ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ ՏՈՒՆԸ ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ
Կիւմրին գեղեցիկ է տարուան բոլոր եղանակներուն: Հայաստանի մշակութային մայրաքաղաք նկատուող Կիւմրին ամբողջ ամրան այցելելու առիթ չունեցանք, քանի ոչ մէկ օր ազատ պանդոկ գտանք, իսկ Կիւմրիին հմայքը զգալու համար պէտք է գիշերել պատմական այդ քաղաքին մէջ, արթննալ անոր խաղաղ երկինքին տակ եւ վայելել Կիւմրիի անկրկնելի միջավայրը: Հազարաւոր զբօսաշրջիկներ ամրան լիուլի վայելեցին Կիւմրին: Տարբեր զբօսաշրջային հմայք ստացած է քաղաքը վերջին երեք-չորս տարիներուն:
Հայրաքաղաքն է Կիւմրին. այդպէս կը կոչեն իրենց քաղաքը կիւմրեցիները, որոնք սրամտելու բնածին յատկութեամբ օժտուած են, հիւրասէր են եւ պատուախնդիր: Երկրաշարժէն տարիներ ետք այսօր քաղաքը բոլորովին ուրիշ տեսք ունի. վերականգնած, շինուած եւ ծաղկած քաղաքը պահպանած է իր պատմական միջուկը եւ նոր դիմագիծով կը ներկայանայ հիւրերուն:
Խորհրդային տարիներուն նոյնպէս ջանացած են պահպանել Կիւմրիին պատմական դէմքը: Այդ տարիներուն է, որ քաղաքին կեդրոնական փողոցներէն մէկէն դէպի ներսի փողոցներ տանող ճանապարհի մը կառուցուած շէնքին վրայ դրուած է պոլսահայ դերասան, բեմադրիչ Արմէն Արմէնեանի մասին յիշատակութիւն մը: Շէնքը հին է, կարմիր տուֆաքարով շինուած, անձրեւները եւ խոնաւութիւնը տեղ-տեղ մնայուն հետքեր ձգած են քարերուն վրայ, անշնորհք կառոյց մըն ալ կցուած է մուտքին շատ մօտ, սակայն պատին տախտակը կը յուշէ, որ արժէքաւոր տուն մը եղած է, ուր 1937-1965 թուականներուն ապրած են պոլսահայ մեծ արուեստագէտ Արմէն Արմէնեանն ու իր կինը՝ Եքաթերինա Տուրեան: Կինը այդ տունին մէջ ամուսինին մահէն ետք չորս տարի եւս բնակած է եւ մահացած 1969 թուականին, իսկ Արմէն Արմէնեան կեանքէն հեռացած է 1965 թուականին, Կիւմրիի մէջ: Այսօր տունը ունի ուրիշ բնակիչներ, որոնք, յուսամ, կը գիտակցին պատմական այդ շէնքին կարեւորութիւնը, նաեւ ջանքեր կը գործադրեն՝ քանդել տալու կից ճերմակ կրպակը: Նմանատիպ կրպակներ կան նաեւ շէնքին յետնամասը, որոնք համահունչ չեն տունի ընդհանուր պատկերին հետ:
Իսկ Արմէն Արմէնեան ինչպէ՞ս Պոլիսէն հասած է Կիւմրի: Նախ, մինչեւ Կիւմրի հասնիլը, ան երկար ճանապարհ անցած է՝ զանազան վայրերու մէջ ունեցած է գործունէութիւն՝ ուսանելով, վարպետանալով եւ միշտ վառ պահելով թատրոնին հանդէպ սէրը: Անոր իսկական մականունը եղած է Իփէկեան, որ յետոյ, անունին նմանութեամբ դարձուցած է Արմէնեանի: Պոլսահայ թատերական գործիչ Գասպար Իփէկեանի եղբայրն է ան, սակայն հօր հետ ունեցած վէճի մը պատճառով հրաժարած է այդ մականունէն եւ որդեգրած Արմէնեանը: Ծնած է Պոլիս, 1871 թուականին:
Իր նախնական կրթութիւնը Արմէն Արմէնեան ստացած է Պոլսոյ Բերա թաղամասի հայկական եւ գերմանական դպրոցներուն մէջ, ապա Գատըգիւղի Մխիթարեան միաբանութեան գիշերօթիկ դպրոցը, Օրթագիւղի դպրոցը եւ, վերջապէս, նորաբաց Կեդրոնական վարժարանը։ Իր կեանքին մէջ մեծ ազդեցութիւն ձգած է դերասան Պետրոս Ադամեանը:
1889-1890 թուականին ան կը տեսնէ Ադամեանին խաղը եւ կը դառնայ անոր երկրպագուն։ Նոյն տարիները Արմէնեան կը մեկնի Կովկաս եւ կը խաղայ Թիֆլիզի հայկական խումբերուն մէջ, առաջին անգամ բեմ բարձրանալով Ալեքսանտր Տիւմա որդիի «Քամելիազարդ տիկինը» թատրերգութեան մէջ ստանձնած դերով մը:
Մէկ տարի յետոյ՝ 1891 թուականին, Ադամեանին մահը կը ցնցէ զայն, Արմէնեան ծանր կը տանի դերասանի մը մահը, որմէ ստացած է թատրոնի իր մկտրութիւնը:
Յաջորդ թատերաշրջանին ան Սիրանոյշին հետ կը մեկնի Պաթում, իսկ 1894 թուականին՝ արտասահման։ Եղած է Փարիզ, Համպուրկ եւ այլ քաղաքներու մէջ, դիտած է աշխարհահռչակ կարգ մը դերասաններու խաղը։ Վերադառնալով Կովկաս, 1902-1903 թուականներուն խաղացած է Թիֆլիզ, Պաքու, Երեւան, Ալեքսանդրապոլ, Կարս։ Կ՚ամուսնանայ թիֆլիզահայ դերասանուհի Եքաթերինա Տուրեանին հետ եւ 1906 թուականին անոր հետ կը մեկնի Եգիպտոս, կը կազմակերպեն ներկայացումներ Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ, տեղի հայութիւնը բարձր կը գնահատէ պոլսահայ եւ թիֆլիզահայ զոյգի թատերական միացեալ գործը: 1907 թուականին կը վերադառնան Կովկաս։
1908 թուականին Յովհաննէս Աբէլեանին հետ Արմէնեան կը ստեղծէ «Աբէլեան-Արմէնեան» յայտնի թատերախումբը: Այդ խումբով մեկնած է Պոլիս, ուր մեծ յաջողութիւններ ունեցած են, այնուհետեւ ներկայացումներ ունեցած են Իզմիր, Պարտիզակ եւ վերադարձած են Կովկաս։ Յետոյ խումբով կամ միայն Աբէլեանին հետ շրջագայած է Թուրքիոյ, Պարսկաստանի, Ռումանիոյ եւ այլ երկիրներու բազմաթիւ քաղաքները, ներկայացումներ ունեցած է Անդրկովկասի, Հիւսիսային Կովկասի գրեթէ բոլոր հայաշատ վայրերուն մէջ։ Ժամանակի մամուլը լայնօրէն արձագանգած է այս շրջագայութիւններուն:
1921 թուականին Արմէնեան Պարսկաստանէն վերադարձած է Հայաստան, բեմ բարձրացած է Երեւանի մէջ, ապա ընդմիշտ հաստատուած Կիւմրի՝ իր անխախտ հետքը ձգելով Շիրակի թատերական կեանքին մէջ:
1954 թուականին լոյս տեսած են Արմէնեանի յուշերը՝ «60 տարի հայ բեմին վրայ» խորագրով: Իր յուշերուն մէջ Արմէնեան կը նկարագրէ, որ իր հայրը փափաքած է, որ ինք առեւտրական դառնայ եւ 1894 թուականին զինք ղրկած է Համպուրկ՝ սորվելու: Հոն ապագայ դերասանը աւելի մօտէն սկսած է հաղորդակցիլ թատրոնին հետ:
Համպուրկի մէջ Արմէնեան կը դառնայ գերմանական դասական երաժշտութեան ունկնդիր, կը լսէ հռչակաւոր երաժիշտներ, կը դիտէ Էլէոնորա Տուզէի խաղը, ապա Պրիւքսելի մէջ ֆրանսացի նշանաւոր դերասանուհի Սառա Պեռնարի խաղը։
Եւրոպայի մէջ հօր գործերը վարելուն զուգահեռ կը հետեւի թատրոնի փորձերուն, արտասանութեան դասեր կ՚առնէ: Ան համարձակութիւն կ՚ունենայ այցելելու Սառա Պեռնարին եւ խնդրելու անոր աջակցութիւնը։ Շատ չանցած կը տեղափոխուի Փարիզ, անխօս դերեր կատարողի իրաւունքով կը մտնէ յայտնի դերասանուհիին թատրոնը։ Հոս կը տեսնէ Սառա Պեռնարին, Մունէ Սիւլիին, Փոլ Մունէին եւ ուրիշ վարպետներուն արուեստը։ Արմէնեան կը դառնայ Սառա Պեռնարի թատրոնին թեքնիք բեմադրիչին օգնականը եւ նոյնիսկ այդ պզտիկ նկատուող գործը զգալի ազդեցութիւն կը ձգէ իր վրայ:
Այդ տարիները Արմէնեան ուսանած է նաեւ առոգանութեան, դասական ողբերգութեան եւ դասական կատակերգութեան արուեստ, յաճախած է Փոլ Մունէի մասնաւոր աշխատանոցը։ Այսպէս, անոր հօր երազանքը իրականութիւն չէ դարձած: Աւելին, ան հօր տրամադրած ողջ գումարը ծախսած է թատրոնի վրայ եւ հայրը յայտարարած է, որ ան իր զաւակը չէ այլեւս:
1902 թուականին հրաւէր կը ստանայ Թիֆլիզէն եւ կը մեկնի արեւելահայ թատրոնի կեդրոն նկատուող այդ քաղաքը, ուր թատրոնի մէջ դեր խաղալը իւրաքանչիւր հայ դերասանի երազանքն էր: Առաջին իսկ ներկայացման հանդիսատեսներուն մէջ էր Գաբրիէլ Սունդուկեանը, որ կ՚այցելէ նորեկ դերասանին, կը շնորհաւորէ եւ խորհուրդ կու տայ մտածել Ֆրանցի դերը Շիլլերի «Աւազակներ»ուն մէջ խաղալու մասին։
1908 թուականին Արմէնեան արդէն ճանչցուած բեմադրիչ եւ դերասան էր, իր համբաւը յայտնի էր ամբողջ հայաշխարհին, ատոր մէջ դեր ունեցած է նաեւ «Աբէլեան-Արմէնեան» թատերախումբին յաջողութիւնը: Հակառակ որ թատերախումբը գոյատեւած է հինգ տարի, սակայն անփոխարինելի դեր ունեցած է հայ թատրոնի պատմութեան մէջ: Տեսաբաններ կը նկատեն, որ Աբէլեանը թատերախումբին ոգին էր, իսկ Արմէնեանը՝ շունչը: Արմէնեանի բեմադրական ծանօթ եւ շատ գնահատուած աշխատանքներէն էր «Սասունցի Դաւիթ» ժողովրդական ներկայացումը, որ ցուցադրուեցաւ Կիւմրի՝ 8 եւ 31 յուլիս 1922 թուականին։ «Սասունցի Դաւիթը» բացօթեայ ներկայացում էր՝ շուրջ 150 ձիաւոր ու հետիոտն մասնակիցներով եւ տասը հազար հանդիսատեսներով, խմբերգներով ու փողային երաժշտութեամբ. բան մը, որ նորութիւն էր հայաստանեան թատերական արուեստին մէջ: Այսօր, Կիւմրիի անցեալը նորացնելու լոյսին տակ կ՚արժէ յիշատակել նաեւ այս պատմական ներկայացումը, որ շատ երկար յիշուած է քաղաքին մէջ: Կ՚արժէ ընդհանրապէս Արմէնեանի անունը հանել մոռացութեան դարակներէն եւ դնել Կիւմրիի մշակութային դէմքը կերտած միւս մեծերու անուններուն քով:
Արմէնեանը կը նկատեն ֆրանսացի նշանաւոր դերասան Մոլիէրի ժանրի դերասան, հակառակ որ ինք իր դերասանական կեանքին մէջ էական տեղ տուած է նաեւ շէյքսփիրեան եւ շիլլերեան դերերուն։ Վահրամ Փափազեան Արմէնեանը կը կոչէր մոլիէրեան աւանդներուն կրողը հայ թատրոնին մէջ։
1904 թուականին Արմէնեան թատերախումբ կը կազմակերպէ նաեւ Նոր Նախիջեւանի մէջ եւ այդ խումբով կը շրջագայի Հիւսիսային Կովկասի ու Ռուսաստանի հայաբնակ վայրերը։ Այդ շրջանի լաւագոյն բեմադրութիւններէն են՝ Ալեքսանտր Շիրվանզատէի «Պատուի համար», «Եւգինէ», Մուրացանի «Ռուզան», Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար», Վրթանէս Փափազեանի «Ժայռ» եւ այլն գործերը: Արմէնեան դասական իրապաշտութեան սկզբունքներով բեմադրած է Անուշաւան Վարդանեանի «Գործադուլ», Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» (երկուքն ալ հայ բեմին վրայ առաջին անգամ կը խաղցուէին) թատրերգութիւնները, իսկ որպէս դերասան՝ յետագային հետեւած է հոգեբանական իրապաշտութեան սկզբունքներուն։
Արմէնեան եղած է Ալեքսանդրապոլի Քաղլուսվարի եւ Սուխումի հայկական թատրոններուն գլխաւոր բեմադրիչը: 1934 թուականին հիմնադրած է Լոռիի Ալաւերտիի բանուորական թատրոնը։ 1935 թուականէն ալ, երբ Կիւմրի էր, աշխատած է տեղի պետական թատրոնին մէջ։ Իրեն հետ Անդրկովկասի եւ արտասահմանեան բնակավայրերու մէջ շրջագայած է նաեւ իր կինը, զոր արտասահմանի հայերը միշտ կը տեսնէին Արմէնեանի կողքին: Դերասանուհին 1932 թուականէն աշխատած է Կիւմրիի «Վարդան Աճէմեան» պետական թատրոնին մէջ:
Արմէն Արմէնեան իր կեանքին ընթացքին բեմադրած է աւելի քան հարիւր թատրերգութիւն, խաղացած շուրջ հարիւրյիսուն դեր։ Դերասանութենէն եւ բեմադրութենէն զատ ան կատարած է նաեւ թարգմանութիւններ եւ հայ բեմերու վրայ ասմունքած է:
Կիւմրիի անոր տան վրայ պահպանուած փոքր յուշատախտակը ամենաքիչն է, որ իշխանութիւնները կատարած են իր ողջ կեանքը թատրոնին նուիրած պոլսահայ արուեստագէտի յիշատակին համար, որ աշխարհը շրջելով՝ հասած է Կիւմրի եւ հոն ալ գտած իր վերջին հանգրուանը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024