ՀԱՄԱՑԱՆՑՆ ՈՒ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ

Առաւօտեան ձեր զաւակներուն նախաճաշին խառնեցէք քանի մը դգալ հայրենասիրութիւն, չմոռնալով զայն ամրապնդել աստուածապաշտութեամբ: Յիրաւի, ժամանակները կը փոխուին: Ժամանակակից աշխարհը կը թեւակոխէ հին ժամանակներ, սակայն նորագոյն ծրարաւորումով: Պէտք չէ վախնալ նորագոյնէն, պէտք է ըլլալ զգօն ու աչալուրջ:

Գերժամանակակից չարիքը թիրախաւորած է մատղաշ սերունդը: Ինչպէս կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը կը սկսի օրօրոցէն, այնպէս ալ փճացումն ու օտարացումը, մեքենայացումը, անզգայացումն ու սեփական ուղեղը գործածելու ցանկութիւնը: Ամէն ճիգ կը գործադրուի, որպէսզի նոր սերունդները այլեւս չկարենան, չուզեն խորհիլ: Սակայն այս ամէնը կը կատարուի գեղեցիկ ու նորովի ծրարումներով:

Իր առաւելութիւններով հանդերձ 21-րդ դարու չարիք, կործանիչ ռումբ կը հանդիսանայ համացանցը, նորագոյն խելացի հեռախօսներն ու այլ սարքեր: Անշուշտ, անուրանալի է անոնց օգտակարութիւնն ու յարմարաւէտութիւնը կեանքի որակի բարձրացման հարցին մէջ: Ըստ իս, այս խայծն է չարիքը ինքնակամ կլլելու համար: Համացանցը մարդս առաւել ծանր կախուածութեան մէջ կը ձգէ, քան թմրանիւթերն ու խմիչքի չարաշահումը: Եթէ աշխարհի մէջ, քանի մը օր չգործէ համացանցը, թերեւս մարդկութեան զգալի մասը կամ կը խենթանայ, կամ ինքնասպան պիտի ըլլայ: Անխօս, այս ցաւալի իրականութիւն մըն է:

Մեր կախուածութիւնը համացանցէն այնքան շատ է, որ քանի մը ժամ զայն չգործելու պարագային, մենք անմիջապէս կը զգանք անոր պակասը: Օդի պէս անհրաժեշտութիւն դարձած է մեծամասնութեան համար. գոյները կը խամրին, նեարդային համակարգդ կը յայտնուի գերլարուածութեան մէջ, ներքուստ մարմինդ կը դողայ: Ոչ մէկ կերպով կրնաս լրացնել այդ բացը: Ուտելիքը, զբօսանքը, ընթերցանութիւնը, տնային գործերը ի զօրու չեն լրացնելու համացանցի բացակայութիւնը: Համայն մարդկութեան վիճակը շատ ծանր է: Եւ կիզակէտին կը գտնուին երիտասարդները, մասնաւորապէս մատղաշ սերունդը: Համացանցը դարձած է վերջիններուս կեանքի ու ապրելու իմաստը, գոյնը: Յաճախ մեր ականջներուն կը հասնին տխուր ու ողբերգական իրողութիւններ այն մասին, թէ այսինչ կամ այնինչ համացանցային խաղի արդիւնքին ինքնասպան եղած են երեխաներ կամ պատանիներ: Կամ ծնողը որպէս պատիժ սահմանափակեց երեխայի մուտքը համացանց, երեխան յայտնուեցաւ ծանր հոգեկան ապրումներու մէջ: Վնասեց զինքը կամ ծնողին:

Այո՛, մենք՝ մասնաւորապէս մեր երեխաները ունին կախուածութիւն հեռաձայններէն, համացանցէն: Զիս անհանգստացնելու սկսած է տակաւին տասն ամսականը չբոլորած Դանիէլը: Ճիշդ է, ան համացանցէն չ՚օգտուիր, սակայն կ՚ուտէ, բերանով, շօշափելով կ՚ուսումնասիրէ հեռաձայնը, համակարգիչը: Իր փոքրիկ թաթիկներով արագ-արագ զարնելով այս սարքերուն, կը ստանայ գերհաճոյք: Իսկ, երբ ես կը փորձեմ անոր ձեռքէն առնել հեռաձայնը՝ երկար ու անդադար կու լայ: Այս լացը սովորական լաց չէ: Վիրաւորանքն ու չզատուելու փափաքը կը վերածուին արցունքի կաթիլներու ու հեղեղատի պէս կը յորդին իմ մանուկի աչքերէն: Այս շատ կ՚անհանգստացնէ զիս:

Ինչ կը վերաբերի հինգամեայ Զաւէնին՝ վճռական պայքարի շնորհիւ, Աստուծոյ կամօք, յաջողած եմ ջարդուփշուր ընելու վերջինիս կախեալութիւնը համացանցային խաղերէն, հեռաձայնէն: Ամիսներ առաջ երեխաս գրեթէ կախեալութեան մէջ կը փորձէր յայտնուիլ 21-րդ դարու չարիքէն: Ակնբախ էին վարքային փոփոխութիւնները վերջինիս մօտ: Զաւէնը գծապատկերներ դիտելու սիրահար չէ: Ան կը նախընտրէ դիտել տարատեսակ յիմարութիւններ, որոնցմով ողողուած է «ԵուԹուպ»  ալիքը: Այդ թուացեալ յիմարութիւնները կը նմանին ռումբապատ դաշտերու:

Հետզհետէ աշխարհ կը բարդանայ, կ՚աղաղակեն վտանգները: Իսկ մինչեւ այդ ահազանգները կը հասնին մեր ականջներուն, այլեւս վերածուած կ՚ըլլան զուարճանքներու: Ռումբապատ դաշտի միջով անվնաս քայլելու միակ ճանապարհը Աստուծմով ապրիլն է եւ սիրով պարուրուած ըլլալը: Այս է պատճառը, որ ես մայրերուն խորհուրդ կու տամ իրենց զաւակները յանձնել Աստուծոյ: Թողնել, որ չծնած կամ ծնունդէն վերջ, կամ այն ժամուն, երբ իրենք կը գիտակցին վտանգի լրջութիւնը՝ իրենց զաւակները նուիրեն Տիրոջ: Թոյլ տան, որպէսզի այդ մաքրամաքուր էակները ճանչնան իրենց երկնային Հայրը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022