ՅՈՒՇԵՐ

«Ի՛նչ դժուար է սա կա­ցու­թեան մէջ ըլ­լալ: Մէկ կող­մէ կ՚ու­զես մոռ­նալ ան­ցեա­լը, միւս կող­մէ զայն վեր­յի­շե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը կը զգաս: Կը հարց­նես ինք­զին­քիդ, թէ ո՞ր մտա­ծե­լա­կեր­պը ճիշդ է ար­դեօք. մոռ­նա՞լ ան­ցեա­լը եւ պատ­մու­թիւ­նը, թէ՞ ապ­րիլ հի­մա ու այս վայր­կեա­նին:

«Այ­սօր կը կար­դամ բազ­մա­թիւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, հայ կամ օ­տար հե­ղի­նակ­նե­րէ, ու կը սեր­տեմ ա­նոնց գրած­նե­րը, ո­րոնց պա­րու­նա­կու­թիւ­նը սրտիս մէ­ջի ցա­ւե­րը օ­րէ օր կը մեծց­նէ, ան­յաղ­թա­հա­րե­լի կը դարձ­նէ ցաւս, ո­րով­հե­տեւ կը զայ­րա­նամ պա­տա­հած ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րուն վրայ, ո­րոնք մին­չեւ հի­մա ան­լու­ծե­լի մնա­ցած ե­ն»:

Ա­հա թէ ինչ­պէս ար­տա­յայ­տուե­ցաւ բա­րե­կա­մու­հիս՝ Ան­նան, ո­րուն հետ քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած էի:

Ու­րեմն, ժա­մադ­րուած էինք ճա­շա­րան մը, ու­րիշ ըն­կե­րու­հիի մը, Սիր­վար­դին՝ նոր գոր­ծի մը սկսե­լուն առ­թիւ: Բայց խնդի­րը ու­տել-խմե­լու վրայ չէր, այլ Ան­նան սիր­տը կ՚ու­զէր պար­պել, քա­նի մը բա­ժակ գի­նի խմե­լէ վերջ: Ան ալ ը­սեմ, որ Սիր­վար­դը՝ Սու­րիա­յէն, ես ալ Լի­բա­նա­նէն ե­կած ու հաս­տա­տուած էինք Գեր­մա­նիա:

1

Ման­կու­թիւնս, այն­պէս ինչ­պէս կը յի­շեմ զայն, տե­ւա­կան պայ­քար մըն էր: Այդ ժա­մա­նակ Թրի­փո­լի կ՚ապ­րէինք: Հայրս հե­ռու տե­ղեր կ՚աշ­խա­տէր եւ զինք ա­մի­սը հա­զիւ մէկ կամ եր­կու ան­գամ կը տես­նէինք: Երբ տուն հաս­նէր ու դրան զան­գը զար­նէր՝ դու­ռը պէտք էր ան­մի­ջա­պէս բա­ցուէր, եւ վայ որ քիչ մը ուշ բա­նա­յինք. ձեռ­քը ինչ կար-չկար դրան սե­մէն մին­չեւ դէ­մի պա­տը կը նե­տէր: Շատ ալ չէր շա­հեր ան: Պա­տառ մը հա­ցի հա­մար մայրս դրա­ցի­նե­րուն կա­րը կ՚ը­նէր կամ ալ մա­զեր­նին կը շի­նէր: Ո­րով­հե­տեւ Թրի­փո­լի ա­պա­գայ չու­նէինք եւ բա­ւա­կան ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ ու­նե­ցանք, ո­րո­շուե­ցաւ որ Պէյ­րութ փո­խադ­րուինք:

Հայրս չա­փէն ա­ւե­լի պահ­պա­նո­ղա­կան էր ու սկիզ­բէն հա­կա­ռակ կե­ցաւ որ դպրոց եր­թանք: Բայց դրա­մի եւ մա­նա­ւանդ կե­րա­կու­րի կա­րօ­տը կը քա­շէինք: Դպրոց­ներն ալ ա­ժան չէին: Ու­րեմն կա­յինք՝ հայր, մայր ու չորս զա­ւակ, նաեւ՝ հօրս մայրն ու քոյ­րը, ո­րոնք պէտք էր կե­րակ­րել:

Մեծ մայրս ու հօ­րա­քոյրս ոչ մէկ բա­նի ձեռք կը դպցնէին՝ ոչ ե­փե­լու, ոչ տու­նը մաք­րե­լու, ոչ լուաց­քին, ոչ մեզ պա­հե­լու, ոչ ալ դրա­մա­կան օգ­նու­թեան: Ար­դէն մեծ մայրս «խա­նու­մ» էր եւ մէկ կողմ բազ­մած կը սպա­սէր որ մայրս սպա­սար­կէր ի­րեն: Շատ ա­ւե­լի ուշ կրցայ հասկ­նալ, թէ մի­միայն իր տա­րե­կից­նե­րուն հետ յա­րա­բե­րե­լէ համ կ՚առ­նէր:

Ան Թուր­քիոյ մէջ մե­ծա­հա­րուստ կա­լուա­ծա­տի­րոջ մը կի­նը ե­ղած է ե­ղեր: Հին ծա­նօթ­նե­րէ ի­մա­ցայ, որ մեծ հօրս դաշ­տե­րը այն­քան ըն­դար­ձակ են ե­ղեր, որ ան առ­տու շատ կա­նուխ տու­նէն ել­լե­լով, ձիուն վրայ նստած իր այ­գի­նե­րը կը պտտի ե­ղեր:

Մեծ մայրս եղեռնէն ա­զա­տած, թրքա­խօս անձ մըն էր եւ մե­զի, այ­սինքն մա­նուկ­նե­րուս, միայն հրա­մա­յե­լու հա­մար խօսք կ՚ուղ­ղէր. այդ պատ­ճա­ռով, դժբախ­տա­բար ո՛չ իր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն, ո՛չ եղեռնին եւ ոչ ալ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ գի­տեմ: Միայն հասկ­ցած եմ որ տասներկու զա­ւակ ու­նե­ցած է եւ ա­նոնց­մէ միայն հինգ հա­տը մնա­ցած էին աք­սո­րէն վերջ՝ հայրս, ե­րեք հօ­րա­քոյ­րերս եւ հօ­րեղ­բայր մը:

Հօ­րա­քոյ­րե­րէս մէ­կը իր եր­կու զա­ւակ­նե­րուն հետ 1946-ի ներ­գաղ­թին ժա­մա­նակ նա­ւով ճամ­բոր­դեց դէ­պի հայ­րե­նիք: Տա­րի­ներ ոչ իր­մէ, ոչ ալ իր զա­ւակ­նե­րէն լուր ա­ռինք:

Ինչ­պէս ը­սի, հայրս բո­լո­րո­վին դէմ էր որ դպրոց յա­ճա­խէինք ու մեր ու­սու­մը շա­րու­նա­կէինք, Պէյ­րութ, հա­կա­ռակ մեր ա­ղա­չան­քին: Ան կ՚ը­սէր. «Պէյ­րու­թը պա­րութ է»: Բայց քա­նի մը ա­միս յե­տոյ թոյլ տուաւ որ եր­թամ ու աշ­խա­տիմ: Հոն եր­բեմն կէ­սօ­րէ ա­ռաջ, եր­բեմն ալ ի­րի­կու­նը կ՚աշ­խա­տէի: Երբ գի­շե­րուան ժա­մը 9-ին գոր­ծէն կ՚ար­ձա­կուէի, կամ ինք կամ ալ եղ­բայրս կու գա­յին զիս առ­նե­լու, եր­բեմն նոյ­նիսկ եր­կու­քը միա­սին:

Մի քա­նի ա­միս վերջ կրցայ ձգել աս գոր­ծը, ո­րով բա­ւա­կան գու­մար շա­հած էի եւ սկսայ յա­ճա­խել նախ սո­վո­րա­կան դպրոց մը եւ վեր­ջը՝ հա­մալ­սա­րան:

Ա­մա­ռը մանր-մունր գոր­ծեր կ՚առ­նէի, տնտե­սա­կան վի­ճակ­նիս բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար: Եր­բեմն լաւ տեղ կը գտնէի, եր­բեմն ալ ոչ: Զոր օ­րի­նակ, աշ­խա­տած եմ օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու, նա­ւա­հան­գիս­տի ըն­կե­րու­թեան մը քով, պան­դոկ­նե­րու մէջ, եւ այլն, եւ այլն: Գոր­ծե­րը այդ­քան ալ հե­տաքրք­րա­կան չէին, բայց ե­կա­մու­տը բա­ւա­րար էր:

Երբ օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թիւն մը սկսայ աշ­խա­տիլ, ի­մա­ցու­ցին որ նոր մա­տա­կա­րա­րու­հի­նե­րը (stewardess) ստի­պո­ղա­բար պէտք էր մաս­նակ­ցէին ան­մի­ջա­կան բու­ժօգ­նու­թեան դա­սա­ւան­դու­թեան: Շատ դժուա­րիս ե­կաւ մէ­կու մը ա­սեղ սրսկե­լը, ո­րով ես ալ կը վախ­նա­յի ա­սե­ղէն: Ե­կաւ օ­րը, որ մայ­րա­նոց ալ եր­թանք ու հոն ալ բա­ներ մը սոր­վինք: Երբ այդ կի­նե­րուն չար­չա­րան­քը տե­սայ՝ սիրտս խառ­նուե­ցաւ ու գե­տին գլո­րե­ցայ: Ա­նոր վրայ ինք­զին­քիս խօսք տուի որ պզտիկ չբե­րեմ:

2

Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քիս բա­րե­կա­մա­ցայ աղջ­կայ մը հետ, որ միեւ­նոյն հա­մալ­սա­րա­նը կը յա­ճա­խէր եւ մեր դա­սա­րանն էր: Զիս միշտ ի­րենց կը հրա­ւի­րէր ճա­շե­լու կամ միա­սին սոր­վե­լու կամ սի­նե­մա եր­թա­լու կամ այլ պատ­ճառ­նե­րով: Ան ե­րեք եղ­բայր­ներ ու­նէր եւ բախ­տի բեր­մամբ ես ու պզտիկ եղ­բայ­րը, ո­րուն գրե­թէ տա­րե­կից էի, խեն­թի պէս սի­րա­հա­րե­ցանք:

Երբ մայրս զգաց, ին­ծի հե­տե­ւեալ խօս­քը ը­սաւ. «Աղ­ջիկս, ի՛նչ կ՚ու­զես ը­րէ, ուր կ՚ու­զես գնա՛, բայց ու­շադ­րու­թիւն ը­րէ, որ յա­ջորդ առ­տու կա­րե­նաս ճա­կատդ բաց հա­յե­լիին նա­յի­լ»:

Չէի ու­տեր, չէի խմեր, մի­միայն իր մա­սին կը մտա­ծէի: Զինք չտե­սած օ­րերս ին­ծի հա­մար կոր­սուած օ­րեր էին: Ին­ծի հա­մար ա­րեւն ու լու­սի­նը ինք կը նշա­նա­կէր, ա­մէն բան իր շուրջ կը դառ­նար ու մնա­ցա­ծը մու­թին մէջ կը մնար ու ան­կա­րե­ւոր կը դառ­նար:

Ե­րեք կարճ տա­րի­նե­րէ վերջ ան ո­րո­շեց Ա­մե­րի­կա մեկ­նիլ ու հոն շա­րու­նա­կել իր ու­սու­մը: Աշ­խարհս մթնցաւ ա­նոր վրայ: Գի­շեր-ցե­րեկ կ՚ա­ղօ­թէի որ հրա­ժա­րէր այդ ո­րո­շու­մէն: Զիս վստա­հեց­նե­լու հա­մար գե­ղե­ցիկ մա­տա­նի մը նուի­րեց՝ եր­կու սիրտ, մէջ­տե­ղը ա­դա­ման­դով բաժ­նուած, զոր մին­չեւ հի­մա կը պա­հեմ...:

Ու­րեմն ան մեկ­նե­ցաւ ու ես մնա­ցի տեղս...: Ճամ­բոր­դու­թե­նէն վերջ ե­կանք ի­րենց տու­նը ու իր ան­կող­նին վրայ նստած ժա­մե­րով ար­ցունք թա­փե­ցի: Խեղճ մայ­րը դի­մացս նստած ի զուր կը փոր­ձէր սփո­փել զիս: Է­ջե­րով նա­մակ­ներ կ՚եր­թա­յին ու կու գա­յին: Չեմ գի­տեր ինչ­պէս ան­ցաւ այդ տա­րին, ո­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան ե­կաւ աչ­քիս լոյ­սը: Ու մեր յա­րա­բե­րու­թիւ­նը նոր աշ­խու­ժու­թեամբ թե­ւեր ա­ռաւ ու թռչե­ցաւ մին­չեւ այն ա­տեն, երբ ինք պէտք էր Ա­մե­րի­կա վե­րա­դառ­նար:

Եր­կու եր­կար տա­րի­ներ չտե­սանք զի­րար, նա­մակ­ներն ալ սկսան նուա­զիլ: Օ­րին մէ­կը, Պէյ­րութ ըն­կե­րու­հիի մը հետ պտտած ա­տեն, զինք պա­տահ­մամբ ճամ­բան տե­սայ: Ա­ռան­ձին չէր ան, այլ թե­ւին ան­ցած էր խար­տեաշ մա­զե­րով ե­րի­տա­սար­դու­հի մը: Երբ ու­զե­ցի խօ­սիլ հե­տը, ե­րե­սը դար­ձուց ու փա­խուստ տուաւ: Ցա­ւե­րուս, ար­ցունք­նե­րուս չափ չկար, հո­գե­կան վի­ճակս զե­րո­յի ի­ջաւ, չէի ու­զեր ու­տել, խմել, մէ­կու մը հետ խորհր­դակ­ցիլ. կար­ծես եր­կին­քը փլաւ ու ես տա­կը մնա­ցի:

Կար­ծեմ մօրս ա­ղօթք­ներն էին որ ի­րա­կա­նա­ցան, ո­րով չէր փա­փա­քեր որ աս յա­րա­բե­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուէր: Ան միշտ կ՚ը­սէր. «Հա­րուստ ըն­տա­նի­քի զա­ւակ մը մե­զի հետ գործ չու­նի. ե­թէ հա­ւա­տաս ա­նոր, ինք­զինքդ խա­բած կ՚ըլ­լա­ս»:

Չերկնց­նեմ. այս ձե­ւով ա­ւա­զին վրայ կոր­սուե­ցան մեր հետ­քե­րը:

Ա­տոր վրայ եր­կար տա­րի­ներ շատ զգոյշ ե­ղայ զգա­ցում­ներս ար­տա­յայ­տե­լու եւ հա­մակ­րու­թիւնս բաց է­ջի մը նման պար­զե­լու: Այն աս­տի­ճան որ երբ ե­րի­տա­սարդ մը հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցուց­նէր՝ պաղ կը մնա­յի ա­նոր հան­դէպ:

3

Վե­րա­դառ­նամ Լի­բա­նա­նի կեան­քիս: Մին­չեւ 1974 հան­գիստ կ՚ապ­րէինք Լի­բա­նան, ո­րով­հե­տեւ գի­շեր-ցե­րեկ ան­վա­խօ­րէն երկ­րին ա­մէն կող­մը կրնա­յինք եր­թալ: Միակ ցա­ւա­լի կէ­տը այն էր որ բա­ւա­կան օ­տար­ներ կա­յին, ո­րոնք կը ջա­նա­յին ձեռք ան­ցը­նել եր­կի­րը եւ տե­ղա­ցի­նե­րուն դժուա­րու­թիւն կու տա­յին: Սկզբնա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րէն վերջ, - ո­րով տա­կա­ւին ու­սումս պէտք էր շա­րու­նա­կէի, - բախ­տը ու­նե­ցայ շատ լաւ վճա­րու­մով ու պաշ­տօ­նով բարձր դիրք մը ու­նե­նալ, հաս­տա­տու­թեան մը տնօ­րէ­նին որ­պէս աջ բա­զու­կը: Քա­նի որ մեր ըն­կե­րու­թիւ­նը գեր­մա­նա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հետ կ՚աշ­խա­տէր, յա­ճախ գեր­մա­նե­րէն լե­զուով նա­մակ­ներ կը ստա­նա­յինք: Կ՚ու­զէի հասկ­նալ պա­րու­նա­կու­թիւ­նը այդ գրուածք­նե­րուն եւ սկսայ յա­ճա­խել Goethe Institut, հե­տե­ւե­լով ե­րե­կո­յեան դա­սե­րուն, ինչ որ մօ­տա­ւո­րա­պէս հինգ տա­րի տե­ւեց:

Տնօ­րէ­նը շատ զար­մա­ցաւ ա­ռած քայ­լիս հա­մար, բայց ա­մէն ան­գամ որ հիւր կ՚ու­նե­նա­յինք Գեր­մա­նիա­յէն՝ զիս կը գո­վէր այդ նիւ­թը բա­նա­լով: Մինչ այդ խռո­վու­թիւն­նե­րը ար­դէն սկսած էին լի­բա­նան­ցի­նե­րու եւ պա­ղես­տին­ցի­նե­րու մի­ջեւ: Գոր­ծա­տե­ղիին մէջ այդ մա­սին շատ չէինք խօ­սեր, ո­րով գոր­ծա­տէրն ու մի քա­նի աշ­խա­տա­ւոր­ներ այդ ազ­գին կը պատ­կա­նէին: Օ­րին մէ­կը լե­զուս բե­րա­նիս մէջ տասն­հինգ ան­գամ դարձ­նե­լէ վերջ հար­ցու­ցի տնօ­րէ­նիս, թէ ին­չո՞ւ պա­ղես­տին­ցի­նե­րը Լի­բա­նա­նի մէջ վայ­րա­գու­թիւն­ներ կ՚ը­նեն: Ե­թէ գոհ չեն՝ ի՞նչ է ար­դեօք ու­զած­նին: Ին­ծի պա­տաս­խա­նեց. «Մենք Պա­ղես­տին չենք ու­զեր եր­թալ, մենք կ՚ու­զենք եր­կի­րը քա­րու­քանդ ը­նե­լ»:

Շատ դժուա­րիս ե­կաւ աս խօս­քը: Չա­փա­զանց տաք վի­ճա­բա­նու­թե­նէն ազ­դուե­ցայ: Տուն վե­րա­դար­ձայ եւ լաւ մը մտա­ծե­լէ վերջ ո­րո­շե­ցի հրա­ժա­րիլ այդ աշ­խա­տա­վայ­րէն:

Հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ չկրցայ կամ չու­զե­ցի մտնել ու բո­լոր ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­ներս տե­ղա­ցի­նե­րէ բաղ­կա­ցած էին, ու մեր ա­զատ ժա­մե­րը միա­սին կ՚ան­ցը­նէինք: Կ՚եր­թա­յինք ծով, պա­րե­լու, լեռ­նա­յին կող­մեր, սի­նե­մա, տա­րե­դարձ­ներ տօ­նե­լու եւ ե­լոյթ­ներ վա­յե­լե­լու, եւ այլն, ա­նոր հա­մար օ­տար լե­զու­ներ ա­ւե­լի լաւ գի­տէի քան հա­յե­րէ­նը:

Այդ տա­րի­նե­րուն բազ­մա­թիւ օ­տա­րա­կան­ներ մեր եր­կի­րը խու­ժե­ցին: Սկիզ­բը հան­գիստ մնա­ցին ու ի­րենց թի­ւը, քա­նա­կը ու նպա­տա­կը շատ յայտ­նի չե­ղաւ:

Եւ այ­սօր որ տա­րի­նե­րէ ի վեր Գեր­մա­նիա կ՚ապ­րիմ, կը տես­նեմ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ բնա­կիչ­նե­րուն բռնած ճամ­բան, որ թոյլ տուած է եւ տա­կա­ւին կ՚ար­տօ­նէ, որ օ­տար­նե­րուն թի­ւը օ­րէ օր բազ­մա­նայ: Պի­տի գայ ժա­մա­նա­կը, երբ ա­նոնք երկ­րին պի­տի տի­րա­նան եւ Լի­բա­նա­նի բուն խնդի­րը այն ա­տեն պի­տի սկսի: 

Խե­լա­ցի մար­դուն մէ­կը այս խօս­քը ը­սած է. «Կա­րե­լի չէ սեւն ու ճեր­մա­կը, այ­լազգն ու քրիս­տո­նեան միա­սին շա­ղե­լ»:

Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ գա­ցած էի Ֆրանք­ֆուրթ, ըն­կե­րու­հիի մը այ­ցե­լե­լու: Ի­րի­կուան դէմ ի­րար­մէ հրա­ժեշտ ա­ռինք եւ իր տու­նէն դուրս ե­լայ ինք­նա­շարժ նստե­լու: Տե­սայ որ տեղս շատ նեղ էր եւ չէի կրնար ա­ռանց մեծ դժուա­րու­թեան տե­ղէս շար­ժիլ: Կը փոր­ձէի ձե­ւով մը դուրս ել­լել այդ նեղ ու դժուար տե­ղէն, երբ ե­տե­ւէս հա­սաւ ու­րիշ ինք­նա­շարժ մը, լոյ­սե­րը բարձր վա­ռած, ինչ որ աչ­քերս շլա­ցուց:

(…)

4

Գոր­ծի ճամ­բուս վրայ պա­տա­հած սկըզբ-նա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րէն յե­տոյ, -ո­րով տա­կա­ւին ու­սումս պէտք էր շա­րու­նա­կէի եւ չէի կրնար մշտա­կան գործ մը ա­պա­հո­վել, - բախ­տը ու­նե­ցայ վեր­ջա­պէս վճա­րու­մով ու պաշ­տօ­նով շատ լաւ ու կա­րե­ւոր գործ մը ստանձ­նե­լու: Այս ըն­կե­րու­թիւ­նը կը գոր­ծակ­ցէր գեր­մա­նա­կան գոր­ծա­րան­նե­րու հետ: Գեր­մա­նիա­յէն ապ­րանք կ՚ապսպ­րէինք ու յա­ճախ այդ լե­զուով նա­մակ­ներ կը ստա­նա­յինք: Կ՚ու­զէի ան­պայ­ման հասկ­նալ գրուածք­նե­րուն պա­րու­նա­կու­թիւ­նը, ա­նոր հա­մար սկսայ Goethe Institut յա­ճա­խել, ինչ­պէս ը­սի, որ­պէս­զի գեր­մա­նե­րէն սոր­վիմ: Դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րը ի­րի­կու­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին, այ­սինքն գոր­ծէս վերջ դպրոց կ՚եր­թա­յի, ինչ որ մօ­տա­ւո­րա­պէս հինգ տա­րի տե­ւեց եւ յա­ջո­ղե­ցայ ա­ւար­տա­կան վկա­յա­կա­նով մը դա­սըն­թաց­քը ամ­բող­ջաց­նել:

Լի­բա­նա­նի մէջ օ­տար­նե­րուն թի­ւը այդ­քան բազ­մա­ցաւ որ ի­րենք զի­րենք երկ­րին տէրն ու տի­րա­կա­նը սե­պե­լով սկսան տե­ղա­ցի­նե­րուն նե­ղու­թիւն տալ: Այ­սինքն ե­թէ մէ­կը կա­ռա­վա­րա­կան ո­րե­ւէ տե­սակ գոր­ծո­ղու­թեան պէտք ու­նե­նար, ստի­պուած էր դի­մե­լու օ­տա­րազ­գի անձ­նա­ւո­րու­թեանց: Ա­նոնք նոյ­նիսկ կը ջա­նա­յին ձեռք ան­ցը­նել եր­կի­րը եւ կը փոր­ձէին ծով թա­փել տե­ղա­ցի­նե­րը...:

5

Ո­րո­շե­ցի Եւ­րո­պա եր­թալ քիչ մը հանգըս-տա­նա­լու եւ եւ­րո­պա­ցի բա­րե­կամ­նե­րուս ու ըն­կե­րու­հի­նե­րուս այ­ցե­լե­լու:

Ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րով հա­ւա­քուե­ցանք ու մեծ խրախ­ճանք մը ը­րինք Պէյ­րու­թի ա­րեւմ­տեան կող­մը ին­կող Long Beach ա­նու­նով ծո­վե­զե­րեայ պան­դոկ-լո­ղա­ւա­զա­նին մէջ, ուր յա­ճախ կ՚եր­թա­յի եւ ուր բա­ւա­կան ճան­չուոր­ներ ու­նէի: Ա­սոնք մեծ մա­սամբ տե­ղա­ցի՝ լի­բա­նան­ցի էին: Մէ­ջեր­նին կա­յին քրիս­տո­նեայ եւ այ­լազգ, բայց ոչ՝ հայ, քա­նի որ շրջա­նակս բո­լո­րո­վին օ­տար­նե­րէ կազ­մուած էր:

Ճամ­բոր­դու­թեան ա­ռա­ջին ուղ­ղու­թիւ­նը ե­ղաւ Ֆրան­սան, ուր մնա­ցի մօտ մէկ ա­միս, բայց Փա­րի­զին շատ սուղ քա­ղաք ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով, ո­րո­շե­ցի անց­նիլ Գեր­մա­նիա:

Բա­րե­կա­մի մը այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ ծա­նօ­թա­ցայ լի­բա­նան­ցի ե­րի­տա­սար­դի մը՝ Մի­շե­լին, որ գեր­մա­նա­կան ըն­կե­րու­թեան մը մէջ կ՚աշ­խա­տէր: Խօ­սակ­ցու­թեան մէջ պատ­մե­ցի Լի­բա­նա­նի կա­ցու­թեան մա­սին եւ ի­մա­ցու­ցի ի­րեն որ շատ գոհ չէի այդ­տե­ղի վի­ճա­կէն: Քիչ մը մտա­ծե­լէ վերջ ը­սաւ, որ իր ըն­կե­րու­թիւ­նը նպա­տակ ու­նի Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ մաս­նա­ճիւղ մը բա­նա­լու եւ մէ­կը կը փնտռէ որ կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նե­նայ այդ ճիւ­ղը բա­նա­լու Պէյ­րութ, ըն­կե­րու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նե­լու եւ ի­րենց շի­նած գոր­ծիք­ներն ու մե­քե­նա­նե­րը հոն ծա­խե­լու նպա­տա­կով: Եւ քա­նի որ ես աշ­խա­տած էի այդ­պի­սի տեղ մը, հա­մա­ձայ­նե­ցայ այդ ըն­կե­րու­թիւ­նը այ­ցե­լել ու ծա­նօ­թա­նալ ա­նոր աշ­խա­տան­քին:

Շատ շու­տով հա­մա­ձայ­նե­ցանք, բայց պէտք էր ան­պայ­ման վե­րա­դառ­նա­յի Լի­բա­նան, որ­պէս­զի նոր ան­ցագ­րով վերս­տին մտնէի Գեր­մա­նիա:

Հա­զիւ հա­սած էի Պէյ­րու­թի օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նը, նշմա­րե­ցի որ կա­ցու­թիւ­նը սաս­տիկ լա­րուած էր: Դի­մե­ցի գեր­մա­նա­կան դես­պա­նա­տուն: Լի­բա­նան­ցի­նե­րուս ալ պէտք էր դի­մել ստա­նա­լու նոր ան­ցա­գիր:

Այդ մի­ջո­ցին կար­ծես Լի­բա­նա­նին վի­ճա­կը հանգս­տա­ցաւ, ու ո­րո­շե­ցի մնալ: Բախ­տը ու­նե­ցայ ա­րա­գօ­րէն գործ գտնե­լու ա­րեւմ­տեան Պէյ­րու­թի մէջ, իբր քար­տու­ղար: Գոր­ծա­տե­ղիին տէրն ու տնօ­րէ­նը շատ հա­մեստ այ­լազգ մըն էր, որ իր քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը կ՚աշ­խատց­նէր: Իմ աշ­խա­տած բա­ժինս կայ­ծար­ձակ (radiator) կը նե­րա­ծէր ու կ՚ար­տա­ծէր: Ճար­տա­րա­պե­տեր ու­նէինք, ո­րոնք կը չա­փէին ու հա­շիւ կ՚ը­նէին, թէ տուն մը որ­քա՞ն radiator-ի պէտք ու­նէր, որ­պէս­զի ձմե­ռուան պաղ օ­րե­րուն հա­ճե­լի ըլ­լար տան շրջա­պա­տը ու մէ­կը չսա­ռէր:

Մի քա­նի ա­մի­սէն ար­դէն սոր­վե­ցայ հա­շ-ւե­լու կեր­պը եւ բուն գոր­ծէս զատ սկսայ կա­մաց-կա­մաց radiator-նե­րու չա­փագ­րու­թիւ­նը ը­նել ու ծա­խել: Տնօ­րէնն ու ըն­տա­նի­քը շատ զար­մա­ցան որ ար­դէն գլուխ կը հա­նէի այս­պի­սի գործ մը: Միակ հա­կա­ռա­կորդ ան­ձը գրա­սե­նեա­կի վա­րիչն էր, պա­ղես­տին­ցի քրիս­տո­նեայ մը, որ տա­րի մը վերջ հրա­ժա­րա­կա­նը ներ­կա­յա­ցուց ու գնաց:

Ու­րախ էի գոր­ծիս մէջ, բո­լո­րէն յար­գը-ւած ու սի­րուած: Ար­ձա­կուրդ­նե­րուն կը ճամ­բոր­դէի եր­բեմն, ա­մէն ան­գամ ու­րիշ եր­կիր կը զա­տէի: Գա­ցի Ֆրան­սա, Անգ­լիա, Շուէտ, Գեր­մա­նիա, եւ այլն, բայց միշտ կ՚ու­զէի վե­րա­դառ­նալ իմ սի­րե­լի Պէյ­րութս, միշտ կը կրկնէի. «Ե­թէ ոե­ւէ մէ­կը չմնայ Լի­բա­նան՝ ես վեր­ջի­նը կ՚ըլ­լամ եր­կի­րը ձգո­ղ»:

Մինչ այդ սկսաւ զի­նեալ պայ­քա­րը պա­ղես­տին­ցի­նե­րու եւ լի­բա­նան­ցի­նե­րու մի­ջեւ: Մեր տու­նը Tal-el-Zaatar-ի եւ Էշ­րէ­ֆիէի մէջ­տեղ կը գտնուէր եւ վտան­գա­ւոր տեղ մըն էր: Հան­դարտ օ­րե­րուն կ՚եր­թա­յի գոր­ծիս, անց­նե­լով Կա­նաչ Գօ­տի ը­սուած պո­ղո­տա­յէն: Լի­բա­նան­ցի կռուող­նե­րը, մա­նա­ւանդ այ­լազգ­նե­րը, երբ գիտ­նա­յին որ հայ եմ եւ ուր կ՚աշ­խա­տիմ՝ ճամ­բայ կու տա­յին անց­նե­լու եւ նոյ­նիսկ եր­բեմն ի­րենք կ՚ա­ռաջ­նոր­դէին զիս:

Կռիւ­նե­րը սաստ­կա­ցան, ա­ջէն-ձա­խէն կ՚իյ­նա­յին ռում­բե­րը, եր­բեմն ալ մար­դիկ դռնէ դուռ զի­րար կը սպան­նէին: Օ­րին մէ­կը գլուխս մայր դռնէն դուրս հա­նե­ցի եւ ի՜նչ տես­նեմ. պա­ղես­տին­ցի կռուող­ներ ի­րենց հրա­սայ­լին ե­տե­ւէն եր­կու-ե­րեք վի­րա­ւոր կամ մա­հա­ցած ե­րի­տա­սարդ­ներ կը քա­շէին:

Ան­շուշտ այս­պի­սի տե­սա­րան­ներ յա­ճախ կը կրկնուէին, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք վստահ էին, որ George, Michel, Emile ա­նու­նով քրիս­տո­նեայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ան­կա­րող էին ի­րենց դի­մադ­րե­լու: Ա­սոր վրայ լի­բա­նան­ցի­նե­րը կատ­ղե­ցան եւ մեծ թի­ւով եւ յար­ձա­կե­ցան Tal-el-Zaatar եւ գրա­ւե­ցին զայն: Շա­տեր գա­ցին տես­նե­լու այդ թա­ղա­մա­սը, որ լի­բա­նան­ցի­նե­րու հա­մար ան­հա­սա­նե­լի վայր մըն էր, եւ ի՜նչ տես­նեն՝ փորուած հո­րեր, ուր տե­ղա­ցի տղաք կի­սա­մեռ կամ մե­ռած նե­տուած էին: Ա­նոնց խեղճ մայ­րե­րը օ­րե­րով, շա­բաթ­նե­րով ի­րենց կը սպա­սէին ու զի­րենք կը փնտռէին:

Ա­նոր վրայ ա՛լ ա­ւե­լի կատ­ղե­ցան լի­բա­նան­ցի­նե­րը եւ սկսան հա­լա­ծել պա­ղես­տին­ցի­նե­րը, ո­րոնց կողմն էին նաեւ լի­բա­նան­ցի այ­լազգ­նե­րը:

ՍԻԼ­ՎԻ ՊԱ­ԼԵԱՆ

ՇԹՈՒ­ԹԸՆ­ԶԷ, ԳԵՐ­ՄԱ­ՆԻԱ

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016