ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ
«Իւրաքանչիւր հոգեւորական իր կեանքը ի սպաս կը դնէ Եկեղեցւոյ ծառայութեան, երբ ներքին ձայն մը զինք կը կանչէ: Այդ ձայնը կոչումն է, հաւատքի զգացողութեան գերագոյն պահը, երբ քրիստոնեայ մարդը իր մէջ նոյնքան զօրեղ կը զգայ ծառայելու զգացումը եւ կը հետեւի Քրիստոսի հրաւէրին, երբ Ան կը պատգամէ, «Վերցուր խաչը եւ հետեւէ ինծի» (Յովնան Սրբազան):
15 հոկտեմբեր 2018-ին, հովանաւորութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ թեմի հոգեւորականներու ժողովը։ Համագումարը կազմակերպած էր եւ անոր բովանդակութիւնը յանձն առած էր Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան։ Միօրեայ համագումարը մէկ նպատակ կը հետա-պընդէր, հոգեպէս վերանորոգուիլ եւ հոգեւորականի կոչումը մշտարծարծ պահել։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց հոգեւորականները եւ շեշտեց, որ այս համագումարը առիթ է ինքնաքննութեան, վերարժեւորման եւ վերանորոգութեան։ Խօսելով ծառայութեան մասին՝ դիտել տուաւ, որ ժողովուրդին հաւատքը եւ հաւատացեալներու ծառայութիւնը հայ հոգեւորականը աւելի կռանուած ու զսպանակուած կը դարձնէ իր կոչումին մէջ։ «Քահանաները, որոնք կը պատասխանեն Աստուծոյ կանչին, պարտ են մասնաւոր պատրաստութեամբ, յարատեւութեամբ մշակել իրենց հոգեւոր կեանքը, որպէսզի կարողանան համայնքին կեանքը շաղախել Աստուծոյ խօսքով եւ Աւետարանի լոյսովը: Մեր համատեղ խոկումները այս նպատակը կը հետապնդեն, որպէսզի ունենանք վերապատրաստութեան առիթը, որպէսզի ծառայութեան վերադառնանք առաւել զօրացած՝ խորացնելով մեր հաւատքի ուժականութիւնը: Հետեւաբար, մեր կարելին ի գործ կը դնենք ընթերցումներով մեր մէջ խորացնելու թէ՛ կրօնական գիտելիքները եւ թէ հոգեւոր կեանքի գիտակցութիւնը: Եւ գիտենք, որ դեռ աւելին պէտք է կատարենք, որուն խոստումը մենք կ՚ուզենք յարգել». ըսաւ Յովնան Սրբազան։
Համագումարի ժամանակ արտայայտուեցան Տ. Եսայի Քհնյ. Պետրոսեանը եւ Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեանը։ Տ. Եսային իր խորհրդածութեան նիւթը ընտրած էր Յովհաննու աւետարանի 10.11-18 համարները։ «Ես եմ քաջ հովիւը։ Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար»։ Տէր Հայրը խօսելով քահանայի կոչման մասին՝ կարեւորեց եկեղեցականի նուիրաբերումը իր հօտին նկատմամբ, անշահախնդիր ծառայութիւնը Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ իր Հօտին։ Իսկ Տ. Գրիգորը իրեն իբրեւ բնաբան ընտրած էր Յովհաննու աւետարանի 210.15-18 համարները։ «Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի։ Այո՛, Տէ՛ր,- պատասխանեց ան,- դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ։ - Արածէ՛ իմ գառնուկներս,- ըսաւ Յիսուս անոր»։ Ընդհանուր գիծերու մէջ խօսելով պատասխանատուութեան մասին՝ տէր հայրը մատնանշեց 21-րդ դարու մարտահրաւէրներու մասին եւ վեր առաւ զանոնք դիմագրաւելու գլխաւորագոյն կէտերը։
Ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ թեմական եւ եկեղեցական զանազան հարցերու, ինչպէս նաեւ ներկայ հոգեւորականները իրենց հովուական փորձառութիւնը կիսուեցան իրարու հետ եւ գաղափարներու փոխանակումներ կատարեցին։
Համագումարը իմաստաւորուած էր եւ նպատակին հասած, որովհետեւ իւրաքանչիւր մասնակից հոգեւորական վերանորոգուած եւ թարմ մտքերով վերադարձաւ իր հօտը՝ իր անսակարկ ծառայութիւնը մատուցելու իրեն վստահուած բանաւոր հօտին։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ