրքի պատրաստման ժամանակ, բաւարա՞ր էր նիւթը նման հանրագիտակ մը հրատարակելու համար:

-Թէ՛ հին, թէ՛ նոր աղբիւրներէ օգտուած եմ, եւ գրեթէ մանկութեանս տարիներէն է, որ Նախիջեւան բնաշխարհը ուղեկցած է ինծի, յետագային ես պեղած եւ գտած եմ շատ նիւթեր, աղբիւրներ, պատմական վկայութիւններ…

Գիրքը իմ ծննդավայր-հայրենիքին մասին է, ուր նախնիներս ու պապերս բնակած են անյիշելի ժամանակներէ: Այնտեղ՝ Գողթան երգիչներու հայրենիքին մէջ, ամէն մէկ թիզ հողը ներծըծ-ւած է հայկականութեամբ ու հայ ոգիով: Մանկութիւնս եւ դպրոցական երազկոտ տարիներս անցուցած եմ այդ հայաշխարհին մէջ: Պատմութեան անցուդարձերուն, քաղաքականութեան ու պետական շահերու խաղերուն անտեղեակ իւրաքանչիւր պատանիի նման ես ալ դպրոցական տարիներուս շատ ու շատ բաներ չեմ գիտցած իմ ծննդավայր-հայրենիքիս մասին: Դէպքերու բերումով, երբ այդ տարիներուն անցած եմ լքուած ու աւերակներու վերածուած բնակավայրերու, վանքերու ու եկեղեցիներու, վիրաւոր ու բզկտուած գերեզմանատուներու քովէն, անմեկնաբանելի տխրութիւն մը պատած է զիս, հոգիս քրքրած: Բազում «հարցերն ու «ինչո՞ւ»ները, զիս զօր ու գիշեր մտատանջած ու բզկտած են... Պատանեկան տարիներուս այս ծանր մտածումներով լի հարցականներուս պատասխանները գտնելու համար մէկ անգամ չէ որ թերթած ու փնտռած եմ հին ու մերօրեայ բազմաթիւ ու բազմաբովանդակ գիրն ու գրականութիւնը: Փափաքած եմ գըտ-նել զիս մտատանջող հարցերուն պատասխանները՝ պատմական ճշմարտութիւնն ու յիշողութեան թելերը, հաղորդակից ըլլալ այս հայաշխարհի անցած ուղիին, անտէր-անտիրական մնացած հազարաւոր յուշարձաններու կանչին:

-Որքան տեղեակ եմ՝ Նախիջեւանի մասին Ձեր ուսումնասիրութիւնները հրատարակելու դժուարութիւններ եղած են թէ՛ խորհրդային եւ թէ՛ անկախութեան առաջին տարիներուն… Ինչպէ՞ս կրցած էք յաղթահարել եւ անտեսել այդ դժուարութիւնները, չյուսալքուիլ եւ ահաւասիկ, այդ նիւթով աւելի քան քառասուն գիրք հրատարակել:

-Դժուարութիւններ եղած են, բայց ես ջանացած եմ, եւ ահաւասիկ, 43-րդ գիրքս լոյս կը տեսնէ, 250-է աւելի յօդ-ւածները եւ ուսումնասիրութիւններն ալ իրենց կարգին տպագրուած են:

Իմ գիրքերէս մէկուն յառաջաբանին մէջ գրած եմ, թէ ինչպէս դարձայ նախիջեւանագէտ, ես մանրամասնօրէն նշած եմ, թէ ի՛նչ բան զիս ստիպեց քալել այդ ուղիով: Երիտասարդ տարիներուն մարդուն մօտ անբացատրելի զգացում մը գոյութիւն կ՚ունենայ դէպի իր ծննդավայրը, եւ այդ զգացումը ի վերուստ տրուած բան մըն է: Ես կրցայ իմ ճամբուն հանդիպած բազում բնական ու արհեստական խոչընդոտները յաղթահարել, հակառակ անոր, որ այդ տարիներուն տպագրական հարցեր կը յառաջանային: Խմբագրութիւնները կը մերժէին Նախիջեւանի մասին գրուած յօդուածներս, հակառակ որ անոնք պատմական, մշակութային նիւթեր էին եւ սուր հարցադրումներ չէին պարունակեր: Ես պայքարեցայ եւ շարունակեցի գրել եւ ներկայացնել, այդպէս՝ առաջին գիրքս տպագրուեցաւ եօթանասունականներուն, եւ եղան խմբագիրներ, որ յօդ-ւածներս մէկ-երկու անգամ տպեցին եւ այդպէս շրջան մը եղաւ, տարեկան հինգ-վեց յօդուած կը տպէի: Այսօր, եթէ յետադարձ հայեացք մը նետենք, ապա կրնանք ըսել, որ անոնք ոչ մէկ հիմք ունէին վախնալու եւ եթէ այդ ասպարէզին մէջ բացթողումներ կան, ապա մեղքը մերն է, ոչ ուրիշինը: Այսօր ալ չենք կրնար ըսել, որ Նախիջեւանի թեման պետական մակարդակով մեր մէջ ամբողջովին վեր հանուած, ներկայացուած է, եւ մինչեւ հիմա այն վախը կայ, թէ մեզ կը հետապնդեն, մինչդեռ, Ատրպէյճանը այսօր բազմաթիւ լեզուներով նիւթեր կը տպագրէ, կը տարածէ աշխարհի տարբեր երկիրներուն, իսկ մենք մեր ունեցածին մասին եւ մեր կորուստներուն մասին կարծես կը վախնանք խօսելու:

-Երբ կը թերթենք Ձեր գիրքերը, կը տեսնենք երբեմնի ծաղկուն եւ բարգաւաճ հայկական Նախիջեւանը, ուր այսօր հայկական ոչ մէկ հետք կայ: Կորուստի ծանր զգացողութիւն կ՚ունենա՞ք, եւ արդեօք հայկական Նախիջեւանը այլեւս անդարձ կորսուա՞ծ է:

-Ցաւօք, եթէ այսօրուան աչքերով նայինք եւ դիտենք այսօր գոյութիւն ունեցող պետական քաղաքականութեան տեսակէտէն, ապա այո, այդպէս է, եւ հայութիւնը այսօր հաշտուած է այդ կորուստին հետ: Այսօր մեր բոլոր պաշարները, ուժերը ուղղուած են դէպի Արցախ եւ անտեսուած են Նախիջեւանի եւ միւս տարածքներու հարցերը: Ես այդ մէկը կ՚անուանեմ հակազգային քաղաքականութիւն, որովհետեւ ոչ միայն հիմա, այլեւ միջազգային ոչ մէկ բանակցութեան ընթացքին խօս-ւած է Նախիջեւանի մասին, ոչինչ ըս-ւած է Նախիջեւանէն տեղահանուածներուն մասին, մինչդեռ, անոնք ալ փա-խըստական են եւ ոչինչով կը տարբերին Սումկայիթէն եւ Պաքուէն տեղահանուածներէն: Կ՚աւերուէին Նախիջեւանի հայկական յուշարձանները, եւ մերինները ոչ մէկ ձայն կը հանէին միջազգային ատեաններուն մէջ: Ես իմ յօդուածներէն մէկուն մէջ նշած եմ, որ Նախիջեւանի յուշարձաններուն կորուստին մէջ բարոյական մեծ տեղ ունի նաեւ Հայաստանը: Այդ տարիներուն հայ մտաւորականութիւնը, ակադեմիան, պատկան հիմնարկները երբեք մամուլով հանդէս չեկան ի դատապարտում Ատրպէյճանի այդ քաղաքականութեան: Մինչդեռ Ատրպէյճանը բազմիցս պաշտօնական յայտարարութիւններ ըրած է, թէ Նախիջեւանի մէջ հայկական յուշարձաններ երբեք չեն եղած եւ ըսած է, թէ զարմանալի է Հայաստանի կողմէ այդպիսի աղմուկ-աղաղակ բարձրացնելը:

Այսօր հայկական պատմական ոչ մէկ տարածք այնքան ուսումնասիրուած է, որքան՝ Նախիջեւանը, որուն յուշարձանները, որմնանկարչութիւնը, վիմագրութիւնը, պատմութիւնը, քանդակագործութիւնը, ազգագրութիւնը, ճարտարապետութիւնը, լեզուաբանութիւնը համակողմանի ուսումնասիր-ւած են:

-Սփիւռքը ինչպէ՞ս կը վերաբերի այդ նիւթին:

-Սփիւռքը դրականօրէն կը վերաբերի, բայց ան չի կրնար իրաւական տեսակէտէն այս հարցերը բարձրացնել ոչ մէկ կառոյցի մակարդակով: Միւս կողմէն ալ Սփիւռքը, մինչեւ Հայաստանէն աջակցութիւն չունենայ, չի խօսիր այդ մասին: Ես ատիկա զգացած եմ Սփիւռքի մէջ իմ դասախօսութիւններուս, այցերուս ժամանակ, կը մտահոգուին, բայց կ՚ըսեն՝ մեզի ո՞վ ըսած է, որ այդ մասին խօսինք, այսինքն կը սպասեն Հայաստանի կողմէն թելադրանք մը ունենալ, ապա խօսիլ: Ես ալ կ՚ըսեմ՝ արդեօք հայրենասէր մարդը պէ՞տք է սպասէ, որպէսզի իրեն բան մը թելադրեն ու խօսի:

-Գալով Ձեր միւս գիրքին, Արիստակէս Զարգարեան գործիչը առաջին անգա՞մ կը ներկայացուի:

-Այո, կարելի է ըսել հայագիտութեան մէջ համապարփակ ձեւով առաջին անգամ կը ներկայացուի Արիստակէս Զարգարեանը, որ Ագուլիսի նշանաւոր տոհմերէն մէկուն զաւակն է, մեր պատմութեան, մշակոյթին մէջ բաւական յայտնի անձ մը եղած է: Ագուլիսէն տեղափոխուելով բնակած է Թիֆլիզ, յայտնի բժիշկ էր, նկարիչ, բանաստեղծ, թատերագիր, հասարակական-ազգային գործիչ, երկար տարիներ եղած է Թիֆլիզի հայոց հրատարակչական խորհուրդի նախագահը, նաեւ մօտ տասը տարի հիմնադիր նախագահը՝ Կովկասեան բարեգործական ընկերութեան: Գիրքը կազմուած է արխիւային նիւթերու հիման վրայ, հրապարակ-ւած են անոր նամակները, գրական ստեղծագործութիւնները, նաեւ անոր վերաբերող յիշողութիւնները, բանաստեղծութիւնները եւ այլն, կրկին լուսանկարներով հատոր մըն է: Արիստակէս Զարգարեան նաեւ շատ մօտիկ գրական, ընտանեկան յարաբերութիւններու մէջ եղած է Յովհաննէս Թումանեանի, իշխանուհի Մարիամ Թումանեանի հետ, գիրքին մէջ զետեղուած են նաեւ իշխանուհի Մարիամ Թումանեանի յիշողութիւնները, որ հրատարակուած էր արդէն եւ ձեռքիս տակ կար նաեւ Զարգարեանի յիշողութիւնները Յովհաննէս Թումանեանի վերաբերեալ, որ Գրականութեան եւ արուեստի հիմնարկը հրատարակած է, ցաւօք աղճատուած եւ կրճատուած: Այս հատորին մէջ այդ անհարկի փոփոխութիւնները վերականգնուած են:

Այս աշխատանքն ալ իմ միջոցներովս եւ իմ հայրենակիցներէս մէկուն՝ Օննիկ Յարութիւնեանի աջակցութեամբ հրատարակուած է: Դժբախտաբար երկու հատորներն ալ շատ քիչ քանակով տպագրուած են, եւ այդ մէկը արդիւնք է այսօր Հայաստանի մէջ գիր ու գրականութեան վաճառքի կործանած միջավայրին: Ներելի չէ գիրքին առընչուող այն քայքայուած վիճակը, որուն մէջ կը գտնուի Հայաստանը եւ տասնեակ տարիներ անհրաժեշտ են զայն վերականգնելու համար, այդ մէկն ալ հարց է՝ կը վերականգնի՞, թէ՞ ոչ: Հայաստանի գրադարաններուն մեծ մասը գոցուեցաւ, գրախանութները փակուեցան, մօտ վաթսուն գրախանութ կար, այսօր անոնք մէկ տասնեակը չեն անցնիր, եղածներուն մեծ մասն ալ հիմնականօրէն գրապահոցներ են:

-Ձեր հատորներուն մէջ ուրիշ ի՞նչ նշանաւոր նախիջեւանցիներու անդրադարձած էք:

-Նշանաւոր նախիջեւանցիները շատ-շատ են, եւ անոնց անունները այս կամ այն կերպով տեղ գտած են իմ գիրքերուս մէջ:

Շատ են թէ՛ հոն ծնածները, թէ՛ արմատներով հոնկէ սերածները:

Յայտնի են Յովնաթանեան տոհմը, Գարեգին Նժդեհը, դաշնակցութեան հիմնադիրներէն երկուքը՝ Ռոստոմը եւ Քրիստափոր Միքայէլեանը, Լազարեաններու ամբողջ տոհմը, որ Հին Ջուղայէն տեղափոխուած է Նոր Ջուղա, Նոր Ջուղայէն ալ՝ Ռուսաստան: Նոյնիսկ Ֆրանսայի վարչապետներէն Էտուար Պալլատիւր, որ հայ կաթողիկէ համայնքէն էր, ծագումով նախիջեւանցի է: Նախիջեւանեան արմատներ կը կրէ նաեւ յայտնի թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեանը, որ Նախիջեւանի Հախնազարեան տոհմէն է:

Յայտնի է նաեւ Իսավերդենց տոհմը, որուն ժառանգները Ֆրանսա կը բնակին եւ որոնց ես հանդիպած եմ: Անցեալ տարի անոնցմէ մին յանդգնութիւնը ունեցաւ եւ դիմեց Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատուն, որպէսզի երթայ եւ իր հայրենի Խօսքաշէն գիւղը տեսնէ, որ այսօր աւերակ է հարկաւ: Արտօնութիւն տուած են, գացած է Նախիջեւան, սակայն չեն ձգած որ այդ գիւղը երթայ, ան հեռուէն նկարած է եւ այդ լուսանկարները ինծի փոխանցած է, հրատարակած եմ:

Ցաւ ի սիրտ, Նախիջեւանը շատ աւելի կանուխ հայաթափուած է, քան՝ արցախեան հարցը կը սկսէր: Քառասուն-յիսունականներուն սկսած է Նախիջեւանի հայաթափումը եւ մինչեւ արցախեան հարցը արդէն շատ քիչ հայ մնացած էր հոն՝ մօտ երեք հազար հոգի, որոնք եւս գաղթած եւ հաստատուած են Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ, իսկ աւելի կանուխ գաղթածները նոյնպէս Հայաստանի մէջ են, շրջաններ, գիւղեր կան, որոնց մէկ մասը հին նախիջեւանցիներ են, եւ անոնք կը յիշեն իրենց մեծհայրերուն ծննդավայրը, կը պահպանեն սովորութիւնները:

ՋՈՒՂԱՅԻ ԱՄԵՆԱՓՐԿԻՉ ՎԱՆՔԸ

Ջուղայի գերեզմանատունէն դէպի հիւսիս-արեւմուտք բաւականին խոր ձորակ մը կայ: Մերկ լեռներով շրջապատուած, հիւսիս-հարաւ առանցքով ձգուող այս ձորակը մշտական քամիներու պատճառով ջուղայեցիները զայն կը կոչէին Քամիի ձոր: Ջուղայի գերեզմանատունէն այդ ձորակով մօտ 3 քիլօմեթր ձգուող արահետը կը տանի դէպի բարձրանիստ լերան լանջին, ուղղակի ձորի պռնկին ծուարած Ջուղայի հռչակաւոր Ամենափրկիչ կամ Փրկչի վանքը:

Այս յուշարձանը աւելի գողտրիկ ու խորհրդաւոր է լեռնային տեղանքին ներդաշնակելու շնորհիւ, որու պատճառով շրջակայքը դարձած է հոգեզմայլ ու սքանչելի: Վանքի հարաւային մասին մէջ, Մաղարդայի բազմաձեւ լեռնաշղթայի փէշերով, կը հոսի ահագնագոչ ու լուսափայլ, հեզասահ Արաքսը: Արեւելքին՝ վանքի լերան ստորոտին, Ջուղայի գերեզմանատունն ու քաղաքատեղի աւերակները կան, իսկ հիւսիսէն ու արեւմուտքէն լերկ ու արեւ կայ, վարդագոյն լեռներն են, երիկնքի կապոյտն ու ծուէն-ծուէն ամպերը:

Ամենափրկիչ վանքի համալիրը բաղկացած է փոքրածաւալ եկեղեցիէ, գաւիթէ, սեղանատունէ, միայարկ եւ երկյարկ օժանդակ, արտադրական եւ այլ շինութիւններէ, որոնք պարսպապատուած են: Համալիրի հարաւարեւելեան անկիւնին գտնուող եկեղեցին աւագ ապսիտով ու զոյգ աւանդատներով, արեւմտեան ճակատի մուտքով կեդրոնագմբէթ յուշարձան է: Կառուցուած է ճեղքուած, կիսամշակ եւ մասամբ ալ սրբատաշ քարերով ու կրաշաղախով: Ներքին տարածքը ծեփուած է ու սպիտակեցուած: Բաւականին մեծ ու կլոր գմբէթը ծածկուած է բրգաձեւ վեղարով: Եկեղեցին հիմնականին զուրկ է ճարտարապետական յարդարանքէ: Անոր միապաղաղ արտաքինին որոշ չափով աշխուժութիւն կը հաղորդեն մուտքի շուրջը եւ որմերու այլ մասերուն մէջ տեղադրուած ԺԶ. դարու քանի մը արձանագիր խաչքարերը: Բաւականին լայն բացուածքով մուտքը ունի ԺԲ.-ԺԳ. դարերու հայկական ճարտարապետութեան մէջ օգտագործուած թեթեւակիօրէն սլաքաւոր կամար:

Մ. Սմբատեանցի ենթադրութեամբ, Ամենափրկիչը հիմնուած է 1271 թուականին, պարոն Վահրամի կողմէ: Սակայն այս վանքի մասին գրաւոր աղբիւրներու մէջ 1271 թուականին աւելի հին տեղեկութիւն կայ: Այսպէս, օրինակ, Ամենափրկիչը կը յիշատակուի Խաչիկ Կաթողիկոսի՝ 976 թուականին Աշոտ Շահնշահ թագաւորի կողմէ Դարաշամբի Սուրբ Ստեփանոս վանքին կալուածներ ընծայելու փաստը հաստատող վաւերագրին մէջ: Հետեւապէս աչքի տակ ունենալով նաեւ յուշարձանի ճարտարապետական-յօրինուածքային առանձնայատկութիւնները, պէտք է եզրակացնել, որ Ամենափրկիչի սկզբնական շինութիւնը հիմնուած է ոչ ուշ, քան Թ.-Ժ. դարերուն:

Ամենափրկիչ վանքի եկեղեցիի արեւմտեան ճակատին կցուած է երկու մոյթերու յօրինուածքով թաղակապ փոքր գաւիթը, որու ծածկը եւ մոյթերուի վերին մասերը այժմ աւերուած են: Եկեղեցիի հիւսիսային եւ հարաւային որմերուն եւ անմիջապէս պարիսպին կից ներսի մասը կը գտնուին վանքի բնակելի խուցերն ու սեղանատունը, հացատունն ու խոհանոցը, մթերանոցը եւ օժանդակ, արտադրական այլ շինութիւններ: Անմշակ ու ճեղքուած քարերով, կրաշաղախով կառուցուած այդ շինութիւնները, որոնք արդէն աւերակներու վերածուած են, ունին խաչաձեւ եւ թաղակապ ծածկեր: Վանքի համալիրի բարձր ու ամուր պարիսպը քառանկիւնի է եւ այժմ ալ կանգուն է 2.5 մեթր չափով: Այն եւս կառուցուած է անմշակ քարերով ու կրաշաղախով եւ բերդապարիսպի տպաւորութիւն կը թողու, որու միակ փոքրիկ մուտքը հարաւային ճակատին վրայ է:

Ամենափրկիչ վանքի հարաւային կողմին կը գտնուի վանքի գերեզմանատունը, ուր ամփոփուած են միաբաններու ու եպիսկոպոսներու աճիւնները: Այս գերեզմանատան խաչքարերու մեծ մասը կը վերաբերին ԺԵ.-ԺԶ. դարերուն եւ ունին ուշագրաւ պատկերաքանդակներ ու զարդաձեւեր, որոնց մեծ մասը տապալուած ու կոտրատուած են կամ աէլ կիսով չափ թաղուած են հողի մէջ: Գերեզմանատան տարբեր անկիւններուն մէջ կան նաեւ մի քանի թաղակապ ծածկերով մատուռ-դամբարաններու աւերակներ: Ատոնցմէ արեւմուտք կը գտնուի երբեմնի յորդահոս, իսկ այժմ սակաւաջուր վանքի աղբիւրը, որու շուրջը ժամանակին եղած սաղարթախիտ ծառերն ու փոքրիկ այգին ջուղայեցիները կը կոչէին Վանքի պաղչա: Այս աղբիւրի ջուրով կ՚ոռոգէին Արաքսի ափին եղած Վանքի Ծակուտա պաղ կոչուող այգին: Ըստ աւանդութեան Վանքի պաղչայի ծառերն ու մարգերը կախարդական զօրութիւն ունէին: Եւ ամէն ոք, որ գաղտագողի որեւիցէ թուփ ու ճիւղ կտրած է այդ այգիէն, պատժուած է: Եւ կարծէք այդ աւանդազրոյցի իրեղէն վկան վանքէն դէպի քաղաք իջնող արահետի ձախ կողմին գտնուող Կուզիկ մամի քարակարկառն է: Վերջինս վանքի մարգերէա սոխ գողնալու համար ճանապարհին, պատժուելով, քարացած է…

ԱՐԳԱՄ ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Հատուած՝ «ՋՈՒՂԱ» գիրքէն

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017