«ՊԱՐՈՆ ԱԶՆԱՒՈՒՐ» ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Ֆրանսական մամուլի առաջին էջերը ողողուած են աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ, դերասան Շարլ Ազնաւուրի եւ ֆրանսացի ժամանակակից եւ նշանաւոր դերասան Թահիր Ռահիմի լուսանկարներով: Նոյն լուսանկարները նաեւ հայաշխարհի լրատուամիջոցները տարածեցին: Առիթը տօնական է: Վերջապէս պատրաստ է Շարլ Ազնաւուրի մասին առաջին գեղարուեստական շարժանկարը: Հոկտեմբերի 24-ին Փարիզի մէջ մեծ պաստառներու վրայ ցուցադրուեցաւ «Պարոն Ազնաւուր»ը, որու առաջնախաղը տեղի ունեցաւ «Կրան Ռեքս» շարժանկարի սրահին մէջ:
Սկսաւ երկար սպասուած այս շարժանկարի համաշխարհային շրջագայութիւնը: «Պարոն Ազնաւուր»ը նկարահանուած է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին առթիւ։ Ան Ազնաւուրի մասին առաջին գեղարուեստական շարժանկարն է, որուն անհամբերութեամբ կը սպասէին հազարաւորներ: Եւրոպացի արուեստի քննդատներ արդէն նշած են, որ շարժանկարը կը միտի իրադարձութիւն դառնալ շարժապատկերի արուեստին մէջ, քանի որ անոր նկարահանումներուն կը մասնակցին զանազան երկիրներէ դերասաններ, որոնց մէջ համաշխարհային շարժապատկերի աստղեր կան եւ միաժամանակ կիրառուած են լուսաձայնային ժամանակակից միջոցներ, որոնք գրաւիչ կը դարձնեն ժապաւէնը:
Գլխաւոր դերը վստահուած է ալճերիական ծագումով ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասան Թահար Ռահիմին, որ կը մարմնաւորէ Շարլ Ազնաւուրը: Թահար Ռահիմ «Սեզար» մրցանակի կրկնակի դափնեկիր է, արժանացած է նաեւ Բրիտանական Ակադեմիայի շարժանկարի մրցանակին եւ «Ոսկեայ կլոպուս»ի: Ան հանրութեան ճանաչելի դարձած է 2009 թուականին, երբ անոր մասնակցութեամբ «Մարգարէն» ժապաւէնը Քաննի շարժանկարի փառատօնին արժանացաւ գլխաւոր մրցանակին եւ առաջադրուեցաւ «Օսքար»ի:
Իսկ հայ հանդիսատեսը Թահար Ռահիմին ծանօթ է մասնաւորապէս Ֆաթիհ Աքընի «Սպի» շարժանկարէն, որուն մէջ Ռահիմ խաղացած է մարտինցի Նազարէթ Մանուկեանին դերը:
«Պարոն Ազնաւուր»ը ֆրանսական նախագիծ մըն է, ժապաւէնին նկարահանումները անցեալ տարի սկսած էին: Նկարահանումները Ֆրանսայէն զատ նաեւ ուրիշ երկիրներու մէջ շարունակուած են:
Շարժապատկերին բեմագրութիւնը արդէն գրեթէ ծանօթ էր ի սկզբանէ. անիկա կենսագրական պատում մըն է, որ կը ներկայացնէ 1950-ականներուն Շարլ Ազնաւուրի հանրայայտ դառնալու ճանապարհը, անոր բարեկամութիւնը բազմաթիւ արուեստագէտներու, երգիչներու հետ, որոնց շարքին են՝ ֆրանսացի երգչուհի Էտիթ Փիաֆ, որ Շարլ Ազնաւուրը առաջին անգամ հիւրախաղերու տանողը եղած է: Յայտնի է, որ Փիաֆ, իր տաղանդի եւ կապերու շնորհիւ, մեծ դեր ունէր ֆրանսական երգարուեստին մէջ եւ, ըստ էութեան, Ազնաւուրի համար առաջին ճամբայ հարթողներէն եղած է: Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Շարլը իրեն հետ համերգներու տանելով` ան ճակատագրական դեր ունեցած է ապագայ երգիչի կեանքին մէջ: Ան տեսած է ֆրանսացի ապագայ երգիչ մը եւ ամէն կերպով քաջալերած: Ատոր մասին նաեւ ինք` Շարլ Ազնաւուր գրած է իր յուշերուն մէջ:
Ազնաւուրի մօր դերը «Պարոն Ազնաւուր» շարժապատկերին մէջ երգիչին մօր դերը կը խաղայ Երեւանի Սօս Սարգսեանի անուան համազգային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, դերասանուհի եւ բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեան: Դերասանուհին մրցոյթի եւ ունկնդրումներու արդիւնքին ընտրուած է այս դերին համար:
Հայաստանեան թատրոնի մէջ իր ակնառու եւ ինքնատիպ խաղով Նարինէ Գրիգորեան հանրածանօթ է հայ հանդիսատեսին, հիւրախաղեր ունեցած է նաեւ սփիւռքի մէջ: Ան հայազգի լաւագոյն դերասանուհիներէն է, որ նաեւ նկարահանուած է հայկական կարգ մը շարժանկարներու մէջ: Ինչպէս նաեւ ինք բեմադրութիւններ կը կատարէ իր ղեկավարած թատրոնին մէջ, կը խաղայ զանազան մենաներկայացումներ, մրցանակակակիր դերասանուհի է:
Շարլ Ազնաւուրի մօրը, ըստ բեմագրութեան, նոյնքան վառ դեր վերապահուած է, ինչպիսին ան եղած է իրականութեան մէջ՝ մեծ ու կարեւոր տեղ զբաղեցնելով ընտանիքի կեանքին մէջ: Նոյնպէս Շարլ Ազնաւուրի հայրը անբաժան եղած է երգիչի ողջ կենսագրութենէն: Ծանօթ է, որ Շարլի ծնողքը՝ Միշա եւ Քնար Ազնաւուրեանները, թատրոնի, երաժշտութեան հանդէպ անսահման սէր ունէին եւ արուեստի հանդէպ սէրը անոնք ներարկած են Շարլ եւ Այտա Ազնաւուրներուն մէջ: Մայրը՝ Քնարը դերասանուհի էր, հայրը՝ Միշան՝ երգիչ: Անոնք հանդիպած են Պոլսոյ մէջ, ուր Ախալցխա ծնած Միշա Ազնաւուրեանը ելոյթներ կ՚ունենար, իսկ իզմիթցի Քնար Պաղտասարեան յօդուածներ կը գրէր հայկական թերթին համար։ 1922 թուականին անոնք կը գաղթեն Յունաստան, ուր կը ծնի ընտանիքի աւագը՝ Այտան, այնուհետեւ Ազնաւուրեանները կը տեղափոխուին Փարիզ, ուր մէկ տարի անց կը ծնի Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեանը՝ ապագայ մեծ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը:
Շարլ Ազնաւուրի կեանքի մանրամասնութիւնները գրեթէ յայտնի են, սակայն բեմադրիչները ջանացած են երգիչի կեանքէն անյայտ դրուագներ յայտնաբերել եւ ատոնք եւս ընդգրկել շարժանկարին մէջ: Յայտնի է մանաւանդ Ազնաւուրի եւ անոր երրորդ կնոջ՝ Ուլլայի պսակադրութիւնը՝ Փարիզի Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ այս դրուագը նոյնպէս նկարահանուած է նոյն եկեղեցիին մէջ: Ուլլայի դերը կը կատարէ դերասանուհի Փեթրա Սիլանտըր: Ան, ինչպէս նաեւ Շարլի կինը՝ շուէտուհի է:
Նոյն եկեղեցիին մէջ նկարահանուած է նաեւ Շարլի մօր հոգեհանգստեան արարողութիւնը, որ կրկին ներառուած է բեմագրութեան մէջ:
«Պարոն Ազնաւուր» շարժանկարը նկարահանած են Մեհտի Իտիր եւ Ֆապիէն Մարսօ, համարտադրիչն է Ազնաւուրի կրտսեր դստեր՝ Քաթիա Ազնաւուրին ամուսինը՝ Ժան-Ռաշիտ Քալուշ: Վերջինս ֆրանսաբնակ ալճերիացի է, կարգ մը շարժանկարներու արտադրիչ, բեմադրիչ եւ նկարիչ: Քաթիա Ազնաւուրի ամուսնութիւնը մահմետական տղամարդու հետ 2006 թուականին մեծ աղմուկ յառաջացուցած էր, սակայն յետոյ հանդարտած են խօսակցութիւնները. անոնք այսօր ունին դուստր մը: Շարլ Ազնաւուր օրին ըսած է, որ ինք չէր ուզեր երբեք, որ իր թոռնիկը ծաղրեն այն բանի համար, որ ան ալճերիացի է: Մեծ երգիչը միաժամանակ ըսած է, թէ խտրական այդ հարցը, որ այսօր գոյութիւն ունի Ֆրանսայի մէջ, խումբ մը մարդոց կողմէ արհեստականօրէն ստեղծուած բան մըն է: Ան լաւ յարաբերութիւններ ունէր իր փեսային հետ, նաեւ տակաւին շատ վաղուց անոր արտօնած է իր մասին շարժանկար նկարելու:
Ժան-Ռաշիտ Քալուշ «Պարոն Ազնաւուր» շարժանկարին առիթով ըսած է, որ Շարլ Ազնաւուրին գաղափարը եղած է, որ շարժանկարը կեդրոնանայ իր յաջողութեան առաջին տարիներէն մինչեւ փառք: Ինչ կը վերաբերի Ազնաւուրի դերակատարին, ապա անոր մասին Քալուշ նկատած է, թէ Ռահիմը կատարեալ դերասանն է՝ Ազնաւուրին դերը խաղալու համար, քանի որ անոնք ունին շատ նմանութիւններ։ «Անոնք ունին նոյն զգայնութիւնը, մղումը եւ կիրքը իրենց աշխատանքին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ անհանդարտ գործելակերպը», ըսած է ան: Ազնաւուր տակաւին կենդանութեան օրօք ինք զատած է Ռահիմը իր դերին համար:
Ծանօթանալով Թահար Ռահիմի կենսագրութեան՝ կը տեսնենք, որ ան նոյնպէս, Շարլ Ազնաւուրին պէս, յաղթահարած է շատ դժուարութիւններ՝ յաջողութեան հասնելու համար: Ռահիմն ալ Ֆրանսայի մէջ ծնած է՝ ներգաղթեալ ծնողքէ, մեծցած է Հիւսիսային Ֆրանսա՝ մեծ ընտանիքի մը մէջ: Անոր ծնողքը Ֆրանսա գաղթած են Ալճերիայի Օրան քաղաքէն: Պատանեկան տարիքէն Ռահիմ ամէն օր քանի մը շարժանկար կը դիտէր եւ հետաքրքրուած էր մարզանքով, ապա՝ ծրագրաւորմամբ։ Քանի մը ասպարէզի մէջ ինքզինք փորձելէ ետք, վերջնականապէս նուիրուած է շարժանկարի արուեստին:
Մոնփէլիէի Փոլ Վալերի համալսարանին մէջ ուսանելու տարիներուն Թահար Ռահիմ դարձած է «Թահար՝ ուսանող» փաստավաւերագրական շարժանկարի գլխաւոր դերակատարը. շարժանկար մը, որ կը ցուցադրուէր «Ֆրանս-5» հեռուստակայնէն:
2005 թուականին Թահար տեղափոխուած է Փարիզ եւ որոշ ժամանակ սկսած է ուսումնասիրել թատերական արուեստը, իսկ միեւնոյն ժամանակ կ՚աշխատէր գործարանի մը մէջ եւ գումար կը վաստկէր նաեւ գիշերային ակումբի մէջ, որպէսզի կարենար հոգալ առօրեայ պէտքերը:
2006 թուականին Թահար Ռահիմ գործարք կը կնքէ եւ շուտով կը հրաւիրուի նկարահանուելու «Համայնք» նշանաւոր հեռատեսիլային շարքի մէջ. անոր կը յանձոնըւի անկիրթ արաբ պատանիի մը դերը, որ աղքատ ընտանիքէ էր, ու հանգամանքներու բերումով կը բանտարկուի եւ կը սորվի գոյատեւել բանտային օրէնքներով: Այսօր Ֆրանսայի մէջ նշանաւոր դերասանը ընդգրկուած է նաեւ օտար նախագիծերու մէջ, որոնք կը կրկնապատկեն անոր համաշխարհային ճանաչումը:
Ազնաւուրի մասին շարժանկարի մէջ խաղալու համար Թահար Ռահիմ սափրած է գլուխը, որպէսզի դիւրին կրէ կեղծամները, ձեւափոխած է յօնքերը, որպէսզի դիմայարդարումը հնարաւորինս մօտ ըլլայ Ազնաւուրի դիմագիծերուն: Ան նաեւ ամիսներ շարունակ երգեցողութեան եւ դաշնակի նուագակցութեան դասերու մասնակցած է եւ իր ձայնը կը հնչէ շարժանկարին մէջ:
Առաջին ցուցադրութենէն յետոյ Թահար Ռահիմին շարժանկարային սրահի մուտքին հանդիպած է երկրպագուներու հետ, ստորագրութիւն բաշխած, լուսանկարուած:
Ցուցադրութեան ներկայ եղած են նաեւ Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքի անդամներ, այդ կարգին՝ անոր 101 տարեկան քոյրը՝ Այտա Ազնաւուրը: Ազնաւուրի քրոջ կերպարը նոյնպէս ներկայ է շարժանկարին մէջ. զայն մարմնաւորած է դերասանուհի Քամիլլա Մութաւաքիլ: Երգիչը անբաժան եղած է քրոջմէն: Յայտնի են իր այս խօսքերը. «Քրոջս հետ որոշած ենք, որ 100 տարեկանին շեմը պիտի անցնինք: Ան իրաւունք չունի պայմանը խախտելու, ու ես ալ իրաւունք չունիմ…»։
Ցաւօք, մեծ երգիչը կեանքէն հեռացաւ 94 տարեկանին: Այտան իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ պզտիկ ժամանակ ինք կարծած է, որ իրենք երկուորեակ են, այդպէս ալ ապրած են իրենց կեանքը՝ երկուորեակի պէս: Միասին սկսած են իրենց երաժշտական ուղին, խաղացած են մանկական թատրոնի մէջ, երգած են սիրողական բեմերուն վրայ, փողոցը, կիսած են աղքատութեան դժուարութիւնները, գաղթական ընտանիքին ճակատագիրը… Այսօր բոլոր դժուարութիւնները անցեալ են եւ միայն շարժանկարն ու յուշերն են, որ կը յիշեցնեն այդ օրերուն մասին:
10 միլիոն եւրօ պիտճէով շարժանկարը կը միտի ըլլալ առաջինը մեծ երգիչի կեանքը ներկայացնելու ճանապարհին: Անոր հարուստ, բովանդակալից եւ հետաքրքական կեանքը տակաւին նոր բեմագրութիւններու նիւթ պիտի դառնայ:
ՄԻՍԱՔ ԵՒ ՄԵԼԻՆԷ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆՆԵՐԸ՝ ՆԵՐԿԱՅ
«Պարոն Ազնաւուր» գեղարուեստական շարժանկարին մէջ ներկայ են նաեւ Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մարտիկներ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանները: Անոնց դերերը մարմնաւորած են Տիգրան Մխիթարեանն ու Ճուլիա Աւետիսեանը: Յայտնի է, որ շուրջ ութսուն տարի առաջ Ֆրանսայի հայ համայնքը, երկրի այլ համայնքներու հետ միասին, մեծ դեր ունեցած է Դիմադրութեան շարժման մէջ, որուն մասնակցած հայազգի մարտիկներուն աջակցած են Ազնաւուրի ծնողքը՝ գաղտնի ապաստան տալով մանաւանդ Մելինէ Մանուշեանին՝ Միսաք Մանուշեանի ձերբակալութենէն յետոյ: Եւ Մելինէ Մանուշեան եւ Ազնաւուր իրենց յուշերուն մէջ շեշտած են այդ դրուագը եւ զայն ձեւով մը Ազնաւուրի կենսագրութեան մաս կը կազմէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան