ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ

Սուրբ Յարութեան յաջորդող չորրորդ կիրակին եկեղեցական յատուկ անուանում մը չունի, իսկ ժողովուրդը այս կիրակի օրուան տուած է Կարմիր անունը:

Կարմիր անունը առնուած է կամ ուղղակիօրէն կապ ունի բնութեան այս շրջանին զուգադիպող վերակենդանանալուն, երբ դաշտերն ու անտառները վերստին կը հագուին իրենց կանաչ զգեստը, երբ ծաղիկները գոյնզգոյն կերպով կը բացուին, յատկապէս կարմիր գոյնով, ուր ժողովուրդը նմանութիւն մը գտնելով, այս կիրակի օրուան տուած է Կարմիր մակդիրը:

Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան խօսելով կարմիր գոյնի մասին, այսպէս կը գրէ. «Ծանօթ է. թէ կարմիր գոյնը առհասարակ խորհրդանշանն է պայքարի: Կարմիրը կարծես թէ շարժման մէջ կը դնէ պայքարի բնազդական «ռեֆլեքս»ները: Ցուլը՝ մարդը ձգած կարմիր կերպասին վրայ կը վազէ խեթկելու համար: Պատահական չէ, որ մարտական ժողովուրդ մը իրեն իբրեւ դրօշ ընտրած է կարմիրը, աստղով եւ մահիկով պսակուած: Պատահական չէ նոյնպէս, որ բոլոր ժամանակներու մարտական մեծագոյն յեղափոխութիւնը իրեն իբրեւ խորհրդանշան ունեցաւ կարմիր գոյնը: Եւ զուր տեղ չէ, որ հայ ժողովուրդը իր մարտական ոգին մարմնաւորող Վարդանը մկրտեց նաեւ «կարմիր» մակդիրով: Ու վերջապէս պատահակ չէ, որ քրիստոնէութիւնը, երբ ուզեց պատկերով ներկայացնել իր Յարուցեալ Փրկիչը, զգեստաւորեց զայն կարմիր ձորձով եւ Անոր ձեռքը տուաւ կարմիր դրօշ մը, խաչով նշանուած: Մինչեւ իսկ Հին ուխտի մէջ, ասկէ շուրջ երկու հազար հինգ հարիւր տարիներ առաջ, Յաղթականը կը պատկերացուէր կարմիր գոյներով: "Ո՞վ է այս որ սուրալով կու գայ Եդովմէն, որուն զգեստները բոսորի կարմրութիւնը ունին, գեղեցիկ պատմուճանով եւ բուռն զօրութեամբ… ինչո՞ւ կարմիր են զգեստներդ հնձան կախողի մը հանդերձներուն նման" (Ես 63.1-2):

Ծանօթ է ամենքիս «կեանքը պայքար մըն է» սովորական ասութիւնը. պայքա՛ր՝ ոչ միայն ի խնդիր ամէնօրեայ հացի, այլ նաեւ պայքար՝ անգութ ընկերային մրցակցութեանց մէջ իր տեղը, դիրքը եւ հաւասարակշռութիւնը պահելու համար: Մեր ամէնօրեայ ապրած ֆիզիքական կեանքի ամէն մէկ վայրկեանը մշտական պայքար է կեանքի քանդիչ ուժերուն դէմ: Մեր միլիոնաւոր կարմիր ու ճերմակ գնդիկները մէկական զինուոր են, որոնք մշտապէս կը պայքարին բնաջնջելու համար մեր ֆիզիքական կեանքի բոլոր միքրոպները, կամ իյնալու՝ կռուի պատնէշին վրայ:

Նոյնն է իրողութիւնը ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ համար: Կայ արդարեւ այսպէս կոչուած իրականութիւն մը: Կա՛յ քրիստոնէական կեանք կոչուածը ոչ միայն Աւետարանին էջերուն մէջ, իբրեւ բարոյական սկզբունք եւ ճշմարտութիւն, այլ նաեւ կայ ասիկա ամէն մէկ քրիստոնեայի մէջ իբրեւ կենսական սկզբունք: Քրիստոնէական մկրտութեամբ ամէն մէկ հաւատացեալ կ՚օժտուի հոգեւոր կենսական նոր սկզբունքով մը, որ այնքան իրական է իր մարզին եւ տեսակին մէջ, որքան իրական է «պիոլոժիք» կոչուած կենսական սկզբունքը ֆիզիքական մարզի մէջ: Դրոշմի խորհուրդը սահմանուած է տալու հաւատացեալին այն անհրաժեշտ զօրութիւնը եւ կարողութիւնը, որով կարենայ «զամենայն նետս մուխս չարին շիջուցանել». այսինքն՝ պայքարիլ այն այլասերիչ եւ ապականիչ չար ուժերու դէմ, որոնք կը սպառնան մեզի տրուած հոգեւոր կեանքը խաթարել, տկարացնել կամ սպաննել: Դրոշմով քրիստոնեան կը վերածուի իսկական մարտիկի մը, պատրաստ՝ պահպանելու եւ պաշտպանելու աստուածատուր կեանքը, բարոյական եւ հոգեւոր մարզերուն մէջ, երբեմն մինչեւ իսկ ի գին ֆիզիքական կեանքի:

Ու քրիստոնէական այս պայքարը սովորական, դիւրին եւ մակերեսային պայքար մը չէ, այլ տառապէս մահու եւ կենաց պայքար մըն է: Քրիստոս այդ կեանքը մատնանշեց իբրեւ «նեղ դուռ եւ անձուկ ճանապարհ, որ սակայն դէպի ԿԵԱՆՔ կ՚առաջնորդէ»: Իսկ «լայն դուռը», այսինքն՝ պայքարէ խուսափիլը եւ բնազդի ու մոլութեան դիւրին եւ դերբուկ ճամբան ընտրելը կ՚առաջնորդէ դէպի կորուստ: Ուրիշ առթիւ Յիսուս ըսաւ, որ իր աշխարհ բերած կեանքին լոկ «հզօրները» կրնան տիրանալ: «Բռունք յափշտակեսցեն զարքայութիւն Աստուծոյ» (Մտ 11.12): Բուռն ուժի պէտք կայ տիրանալու համար այս նոր կեանքին եւ պահելու համար զայն: Եռանդ, մարտական ազնիւ ոգի, անհրաժեշտ են քրիստոնեայ ըլլալու համար: Սովորական, հեղգ, պայքարելու տրամադրութենէ զուրկ գործ չէ քրիստոնեայ ըլլալը: Յաճախ Քրիստոս եւ քրիստոնեան կը պատկերացուին իբրեւ անվնաս, խաղաղասէր եւ այսպէս կոչուած «բարի» մարդիկ. արդարեւ այդ բոլորը են անոնք, բայց ոչ այն իմաստով, զոր աշխարհ գրած է այդ բռերուն մէջ: Քրիստոնեան արդարեւ լեռներէն հոսող քրքջացող գետը չէ, այլ՝ այն խորունկ, խաղաղ եւ խոշոր գետն է, որուն շարժումը անգամ դժուար է նշմարել, որ սակայն հսկայական ուժ կը պարունակէ իր մէջ: Արդարեւ, քրիստոնեան փոթորիկ կամ բուք ու բորան չէ. բայց հանդարտ ու առատահոս անձրեւ է, որ ոչ միայն կեանք կու տայ մեր այգիներուն եւ անդաստաններուն, այլ նաեւ կը ստեղծէ մեծ գետերուն ակունքները» («Գունագեղ կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ», Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան, Իսթանպուլ 2016, էջ 51-53):

Խօսելով Կարմիր կիրակիին մեզի տուած դասին ու կատարած յիշեցումին մասին, այսպէս կը գրէ Շնորհք Պատրիարք. «…Ուրեմն՝ ԿԱՐՄԻՐ կիրակին կը յիշեցնէ մեզի կարեւորագոյն մէկ երեսը Քրիստոսի յարութեամբ ապահովուած մեր կեանքին, թէ գուպար մըն է քրիստոնէական կեանքը մեր ստորին եւ անասնական հակումներու դէմ, որոնք կը նուզաստացնեն զմեզ ու վար կ՚իջեցնեն մարդը իր արժանապատուութեան պատուանդանէն: Պայքար՝ ընկերային քայքայիչ ուժերու եւ ազդակներու դէմ, սուտի, կեղծիքի, անարդարութեան, չարաշահութեան եւ բոլոր նման ժխտական հակումներու դէմ, որոնք կ՚այլասերեն մարդկային ընկերութիւնը: Պատերազմ մըն է այդ կեանքը աշխարհի մէջ վխտացող չարութեանց, մոլորութեանց, գայթակղութեանց եւ կեանքի փորձիչ ստորին հրապոյրներու դէմ: Կարմիր կիրակին մեզի կ՚այցելէ ապրիլին կամ մայիսին, այսինքն՝ տարուան այն եղանակին, երբ նոր վերազարթնած բնական կեանքը պայքարի կ՚ելլէ ցուրտին, խստաշունչ հովին, եղեամին, որդին եւ այն բոլորին դէմ, որոնք կը սպառնան արթնցող կեանքին: Կրնայ ըլլալ որ նոր բացուած պտուկներէն ոմանք սառին վերահաս եղեամէն, կրնայ ըլլալ որ ծաղիկներէն եւ նոր կազմուող պտուղներէն մաս մը զարնուին ու թափուին կարկուտէն. սակայն ծառին եւ տունկին կեանքը կը շարունակէ իր գոյութիւնը յառաջիկային պտղաբերելու յոյսով. կեանքը կը շարունակէ իր ընթացքը եւ յաղթանակը, վասնզի արեւը եւ օդերը որոնք օր ըստ օրէ աւելի տաքուկ կը դառնան, իրեն ի նպաստ են:

ԿԱՐՄԻՐ կիրակին քրիստոնէական ՔԱՋՈՒԹԵԱՆ յիշեցման օրն է: Քաջութիւնը հիմնականն է քրիստոնէական առաքինութեանց մէջ. «Կարմիրն Վարդան»ի նկարագրին ամենէն յատկանշական գիծն էր այդ: Վա՜յ անոր որ պարպուած է անոր կարմիր շիճուկէն: Մեր բարոյական եւ ֆիզիքական գոյութիւնը պայմանաւոր է ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻԻ խորհուրդով - քաջութեամբ եւ ազնուական գուպարով ընդդէմ այլասերիչ տարրերու՝ մեր անձէն ներս կամ ընկերութեան մէջ» («Գունագեղ կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ», Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան, Իսթանպուլ 2016, էջ 54-55):

Այս կիրակի օրուան Ճաշու ընթերցումները հետեւեալներն են.

Գործք Առաքելոցէն 13.16-43:
Պետրոս առաքեալի Ընդհանրական առաջին նամակէն 5.1-14:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 5.19-30:

Առանձնացնենք մի քանի կէտեր.

ա. Աստուծմով ազատագրուիլ Եգիպտոսի գերութենէն. Գործք Առաքելոցի 16.16-17-ին մէջ կը կարդանք. «Ո՜վ Իսրայէլացիներ եւ աստուածավախ մարդիկ, մտի՛կ ըրէք: Այս ժողովուրդին՝ Իսրայէլի Աստուածը, ընտրեց մեր հայրերը, բարձրացուց մեր ժողովուրդը, որ Եգիպտոսի մէջ որպէս պանդուխտ կ՚ապրէր, եւ Իր մեծ զօրութեամբ զանոնք հոնկէ հանեց»: Արդարեւ, Աստուած Իր ընտրեալ ժողովուրդին՝ Իր ընտրեալ մարդը՝ Մովսէս մարգարէն ղրկեց ու զանոնք ֆիզիքական ստրկութենէն ազատեց ու զանոնք առաջնորդեց խոստացուած երկիր: Առաքեալը կը շեշտէ՝ Իր մեծ զօրութեամբ: Այսօր, մեզմէ իւրաքանչիւրս ենթակայ է Եգիպտոսի ստրկութեան, սակայն հոգեւոր առումով: Մեզմէ իւրաքանչիւրս պահի տակ կրնայ սայթաքիլ եւ խաբուելով սատանային հնարքներէն շեղի ճշմարտութեան ճանապարհէն: Մէկ բան բայց պէտք չէ մոռնայ մեզմէ իւրաքանչիւրս՝ Աստուծոյ մեծ զօրութիւնը, որով ինչպէս անցեալին Աստուած մարմնացած սատանային՝ փարաւոնին ձեռքէն ազատեց Իսրայէլի ժողովուրդը, այսօր առաւել եւս մեզմէ իւրաքանչիւրիս Իր մեծ զօրութեամբ կրնայ ազատել դարձեալ սատանայի ձեռքէն՝ Եգիպտոսի գերութենէն, նկատի ունենալով մանաւանդ, որ մենք Իր Միածին Որդիին արեան գինն ենք. կարեւորը, մեր՝ Աստուծոյ զօրութիւնը չմոռնալն ու չանտեսելն է, միաժամանակ այդ ազատագրութեան հասնելու համար մեզի բաժին ինկածը ընելն է:

բ. Աստուծոյ հօտը արածել. Պետրոս առաքեալ իր Ընդհանրական առաջին նամակին մէջ այսպէս կը խրատէ քահանաներուն. «Երէցնե՛ր, որպէս երիցակից մը՝ որ ձեզի պէս վկայ եմ Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ ձեզի հետ ալ մասնակից պիտի ըլլամ գալիք փառքին որ պիտի յայտնուի, կ՚աղաչե՜մ, ձեզի վստահուած Աստուծոյ հօտը արածեցէք ո՛չ թէ իբր պարտադրանք կատարելով վերակացութեան ձեր պաշտօնը, այլ՝ կամաւորաբար, ինչպէս Աստուած կ՚ուզէ։ Ո՛չ թէ դրամի սիրոյն, այլ՝ յօժարութեամբ։ Ո՛չ թէ ձեզի վստահուած մարդոց պարտադրելով ձեր անձերը, այլ՝ օրինակ ըլլալով ձեր հօտին, որպէսզի երբ Հովուապետը յայտնուի՝ անթառամ փառքի պսակը ընդունիք» (Ա. Պտ 5.1-4). այնքան խօսուն է այս խրատը մեր օրերուն, երբ հոգեւորականներէն շատեր զբաղած են ո՛չ թէ Աստուծոյ հօտը արածելով, այլ՝ իրենց սեփական փորերը պարարտացնելով, պարտադրաբար եւ դժգոհանքով կը կատարեն իրենց պաշտօնը եւ վայրկեան առաջ փախուստ տալու մասին կը մտածեն, վերածուած են դրամասէրներու, որոնց համար դրամը ամէն բանէ առաջ ու վեր է, բաւական է մասնակից ըլլաք պսակի մը, մկրտութեան մը եւ կամ թաղումի մը, ու ականատես դառնաք ՄՈՒՐԱՑԿԱՆ եւ ԴՐԱՄԱՊԱՇՏ հոգեւորականներու վարք ու բարքին… Այս բոլորէն անդին, իրենք զիրենք կը պարտադրեն իրենց վստահուած հօտին, յարգանք ու պատիւ պահանջելով..., մոռնալով եւ կամ գիտակցաբար անգիտանալով, թէ այդ յարգանքն ու պատիւը ո՛չ թէ պարտադրանքով կարելի է ձեռք ձգել, այլ՝ տիպար օրինակ ըլլալով: Աւելին, այսօրուան հոգեւորականներէն շատերը կ՚անգիտանան, որ իրենք Քրիստոսի դեսպանները, զինուորներն են այս աշխարհի վրայ եւ ո՛չ թէ Քրիստոսի թշնամիները…:

գ. Մեծութիւնը, պատիւը խոնարհութեան մէջ է. Այսօրուան աշխարհը տարուած է մեծութեան, փառքի ու պատիւի մոլուցքով, եւ ասոնց հասնելու համար հպարտութիւնը, մեծամտութիւնը անբաժան ընկերակիցը դարձած են մարդու կեանքէն: Կարդանք, թէ Պետրոս առաքեալ ի՛նչ կ՚ըսէ. «Բոլորդ ալ խոնարհաբար ծառայեցէք իրարու, որովհետեւ՝ ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. "Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչ խոնարհներուն շնորհք կու տայ":

Հետեւաբար Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէք, որպէսզի երբ յարմար ժամանակը գայ՝ ձեզի բարձրացնէ» (Ա. Պտ 5.5-6): Բարձրանալու համար, նախ պէտք է սորվինք խոնարհիլ, մեծնալու համար պէտք է փոքրութեան ու պարզութեան համը առած ըլլանք, այլապէս մեր հասած բարձունքն ու ձեռք ձգած մեծութիւնը կեղծ ու խաբկանք կ՚ըլլան:

Կարդացինք, թէ Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչ խոնարհներուն շնորհք կու տայ: Մենք մեզ խոնարհեցնենք Տիրոջ դիմաց, որպէսզի շնորհք գտնենք Իր առաջ, եւ միշտ յիշենք, թէ Ա՛ն է մեր Արարիչը, առանց Անոր մենք գոյութիւն չէինք ունենար, առաւել եւս առանց Անոր կամքին մենք տէր ու իշխան չէինք ըլլար այս աշխարհին: Աւելին, յիշենք Տէր Յիսուսի խօսքերը, որ կ՚ըսէ. «Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 18.14):

դ. «Քրիստոսի չարչարակից ըլլալը Աստուծմէ տրուած իսկական շնորհք մըն է» (Ա. Պտ 5.12). Անգամ մը Յիսուս Իր աշակերտներուն խօսեցաւ Իրեն հետեւորդ ըլլալու պայմաններուն մասին, ու ըսաւ. «Եթէ մէկը ուզէ Ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ։ Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ Ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն։ Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար» (Մտ 16.24-26): Արդարեւ, Քրիստոսի չարչարակից ըլլալ կը նշանակէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր խաչը ուսին դնելով՝ ինչքան ալ ծանր ու դաժան ըլլայ, հետեւի Յիսուսին, որովհետեւ միայն այդպիսով կը կարենանք ձեռք ձգել իսկական շնորհքը, այլապէս փորձելով մեր կեանքը պահել՝ պիտի կորսնցնենք զայն, որովհետեւ առանց Քրիստոսի եւ իրեն չարչարակից ըլլալու, մարդ չի՛ կրնար յաւիտենականութեան ժառանգորդ, Քրիստոսի եղբայր եւ Աստուծոյ որդեգիր ըլլալ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

23 ապրիլ 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023