ՀԱՅ ԱԶԳԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵՐՊԱՐԸ

-Եթէ գիտնայի, որ այսօր կարելի չէ մտնել Ծիծեռնակաբերդ, ապա այսքան ճամբայ ոտքով չէի կտրեր ու անցներ…

Դէպի յուշահամալիր իւր մուտքն արգիլած ոստիկանին այսպիսի համեստ պատասխան տուած է օրեր առաջ համայն հայութեան ուշադրութեան ու ակնածանքին արժանացած, հայ ազգի հաւաքական կերպարը դարձած 82-ամեայ Արտուշ պապը, որ իր վերջին մանրադրամներով գնած էր քանի մը վարդ ու շտապած յարգանքի տուրք մատուցելու Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին։

-Հոգ չէ, կը սպասեմ այնքան, որքան հարկ է… երեկոյեան ուշ ժամուն իմ պարտքը կը կատարեմ, երբ այլեւս քաղաքը կը ննջէ։ Ես կը յարգեմ օրէնքը, շարունակած է ան։

Ըսաւ ու այդպէս ալ ըրաւ։ Ժամեր շարունակ ցուրտ եղանակին, անձրեւի տակ ան համբերատար կը սպասէր օրուայ աւարտին, որպէսզի կէսգիշերը անց խոնարհէ իր ծաղիկները։

Յիրաւի, հեռուստացոյցով, համացանցով ու ձայնասփիւռով նախապէս՝ օրեր շարունակ բազմիցս կը կրկնէին, որ քորոնաժահրով պայմանաւորած՝ մեր ազգաբնակչութեան անվտանգութեան համար այս տարի մարդիկ Ապրիլի 24-ին տունը մնալով պիտի յարգեն օրուայ խորհուրդը։ Սակայն ծայրայեղ ծանր պայմաններու մէջ բնակող Արտուշ պապը, որ իր բնակարանի մէջ ունի ո՛չ հոսանք, ոչ բնական կազ, ուրկէ՞ պիտի գիտնար սահմանափակումներու մասին։ Աշխարհի կեդրոնը բնակող, աշխարհէն հեռու պապը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս առտու կանուխ արթնցաւ ու աւելի քան 10 քիլօմեթր ոտքով կտրեց ու հասաւ համալիր։

Ալեզարդ ու ճերմակամօրուք պապը անկարելի էր չնկատէին լրագրողները.

-Պապի ճան, ձեր ծնողները գաղթակա՞ն եղած են։ Արդեօք ձեր ընտանիքը նոյնպէս տուժա՞ծ էր Եղեռնէն։

-Իմ ընտանիքէն ո՛չ մէկը եղած է գաղթական։ Ես Գորիսի Քարահունջ գիւղէն եմ։

-Դուք գորիսեցի էք։

-Այո, Զանգեզուրէն եմ՝ Քարահունջ գիւղէն,- հպարտ պատասխանեց պապը իրեն մօտեցած լրագրողի հարցումին։

-Ըսել է, թէ ձեր գերդաստանին մէջ չկան…

-Այ մարդ իմն են, բոլորն ալ իմն են… պայման է, որ անոնցմէ մին ըլլա՞յ իմ ազգականը… ես ունիմ մահացած եղբայր, հայր։ Կը տեսնես այսօր անոնց շիրիմին չեմ այցելած, այլ եկած եմ այստեղ։ Ի՞նչ տարբերութիւն։ Հազարաւոր մարդ կոտորած են, անոնք մերի՞նը չեն… Ի՞նչ տարբերութիւն քու զաւակդ է, իմ, թէ երկրորդ կամ երրորդ մէկու մը։ Ի՞նչ տարբերութիւն… իմ մարմինն է, իմ աչքի լոյսն է, իմ կեանքն է…

Արտուշ պապի տուած հարցազրոյցը կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ համացանցի մէջ։ Համայն հայութիւնը իւր հաւաքական կերպարը տեսաւ 82-ամեայ ալեզարդ Արտուշ պապի մէջ։ Բոլորը միաբերան սկսան խնդրել համապատասխան մարմիններէն, որպէսզի վերջիններս թոյլ տան աստուածապաշտ ծերունիին՝ յանուն ազգաբնակչութեան, իր անգին վարդերը խոնարհել անմահ զոհերու յուշակոթողին։

Ի վերջոյ ժողովուրդի ձայնը տեղ հասաւ։ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան ուշ երեկոյեան իր դիմատետրի էջին գրառում կատարեց. «Քիչ անց, մեր բոլորի սրտերը գերած Պապիկին, վարչապետի յանձնարարութեամբ, պետական մակարդակով պիտի ուղեկցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր։ Եւ ան վերջապէս իւր ծաղիկները կը խոնարհէ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին»։

Ահաւասիկ, կէսգիշերն անց՝ ժամը երկուքին, հաստատակամ պապիկը պետական մակարդակով՝ ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ անմար կրակի մօտ մեր բոլորի անունով խոնարհեցաւ ու իր ծաղիկները խոնարհեց։

Սիւնիքի շրջանի Քարահունջ գիւղի բնակիչները առհասարակ աչքի կ՚իյնան իրենց պարզութեամբ, անկեղծութեամբ, անասելի բարութեամբ, հիւրասիրութեամբ ու անմիջականութեամբ։ Իրենց գիւղի ընդհանրական կերպար Արտուշ պապը Ապրիլի 24-ին դարձաւ հայ ազգի հաւաքական կերպարը։

Յաջորդ առտու՝ ծանր տոպրակներով ու նուէրներով, դրամական օգնութեամբ շատեր շտապեցին համազգային սիրոյ արժանացած Արտուշ պապի բնակարանը։ Այցելուներու շարքին էին հասարակ մարդիկ, երիտասարդներ, բժիշկներ, պաշտօնատար անձինք ու պատգամաւորներ։

Բախեցին առանց բռնակի, հնամաշ ու կիսաքանդ դուռը, որ հեշտութեամբ կարելի է տապալել։ Վայրկեաններ անց դուռը բացաւ խնդումերես ու բարեսիրտ պապը, որու դէմքէն կը ճառագէր լոյս ու ջերմութիւն։ Ան սիրայօժար հիւրերը հրաւիրեց իր անշուք ու կենցաղային տարրական պայմաններէ զուրկ բնակարանը։ Առանց հոսանքի, բնական կազի, պատուհաններու՝ լայն ու ընդարձակ բնակարանի միակ կարասիներն էին քանի մը հատ աթոռն ու սեղանը, մահճակալ մը։ Աստուածապաշտ պապիկը հիւրասենեակի մէկ անկիւնը վերածած է սրբատեղիի՝ խաչեր, սրբապատկերներ, մոմեր… «Զիս Աստուած, Յիսուս Քրիստոսը կը պահէ, մեռնիմ անոր զօրութեան։ Ակամայ կը թուի, թէ սա բնակարանին մէջ, որ զիս կը պաշտպանէ միայն անձրեւէն, անկարելի է ապրիլ։ Սակայն ես Աստուծոյ կամօք նման պայմաններու տակ կ՚ապրիմ ողջ ու առողջ, փորս կուշտ»։

Զրոյցի ընթացքին պարզուեցաւ, որ մեր Արտուշ պապը կեանքի 82-րդ տարեշրջանին կ՚աշխատի որպէս այգեպան. կը հաւաքէ տերեւներ, կը յարդարէ ու կը կանաչապատէ շրջապատը, որու փոխարէն ալ կը վարձատրուի։

Պատկառելի տարիքը առած քրտնաջան ու պարտաճանաչ պապը աշխատելով արեւի ու անձրեւի տակ, սեփական քրտինքով կը հոգայ իր հանապազօրեայ հացը։ Ունի ընտանիք, կին ու զաւակներ, սակայն անհաշտութեան պատճառաւ իրարմէ լուր չունին, զատ կը բնակին։ Թոշակառու է, սակայն տարիներ շարունակ անձնագրի բացակայութեան պատճառաւ թոշակ չի ստանար. «Ամենէն շատ քանի մը տարուայ կեանք ունիմ, թոշակն իմ ինչին է պէտք։ Փառք Աստուծոյ, առողջ եմ կ՚աշխատիմ», կ՚ըսէ ան։

Բարի մարդոց հոգածութեան շնորհիւ աստուածապաշտ պապը ժամանակաւորապէս փոխած է կեցութեան վայրը ու տեղափոխուած՝ ջերմ ու տաքուկ կացարան, իսկ անոր բնակարանը անձամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջամտութեամբ այժմ կը վերանորոգուի։ Բաց աստի, Արտուշ պապը շուտով կ՚ունենայ անձնագիր ու կը ստանայ թոշակ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020