«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՆ»

1947 թուականին «Անահիտ» հանդէսին մէջ հայ գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հանրային գործիչ Արշակ Չօպանեանի տպագրած մէկ յօդուածը՝ արեւմտահայ լեզուի եւ գրականութեան հարցերու շուրջ, այսօր համահունչ է լեզուական մեր մտահոգութիւններուն: Այսօր ալ հայութեան զանազան շրջանակներու մէջ կը քննարկուին արեւմտահայերէնի պահպանման հարցերը եւ ջանքեր կը գործադրուին՝ զայն պահելու ուղղութեամբ: Յատկանշական է, որ իր յօդուածին մէջ Արշակ Չօպանեան լեզուի պահպանման առումով մեծ տեղ յատկացուցած է Պոլիսին եւ պոլսահայ կառոյցներու կողքին նաեւ՝ պոլսահայ մամուլին: ԺԱՄԱՆԱԿ կը թուայնացնէ Արշակ Չօպանեանի «Արեւմտահայ լեզուի եւ գրականութեան ապագան» խորագրով յօդուածը եւ կը ներկայացնէ յապաւուած:

«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՆ»

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ

Լրագիրներէն իմացայ որ մեծանուն բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան վերջերս Երեւան տեղի ունեցած հաւաքոյթի մը մէջ արտասաներ է ճառ մը, ուր, հրճուանքով ողջունելով արտասահմանէն Մայր Հայրենիք դարձող հազարաւոր Հայերու շարժումը, փափաք է յայտներ տեսնել ի մօտոյ ընդ միշտ ջնջումը հայ ազգի արեւելեան ու արեւմտեան (կամ ռուսահայ ու թրքահայ) հատուածներու բաժանման երեւոյթին եւ «իրականացումը մէկ հայ ազգ, մէկ հայ պետութիւն, մէկ հայ լեզու ցանկալի բանաձեւին»:

Իսահակեանի արտայայտած բաղձանքը բաղձանքն է, ու շատոնց ի վեր, ամէն ազգասէր Հայու: Հին դարերուն, մէկէ աւելի հայ պետական կազմակերպութիւններ միաժամանակ գոյութիւն ունեցած են, ինչպէս Բագրատունեաց եւ Արծրունեաց թագաւորութիւնները, կամ ինչպէս Կիլիկիոյ հայ թագաւորութիւնը եւ Սիւնեաց Տան գրեթէ ինքնավար րէժիմը Կովկասեան Հայաստանի մէջ: Բայց երկու հայ ազգ երբեք գոյութիւն չէ ունեցած. Հայը իբր ազգ իր միութիւնը միշտ պահած է, թէ՛ իր ազատութեան հինաւուրց օրերուն եւ թէ՛ նոյն իսկ իր անկախութիւնը կորսնցնելէն ու մէկ քանի օտար պետութեանց լուծին տակ բաժնուած մնալէն յետոյ: Ազգային հարցին լաւագոյն լուծումը այն է, անշուշտ, որ մենք ունենանք մէկ պետութիւն ու մէկ պետական լեզու, եւ այդպէս ալ է այսօր: Խորհրդային Հայաստանն է մեր միակ Հայ Պետութիւնը, մեր ազգի պետական, պաշտօնական լեզուն արեւելահայերէնն է այսօր…

Եթէ հայ ժողովուրդի ինքնուրոյն պետական կեանքին վերականգնումը Կիլիկիոյ կամ Թրքահայաստանի մէջ տեղի ունեցած ըլլար, մեր ազգի պետական լեզուն արեւմտահայերէնը պիտի ըլլար: Դէպքերը այնպիսի ընթացք մը ստացան որ այդ վերականգնումը Կովկասեան Հայաստանին մէջ տեղի ունեցաւ, եւ ամէն Հայ արդէն իսկ կ՚ընդունի որ մեր պետական լեզուն արեւելահայերէնն է: Եւ ամէն ազգասէր Հայ կը բաղձայ որ օտար երկիրներ ցրուած Հայերէն կարելի եղածին չափ ստուար թիւով Խորհրդային Հայաստան ներգաղթողներ ըլլան, ու ամէն ազգասէր Հայ ոչ միայն ատիկա կը բաղձայ, այլեւ կ՚աշխատի, կը ճգնի, զոհաբերութիւններ ու յոգնութիւններ յանձն կ՚առնէ, որպէսզի այդ բաղձանքը լաւագոյն ձեւով իրագործուի:

…Սակայն հարցը բոլորովին կը փոխուի, երբ մեր արդի գրական աշխարհաբարին երկու մեծ ճիւղերէն մէկուն կամովին ջնջման առաջարկ մը կը դրուի մեր առջեւ, ինչպէս Իսահակեանի ճառին մէջ, ինչպէս մանաւանդ այն յօդուածին մէջ, զոր Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթը հրատարակած էր վերջերս եւ ուր աւելի բացայայտ ու մանրամասնեալ ձեւով կը ջատագովուէր միեւնոյն առաջարկը, հրաւիրելով բովանդակ հայ ժողովուրդը արեւելահայերէնը այսուհետեւ իր միակ գրական լեզուն նկատելու:

Ոեւէ ազգասէր Հայ, որ նաեւ գեղասէր մըն է, չի կրնար համաձայնութիւն յայտնել այդպիսի առաջարկի մը: Եթէ Հայ Պետութեան վերականգնումը տեղի ունեցած ըլլար Հայաստանի որեւէ մէկ բաժինին մէջ 60-70 տարի առաջ, երբ մեր արդի աշխարհաբարին երկու ճիւղերն ալ դեռ խառնափնթոր աղճատ վիճակի մը մէջ էին, իրենց զտումն ու լիակատար զարգացումը դեռ չէին ունեցած, հասկանալի պիտի ըլլար որ տիրապետող դառնար մեր աշխարհաբարին այն ճիւղը, որ Հայաստանի ազատագրուած շրջանին բարբառն էր, եւ տիրապետող դառնար ոչ միայն իբր պետական լեզու, այլեւ իբր գրական գործիքը բովանդակ հայ ազգին: Հայաստանի մէկ բաժինին, -աւա՜ղ, մէկ շատ փոքր բաժինին,- ազատագրումը տեղի ունեցաւ մեր արդի աշխարհաբար հայերէնին երկու ճիւղերուն լիակատար զարգացումէն յետոյ:

Այսօր արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը հայ մշակոյթի թանկագին գանձեր են, իւրաքանչիւրն իր ուրոյն գեղեցկութիւններն ունեցող: Եթէ արեւելահայերէնին մէջ կայ աւելի կորով, արեւմտահայերէնն ունի աւելի նրբութիւն, աւելի յղկում, աւելի ճոխութիւն: Աններելի պիտի ըլլար, որ մեր ձեռքով ջնջէինք հայ մտքի այնպիսի գեղեցիկ արտադրութիւն մը, ինչպիսին է արեւմտեան հայերէնը. ատիկա պիտի ըլլար անարգանք մը բանաստեղծներու, վիպողներու, բանասէրներու այն մէկ քանի հոյլերուն որ այդ բարբառը հասուցին իր այժմեան կատարելագործեալ ձեւին. ատիկա պիտի նշանակէր Հայութեան ամենէն տարաբախտ հատուածին կրած ահաւոր կորուստներուն վրայ բարդել կորուստներու մեծագոյնը, իր միտքն ու հոգին արտայայտող լեզուին ընդմիշտ խաւարումը:

Առարկողներ պիտի ըլլան թէ անբնական է որ ազգ մը երկու գրական լեզու ունենայ: Ես արդէն «Անահիտ»ի մէջ ցոյց տուած եմ որ այդ առարկութիւնը սխալ է: Միեւնոյն ազգին մէջ երկու գրական լեզուի գոյութիւնը երեւոյթ մըն է որ յաճախադէպ չէ անշուշտ, բայց անգոյ ալ չէ. ատոր օրինակը ունինք, ինչպէս արդէն դիտել տուած եմ, ֆրանսական մեծ ազգին մէջ, որ նոր ժամանակներուն մէջ մարդկային քաղաքակրթութեան գլուխը կանգնած ազգերէն մին է: Ֆրանսայի մէջ, երբ դեռ պետական միութիւն չունէր այդ երկիրը, զարգացած էին քանի մը գաւառական բարբառներ, եւ այդ բարբառներով ծաղկած էին մէկէ աւելի տեղական գրականութիւններ…

…Դիտել տուողներ թերեւս գտնուին թէ իրաց վիճակն այնպէս է որ արեւմտահայերէնը՝ ուզենք չուզենք՝ դատապարտուած է անհետանալու, քանի որ թրքահայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ Հայ չէ մնացած, Պոլսոյ հայ գաղութը մեծապէս նուազած է եւ ի վիճակի չէ հայ գրականութեան զարգացման մէջ իր նախկին մեծ դերը խաղալու, Թուրքիոյ քանի մը մասերուն մէջ գտնուող հայ փոքրաթիւ գաղութները աւելի եւս զուրկ են մշակութային որեւէ լուրջ աշխատանք կատարելու միջոցներէն, եւ քանի որ ընդհանուր շարժում մը կայ ներգաղթի, արտասահման գտնուող Հայերուն ստուար մէկ մասը Հայաստան պիտի երթայ ու մնացեալը հետզհետէ պիտի ձուլուի եւ օտարանայ:

Այս յոռետես եւ պարտուողական մտայնութիւնը եւս սխալ ու վնասակար կը գտնեմ: Ի՛նչ ալ ըսենք, ինչքան ալ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը, Ամենայն Հայոց Հայրապետը եւ արտասահմանի մեր բոլոր կազմակերպութիւնները ճգնին. որպէսզի կարելի եղածին չափ բազմաթիւ ըլլան ներգաղթողները, մաս մը գաղթականներ, զանազան անձնական պատճառներով, պիտի մնան օտար երկիրներու մէջ… Ես բնաւ անխուսափելի չեմ նկատեր որ ատոնք բոլորն ալ կարճ ժամանակի մէջ ձուլուելու օտարանալու սահմանուած ըլլան: Ուրիշ առիթներով այդ հարցին վրայ գրածներուս մէջ իբր օրինակ ցոյց տուած եմ միշտ յոյներու եւ իռլանտացիներու պարագան. երբ Յունաստանը վերականգնեցաւ իբր անկախ պետութիւն, անոր հողամասը շատ անձուկ էր, եւ յոյն ժողովուրդին ստուարագոյն մասը օտար երկիրներու մէջ ցրուած կը մնար. բայց այդ յոյները ոչ միայն քիչ ժամանակի մէջ ամբողջութեամբ չօտարացան, այլ ամենամեծ դեր կատարեցին յունական գերի հողերուն ազատագրմանը մէջ: Նոյնպէս՝ Ամերիկա գաղթած քանի մը միլիոն իռլանտացիները ոչ միայն իրենց հայրենիքն ու ազգային մշակոյթը չմոռցան, այլ Իռլանտայի ազատութեան վերահաստատման մէջ կարեւորագոյն դերը կատարեցին: Արտասահմանի մէջ մնալիք Հայերը, որոնք արդէն իսկ կէս դարէ ի վեր մեր ազգային մշակոյթին զարգացման համար եւ մեր ազգային դատին ի նպաստ այնքա՜ն աշխատանք թափած են, շատ բան ունին դեռ ընելիք եւ պիտի ընեն անշուշտ՝ այդ ուղղութեամբ: Կան օտար երկիրներ, ուր կը տիրէ բարձրագոյն քաղաքակրթութիւն մը, ուր միջավայրը՝ մեր երիտասարդ սերունդին համար մանաւանդ մեծապէս հրապուրիչ ու ձգողական է, ինչպէս Ֆրանսա, Ամերիկա, Անգլիա, Իտալիա. այդ տեղուանքը հաստատուած հայ գաղթականները դժուար է որ ամբողջապէս ընդ միշտ հայ մնան. բայց Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ, ուր տեղացի ժողովուրդը այնքան եղբայրական ասպնջականութիւն մը շնորհած է Կիլիկիայէն եւ ուրիշ զանազան կողմերէ ապաստանած Հայերուն, ուր մենք ունինք այժմ վոխադրուած Կիլիկեան Կաթողիկոսական Աթոռը եւ Ժառանգաւորաց Վարժարանը, որոնք հայ մշակոյթի մեծ վառարաններ են, ինչպէս եւ կաթոլիկ հայոց կաթողիկոսութիւնն եւ հիմնարկութիւնները, Հ.Բ.Ը. Միութեւան եւ Համազգայինի կրթական հասատութիւնները, որոնք ազգապահպանման նպաստող ուժեր են, հայ փոքրամասնութիւնը կրնայ յաւիտեան պահպանել իր հաւատարմութիւնը իր ազգին, կրօնքին ու լեզուին, ու կարեւոր աջակցութիւն մը բերել հայ մշակոյթին եւ ազգային դատին:

Պոլսոյ հայ գաղութը մեծապէս նուազած ու տկարացած է շատ մը եղերական դէպքերու հետեւանքով. բայց ան ցարդ գոյութիւն ունի ու կը պահպանէ, շնորհիւ մեր Պատրիարքարանին, մեր վարժարաններուն, մեր Հիւանդանոցին, մեր մամուլին եւ այլ հաստատութեանց, իր հայկական դիմագիծը: Ցանկալի է որ այդ դիմագիծը ան ընդմիշտ պահպանէ: Մոռնալու չենք որ Պոլիսը Մերձաւոր Արեւելքի մեծագոյն կեդրոնն է եւ թէ այդ ոստանին մէջ թէ՛ բիւզանդական հին շրջանին եւ թէ՛անոր Օսմանեան պետութեան մայրաքաղաք դառնալէն ի վեր՝ Հայը ամբողջ Արեւելքին իր մատուցած ծառայութիւններով իբր քաղաքակրթական տարր մեծ դեր կատարած է, եւ ցանկալի է որ ան այդ դերը այսուհետեւ գլխաւորապէս իր հարազատ պետութեան մայրաքաղաք Երեւանին մէջ կատարելով հանդերձ, Պոլսոյ պէս միջազգային մեծ կեդրոնի մը մէջ ալ շարունակէ զայն կատարել: Այդ գաղութը բաղկացած է գրեթէ տարամերժօրէն արեւմտահայերէ եւ անոր արտայայտութեան գործիքը արեւմտահայերէնն է, որ արդէն խումբ մը վարպետ գրագէտներու եւ բանաստեղծներու ձեռքով այդ քաղաքին մէջ է որ իր գերագոյն զարգացման հասաւ. վաղն ալ հայ մշակոյթը կընայ հոն զեղեցիկ զործերու ծնունդ տալ, եւ արեւմտահայ բարբառը՝ պետական թուրք լեզուի կողքին՝ կրնայ հոն ընդմիշտ ծաղկիլ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021