ՋԱՋՈՒՌԻ ՊԱՅԾԱՌ ԳՈՅՆԸ. ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՄԻՆԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

Իր հիմնադրումէն 41 տարի յետոյ անուանի հայ նկարիչ Մինաս Աւետիսեանի (Մինաս) տուն-թանգարանը կը ներկայանայ նորովի: Օրերս Մինասի ծննդավայրին մէջ՝ Շիրակի մարզի Ջաջուռ գիւղը վերաբացուեցաւ անմահ նկարիչի տուն-թանգարանը՝ նոր երեւոյթով, նոր ձեւաւորումով եւ նոր ցուցադրութեամբ:

Այս թանգարանը հիմնուած է 1982 թուականին՝ մեծ նկարիչի ողբերգական մահէն եօթ տարի ետք: Մինասը ինքնաշարժի անհեթեթ արկածի մը զոհ դարձած է 1975 թուականին, երբ 47 տարեկան էր: Մինչեւ հիմա Մինասի մահը առեղծուածային կը թուի, նոյնիսկ կասկածներ ու վարկածներ կան այն մասին, որ որոշ ուժերու կողմէ կազմակերպուած էր այս իրողութիւնը, քանի որ անհասկնալի է, թէ ինչպէս խաղաղ ընթացող ինքնաշարժը մայթ ելած եւ հարուածած է մայթէն քալող նկարիչը: Առեղծուածային էր ո՛չ միայն մահը, այլեւ՝ կարգ մը դէպքեր, որոնք տեղի ունեցած էին նկարիչի կենդանութեան օրօք: Մինասը անընդհատ ստացած է անանուն նամակներ, որոնց մէջ անոր սպառնացած են, պահանջած են հեռանալ Հայաստանէն, հակառակ պարագային լաւ պիտի չըլլայ անոր համար: Մինասի արուեստանոցը անհասկնալի պայմաններու ներքոյ հրդեհուած է, հրոյ ճարակ դարձած են անոր նկարներն ու շատ անձնական, կարեւոր փաստաթուղթեր: Խորհրդային իշխանական համակարգը հազիւ կը հանդուրժէր արուեստագէտի մը, որ ազատ էր իր մտածողութեան մէջ, չէր ենթարկուեր համայնավարական կարգախօսներուն:

Հայրենի բեմադրիչ Արա Շիրինեան շատ տարիներ առաջ փաստագրական ժապաւէն մը պատրաստած է՝ «Մինասի առեղծուածը» խորագրով: Այդ տեսանիւթին մէջ ի ցոյց կը տրուի այն ժամանակաշրջանը, որու ընթացքին ստեղծագործած է Մինասը: Ամէնուր կը տիրէր վախի մթնոլորտ, նկարիչները, արուեստագէտները հիմնականը տարուած էին ժամանակի գաղափարախօսութեամբ՝ իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ ցոյց կու տային ընկերվարական կեանքն ու կը գովերգէին ընկերվարութեան առաջնորդները: Մինասին նոյնպէս կ՚առաջարկեն նկարել Լենինը՝ համայնավարութեան առաջնորդը: Մինաս կը պատասխանէ. «Լենինը Ափոլոնը չէ, որ նկարեմ։ Նկարիչը բեռնակիր գործաւոր չէ, որ ինչ դնեն շալակին՝ ինքն ալ տանի։ Չե՛մ նկարած ու պիտի չնկարե՛մ»։

Արա Շիրինեանի տեսաժապաւէնը ցոյց կու տայ այն կասկածները, որոնք Մինասի մահէն ետք մտած էին հասարակութեան մէջ, սակայն խորհրդային տարիներուն ոչ ոք կրնար արտայայտուիլ: Եւ միայն Հայաստանի անկախութենէն ետք Մինասի մահուան առթիւ կազմուած քրէական գործը ոստիկանական արխիւներէն հանած եւ ուսումնասիրութեան սկսած է այն ժամանակուայ ներքին գործոց նախարար Վանօ Սիրադեղեան: Այդ ուսումնասիրութիւնը նոյնպէս կիսատ մնացած է, քանի որ Սիրադեղեան լքած է Հայաստանը: Մինասի մահուան առեղծուածը այդպէս ալ մնացած է անվերծանելի, այնպէս ինչպէս անվերծանելի մնացած էր իրմէ վեց տարի առաջ, կրկին ինքնաշարժի արկածի մը զոհ գացած գրող Պարոյր Սեւակի մահուան հանգամանքը: Տարբերուող, իրենց խօսքը ըսող արուեստագէտներուն հետ այդպիսի դէպքեր շատ կը պատահէին համայն Խորհրդային Միութեան տարածքին, եւ ատոնք բնաւ պատահականութիւն չէին: Հակառակ որ արուեստանոցի մեծ հրդեհին զոհ գացած էին Մինասի լաւագոյն նկարները՝ շուրջ 100 կտաւ, եւ ատկէ ետք ալ Պէյրութի մէջ ցուցահանդէսին յաջորդած օրերուն իր գործերը ոչնչացուած են քաղաքի ռմբակոծութեան հետեւանքով, սակայն որոշ ժամանակ յետոյ Մինաս իր մէջ ուժ գտած եւ կրկին ձեռքը առած է վրձինը: Առաջին նկարը, որ նկարեց հրդեհէն յետոյ՝ արուեստագէտի մը կերպարն է, անոր ետեւը՝ ցուլի պատկեր մը: Ցուլը կը խորհրդանշէ կամք եւ յամառութիւն: Այդ կամքի եւ յամառութեան շնորհիւ մեծ նկարիչ Մինաս Աւետիսեան երեք տարուան մէջ՝ մինչեւ իր մահը ստեղծեց բազմաթիւ գեղանկարներ, որոնք այսօր կը զարդարեն Հայաստանի եւ աշխարհի նշանաւոր ցուցասրահներ, թանգարաններ, տեղ գտած են հաւաքածոներու մէջ: Ատոնց մէկ մասը կը պահուի Հայաստանի մէջ եւ մաս մըն ալ իր տուն-թանգարանի ցուցադրութեան մէջ է:

Մինասի տուն-թանգարանի վերանորոգումը կատարուած է Հայաստանի Պետական պատկերասրահի, նկարիչի ընտանիքի եւ Պռոշեանի թնդօղիի գործարանի աջակցութեամբ: Թանգարանը կը դիտուի իբրեւ Ազգային պատկերասրահի չորս մասնաճիւղերէն մէկը: Մինասի՝ պատկերասրահին մէջ պահուող շուրջ 40 աշխատանք վերականգնուած եւ տեղափոխուած է Ջաջուռ: Մինչեւ թանգարանի վերաբացումը այնտեղ Մինասէն շատ քիչ աշխատանքներ կային, հիմա շատ գործեր կը ցուցադրուին առաջին անգամ: Վեց ամիսը մէյ մը պիտի թարմացուի ցուցադրութիւնը, որոշներ կրկին պիտի տարուին Երեւան, Երեւանէն նոր գործեր կը հասնին Ջաջուռ: Տուն-թանգարանի մշտական ցուցադրութեան մաս կը կազմեն Արամ Խաչատուրեանի «Գայիանէ» պալէի նշանաւոր ձեւաւորումները, որոնք օրին վստահուած էին Մինասին: Մշտական ցուցադրութեան մէջ է Մինասի որմնանկարներէն խումբ մը, որ իր որդիներու ջանքերով փրկուած, վերականգնուած եւ դրուած են տուն-թանգարանին մէջ: Որմնանկարները Մինաս ստեղծած է իր մահէն քանի մը տարի առաջ՝ Հայաստանի եւ մանաւանդ՝ Շիրակի զանազան կարեւոր կառոյցներու պատերուն: Երկրաշարժէն Շիրակի մարզի մէջ եղածները վնասուած են, եւ միայն իտալացի մասնագէտներու ջանքերով վերականգնուած են: Ջաջուռ գիւղը նոյնպէս տուժած է երկրաշարժէն, գիւղի դպրոցէն զոհուած են երեք ուսուցիչ եւ վեց աշակերտ… Բնակիչներուն մեծ մասը մնացած է փլած տուներուն տակ… փլած են նաեւ դպրոցը, հիւանդանոցը, ուրիշ կառոյցներ: Յետոյ նոր հիւանդանոց եւ դպրոց կառուցուած են: Գիւղին դպրոցը կը կրէ Մինաս Աւետիսեանին անունը, իսկ իր տուն-թանգարանը կրկին բացուած է երկրաշարժէն շատ տարիներ ետք՝ 2005 թուականին: Այս մէկը տուն-թանգարանի երկրորդ բացումն է՝ առաջին բացումէն ետք:

Տուն-թանգարանի վերաբացումին առթիւ կրկին յիշուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս հեռաւոր 1920-ականներու վերջին կառուցուած է այս տունը: Տան հիմը դրուած է նկարիչին ծնունդէն տարի մը ետք: Մինաս ծնած է 1928 թուականին, իսկ 1929 թուականին ծնողքը տան առաջին քարը դրած է: Մինաս Աւետիսեան ծնելէն առաջ բարձրահասակ ծեր կին մը հեռուէն քալելով գիւղ կու գայ եւ կը հարցնէ, թէ ո՞ւր կը բնակի Կարապետը: Կարապետը Մինաս Աւետիսեանի հայրն էր: Հարցուփորձ ընող այդ կնոջ ցոյց կու տան Կարապետ Աւետիսեանին տան ճամբան, կինը կը գտնէ տունը, տունիններուն կը յորդորէ, որ Կարապետը երթայ Ջաջուռի մօտակայքը գտնուող հանքը: Ան կ՚ըսէ, թէ երազի հետքով եկած է: Իր երազին մէջ յայտնուած է Տիրամայրը, որ ըսած է, թէ այդ քարի հանքին քարերուն տակ սուրբ «Նարեկ»ը թաքնուած է եւ անիկա անպայման պէտք է երթայ եւ հանէ ջաջուռցի Կարապետը։ Կը կարծեն, թէ այս կինը խենթ է, կը վտարեն: Ոչ ոք գիտէր, թէ ուրկէ կու գար եւ ուր երթալն ալ չէին տեսած, բայց ան մէկ շաբաթ շարունակ կու գայ եւ նոյն բանը կ՚ըսէ. ի վերջոյ դրացիները Կարապետ Աւետիսեանը կը համոզեն հանք երթալ եւ տեսնել, թէ ի՛նչ կայ հոն: Կ՚երթան, քարերը կը փորփրեն եւ իսկոյն կը տեսնեն լաթի մը մէջ փաթթուած եւ մեղրամոմով պատուած արծաթեայ շրջանակով գիրքը։ Կարապետ Աւետիսեանը անակնկալի կու գայ, գիրքը կնոջ կու տայ, որպէսզի ան վերցնէ եւ հեռանայ, բայց այդ կինը կ՚ըսէ՝ Տիրամայրը երազիս մէջ ըսած է, որ քովդ պիտի մնայ եւ անիկա պիտի դնես նոր շինուող տան մէջ եւ հոն ալ պահես, պահպանես: Գիւղացիները կը հասկնան, որ խորհրդաւոր բան մըն է կատարուածը, բայց քանի որ խորհրդային իշխանութիւնը կը տիրէր, այդ մասին չէին կրնար բարձրաձայնել: Գիրքը կը պահեն պատին մէջ: Երկրաշարժի ժամանակ, պատերը կը փոշիանան, գիրքն ալ կ՚անհետանայ: Նկարիչին որդիները առեղծուածային եւ միեւնոյն ատեն շատ հարազատ կը նկատեն այս պատմութիւնը, մանաւանդ, որ Մինաս ապրած է նոյն այդ տան մէջ, հոն սկսած է նկարչական իր առաջին քայլերուն, հոն ապրած է իր ծնողքը, հոն ստեղծած է իր նկարները… Այսօր այդ տունը ուխտատեղիի վերածուած է: Շատեր կը հասնին Շիրակ աշխարհի այդ վայրը՝ այցելելու Մինասի տուն-թանգարանը, եւ հոն կ՚այցելեն ոչ միայն իբրեւ արուեստի վայր, այլ հոգեւոր տեղ մը, ուր անսովոր պատմութիւն մը եղած է: Մինասի կենդանութեան ժամանակ ալ հոն յաճախ կը հաւաքուէին Մինասի արուեստագէտ ընկերները, իր արուեստի սիրահարները, տունը անոր ոգիով լեցուն էր, բայց Մինասի ողբերգական մահէն ետք կարծես մարած է նաեւ այդ ոգին:

Իր ապրած կարճատեւ կեանքի ընթացքին Մինաս Աւետիսեան դարձաւ հայ կերպարուեստի նշանաւոր անուններէն մէկը եւ հռչակաւոր դէմքերէն 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ իրականութեան՝ մեծ ճանաչում գտնելով նաեւ աշխարհի մէջ:

Նկարիչը ստեղծած է հայկական գիւղաշխարհը լաւագոյնս արտացոլող գործեր, բնանկարներ, ինչպէս նաեւ անկրկնելի դիմանկարներ, որմնանկարներ, բեմանկարներ: Մասնագէտներ Մինասի ստղծագործութիւնները իւրայատուկ կը նկատեն իրենց գունային լուծումներով, որոնք ցոյց կու տան իր միջավայրի թախիծը եւ հայ մարդու՝ հինէն եկող տառապանքը: Իր գեղարուեստական առաջին կրթութիւնը Մինաս Աւետիսեան ստացած է Երեւանի մէջ՝ Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը։ Այնուհետեւ ուսանած է Գեղարուեստի համալսարանին մէջ, որմէ ետք տեղափոխուած է Լենինկրատ, ուր ուսանած է Գեղարուեստի ակադեմիայէն ներս: Աւարտելով՝ Հայաստան եկած եւ սկսած է իր դժուարին ստեղծագործական կեանքին:

Ընդամէնը տասնհինգ տարի տեւած է նկարիչի ստեղծագործական շրջանը, բայց հաստատած է իր տեղը՝ սերունդներուն ձգելով անգնահատելի ժառանգութիւն՝ իր մեծաթիւ կտաւներն ու այլ գեղարուեստական գործեր: Ան համեմատաբար ուշ սկսած է զբաղիլ գեղանկարչութեամբ։ Պատերազմի տարիներուն պատանի Մինաս պատահականօրէն կը հանդիպի նկարիչ Յակոբ Անանիկեանի հետ, ինչ որ բախտորոշ կ՚ըլլայ իրեն համար, եւ կը տարուի նկարչութեամբ: Պատանի հասակին կը հրապուրուի Հայաստան տեղափոխուած եւ Հայաստանի մէջ արդէն հռչակ վայելող Մարտիրոս Սարեանի արուեստով։ Առաջին անգամ ան Մարտիրոս Սարեանին հանդիպած է տասնութ տարեկանին։ Այս հանդիպումը անդրադարձ ունեցած է իր յետագայ ստեղծագործական կեանքին վրայ:

Մինասի գեղագիտութիւնը ձեւաւորուած է իր մանկութեան գիւղական պատկերներու, հայ մարդու ապրած կեանքի, ազնիւ ու համեստ իր ընտանիքի չափանիշներով, որոնց վրայ յետագային ազդեցութիւն ունեցած են հայկական մանրանկարչութիւնն ու իտալական Վերածնունդի արուեստը, որոնց ծանօթացած է Լենինկրատ ուսանելու տարիներուն։ Իր հայրենի Ջաջուռի մասին Մինաս գրած է. «Կարեւոր չէ՝ ուր աշխարհ եկած ես՝ Լոնտո՞ն, թէ՞ խուլ գիւղի մը մէջ: Կարեւորը այն է, որ այդ մէկը քու հայրենիքդ է, զոր դուն աչքերդ բանալով տեսած ես առաջին անգամ: Յետոյ դուն կը ճանչնաս տարբեր աշխարհներ, բայց այն ինչ որ տեսած ես մանուկ հասակին, կը մնայ քու ամբողջ կեանքիդ մէջ: Ամէն անգամ երբ կ՚երթամ գիւղ, ես կը փնտռեմ նախկին գիւղը, զոր տեսած եմ առաջին անգամ: Երբ ես փոքր էի, իմ գիւղի ցանկապատերը ինծի կը թուային բարձր-բարձր: Իսկ այժմ ես այդ ցանկապատերէն բարձր եմ, բայց ես կը յուզուիմ անոնց մօտենալով: Եթէ քու մէջդ նման յուզմունք չկայ, չ՚ըլլար նաեւ արուեստ»:

ՊԱՐՊՈՒՈՂ ԳԻՒՂԵՐԸ ԻԲՐԵՒ ՑԱՒ…

Հայաստանի հեռաւոր ծայրամասը գտնուող գիւղերէն Ջաջուռը վերջին տարիներուն լքած են բազմաթիւ բնակիչներ: Այս գիւղը հին գիւղ մըն է՝ հիմնուած է 1828 թուականին՝ Մուշէն, Կարսէն, Էրզրումէն, Խնուսէն հոն հասած հայերու ուժերով: Գիւղացիներու բարբառին մէջ ալ արեւմտահայերէնի հնչերանգը կայ, թերեւս նաեւ Շիրակի մարզին մէջ տարածուած Կարնոյ բարբառն է այս մէկը, որով խօսած են Կարսի եւ Կարինի շրջաններու մէջ: Բայց տարիներու ընթացքին շէն գիւղը այսօր տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէ: Գիւղի հեռաւորութիւնը մայրաքաղաքէն եւ մարզային կեդրոնէն, պաղ, քամոտ եղանակն ու ցած եկամուտի պայմանները երիտասարդներուն ստիպած են հեռանալ գիւղէն եւ աշխատանք փնտռել ուրիշ վայրերու մէջ: Մինասի տուն-թանգարանը ծերացող այս գիւղի գրեթէ միակ կանչող տեղն է: Թանգարանը մինչեւ նորոգումն ալ զբօսաշրջիկներ կը բերէր Ջաջուռ եւ աղօտ յոյսեր կան, որ այս վերաբացումէն ետք ալ գիւղը յառաջիկային փոքր ի շատէ կ՚աշխուժանայ: Հեռուէն արդէն նկատելի է Մինասի տուն-թանգարանի ցուցանակը, եւ թանգարանը գիւղի վառ գոյնն է: Ընդհանրապէս պարպուող գիւղերը Հայաստանի ներկայ ցաւերէն են: Երիտասարդութիւնը ապագայ չի տեսներ չզարգացող եւ օրէ օր ետ գացող գիւղերուն մէջ եւ արագ հեռանալու ուղիներ կը գտնէ: Ռուսաստան մեկնիլը ամենադիւրին ճանապարհն էր հայ տղամարդուն համար, որ ռուսական անծայրածիր բնակավայրերուն մէջ աշխատանք մը անպայման կը գտնէր, յետոյ կը տանէր իր ընտանիքը: Սակայն ռուս-ուքրանական պատերազմէն ետք Ռուսաստանի մէջ տիրող անբարենպաստ միջավայրը վերջին մէկ տարին ետ կը պահէ հոն գացողները: Գիւղերէն հեռացող ընտանիքները կը հանգրուանեն մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, իսկ որ աւելի գէշն է՝ ճանապարհներ կը փնտռեն՝ արտասահման երթալու: Իսկ արտասահման գացողը հազիւ թէ վերադառնայ: Այսպիսով, մենք կը կորսնցնենք մեր գիւղը: Հայկական գիւղերը անմխիթար վիճակ մը ունին այսօր: Հայաստանի անկախութենէն ետք ամենաշատ օգնութիւնները, դրամաշնորհները, ներդրումի ծրագիրները դուրսէն եկած են գիւղերու համար: Սակայն այսօր կարծես ոչինչ կայ մէջտեղը: Ձեւական քանի մը ծրագիր իրականացնելէ զատ, գիւղերու վրայ ոչինչ երեւելի է: Տխուր է մտածել, որ զանազան իշխանութիւններ զանազան ձեւերով խաբած են գիւղացին՝ անոր սին խոստումներ տալով եւ ոչինչ ընելով գիւղի զարգացման եւ գիւղացին իր գիւղին մէջ պահելու համար: Գիւղեր կան, ուր խմելու ջուր նոյնիսկ չկայ, չկան միջգիւղական բարւոք ճանապարհներ, ժամանակակից սարքաւորումներ ունեցող հիւանդանոցներ, զարգացած դպրոցներ, լուսաւորուած փողոցներ… Ջաջուռի դպրոցին մէջ, օրինակ, 94 աշակերտ կայ: Այդ մէկը քիչ թէ շատ լաւ թիւ կը նկատուի այն գիւղերուն համեմատ, ուր դպրոցներուն մէջ 10, 15, 20 աշակերտներ հազիւ կան: Գիւղեր գոյութիւն ունին, ուր դպրոցներու մէջ կը բացակային որոշ դասարաններ, իսկ եղած դասարաններու մէջ ալ մէկ կամ երկու աշակերտ կայ: Վերջին շրջանին արդէն սովորական դարձած է, որ գիւղերուն մէջ դպրոցը կ՚աւարտէ մէկ աշակերտ: Նոյն Շիրակի մարզին մէջ տասը բնակավայր այս ուսումնական տարուան սկիզբին չէ ունեցած առաջին դասարանցի: Կը գաղթեն ո՛չ միայն աշակերտները, այլեւ՝ ուսուցիչները եւ միայն եզակի նուիրեալ ուսուցիչներ կը մնան գիւղերուն մէջ: Անոնք կը հաւատան, որ պէտք է պահել գիւղը, որպէսզի մնայ նաեւ երկիրը: Եթէ մենք կորսնցնենք հայ գիւղը, մենք կը կորսնցնենք գրեթէ ամէն ինչ… Դառն ճշմարտութիւն, որուն առջեւ կեցած ենք… Մինասի տուն-թանգարանի մէջ տիրող աշխուժութիւնը պահ մը կը ցրէ մռայլ միտքերը, սակայն իրականութիւնը կը մնայ նոյնը…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023