«ԱՐԱ ԵՒ ՇԱՄԻՐԱՄ»Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ՝ ՇԻՇԼԻԻ «ՔԵՆԹ» ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

«Մա­րալ» եր­գի-պա­րի միու­թիւ­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հեր­թա­կան ան­գամ ներ­կա­յա­ցուց «Ա­րա եւ Շա­մի­րամ»ը։ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­ռըն­թեր «Քենթ» մշա­կոյ­թի միու­թեան եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կոյ­թը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Հայ մշա­կոյ­թի եւ զօ­րակ­ցու­թեան միու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տուին ձեռ­նար­կին նկատ­մամբ։ «Ա­րա եւ Շա­մի­րամ»ը հեր­թա­կան ան­գամ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ՝ յայտ­նի ա­րուես­տա­գի­տու­հի Ա­նի Ի­փեք­քա­յա­յի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Պա­րա­խում­բը ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րով ա­ռար­կայ դար­ձաւ հան­դի­սա­տես­նե­րու գնա­հա­տան­քին ու հա­մակ­րան­քին։

Ե­րե­կոյ­թի հան­դի­սա­վար­ներն էին՝ Սա­րին Աք­պաշ եւ Ա­րեւ Կա­րեան։ Յանձ­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի կող­մէ Ա­նի Ի­փեք­քա­յա­յին ու­ղար­կուած գնա­հա­տա­գի­րը։ Նա­խա­ձեռ­նարկ միու­թեան ա­տե­նա­պե­տը՝ Բիւ­զանդ Աք­պաշ յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րը­նին։ Թէ՛ Ի­փեք­քա­յա եւ թէ Պա­րըն ար­տա­սա­նե­ցին սրտի խօս­քեր։ Ի յի­շա­տակ այս ձեռ­նար­կին՝ Լո­րին Տե­միր­ճի յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նեց Ա­նի Ի­փեք­քա­յա­յին, Լեռ­նա Փա­փա­զեա­նին, Դա­լար Քէօ­սէօղ­լուին, Ա­լի­տա Տի­վա­նեա­նին, Շա­հան Սա­րըօղ­լուին եւ Ար­ժեն Պրուս­կին, ո­րոնք ա­ռանց­քա­յին դեր ստանձ­նած էին ծրագ­րին մէ­ջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2017