ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ - 2

Անողոք պատերազմի ծանրագոյն օրերուն, խաւարի մեջ լոյս փնտռելու ատեն, նորէն ինքզինքս գտայ եկեղեցիի շեմին՝ պատարագի մասնակցելու ընթացքին: Երկրորդ անգամն է: Երկրորդ անգամ դարձայ դէպի Աստուած, դէպի Յիսուս Քրիստոս:

2020 թուականի նոյեմբերի վեցէն ի վեր, ամէն կիրակի եկեղեցին եմ: Այս անգամ ոչ թէ մինակ, այլ հանդերձ ընտանեօք՝ ամուսինս, զաւակս, մայրս ու իմ եղբօր կինը:

Շատեր ինծի երանի կու տան: Կը համարեն, թէ իմ հաւատքը զօրաւոր է: Սակայն ես մանանեխի չափ անգամ հաւատք չունիմ: Ինչի կը նմանի իմ հաւատքը... խորհեցէք հսկայական ջրհոր մը, որու մէջ օրական կը լեցնես կաթիլ մը, կամ քանի մը կաթիլ ջուր: Յայտնի չէ, թէ այն ե՞րբ կը լեցուի, կը թափի ու կը դառնայ ծով կամ ովկիանոս: Ունիմ մեծ փափաք կաթիլ-կաթիլ զօրացող իմ հաւատքը վերածելու ովկիանոսի մը:

Ինչպէս իւրաքանչիւր մահկանացու, թէպէտ, բռնելով ապաշխարութեան ուղին, զերծ չեմ մնար մեղքեր գործելէ: Յաճախ կը գիտակցիմ իմ մեղքերուն, նոյնիսկ զանոնք կը գործեմ գիտակցաբար: Իմ հաւատքի տկարութեան պատճառաւ՝ դիւրութեամբ կը դառնամ չար ուժերու, սատանայի զոհ:

Ներէ՛ Տէր, որ կը տկարանամ, յաճախ կը ձանձրանամ աղօթքի ժամանակ: Արտաքին ազդակներու պատճառաւ կը շեղեմ իմ ուշադրութիւնը, կամ պարզապէս թոյլ կու տամ, որ չարը տիրէ իմ մտքին: Ներէ՛, որ վերջին շաբաթներու ընթացքին, շաբաթուայ 168 ժամէն Քու երկու ժամդ չկրցայ նուիրել քեզի:

Ողորմած Աստուած, ներէ՛, որ ճանապարհորդութեան մէջ գտնուելու պատճառաւ քեզի հետ կը խօսիմ քիչ, ժամանակ չեմ գտնար Սուրբ Գրքի ընթերցանութեան համար:

Ներէ՛, ժամանակ առ ժամանակ ինձ պատող յուսահատութեան, թախիծի, որկրամոլութեան, չար մտքերու, անհանդուրժողականութեան, նախանձի համար: Ներէ, որ տակաւին չեմ կրնար զսպել իմ զայրոյթն ու ցասումը: Անհանդուրժող ու անհամբեր եմ մասնաւորապէս իմ մերձաւորներու, իմ շատ սիրելիներու նկատմամբ:

Մարդիկ քննադատելու, ստորադասելու, երբեմն վերէն նայելու, նախանձելու, ոմանց նկատմամբ քինախնդիր ըլլալու, բամբասանքը որպէս շաքար վայելելու համար ներէ՛ զիս բարեգութ Աստուած:

Ներէ՛, որ որպէս քրիստոնեայ մը,  տակաւին չկրցայ աղ ըլլալ աշխարհի, իմ վիրաւոր հայրենիքի համար: Ներէ՛, բարկութեան ազդեցութեամբ իմ սիրելիները վշտացնելուս համար:

Ինչպէս նաեւ Տէր իմ, ներէ՛ զիս գիտակցաբար ու անգիտակցաբար իմ գործած բոլոր մեղքերուս համար: Եւ օգնէ ինծի տեսնել իմ այն բոլոր մեղքերը, որոնց ես չեմ գիտակցեր:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

- վերջ -

Հինգշաբթի, Յուլիս 29, 2021